Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Գետեզերքներուն

$
0
0

ՄԱՐԻՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Այն օրուընէ, երբ գիտեմ, թէ կեանքը իմաստ ու նպատակ ունի, ալ  վախ չունիմ:

Անտրէ Ֆրոսսար

 

… Տղմուտ գետը վտիտ ու ցեխոտ գետ մըն է մինչեւ այսօր. բայց դարերու թաւալումին հետ մեզի համար  հզօր ովկիանոսի  մը պէս կը հնչէ անոր անունը. 1500 եւ աւելի տարիներ անցած են այն օրէն `Վարդանանց Ճակատամարտէն, իսկ անցեալը ներկային մէջ կ՛ապրի տարբեր ձեւերով, երբ կը շարունակուի  կրկնուիլ իւրաքանչիւր հայու   համար իրեն  իւրայատուկ ռազմի դաշտով` Աւարայրով, իր սահմանագիծ Տղմուտ գետով, որուն ափերուն կը մղէ իրեն համեմատ ճգնաժամ մը,նորովի ու մեր նոր աշխարհին յատուկ: Հինգերորդ դարու պատերազմները այդ օրերու  յատուկ ըմբռնումներով էին, իսկ մեր նորօրեայ մարտահրաւէրները` բազմապիսի, որոնք դարձեալ հաւատքի, անհանդուրժողութեան, անմարդկայնութեան, մարդակերութեան ու գազանութեան տարրերով համեմուած են:

Հիմա կրնամ հասկնալ, թէ Քուէյք գետի նեղլիկ ու բարալիկ հոսքին մէջ ինչե՜ր կրնային թաքնուած ըլլալ, այն գետին, որ խաչակրաց արշաւանքներուն բազմաթիւ խաչակիրներու գունդեր  իր յորձանուտներուն մէջ ընկղմեց ու տարաւ իրենց թանկարժէք ստացուածքներով  միասին:

Այն գետը ,որ մինչեւ մեզի հասնի, նեղցաւ ու այդ օրերու  Տղմուտ գետի մասնակցութեան նման մասնակցութիւն  մը ունեցաւ մեր այսօրուան ծննդավայրի ճակատամարտերուն համար:

Հիմա մենք եւ մեր քաղաքացիներն  ենք Քուէյքի տարածուն ափերուն, ուժասպառ փոքրիկ ու մեծահոգի Հալէպը, որ այս անգամ պատերազմ կը մղէ սատանայի զօրքերուն դէմ:

Բոլոր քաղաքներուն մէջ ալ կրնանք ապրիլ,բայց բոլորին ընդերքէն եւ ջուրերէն եկող ձայնը նոյնը չէ: Հողը ձայն ունի, շնչառութիւն, կը շնչէ, կը հեւայ. ինչ որ հիմա կը լսեմ այս ծննդավայր կոչուած արգահատելի վայրին մէջ, հողին հեւացող սրտատրոփը, նոյն հեւքն է կարծէք, որ կու գայ Արեւմտահայաստանի բռնաբարուած ու խեղդամահ եղած, թփրտացող սրտէն, որ կենդանի յանձնուեցաւ հողին, գերեզմանաքաղաքի դամբարանին, որուն սրտատրոփին ելեւէջները տակաւին կը լսուին, նոյնիսկ եթէ մարմինը ծածկուած է փոշիներով եւ մամուռով, ցորենահատիկները ամբարներուն մէջ վերածուած` բրածոներու… Մոռացութեան փոշին անկարող է  այդ հողին մէջ զետեղուած, կենդանի թաղուած սիրտն ու բզկտուած  մարմինը, կողոպտուած բարիքները, ծածկելու…

Անձրեւի  կաթիլները  առատօրէն կը հարուածեն նեղլիկ Քուէյք գետը` վարարեցնելով զայն ,  վերածելով  Տղմուտ գետի մը, որուն ափերուն դարձեալ` Վարդանի յետնորդներէն  ենք, որ կը բնակինք պատերազմի պայմաններուն մէջ, բայց մեր սրտերուն կանթեղներ` գիտակցելով ,որ արտաքին աշխարհի պայմանները անկարող են ընկճել  ուրախութիւնն ու յարատեւութեան ոգին,որ կը բխի ներքին ջրաւազանէ մը. Վարդանի  ծոռներուն ծոռներուն ծոռներու ծոռները… որոնք օտար հողը սրբելէ ետք զայն անգիտակցաբար կամ`, չեմ գիտեր` թերեւս նոյնիսկ գիտակցաբար, կցած են այս հողը  մեր կորուսեալ քարտէսներուն եւ անոնց շարունակականութիւնը գտած այս տարածքին մէջ ու երկուքը  դարձուցած` իրարու բախտակիցներ:

Հիմա կրնամ հասկնալ, թէ ինչո՛ւ չկրցայ տանիլ այն  երկիրներու խաղաղ գոյութիւնը, որոնք հայրենիք չեն, որոնց  օտարազգի բնակիչները իրենց անհաղորդ ու ինքնասէր երջանկութեան մէջ կը քալեն, կը ժպտին բարեհոգաբար, դէպի զիրենք հրաւիրելով եւ մագնիսացնելով բիւրաւորներ, մինչ անապատացած Սուրիոյ գիւղաւաններուն մէջ կը խողխողուին մանուկներ, երիտասարդներ, որոնք բախտակից կը դառնան իմ մեծ հայրերուս ու մայրերուս վիճակուած տառապանքին…

Կայծակը կը շարունակէ լուսաւորել, ճեղքեր ստացած լուսամուտի ապակին, որուն ետեւէն այնքան յստակ կ՛երեւի մերկացած փոքրիկ ծառիս ճիւղերը: Հողմերն ու ցուրտը մէկ առ մէկ քշած` տարած էին  տակաւին քանի մը տարի առաջուան  ծաղկազարդ ճիւղերը: Կիսադալար ճիւղ մը դեռ  կը յաւակնէր   կառչած մնալ ծառին… կը շնչէր տակաւին…

Քանի՜ քանի՛ հրացաններու բլթակներ հիմա նոյն պահին  միասին կը սեղմուին,նոյն այս ապրող րոպէին անմեղ զոհեր  գետին կը փռուին, մինչ տերեւները կը փորձեն ամրօրէն սեղմուած մնալ ճիւղին, վարը` մայթին վրայ ապաստանած անտունին կը փորձէ կծկուիլ վերարկուին տակ, ականջները ափերովը սեղմել ու փառք տալ իր հաւատացած Աստծոյն, որ տակաւին ինք կը գոյատեւէ:

Եթէ լողալ կրնամ, ուրեմն թռչիլ ալ պէտք է որ կարենամ. խելագար սլաքներ, արծաթէ զիկզակ ակօսներ ե՛ւ վերը կան, ե՛ւ ներքեւը…

Երբ սահմանները բոլոր անհետանան ու չքանան, ու ես սիրտէ սիրտ ու ափէ ափ փոխադրուիմ, նոյնիսկ եթէ Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջանը հռչակուի ինքնավար… բայց մենք  մնանք Հալէպի մէջ, թէկուզ միայն անոր համար, որ Հալէպը մեր կորսուած հայրենիքին սահմանակից է ու նախկին Կիլիկիոյ մէկ հատուածն է, ուր երկար դարեր այստեղ հայ գրիչներ մատեաններ ծաղկած էին եւ Հայաստանի եւ սփիւռքի համար, եւ այս փոքրիկ ածուն հոգեւոր հայրենիք մը եղած էր Եղեռնէն փրկուած մեր հարազատներուն…

Փոքրիկ մարմինս իր նախածննդեան շրջանին այնպէս հանգիստ կը լողար, ինչպէս` Միջերկրականի ջուրերուն մէջ. այժմ հոգիս եւս անդադար  կ՛ընդարձակի խաղաղ ջուրերուն մէջ ,  կրակի բոցերուն, կամ երկնքին եւ  կրնայ  թռչիլ դէպի Տղմուտ մեր հին  գետը «որ այժմ Ատրպատականի տարածքին մաս կը կազմէ» եւ կամ ալ` դէպի  մոլորակները հեռու,որոնց դիրքերն ու սահմանները եւս անդադար կրնան փոխուիլ ու ընդարձակուիլ անկախ մեր գիտակցութենէն կամ կամեցողութենէն… կարեւորը կարենալ գտնելն է այն բարակ թելը կամ պորտալարը, որ կրնայ մեզ կապել տիեզերքի նախախնամ արարիչին, ա՛յն թելը որուն գոյութեամբ այնքան ինքնավստահ, պաշտպանուած ու ազատ կրնաս քալել նոյնիսկ ռմբահարուող  քաղաքի նեղլիկ փողոցներէն, ու լսել  այն ձայնը,որ  Մովսէս մարգարէն  լսեց` «Հիմա ես իմ ափս հովանի պիտի ընեմ վրադ ,որ անցնիս հոսկէ»:

Հալէպ, 13 յունուար 2016


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>