«Գիտեմ մահը բոլորին է, բայց կարծեցի զիս պիտի շրջանցէ»:
ՈՒԻԼԻԸՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆ
Վերջին հրաժեշտով մեզմէ յաւիտեան բաժնուեցաւ, քառասուն օր առաջ, Մանուէլ Գալուստեանը` իր հարազատներուն եւ բարեկամներուն սուգ ու վիշտ պատճառելով:
Պեռնար եւ Արշալոյս Գույումճեան ամոլին զաւակն էր Մանուէլը, ծնած 1938-ին, Լիբանան:
Փոքր հասակին կը յաճախէ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարան:
Համեստ ընտանիքի զաւակ, Ցեղասպանութենէն ճողոպրած ծնողքի առաջին սերունդին պատկանող, կեանքի ու տառապանքի լեղի բաժակը համտեսած, Մանուէլ Գալուստեան հայու ամուր նկարագիրով յաղթեց տառապանքին, ամրացուց ինքզինք, իր ընտանիքի անդամներուն հետ քրտինք թափեց ու ջիղ սպառեց, գործ հաստատեց, հայ ընտանիք կազմեց, հաւատաց Լիբանանի եւ լիբանանահայութեան առաքելութեան:
Մանուէլ արհեստաւոր դարձաւ իր ջանքերով, ինքնաշխատութեամբ. իր գործին մէջ նորանոր յաջողութիւններ կերտելու համոզումով` մօտէն կը հետաքրքրուէր ու կը հետապնդէր իր գործին առնչուող իւրաքանչիւր նորութիւն:
1959-ին կ՛ամուսնանայ Լուսին Հաւունճեանին հետ, ապա անոնք կը կազմեն իրենց բոյնը, որմէ ետք Ամենակարողը իրենց կը շնորհէ երեք զաւակներ` Սիլվա, Րաֆֆի եւ Պեռնար:
Աւանդութեան համաձայն, հայ մարդը միշտ աշխատած է իր ընտանիքին հայթայթել բարօր կեանք: Մանուէլ աշխատեցաւ ո՛չ միայն ընտանիքին բեռը տանիլ, այլ նաեւ ամբողջ էութեամբ հետեւեցաւ իր զաւակներուն դաստիարակութեան:
Անոր միակ ցանկութիւնն էր զաւակներուն կրթութիւնը եւ ասոր համար ան բացառիկ գուրգուրանք կը տածէր անոնց նկատմամբ: Հետեւաբար, իր նպատակին իրագործման համար ան աշխատեցաւ իր զաւակներուն ապագան առողջ եւ յաջող հունին մէջ դնել:
Մենք կը հաւատանք մեզմէ անվերադարձ բաժնուողներուն յարգանքի տուրք տալու աւանդութեան. այսօր մենք ալ, մեր կարգին այդ աւանդը պահելով, կու գանք ոգեկոչելու մեր վարչական ծառայասէր անդամին` Մանուէլ Գալուստեանին յիշատակը:
Ան անհաշիւ տուաւ, նուիրուեցաւ մինչեւ իրեն վերջին շունչը Էյպէզի հայրենակցական միութեան վսեմ գաղափարին: Անկէ ժառանգուած բարի օրինակները բազմաթիւ են, որոնցմով հպարտ ենք ու պատրաստակամ:
Հաւատարիմ վարչական, ապա փոխատենապետ, 1966-էն մինչեւ իր մահանալը` 9 յունուար 2019, ան շահած էր էյպէզցի ընտանիքներու համակրանքը: Իր շրջանի համաքաղաքացիներուն յաճախ կ՛այցելէր եւ անոնց կ՛առաջարկէր որեւէ ծառայութիւն, որուն կարիք կը զգային անոնք: Ան չէր ձգեր, որ դժուարութիւններ ունեցող իր համաքաղաքացին խնդրարկու ըլլար, երբ տեղեակ ըլլար, անմիջապէս կը փութար անոնց կարիքներուն` միութեան հովանիին ներքեւ: Մանուէլ Գալուստեան նոյնքան հաւատարիմ ու երդուեալ` ծառայեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ցմահ: Ան ծառայեց իրեն շատ սիրելի ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» ակումբին եւ դարձաւ օրինակելի «Ընկեր Մանուէլ»-ը:
Լուռ, հանդարտաբարոյ, վէճերէ ու խնդիրներէ հեռու, զուարթախոհ, հեզ ու խոնարհ, համեստ, գործին հաւատացող մարդ էր Մանուէլ Գալուստեան: Անոր յատկանիշները սոսկ թւումներ չեն, ո՛չ ալ յետմահու գնահատանք, այլ էականօրէն անոր կեանքին ընթացքին երեւցած աղաղակող գիծեր, որոնք դժբախտաբար օրէ օր, աստիճանաբար կը խամրին հետզհետէ անապատացող մեր շրջապատին ու մարդկայնութենէ տառապող մեր առօրեային մէջ:
Այսօր, անգամ մը եւս, սիրելի՛ Մանուէլ, կը վերահաստատենք մարդկային արժանիքներուդ գնահատանքը, թէեւ հեռու. դուն անքակտելիօրէն կառչած մնացիր քու հաւատքիդ, համոզումներուդ: Գիտակից էյպէզցիասէր ու Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հաւատարիմ անդամի ծառայութեանդ ոգին բոլոր համաքաղաքացիներդ, ընկերներդ եւ անոնց հարազատները միշտ պիտի յիշեն, նաեւ` ժպտուն դիմագիծդ:
Սիրելի՛ Մանուէլ, անպայման քու շիրիմիդ այցելուներ պիտի ունենաս, հեւետաբար ազատ ու հանգիստ ննջէ, քանի ընտանիքիդ, համայնքիդ, միութեանդ եւ կուսակցութեանդ պարտքը տալէ ետք, դուն նաեւ քու զոհողութիւններովդ բարի օրինակ դարձար շատ շատերուն:
Թրծուած էյպէզցին այն էր, որ կը ցուցաբերէ հոգեկան գոհունակ խանդավառութիւն ու սրտակցութիւն, աւելի մօտ ըլլալու իր եղբայրական շրջապատին, զանոնք մղելու ջերմագթութեան, բարի գործելու աշխատանքին եւ վերջապէս` անաչառ մօտեցումին:
Եղբայր Մանուէլ ունէր նշեալ բոլոր յատկութիւնները, որոնց կիրարկումը ինքնակոչ կը կատարէր հոգեկան գոհունակութեամբ:
Սիրելի՛ Մանուէլ, գիտեմ, որ հիմա, վերէն, անդենականէն, հեռաւոր նայուածքովդ, թեթեւ եւ ամօթխած ժպիտը դէմքիդ, պիտի ըսես. «Ճանը՛մ, ես չէի սպասեր եւ ինչ պէտք կայ այս ամէն խօսքերուն, քանի իմ պարտականութիւնս ըրի եւ ոչ աւելին»:
Մենք կը հայցենք Ամենակարողէն, որ շնորհէ լուսահոգիին ու հարազատներուն հոգեկան այդ ուժը, որ կարենան իմացականութեամբ եւ համբերութեամբ տոկալ այս դաժան պայմաններուն տակ, ցաւալի ու անժամանակ պատահարին:
Վարձքդ կատա՛ր, սիրելի՛ Մանուէլ, հողը թեթեւ գայ յոգնատանջ ուսերուդ:
Խունկ ու մոմ անթառամ յիշատակիդ:
ԷՅՊԷԶԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ