ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ
Ծովափէն հեռանալով` նաւ մը կը սկսի թիավարել դէպի հորիզոն, դէպի հո՛ն, ուր
արեւը մայր կը մտնէ…
Նաւով ճամբորդութիւնը դիւրին չէ:
Ծովափէն հեռանալէ ետք ալիքները յանկարծ կը բարձրանան, ծովը կը դառնայ փոթորկոտ, նաւավարը դժուարութեամբ կը փորձէ պահել նաւուն հաւասարակշռութիւնը, երբ զօրաւոր ալիք մը կը հարուածէ նաւը, եւ անձնակազմէն մէկը ջուր կ՛իյնայ… Սկիզբը, տարուած փոթորիկով ու բարձր ալիքներով, իւրաքանչիւրը բռնուած նաւուն մէկ մասնիկին, կը փորձէ իր անձնական անվտանգութիւնը ապահովել:
Մինչ ջուրը ինկածը կ՛աղաղակէ, հովին եւ ալիքներուն ձայներէն զատ` ոչինչ կը լսուի: Ժամեր լողալէ ետք, երբ փոթորիկը կը դադրի, եւ ծովը կը հանդարտի, ան խեղդուելու կը սկսի` օգնութի՜ւն պոռալով, եւ այդ պահուն է, որ խումբին անդամները կը նկատեն անոր ուր ըլլալը:
Վիճակը նպաստաւոր է, ծովը հանդարտ, արեւը կը փայլի… սակայն անոնք, որոնք պիտի օգնեն անոր ու ազատեն մահուան ալիքներէն, կը սկսին խօսիլ, խորհիլ, մտածել, սակայն չեն կրնար որոշել, թէ զայն ծովէն ինչպէ՛ս պէտք է հանել… ու մարդը հետզհետէ կը սկսի յաւելեալ ջուրը կուլ տալ… Հակառակ մարդկային բնազդին` ո՛չ ոք կը նետուի ծով եւ իսկական ու գործնական ոչ մէկ ճիգ կը թափէ փրկելու զայն:
Մինչ մարդը կը խեղդուի, անոնք «տագնապահար» կը շարունակեն խորհրդակցիլ զայն ազատելու միջոցներուն մասին` առանց որեւէ որոշումի յանգելու:
ԾԱՆՕԹ. մարդը կը ներկայացնէ արեւմտահայերէնը…