Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13453

Սերունդնե՛ր, Դուք Ձեզ Ճանաչէք Յաղթական Արցախէն

Image may be NSFW.
Clik here to view.

ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

Ամէն ազգի պատմութեան մէջ կան էջեր, որոնք կը կերտեն եւ կ՛ամրապնդեն այդ ազգին նկարագիրը: Մենք ալ` հայերս, ունինք նման էջեր. Հայկ նահապետէն սկսեալ  կերտուեցաւ հայոց նկարագիրը` բռնակալ Բէլի դէմ Հայկի ապստամբութեամբ. ատիկա ազատասիրութեան եւ ինքնիշխան ապրելու անսանձ ձգտումն էր: Անկէ ետք եղան Վարդանանց եւ Վահանեանց պատերազմները, Դաւիթ Բէկի եւ Մխիթար սպարապետի պայքարները, ֆետայական կռիւները, որոնք ամրապնդեցին մեր ազգային դիմագիծը եւ կոփեցին մեր հաւաքական կամքը:

Եւ ահա անվերջ պայքարներու եւ ապստամբութիւններու շարանը ապրելէ ետք, հասանք 20-րդ դար, որ նոր էջեր, արիւնալի եւ սխրալի, պիտի աւելցնէր մեր ազգային յուշամատեանին մէջ: Եթէ 20-րդ դարը սկսանք արեան մէջ խեղդուած, ամօթի խարանը մեր ճակտին, ապա անոր աւարտը եղաւ փայլուն եւ հպարտառիթ, մեր ազգին համար, երբ հայ ազատամարտիկներու անբիծ արիւնով ազատագրուեցաւ Մեծ Հայքի 15 նահանգներէն մէկը, որուն անունն է ԱՐՑԱԽ: Ի՞նչ է այս յաղթանակը մեզի համար: Ոմանք կ՛ըսեն, որ մեր արդար իրաւունքն է այս հողին վերատիրանալը` իբրեւ մեր հայրենիքին անքակտելի մէկ մասին, ուրիշներ ինքնորոշման իրաւունքին մասին կը խօսին, այո՛, ճիշդ են այս բոլորը, սակայն նախ եւ առաջ Արցախը հրաբուխն է, որ մեր ազգի դարաւոր ճնշումները եւ ցաւերը կուտակած` վերջապէս պայթեցաւ, եւ իր ժայթքումէն դուրս եկան նորօրեայ Մհերներ եւ Դաւիթներ, որոնք իրենց անզուսպ խոյանքով անջնջելի դրոշմ ձգեցին եւ քաջութեան, յանդգնութեան ու անձնազոհութեան նոր դաս գրեցին գալիք սերունդներուն: Արցախեան յաղթանակը սովորական յաղթանակ մը չէ, քանի որ ազատագրութեան գաղափարը հետապնդող շարժումը յանկարծակի եւ անմիջական սկիզբ չունեցաւ, այլ տարիներու, տասնամեակներու վրայ երկարող յարատեւ պայքարի պսակումն է:

Արցախը մեր ժամանակակից ազատագրական պայքարի գագաթնակէտն է, տասնամեակներ շարունակ տուած շռայլ զոհողութեանց հատուցումն է, թափած արեան արդար վաստակն է, մեր ազգային անշեղ յամառութեան թանկագին պտուղն է: «Պայքար` դարու մը երկարութեամբ» կարելի է բնութագրել արցախեան յաղթանակը: Այլոց համար տարօրինակ է, որ բուռ մը հողի ազատագրումը համազգային նշանակութիւն եւ առաջնահերթութիւն ունի: Սակայն մեզի համար բնական է, քանի որ Արցախով հայ ժողովուրդը հոգեկան եւ բարոյական վերակազմաւորում ապրեցաւ եւ փաստեց, որ 1918 մայիսեան յաղթանակները եզակի եւ պատահական չէին, այլ կրնանք միշտ յաղթել, այնքան ատեն, որ կը գիտակցինք, որ ամէն տագնապ ու ճգնաժամ պէտք է կեանքի եւ մահուան հարցի վերածել եւ գիտակցիլ, որ մեր ետին անդունդ է,  եւ յառաջընթացէն զատ` այլընտրանք չունինք: Ազգ մը իր մարտունակութիւնը պահելու համար պարտաւոր է մերթ ընդ մերթ յաղթանակներ կերտել եւ այդ յաղթանակները իբրեւ ներշնչման աղբիւրներ, առաջնորդող ազդակներ օգտագործել: Անկարելի է միշտ անցեալի փառքերով սնանիլ եւ ոգեւորուիլ, քանի որ սերունդները պիտի փոխարինեն զիրար եւ,  ուզենք, կամ չուզենք, հին յաղթանակներուն յիշատակը, նշանակութիւնն եւ ազդեցութիւնը պիտի թուլնան, եթէ նորերը չարձանագրուին եւ իրենց բերելիք աւիւնով չվերաթարմացնեն եւ չկենսաւորեն հիները: Այդպիսով, մեր հին յաղթանակները եւ փառքերը վառ պահելով հանդերձ, այսօր պարտաւոր ենք շեշտը դնել Արցախի վրայ` իբրեւ մեր ամէնէն մօտիկ անցեալի արձանագրուած ձեռքբերումը եւ անով առաջնորդուիլ` մինչեւ աւելի նորը կերտելը: Արցախը ամենայն արդարութեամբ կարելի է միասնականութեան տեսութեան գործնականացման դաշտ համարել, քանի որ այդ հողի վրայ սփիւռքահայը եւ հայաստանցին, կուսակցականն եւ անկուսակցականը կողք կողքի կռուեցան վայրագ թշնամիին դէմ, զարկին եւ զարնուեցան: Արցախը ազգային գաղափարախօսութեան նախադրեալն էր, սակայն չկրցանք հասկնալ անոր պատգամը, պատերազմի դաշտին վրայ յաղթանակ արձանագրելով` չկրցանք գաղափարական յաղթանակ արձանագրել. պատերազմէն ետք հայաստանցիները մնացին հայրենիք` իրենց հոգերով, սփիւռքահայերը իրենց օրակարգերով գաղութները քաշուեցան, եւ շարունակուեցաւ տասնամեակներ շարունակ տիրական եղող հատուածական գործելաոճը, որ կը ջլատէ մեր ազգային ուժը: Ժամանակ կայ տակաւին կոպիտ այս սխալը սրբագրելու:

Արցախը այլեւս մաս կը կազմէ դարեր շարունակ գրուող մեր ազգային դիւցազնապատումին, ուր գլխաւոր հերոսները օրհասական ահազանգին ընդառաջելով, քալեցին հպարտ եւ ինկան խրոխտ: Արցախը բարձրագոյն զգօնութեան կը հրաւիրէ այսօր բոլորս: Նախ եւ առաջ, որպէսզի մեր մէջ աւելնան իմաստութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը` կերտուած յաղթանակը պահելու, ամրապնդելու եւ աւանդելու գալիք սերունդին: Բայց հիմնականը այն է, որ թերեւս ալ լիարժէք կերպով չենք անդրադառնար տակաւին, որ Արցախը իր յաղթանակով թեւ եւ թիկունք տուաւ մեր ազգային պահանջատիրութեան, քանի որ մելիքներու հողի ազատագրումով մեր ժողովուրդը թօթափեց ջարդուածին յատուկ ծանրակշիռ բարդոյթը եւ իր բուն նկարագիրը պարզեց աշխարհին: Արցախեան ռազմաճակատ մեկնողները վստահաբար նպատակ ունեցան Ցեղասպանութեամբ վիրաւորուած մեր արժանապատուութիւնը վերականգնելու: Եւ յաջողեցան: Եւ մեզի ու մեզմէ ետք եկողներուն կտակեցին անժամանցելի դաս եւ պատգամ, որ պէտք է գոց սորվինք եւ ճանչնանք, թէ արցախեան պոռթկումով, պայքարով եւ յաղթանակով թուլամորթներ եւ վախկոտներ չենք, այլ միշտ գիտցած ըլլալու ենք, որ մենք սրտով կտրիճ եւ պոյով պարթեւ ենք:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13453

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>