ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔԱՀԱՆԱՅ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Ահեղ է ու հիանալի` թափը հզօր ալիքներուն յարձակումին, վերադարձին, վերածնող ու արշաւող , մեծածաւալ սպիտակ ու լուսապայծառ ծովակոյտին փշրանքներուն պայթիւնները` աւազներուն վրան ափին:
Այս հանդէսին հոգեպարար հոգիներէն սքանչացեր փխրուն մարդիկն ի՞նչ են սորվեր յաջորդական սերունդներէն Կենաց Հացէն, Տիրոջ խօսքէն, սննդարար պատգամներէն, Աստուածաշունչ Սուրբ Մատեանէն, կամ Քուրանէն, ի՞նչ են սորվեր:
Մարդասէր մեր հայրապետաց, մայրապետաց, մարգարէից, վարդապետաց, մոլլաներուն քարոզներէն բան չե՞ն սորվեր…: Դեռ երէկ էր, Հալէպ էինք Հայաստանէն վերադարձին.
– Երազատես թագուհին եմ ես այս բերդին,- աղջիկս ըսաւ:
Իրիկունը մօրաքրոջս աղջկան հետ կը ճաշէինք, լուսազարդեալ կանաչագոյն մզկիթներու աշտարակի գագաթներէն փայլատակեց, ազդարարեց, տարածուեցաւ, հռչակուեցաւ` հին քաղաքի ժողովուրդին «Աստուածն Է մեծ»:
Հետաքրքիր ու զարմացած եկած կանչէն կանաչազարդ մզկիթներու երգչախումբէն` աղջիկս հարցուց, «Այս ի՞նչ կ՛ընեն»:
– Աղօթքն է այս իսլամութեան հաւատացող ժողովուրդին:
– Ողջ աշխարհի մարդոց համա՞ր ալ կ՛աղօթէ այս քաղաքը:
Բայց եւ այնպէս ո՞ւր ցնդեցան սրտէն բղխած աղօթքները: Եկեղեցեաց զանգակատանց ղօղանջները մեղմացած են, մզկիթներուն աշտարակները պայթած են ու այրուած, հոգիներուն սննդարար Կենաց Հացն է կողոպտուած:
Ի՞նչ է եղած Արեւելքի, Ափրիկէի, իւղն ու ոսկին, տէ՞ր են փոխեր շէնքը, արծաթն, ցորեն, գարին, անճրկած է անտիրական, սարսափահար ժողովուրդը սնանկացած, անխղճացած սուգի մէջ է ճակատագրէն:
Վտարուած են իրենց սարքած տուներէն ու խանութներէն, հողէն, երկրէն հազարաւոր սուրիացիներ, իրաքցիներ, ասդին անդին կը թափառին վրաններուն անապատին, կամ նաւերուն կամրջակին` սոված, ծարաւ, հիւանդ, տկար:
Լքուած, անտէր գաղթականներն ուժասպառ են, շունչ կը փչեն, ծով կը նետուին, կը խեղդուին կամ կ՛ազատին օտարութեան` սիրտը կտրած ափն են ելած նաւահանգիստէն խաղաղած` ոտք կը դնեն ու նոր յոյսեր, ծրագիրներ կը յղանան:
Իշխանութիւնք եւ զօրութիւնք մտահոգ են, չեն հասկնար, գաղթականաց անակնկալ արշաւանքը: Ֆրանչիսկոս պապն եկեր ` Եւրոպայի խորհրդարան, կը պատգամէ` զէնք չծախէք, Միջերկրական ծովը հսկայ գերեզմաննոց չդարձնէք:
Պատերազմներն ու թշնամեաց յարձակումներն օր մը կու գան, յետոյ կ՛երթան. թշուառական ու անտունի մարդ արարածն անզօր է ու սէր կը խնդրէ, մանկան նման, մօրն ու հօրը, քոյր եղբօրը կարօտովը Տիրոջ փրկչին կ՛ապաւինի:
Տէր Աստուծոյն խրատներուն, շնորհքներուն ու հարց կու տայ` օ՞դն են ցնդած մեր հայցուածքը, կամ` սատանա՞ն է գրաւած: Աղօթասաց հոգիները, անմահութեան հաւատացող Տապանին մէջ կ՛օրհնաբանեն «Փառք ի բարձունս»:
Նիս