ՀԱՅԿԱԶ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ
Շուրջ քառասուն օրեր առաջ ցաւով եւ յուզումով ցուրտ հողին յանձնեցինք երկարամեայ կրթական մշակ, դասախօս մը, որ աւելի քան 30 տարի ծառայած էր հայ դպրոցին, ուսում եւ գիտելիք փոխանցած էր աշակերտին եւ ուսանողին` անհատնում նուիրումով եւ ամբողջական յանձնառութեամբ:
«Ուսթեզ» Մինաս (ինչպէս կը կոչէին զինք) սովորական կամ պատահական ուսուցիչ մը չէր: Կամովին եւ սիրով ընտրած էր այդ ասպարէզը, որ իրեն համար կոչում եւ առաքելութիւն էր: Իր դասաւանդած նիւթերն էին` բնագիտութիւն եւ ուսողութիւն. Ան ամենայն գիտակցութեամբ ու պատասխանատուութեամբ փարած էր իր ասպարէզին եւ այդ ոգիով ալ կը գործէր:
Այս բոլորին կը վկայէին բազմատասնեակ ուսանողներ, որոնք պետական քննութիւններուն մէջ կ’արձանագրէին պատուաբեր յաջողութիւններ:
Իսկապէս արհեստագիտական ձեռնահաս մօտեցում ու հասկացողութիւն մը ունէր իր ասպարէզին նկատմամբ:
Երբ կը նկատէր, որ աշակերտները ունէին շնորհալի կարողութիւններ` յաջողութիւններ արձանագրելու, անհատական յաւելեալ ճիգ կը թափէր, որ անոնք հասնէին իրենց նպատակի իրագործման:
Ան յաճախ կ՛ըսէր, որ նիւթականը կարեւոր է ապրելու համար, բայց ուսումնական ասպարէզը չի գնահատուիր ատով: Հրճուանք ու հպարտանք կ՛ապրէր, երբ աշակերտները կամ շրջանաւարտները կ՛արձանագրէին բարձր յաջողութիւններ, կամ կը հասնէին բարձր դիրքերու ու կը գրաւէին պատասխանատու պաշտօններ:
Մինաս ծնած էր Պոլիս` ապրելով դառն մանկութեան եւ պատանեկութեան տարիներ: 60-ականներուն եկած էր Լիբանան` մեկնելու համար Միացեալ Նահանգներ: Բայց սիրած էր լիբանանահայ գաղութը եւ իր համալսարանական ուսումը ստացած էր Հայկազեան համալսարանին մէջ: Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք դասաւանդած էր Հայ աւետ. կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան եւ Հայկազեան համալսարաններուն մէջ:
1990-ականներու սկիզբը Մինասը ունեցաւ ֆիզիքական արկած մը եւ կիսով մը անդամալուծուեցաւ: Շրջան մը անկողնին ծառայելէն ետք, շարունակեց իր դասաւանդութիւնները` հակառակ իր առողջութեան տկար վիճակին. սակայն երկար չկրցաւ դիմանալ:
Ան լաւատես էր, որ իր ցաւերը կը մեղմանան, վիճակը կը բարելաւուի ու դարձեալ կը նուիրուի իր սիրելի ասպարէզին:
Մինասի առողջութեան վատթարացումով ու տեսողութեան կորուստով անկարելի եղաւ անոր վերականգնումը, ու ան մնաց գամուած իր սնարին:
Զինք սիրող ու գուրգուրացող կողակիցը` Սիրանը, ամէն խնամքի ու հոգատարութեան արժանացուց զինք, սակայն 3 յունուար 2019-ին նոր հարուած մը զինք հասցուց հիւանդանոց, եւ ան 20 օր ետք աւանդեց իր հոգին:
Ցաւալի է, որ տխուր աւարտ մը ունեցաւ Մինասը, որուն երբեք արժանի չէր իր կենսունակութեամբ, լաւատեսութեամբ եւ վճռակամութեամբ:
Բայց նախախնամութիւնը այլ ընտրանք չէր ձգած, եւ Մինասը մեկնեցաւ այդ դառնութեամբ ետին ձգելով իր հարազատները եւ զինք յիշող սիրելի աշակերտները:
Վարձքդ կատար եւ հողը թեթեւ գայ վրադ «Ուսթեզ» Մինաս:
1 մարտ 2019