ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Այս անհանգիստ մթնոլորտին մէջ էր, որ մենք կը սկսէինք մեր աւարտական տարին 1953-ի աշնան: Կը յիշեմ մեր խմբական վիճաբանութիւնները այդ տարի. գաղափարներուն մէջ բացարձակը փնտռելու մեր հակումը: Կեանքը կը կերպարանափոխուէր մեր շուրջը, իսկ մենք կը զգայինք, որ մեր ազգային գոյավիճակի՛ն իսկ բերումով մատնուած էինք անշարժութեան եւ չունէինք երթալու տեղ…
Այսպէս էր, որ գրեթէ բնազդաբար Ճեմարանի գրադարանէն ես վերցուցի Քաջազնունիին յայտնի գիրքը` «Դաշնակցութիւնը անելիք չունի այլեւս»: Այդ գիրքը հոն էր միշտ, բայց ան նոր միայն, մեր շուրջը թաւալող իրերու անմիջականութեա՛ն իսկ ուժով, կենդանութիւն կը ստանար ինծի համար: Կը յիշեմ այդ գրքին ընթերցումը այդ գիշերն իսկ: Ընկերս` Սերոբ Երէցեանն ու ես առանձնացեր էինք սենեակի մը մէջ եւ յափշտակութեամբ կը դարձնէինք անոր գունատ էջերը` մինչեւ առտուան առաջին ժամերը: Մեր քաղաքական մտքին ամէնէն յախուռն արտայայտութիւնն էր ան, եւ մենք զայն կը պեղէինք նորագիւտ հանքի մը պէս:
Գիրքը մնաց մեր ձեռքը օրեր ու շաբաթներ, մինչեւ որ օր մը ես հրամայական գաղափարը ունեցայ զարնելու Վրացեանին դուռը… Քանի մը ամիս առաջ ես արդէն աւարտեր էի դպրոցը, եւ այս մէկը առաջին այցելութիւնս պիտի ըլլար: Նստեր էր ինք գրասեղանին ետեւ` իր լռութեան մէջ մենախօսող Պուտտային պէս, իսկ իմ ձեռքս էր Քաջազնունիին գիրքը.
– Պարո՛ն,- ըսի,- ասիկա Յովհաննէս Քաջազնունիին գիրքն է…
Երեւի կը սպասէի հակազդեցութեան մը եւ, սակայն, ո՛չ մէկ անսովոր հակազդեցութիւն` իր կողմէ, այլ միայն իր յայտնի հարցական լռութի՛ւնը, որ կարծես ստիպեց զիս մօտաւորապէս այսպիսի բան մը ըսելու.
– Քաջազնունին,- ըսի,- համոզուած է, որ նոր օրերու դաշնակցականները Հայաստանի պոլշեւիկներն են. ըստ իրեն, անոնք են, որ պիտի շարունակեն Դաշնակցութեան գործը… (Անշուշտ ակնարկութիւնը կը վերաբերէր քսանական թուականներուն):
Սպասեցի, որ տեղ մը հսկայ պատ մը փլէր կամ վար իյնար առաստաղին մէկ շերտը: Այդպէս չեղա՛ւ: Փոխարէնը` սիրտս էր, որ կը բաբախէր կամքիս հակառակ, եւ կարծես ես կը լսէի գրադարանի գրքերուն ծանր շնչառութիւնը: Յետոյ խօսեցաւ ինք: Խօսեցաւ երկար եւ դանդաղօրէն հանելով իր բառերը: Ձայնը նոյն դժուարութիւնը ունէր, ինչպէս միշտ. ան կը մարէր եւ սակայն իր միտքը չէր զիջեր իր ձայնին. կ՛անցնէր անկէ անդին եւ ինքզինք կը հաղորդէր գրեթէ ի հեճուկս անոր: Սկիզբը ան խօսեցաւ Քաջազնունիին մասին առհասարակ` ե՛ւ հիացմունքով, ե՛ւ յարգանքով: Արագօրէն տուաւ անոր կերպարին կողմերը, գծեց այն քաղաքական ուղին, ուրկէ անցեր էին միասնաբար: Յետոյ կամաց-կամաց անդամահատեց Քաջազնունիին վարկածը: Այնտեղ գտաւ վերլուծական ուսանելի տուեալներ եւ, սակայն, զայն նկատեց խախուտ, իսկ անկէ բխող եզրակացութիւնը` մեծապէս վիճելի՛:
Ըստ իրեն, Քաջազնունին սահմանափակ ծիրին մէջ միայն տեսեր էր մեր ազգային գոյավիճակը եւ Դաշնակցութեան դերակատարութի՛ւնը` ազգային այդ բարդ իրականութեան մէջ: Ան կ՛անտեսէր երկու հիմնական իրողութիւն: Նախ` այն, որ հայութիւնը միայն Հայաստանի մէջ չէր այլեւս. անոր մէկ հսկայ զանգուածը ցրուած էր աշխարհով մէկ, եւ հայը տրամադիր չէր իր ինքնութիւնը զիջելու զինք շրջապատող մշակոյթներուն: Ասիկա փաստ էր 1923-ին եւ աւելի մեծ փաստ էր այսօր` 1955-ին: Վկայ` ձեր սերո՛ւնդը, կ՛ըսէր ան… եւ վկայ` այս քննարկո՛ւմը: Յետոյ նաեւ` այն, որ կուսակցութիւն մը միայն գաղափար չէր: Ան մարմի՛ն էր: Ան կազմակերպութիւն էր, որ կը դարբնուէր մեծ դժուարութիւններով եւ ժամանակին տաժանելի փորձովը: Կարելի չէր տեղ մը զայն սպաննել գրիչի սոսկ հարուածով եւ ուրիշ տեղ մը զայն վերակենդանացնել: Երբ ժամը հասնէր, Հայաստանը սնունդ պիտի տար գաղութներուն. գաղութները, իրենց կարգին, պիտի զօրացնէին Հայաստանը: Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէր մնալ հայութեան ազգային գերագոյն շահերու եւ առաջին հերթին` մեր գաղթաշխարհի քաղաքական ողնայարը: Քաջազնունիին վարկածը ինք կ՛ուզէր քննուած տեսնել քաղաքական յարափոփո՛խ իրականութիւններու լոյսին տակ:
– Ասենք` Քաջազնունու ասածն էլ լինում է մի օր. ասենք համայնավար իշխանութիւնը Հայաստանում կարողանում է մի կերպ համադրել հայ ազգային պետականութեան շահերը սովետների շահերին, եւ դրանից օգտւում է Հայաստանը: Բայց նոյն հաւանականութեամբ, միթէ չի՞ կարող պատահել ճիշդ հակառակը: Չի՞ կարող պատահել, որ սովետները վաղը ուզենան բարի դրացիութեամբ սիրաշահել թուրքերին… Հայաստանի իշխանութիւնը որպէս պատասխանատու պետական մարմին` պիտի ընդունի դրա անհրաժեշտութիւնը եւ մի կերպ եոլա գնայ: Իսկ եթէ հարկն է, սովետները անպայման կը գտնեն մի երկու մարդ, որոնք կը մաքրագործեն Հայաստանի իշխանութիւնը այն համայնավարներից, որոնք, ըստ Քաջազնունու, այսօրուան դաշնակցականներն են լինելու… Քաջազնունու խօսքը ենթադրութիւնների վրայ հիմնուած պատմափիլիսոփայութիւն է: Դրա վրայ կարելի չէ քաղաքական ծրագիր կառուցել: Քաղաքական կուսակցութիւնը չի կարող այդպէս վարուել իր անելիքի հետ:
Կանգ առաւ: Իր հին ժպիտը կար այժմ իր դէմքին վրայ: Այդ ժպիտը մտածում էր. ան շարունակութի՛ւնն էր իր խօսքին:
– Փոխարէն` պիտի ասել, որ դժուար է լինելու մեր գործը գաղութներում. դժուար է լինելու նրանց գործը Հայաստանում. պէտք չէ խաբուել դիւրին ժամանակներից… Դու նորից կարդա՛ Քաջազնունու գիրքը:
Այստեղ էր, որ ինք ոգեկոչեց Նոր Նախիջեւանի յայտնի կատուն… Յետոյ ըրաւ նոր թելադրութիւններ. կ՛ուզէր, որ կարդայի աւելին եւ մօտէն քննէի թերն ու դէմը:
Ես վերստին կարդացի Քաջազնունիին գիրքը. կարդացի նաեւ Ռուբէն Դարբինեանի եւ Վահան Նաւասարդեանի գրքերը` ի պատասխան Քաջազնունիին: Պակսող բան մը կար տեղ մը, որ կ՛անհանգստացնէր զիս: Պէտք չէ խաբուել դիւրին ժամանակներից… Արդեօ՞ք դեռ մեր առջեւն էր աւելի յոռին: Յամենայն դէպս Վրացեանին այդ խօսքը կը հետեւէր քայլափոխիս, եւ ես քանի մը անգամներ վերստին բախեցի իր դուռը` լուսաբանութիւն հայցողի չյագեցող պապակով:
Ես հիմա կ՛անդրադառնամ, որ իր մէջ խօսողը բնազդն էր հին անեցիի՛ն: Իր նախահայրերը վաղուց անցեր էին այս ճանապարհներէն: Անոնք վաղուց ճանչցեր էին անկայուն կեանքին ելեւէջները: Անոնք վաղուց տեսեր էին բարգաւաճ հայրենիք եւ շէն մայրաքաղաք: Յետոյ տեսեր էին անոր քայքայուիլը. յետոյ գաղթեր էին ու կերտեր բարգաւաճ գաղութներ եւ քանի՜ քանի՛ անգամ խաբուեր էին դիւրին ժամանակներէն… Քանի մը տարի ետք ես նաեւ առիթը ունեցայ կարդալու իր` Սիմոն Վրացեանի «Խարխափումներ»-ը` ի պատասխան Քաջազնունիին եւ գիւտը ըրի նոր իրողութեան մը: Քաջազնունին եւ Վրացեանը նոյն մտածումին հակադիր թեզե՛րն էին եւ այդ իսկ պատճառով անոնք կը պայմանաւորուէին իրարմով… Անոնք բնազդաբար կը փնտռէին զիրար: Ընթերցողը կը յղէին իրարու: Անոնք բնազդով գիտէին իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցող անխուսափելի սենթեզը… Եւ անոնցմով նոր լիութեան կը հասնէր այն գաղափարը, որմէ ծնունդ առած էր Դաշնակցութիւնը:
Հիմա կը մտածեմ ու կը ջանամ հասկնալ, թէ ինչո՛ւ Վրացեանը չէր վարանած լուրջի առնել զիս այդ օրերուն: Ինք, որ փոթորկոտ կեանք մը ձգեր էր իր ետին Ճեմարան գալէ առաջ, ինչպէ՞ս կրնար համբերութեամբ լսել մեզի պէս տղաքը եւ շունչ հատցնել իր այդ տարիքին: Ինծի կը թուի, որ Ճեմարանը մտածումի նոր ասպարէզ մը բացած էր Վրացեանի առջեւ, եւ ան երեւի թաքուն հրճուանքով մը կը տրամադրուէր իր երէց ընկերներուն հիմնած Համազգայինի կրթական այս օճախին: Իր ամբողջ կեանքը անցեր էր յեղափոխական եւ քաղաքական եռուզեռի մէջ: Ան գործեր էր երեք ցամաքամասերու վրայ, կազմակերպեր, պայքարեր, անցեր էր թաքստոցէ թաքստոց. տեղ մը վարեր պետութիւն, բանակցեր` աշխարհի ուժերուն հետ. ուրիշ տեղ մը գիշերնե՛ր լուսցուցեր` համադրելու համար մարդոց տեսակէտները:
Այս բոլորին կողքին, ան գրեր էր հատորներ. խմբագրեր` մամուլ եւ իր ձայնը հասցուցեր` հեռաւոր աշխարհներու ցրուած հայութեան: Առաջին անգամն էր ուրեմն, որ Վրացեան ինքզինք կը գտնէր կրթական միջավայրի մէջ` որպէս տնօրէն եւ ուսուցիչ: Առաջին անգամն էր, որ ան կը շրջապատուէր պատանիներով եւ իր առօրեայ կեանքը կը կապէր անոնց կեանքին: Երեւի իր սրտին մէջ կար կարօտը իր ընտանիքին, որուն չկրցաւ նուիրել իր կեանքին օրերը…
Ան սիրեց Ճեմարանի թարմութիւնը, իր շուրջի երթեւեկը, հայերէնին պոռթկուն եւ կռուազան գործածութի՛ւնը Ճեմարանի միջանցքներուն մէջ: Ճեմարանը իր մէջ արթնցուց հին կեանքի մը խռովքները եւ ինք հետզհետէ իր զգայնութեան ծածուկ ոլորտներէն բացաւ ճոխ հանդէսը իր յիշողութիւններուն: «Կեանքի ուղիներով» խորագիրը կրող իր հատորաշարքին առաջինը ան կը ձօնէ շատ խօսուն քանի մը տողերով` «Այս հատորը սիրով նուիրում եմ Մասիսը չտեսած, բայց տարագրութեան մէջ Մասիսի երազով տոչորուող հայ տղաներին եւ հայ աղջիկներին, որոնց մատաղ սիրտը բաբախում է Հայաստանի համար: Ս. Վրացեան»
«Կեանքի ուղիներով» հատորաշարքը լոյս տեսաւ այն տարիներուն, երբ Ճեմարանի տնօրէնն էր ինք: Այդ հատորներուն մէջ է, որ մենք առաջին անգամ յայտնութիւնը ըրինք այն միւս մարդուն, որ մնացեր էր ներսը եւ երկար տարիներ փնտռեր էր դուրս գալու ելքը: Ան պարզապէս ստորադասուեր էր սառն մտածողին, որ պիտի գործէր քաղաքական դաժան բեմի մը վրայ: Յանկարծ յայտնի կ՛ըլլար, որ Վրացեանը զգայուն գրագէտ մըն էր խոժոռ արտաքինի մը ետին եւ ունէր իր ներաշխարհը ընթերցողին բանալու բացառիկ շնորհ: Իսկ Ճեմարանը պիտի ըլլար այն բուժիչ վայրը, որ կարելի պիտի դարձնէր գրագէտին այս ուշացած յայտնութիւնն ու նուաճումը: Հոն էր, որ գրագէտը պիտի ազատագրուէր քաղաքական մարդու շղթաներէն եւ կանգնէր ոտքի ինքն իր հաշուոյն: Դժբախտաբար իր այդ յառաջացեալ տարիքին իրմէ ծնող գրականութիւնը յուշերու արագ սղագրութիւն մը միայն եղաւ եւ, սակայն, ան մեզի բերաւ վաւերական վկայութիւնը մարդուն, որ գիտէր բառը վերածել բանի:
Քանի մը աղուոր միջադէպեր մնացեր են յիշողութեանս մէջ: Անոնցմէ առաջինը Վրացեանին առաջին օրն էր Ճեմարանէն ներս. դպրոցական վերամուտի այն առաջին պա՛հը, որով պիտի սկսէր իր պաշտօնավարութիւնը: Հաւաքուեր էինք դպրոցին մայր սանդուխներուն առջեւ. արդէն կարդացուեր էին բոլորին անունները, եւ կատարուեր էր դասարաններու բաշխումը: Վերջին խօսքը իրը պիտի ըլլար, եւ մենք կը սպասէինք իր խօսքին: Խօսեցաւ հակիրճ եւ յաւուր պատշաճի եւ իր խօսքերը փակեց` մեզմէ խնդրելով, որ դպրոցական տարին սկսինք մաղթերգով մը… Մաղթե՞րգ. իրարու երես նայեցանք.
– Տէր կեցո՛ դու զհայս…- ըսաւ ինք:
Երեւի մեր շփոթ վիճակին հաղորդակից էր այդ պահուն նաեւ պր. Մուշեղը (Մ. Իշխան), քանի որ իր դէմքին վրայ կը տեսնուէր այն շատ ինքնուրոյն եւ հազիւ նշմարելի ժպիտը, որուն իմաստը միայն մենք կրնայինք կարդալ… Լեւոն Շանթի պաշտօնավարութեան տարիներուն Ճեմարանը առհասարակ հեռու պահուած էր կրօնական մշակոյթէ: Մեր մօտ տիրապետողը անսանձ հեթանոսութիւնն էր, եւ ուրեմն, մեծ դիւրութեամբ մենք կրնայինք թնդացնել «Արիւնոտ դրօշ»-ը` ի փոխարէն սա մաղթերգին, որուն ո՛չ բառերը գիտէինք, ո՛չ ալ եղանակը` այդ նեղ պահուն… Բարեբախտաբար օգնութեան պիտի հասնէր մեր նշանաւոր Յովսէփը (Էսկիճեան): Ան Ճեմարան եկած էր Դամասկոսէն եւ իրեն հետ Պէյրութ բերած` Դամասկոսի Միացեալ վարժարանին հալալ դաստիարակութիւնը: Յովսէփն էր, որ իր բամբ ձայնով յանկարծ հասաւ եւ փրկեց մեզ: Չորս կողմերէն ձայնակցեցանք եւ ձեւով մը երգը հասցուցինք իր աւարտին, բայց` ի՜նչ ձեւով… Երեւի Գէորգեան Ճեմարանի իր յուշերուն մէջ նկարագրուած եւ Կոմիտասին կողմէ յաճախ յիշուած Գայեանէի երգչախումբն էր, որ մէկէն կը կենդանանար իր աչքերուն առջեւ:
Իր օրով նոր բնոյթ ստացաւ դպրոցի ուսումնական ծրագիրը: Հայաստանեայց եկեղեցւոյ պատմութիւնը դրուեցաւ մեր դասացուցակին վրայ: Երիտասարդ վարդապետներ` հարք Շահէ, Արտաւազդ եւ Գարեգին (այժմու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ աթոռակից գահակալը) պիտի ընդգրկուէին այցելու ուսուցիչներու կազմէն ներս: Առաւօտեան խմբական աղօթքը դպրոցին մայր սրահին մէջ պիտի նուիրագործուէր որպէս նոր աւանդութիւն: Ամէն առտու, դպրոցին կամարներուն տակ պիտի լսէինք Յովսէփին առաջնորդող ձայնը`
Առաւօտ լուսոյ
Արեգակն արդար
Առ իս լոյս ծագեա:
Կ՛երգէինք Շնորհալիի այբուբենական աղօթքին
առաջին չորս տուները միայն եւ, սակայն, աղօթքի այդ կարճ պահը որքա՜ն ջերմութիւն կը բերէր մեզի: Աղօթքը մեզ կը բերէր քով-քովի` առտուան այդ թարմ պահուն. մասնաւոր կարգ գոյութիւն չունէր. դասարանները կը հաւաքուէին ազատ խումբերով մեր փոքր սրահի պատերուն տակ, իսկ ուսուցիչներէն շատեր կը գլխաւորէին այդ խումբերը: Վրացեանը կեցած կ՛ըլլար սրահին մէջտեղը:
Ձմրան առաւօտ մըն էր կարծեմ, եւ մենք դպրոց հասեր էինք ծանր սրտով: Մաթեմաթիքի քննութիւն ունէինք այդ օր, եւ ան տագնապի կը մատնէր մեզ: Միւս դասարանները նոյն ոգեւորութեամբ կը մասնակցէին աղօթքի երգեցողութեան, մինչդեռ մեր անկիւնը լուռ էր եւ անտրամադիր: Աղօթքէն ետք անցանք դասասենեակ եւ կը սպասէինք ուսուցչին, երբ յանկարծ դասարանէ դասարան տարածուեցաւ անակնկալ լուրը: Անթիլիասէն կը հաղորդուէր, որ Էջմիածնի մէջ վախճաներ էր Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը…
Կէս ժամ ետք վերստին կը կանչուէինք մայր սրահ, ուր արդէն հաւաքուած էր ուսուցչական կազմը, եւ ուր բոլորին ներկայութեան Վրացեան պիտի տար կենդանագիրը վախճանեալ հայրապետին: Իրեն պէս` ան ալ սերած էր անեցիներու շառաւիղներէն. եղած էր Գէորգեան Ճեմարանի սան եւ մեր պատմութեան ժամանակակից այս շրջանին մեծ եղած էր իր դերը Հայաստանի մէջ: Կը զգայինք յուզումը իր ձայնին մէջ եւ իր խօսքերէն կը կռահէինք, որ այս մէկը նաեւ անձնական կորուստ մըն էր իրեն համար:
Եւ սակայն ինչպէ՞ս մոռնալ անմիջականը, որ կեանքն է, եւ որ կը շահի ամէն բանին առաջնութիւնը: Երբ յայտարարուեցաւ, որ այդ օրը դպրոցը փակ պիտի մնար ի յարգանս երջանկայիշատակ կաթողիկոսին, անխոստովանելի թեթեւութիւն մը իջաւ մեր վրայ… եւ որ արտայայտութիւն գտաւ մեր ընկերներէն` Վաչէ Մատէնլեանի հառաչալի՜ց բացագանչութեանը մէջ.
– Երջանկայիշատա՜կը…
Մեր անկիւնէն պայթեցաւ չզսպուող խնդուքը եւ գետնին տակը անցուց մեզ. փրկուեր էինք մաթի քննութենէն գէթ քանի մը օրով:
Շանթին պէս` Վրացեանն ալ ջերմ հաւատացող մըն էր ընդհանուր եւ բազմակողմանի զարգացման: Դարձեալ իր օրով էր, որ Ճեմարան եկաւ Կոստան Զարեանը որպէս արուեստի պատմութեան դասախօս: Ճեմարան եկաւ նաեւ Բարսեղ Կանաչեանը: Մենք ունեցանք երգչախումբը եւ հայ տոհմիկ երաժշտութիւնը դարձաւ անբաժան մաս մեր առօրեային: Կոմիտասի եւ Կանաչեանի երգերը մեզ կը մօտեցնէին անվիճելի աղբիւրին. անոնք աղբի՛ւրն իսկ էին: Բոլոր խօսքերէն, մտքերէն եւ գրքերէն ետք կար երգը, եւ մեծ էր անոր ուժը: Ան կը փարատէր մեր ներքին կասկածները եւ մեզ կ՛ընէր ամէն բանի հանդէպ անվերապահ:
Վրացեանի փափաքն էր` տեսնել, որ Ճեմարանի տղաքն ու աղջիկները, ինչպէս եւ բոլոր երիտասարդ հայորդիները, լայն տեսողութեան տէր մարդիկ ըլլային իրենց ասպարէզներուն մէջ: 1961-ի ամառը ես կը մեկնէի Ամերիկա եւ ճամբայ ելլելէ առաջ գացի Վրացեանին տեսութեան: Հետս էր նաեւ ընկերս` Փաթանեան Նազոն: Իմացեր էինք, որ Վրացեան կը հանգստանար Պոլոնիայի եւ Խնչարայի միջեւ գտնուող պանդոկի մը մէջ: Գացինք եւ գտանք զինք լեռնային այդ պանդոկին բացատը, առտուան թարմ արեւին տակ: Հոն էր, որ ան աւելի հանգամանօրէն խօսեցաւ այդ խնդրին մասին: Բարձրագոյն համալսարանական ուսումը բաւարար չէր նկատեր ան: Շատ բարդ աշխարհի մը մէջ պիտի ապրէինք մենք, եւ ուրեմն անհրաժեշտ էր, որ ունենայինք համապատասխան հորիզոն: Այս մէկն ալ դեռ բաւարար չէր: Անհրաժեշտ էր, որ նոր հայը ըլլար այնքան օժտուած եւ բազմակողմանի, որ ան կարենար վերապրիլ որեւէ երկրի մէջ եւ որեւէ ժամանակ: Վերապրի՛լ: Այսինքն` ապրիլ հզօր ինքնավստահութեա՛մբ: Ապրիլ քաջութեամբ, կամքո՛վ: Վերջաւորութեան յիշեց Քիփլինկի «Եթէ»-ն եւ ամուր սեղմեց մեր ձեռքերը: Բաժնուեցա՛նք:
Տարիները սորվեցուցին ինծի, թէ որքա՜ն դժուար բան էր ինքնավստահութիւնը: Ինչպիսի՜ կածաններէ պէտք էր անցնիլ` հասնելու համար հոն: Ինչպիսի՜ կասկածներ պէտք էր յաղթահարել` առանց կքելու, առանց անձնատուր ըլլալու: Մեծ ցանկութիւն մը կ՛աճէր մէջս ամէն տարի. կ՛ուզէի օր մը վերադարձած ըլլալ եւ վերստին խօսիլ իրեն, վերագտնել ուժի այն խարիսխը, որով ինք կառչած կը մնար կեանքին: Տարիներ առաջ իր խմբագրած հանդէսը ինք կոչեր էր «Վէմ»: Ասիկա իր ընտրած բառն էր ուրեմն. իր վէմը ինքնավստահութի՛ւնն էր. այն, որ կը շահուէր տաժանքով: Անիկա վերջին եւ թերեւս առաջին աղբիւրն էր մարդու ուժին:
Ինք մեռաւ, երբ ես հեռուն էի եւ, սակայն, ես անգամ մըն ալ կրցայ տեսնել զինք իր մահէն առաջ, երբ ինք անկողին ինկած էր արդէն: Կ՛անցնէի Պէյրութէն: Ամառ էր նորէն, եւ ես փութացի իր մօտ: Եղբայրս, որ արդէն վկայուած բժիշկ էր, ուզեց զգուշացնել զիս.
– Չի կրնար խօսիլ… բայց,- աւելցուց,- կը հասկնայ ըսածդ:
Ճեմարանի դարպասին մօտ, պարզուկ սենեակի մը մէջ դրուեր էր իր անկողինը: Անկիւնը` իր ճամբորդական պայուսակն էր: Մօտեցայ եւ բռնեցի ձեռքը: Ամուր էր այդ ձեռքը: Պիրկ էր իր մարմինը: Ուրեմն ինք դեռ կառչած էր խարիսխին… Միամիտ ուրախութիւն մը բոյն դրաւ մէջս: Ուզեցի խօսիլ, ուզեցի ըսել իրեն այն բոլոր ըսելիքներս, զորս պահեր էի այսօրուան համար: Փոխարէնը` աչքերս լեցուեցան եւ ոչինչ ըսի: Վստահ իսկ չէի, որ կը ճանչնար զիս: Եւ սակայն յանկարծ անդրադարձայ, որ կը սեղմէր ձեռքս… կը սեղմէր աւելի ու աւելի ամուր: Առասպելական ուժ կար այդ մատներուն մէջ. ու յանկարծ աչքերը կրակ առին. Աստուա՜ծ իմ, ճաչցեր էր զիս… եւ երեւի արդէն գիտէր ըսելիքս:
Ես համոզուած եմ, որ ան մեկնեցաւ այս կեանքէն հաւատքի վերջին հանգրուանն ալ յաջողապէս նուաճելէ ետք: Երանի իրե՛ն:
(Շար. 2 եւ վերջ)