Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13494

Փոխան Ափ Մը Հողի. Սահակ Ակիլեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

$
0
0

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ

Պատմական Կիլիկիոյ Քիլիս գաւառի հայութեան վիճակուեցաւ, յետտարագրութեան, հաստատուիլ Սուրիոյ սահմանին մօտ գտնուող Ազեզ գիւղաքաղաքը: Հայաբնակ այս աւանին մէջ ծնած էր Սահակ Ակիլեանը, 1948 թուականին: Երկրագործ հօրը` Յովհաննէսի ասպարէզին բերումով, մինչեւ 1952 ապրած Ռաս Ուլ Այն, ապա փոխադրուած է Հալէպ եւ յաճախած` Ազգ. Հայկազեան մանկապարտէզն ու նախակրթարանը, երկրորդական ուսման հետեւած էր Ազգային Քարեն Եփփէ ճեմարանէն ներս` նախակրթարանի մէջ Հայկուհի Ադամեանը` իսկ ճեմարանի մէջ Մկրտիչ Մկրտիչեանը ունենալով որպէս հայոց լեզուի երկու մեծ դասատուներ, որոնց շունչին տակ Սահակին մէջ դրոշմուած էր պաշտամունք մը` Մեծն Մեսրոպի ստեղծագործած սուրբ տառերուն հանդէպ, իր ձեռագիրը զարդարուեստ մըն էր սովորական վիճակին մէջ, համակարգչային արդի արհեստագիտութեան կիրարկումէն առաջ, իր ձեւաւորումներուն եւ տառերուն յատուկ ոճը տեսնելով` կարիք չկար ստորագրութեան նայելու, Սահակն էր այդ ճաշակին տէրը:

1968 թուականի Ազգային Հայկազեան երկսեռ վարժարաններու մեր ամավերջի հանդէսի պատրաստութեան աշխատանքներուն մշտական ներկայութիւն էր, տակաւին ճեմարանական` ստանձնած էր բեմայարդարումի պարտականութիւնը:

Անմահն Թէքէեանի «Եկեղեցին հայկական», խմբական ասմունքին հետ պատրաստեց յատուկ յարդարումներ` բերդ մը, որուն մէջէն կը բարձրանայ հայ եկեղեցւոյ գմբէթը, կողքին` շուշանանման զգեստներ հագուած  փոքրիկներ, որոնք շարական կ՛երգեն, աւարտին խոշոր  խոյր մը կիսուելով` դուրս կու գայ վարդապետ մը:

Վերամուտին, երբ Քարեն Եփփէ ազգային ճեմարան յաճախեցի,  արդէն դարձանք Պատանեկան միութեան ընկերներ` կրտսեր եւ երէց, ինք աւարտական դասարանի աշակերտ` վերակազմեալ Պատանեկան միութեան առաջին սերունդին մաս կը կազմէր, դէմքերու հետ, որոնցմէ ոմանք անդարձ մեկնած են արդէն` Սարգիս Կիրակոսեան, Յովհաննէս Զէյթունցեան, Յովհաննէս Աշոտեան, Ստեփան Փալուլեան,Վահէ Պօղոսեան եւ Արամազդ Օղիկեան:

Այսպէս սկսաւ Սահակին հետ ծանօթութիւնս`յիսուն տարուան երկարութեամբ, հալէպաբոյր ընկերական յատկութիւններով շաղախուած, իր տաք ու պաղ օրերով: 1975-ին, «Զուարթնոց» երգչախումբի որպէս անդամներ, նաեւ` վարչականներ, մտերիմներ դարձանք:

Ճեմարանէն վկայուելէ ետք, Սահակ  երեք տարի որպէս քարտուղար պաշտօնավարեց Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանէն ներս:

Ճեմարանի մանրակերտի նկար-Սահակ-Ակիլեան

Sahag արտադրութիւնը

Սուրիոյ ճարտարարուեստի մայրաքաղաքը հանդիսացող Հալէպ քաղաքի ճարտարարուեստի պատմութեան մէջ ոսկեայ տառերով պիտի գրուի Սահակ Ակիլեանին անունը. 1974-ին ան Գերմանիոյ մէջ silk screen printing-ի դասընթացքին հետեւելէ ետք, Ֆրանսական DUBUIT տպագրիչ մեքենան ներածելով, Նոր Գիւղի մէջ հիմնեց կերպընկալ եւ ապակեայ շիշերու վրայ տպագրելու Polyprint աշխատանոցը, որ առաջինն էր Սուրիոյ տարածքին: Այդ ասպարէզին յատուկ արհեստաւոր տպագրիչի եւ արուեստագէտ գծագրիչի շնորհքին  զուգահեռ` ունէր արտադրողական գիծերը ամբողջացնող  սարքեր յղանալու եւ իրագործելու ճարտարութիւն, կատարելագործելով տպարանի կազմածները: Աւելի ուշ, երկար տարիներու աշխատանքի փորձառութենէ ետք, «Sahag» վաճառանիշով կատարելագործուած գործիքներ սկսաւ արտադրել:

Սահակին տպագրական նորարութիւնը ճանչցուեցաւ այդ աշխատանքին կարիքը ունեցող գործարաններուն կողմէ, որոնք Սուրիոյ զանազան քաղաքներէն  կու գային իրենց տպագրութիւնները վստահելու իրեն:

Միւս կողմէ, սակայն, անոր ազգային եւ միութենական նախասիրութիւնները կը կասեցնէին գործարարի իր թռիչքը: Հալէպէն, շրջաններէն եւ նոյնիսկ Լիբանանէն յուշանուէրներու պատրաստութեան համար իրեն կը դիմէին, նաեւ` յայտագիրներու, տոմսերու, որմազդներու ձեւաւորման, բեմայարդարումի մտայղացման եւ իրագործման աշխատանքները Սահակին համար ապրում էին, բնականաբար առաջնահերթութիւնը կու տար այդ ծառայութեան` ի վնաս իր ասպարէզին:

Բազմակողմանի յատկութիւններով օժտուած արուեստագէտը` Սահակ կը կրէր համեստութեան դափնեպսակը` ի տես անտաղանդ ցուցամոլներու: Իր ստեղծագործութիւններու հաւաքածոն մաս կը կազմէ շէն գաղութի քառասնամեակի մը պատմութեան, լոյս կը սփռէ նաեւ իր ամբողջական արժանիքներուն վրան, որ ի ծնէ արուեստագէտ էր բառին բովանդակ իմաստով,  հայատրոփ սրտով,ազնիւ վերաբերմունքով, լուսաւոր միտքով, ճաշակաւոր երեւակայութեամբ, ճարտար ձեռքերով, վայելուչ արտաքինով, ծառայասէր եւ զգայուն նկարագրով, որ ակնթարթի մը մէջ կը դառնար թիւրաբորբոք ու գերզգայուն:

Սահակին համար անշեղ սկզբունքները գերադաս էին բարեկամական եւ  ընկերային կեանքէ, փոխադարձաբար` ան ներողամիտ էր եւ անկեղծ որեւէ զգայնութիւն յառաջանալու պարագային:

Սահակ ընտանիք կազմեց 1978-ին, Մարալ Լեփեճեանին հետ, եւ աշխարհ բերին Հուրին, Յովիկը եւ Շաղիկը:

«Կիլիկիա»-ի  հրատարակչատունէն, 2002 թուականին լոյս տեսաւ «Գիր եւ գոյն» գեղագրութեան եւ գունաւորումի տետրակը, որ յղացումն էր Ազգ. Կիւլպէնկեան վարժարանի տնօրէն Վահէ Ժամագործեանին, գիրերու ձեւաւորումը եւ գեղարուեստական իրագործումը` Սահակին, այդ գործին մէջ ան հաւատարիմ մնաց (գ-ե-ք) տառերու արեւմտահայ դասական ձեռագրին, մեր սերունդի գեղագրութեան ուսուցման եղանակն էր` Լեւոն Շանթի դասագիրքերէն մեկնած,  որ այսօր սակաւաթիւ վարժարաններ կը կիրարկեն սփիւռքի մէջ: Տետրակի վերջին էջին Սահակ իր բացատրութիւնները եւ թելադրութիւնները կ`աւարտէր հետեւեալ միտքով. «Անվարանօրէն կրնանք ըսել, որ գեղեցիկ գիրը ունի նաեւ դրական ազդեցութիւն գեղագրողի ներաշխարհին վրայ, որ կը ցոլացնէ մարդու ազնիւ նկարագիրը: Իսկ գեղեցիկ ձեռագիր մը միշտ ցանկալի եւ ողջունելի է»:

Սահակ ունէր գաղափարական պատկանելիութիւն, փոքր տարիքէն ՀՄԸՄ-ական գայլիկ, ապա սկաուտ, Պատանեկան միութեան անդամ, աւելի ուշ համազգայինի ուսանողական միութեան վարիչ, «Զուարթնոց» երգչախումբի անդամ եւ վարչական, «Արեւելք» տպարանի վարչական, կազմակերպական պաշտօններ, Ազգ. Քարեն Եփփէ ճեմարանի խնամակալ: Այս կրթական ամրոցը յատուկ տեղ ունէր Սահակի սրտին մէջ, ան ապրած ըլալով ճեմարանի թիթեղածածկ դասարաններուն եւ 1964-էն ետք նորակառոյց Կիւլպէնկեան շէնքին մէջ` այդ տպաւորութիւնը յաւերժացուց համալիրին մանրակերտին պատրաստութեամբ, իսկ 1997-ի Ճեմարանի յիսնամեակի բեմայարդարումը խորհրդաւոր գլուխ գործոց մըն էր` համագործակցութեամբ սիրելի ընկերոջը` լուսահոգի Կարօ Արծիւեանին: Իր սերունդէն հանգուցեալ բանաստեղծ Սարգիս Կիրակոսեանը յօրինեց ճեմարանին քայլերգը, ինք ալ իր կարգին ստեղծագործեց ճեմարանին խորհրդանշանը:

2010-ին առողջական պատճառներով փակեց  տպարանը` միանալու համար իր ընտանիքին, որ 2004-էն ի վեր հաստատուած էր հայրենիք, այդ տարիներուն առիթ ստեղծեց ցամաքային ճամբորդութիւններով  այցելելու Արեւմտահայաստան:

Սահակին համար բացուած էր ապրումներու ու երազներու նոր աշխարհ մը, կրկնապատկուած  հայրենասիրական զգացումներով կը պատմէր դրախտավայր պատմական Հայաստանի մասին` թելադրելով, որ ամէն հայ  կեանքի ընթացքին գէթ մէկ անգամ այդ ուխտագնացութիւնը կատարէ:

Սահակի մահուան օրը, Դիմատետրի իր էջը երբ բացի, գոյժը տեղադրուած էր: Ան իր վերջին գրառումը կատարած էր 4 փետրուար 2017-ին. «Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք գերագոյն  հաճոյք պատճառեցին ինծի` տարեդարձիս առիթով ուղղուած գրութիւններով, սակայն տեսողական խանգարումի պատճառով չկարողացայ պատասխանել բոլորին, հետեւաբար ձեր ներողամտութեան ապաւինելով` կրկին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ: Սահակ Ակիլեան»:

1 մայիս 2016-ին կը կարդամ ռատիօ «Այգ»-ի հարցազրոյցը Հալէպ քաղաքէն Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայ Սահակ Ակիլեանին հետ:

«Այստեղ յատուկ սուրիահայերու պանիրը կը պատրաստէի, որ քիչ մը տարբեր է այստեղի պանիրներէն: Կաթ կ՛առնէի տարբեր մարդոցմէ ու պանիր կը շինէի», կ՛ըսէ Սահակ ու ափսոսանքով կը նշէ, որ շուրջ երեքուկէս  տարուան գործունէութեան որպէս արդիւնք` ոչ միայն շահոյթ չէ ստացած, այլեւ մեծ վնասներ կրած է, ինչի պատճառով ստիպուած եղած է դադրեցնել պանիրի արտադրութիւնը:

«Խաբէութեան ենթարկուեցայ քանի մը անգամ: Մենք վարժ չէինք խաբէութեան: Մարդիկ այստեղ անընդհատ կը խաբէին զիս, որուն պատճառով ձախողեցայ գործիս մէջ», վիրաւորուեցաւ եւ չկրցաւ շարունակել Սահակը:

«Այս երկիրը իր ժխտական ու դրական երեսներով միշտ կը մնայ իմ հայրենիքը», ըսած է ան:

Սահակին նման բազմակողմանի ձիրքերով օժտուած ազնիւ հայ արուեստագէտը հայրենիքի մէջ տխուր վախճան մը ունենալով հանդերձ, հայրենասիրական զգացումները կը մնան վեհ, որակ մը, որ յատուկ էր իրեն:

Հալէպի մէջ Սահակը հանրածանօթ էր հայրենի արուեստագէտներու իր հիւրընկալութեամբ, որ երբեմն կ՛աւարտէր յուսախաբութեամբ:

Հայրենասիրութիւնը ընտանեկան գիծ էր, անոր հօրեղբօրորդիներէն մին Արցախի նահատակ հերոս Կարօ Քահքեճեանն է, միւսը`  Գօգօ Ակիլեանը, որ 1998-ին հաստատուած էր Երեւան, Սահակին եղբայրն ալ` Հրայրը, Սուրիոյ պատերազմի սկզբնաւորութեան` 2011-ին հաստատուեցաւ հայրենիք:

2015-ին ծերունազարդ մայրը` Մարի Քահքեճեանը գաղթեց հայրենիք, Սահակ ստանձնեց մօրը խնամատարութիւնը մինչեւ անոր մահը, 2017-ի մայիսին: Անկէ ետք ան ընկճուած էր, երկար տարիներու շաքարախտը խլած էր լոյսը աչքերուն,  որոնք վերջնականապէս փակեց 13 յունուար 2019-ին, հեռու` իր բիւրաւոր ընկերներէն, գործակիցներէն եւ բարեկամներէն, իր պաշտած հայրենիքի երկինքին տակ, հետը թաղելով բազմակողմանի ձիրքերը, հարստութիւն մը, որ առիթը չունեցաւ մայր հողին վրայ մշակելու:

Թաղման նախօրեակին մեր սիրելի ընկերներէն Յարութ Քեչեճեանին գրեցի` խնդրելով, որ ափ մը հող ալ իմ կողմէս նետէ Սահակի դագաղին վրայ:

Ժընեւ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13494

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>