Պատրաստեց ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ
Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, 14 փետրուարին հանդիսաւոր կերպով կը նշուի հայ ժողովուրդին մէջ ամէնէն աւելի տարածուած եւ սիրուած տօներէն` Տեառնընդառաջի տօնը: Այս տօնը, բացի իր քրիստոնէական նշանակութենէն, նաեւ անցած է մեր ազգային աւանդութիւններու եւ սովորութիւններու շարքին եւ փոխանցուած` սերունդէ սերունդ:
Տեառնընդառաջ Բառին Ստուգաբանութիւնը
Տեառնընդառաջ բառը ծագումով գրաբար բառ մըն է, որ կազմուած է «տեառն» եւ «ընդառաջ» բառերէն եւ կը նշանակէ Տիրոջ ընդառաջ ելլել, Տէրը դիմաւորել: Տեառնընդառաջը մեր ժողովուրդի լեզուով կը կոչուի նաեւ ՏԵՐՆՏԵՍ, ՏՐՆԴԵԶ, ՏԱՆԴԱՌԵՋ, ՏՆԴԱԼԵՇ, ՏԱՌԻՆՋ-ՏԱՌԻՆՋ:
Յիսուս մանուկի տաճար ընծայման տօնը` Տեառնընդառաջը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ տնօրինական եւ անշարժ տօներէն է, որ կը նշուի Ս. Ծնունդէն 40 օր ետք, փետրուար 14-ին: Այս տօնը Յիսուսի մանկութեան շրջանէն առնուած կարեւոր եղելութիւն մըն է, որ կը նկատուի աստուածայայտնութիւնը բացայայտող սուրբգրային դէպքերէն իրողութիւն մը:
Տեառնընդառաջի Տօնին Քրիստոնէական Խորհուրդը
Հին կտակարանի օրէնքը կ՛ըսէ. «Եթէ ոեւէ կին յղանայ եւ արու զաւակ ծնի, թող ան անմաքուր համարուի եօթը օր: Ութերորդ օրը թող ան թլփատէ իր որդին: Անկէ ետք երեսուներեք օր ան պիտի սպասէ, որպէսզի մաքրուի իր արիւնը: Ան անմաքուր բանի պիտի չդպչի եւ սրբարան պիտի չմտնէ, մինչեւ լրանան անոր մաքրուելու օրերը» (Ղեւտ. 12.1-5): Ապա վկայութեան խորանին դուռը զոյգ մը տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ պէտք է նուիրեն մեղքի պատարագի համար:
Համաձայն հրեաներու սովորութեան եւ Տիրոջ օրէնքին հետեւելով, Յովսէփ ու Մարիամ Ս. Ծնունդէն քառասուն օր ետք, առնելով Յիսուս մանուկը, Երուսաղէմ տարին Տիրոջ ընծայելու համար: Երբ անոնք տաճարին մօտեցան, արդէն մութ էր, եւ տաճարի արեւելեան դուռը, որ վաղուց ի վեր փակուած էր, Տիրոջ մօտեցած պահուն ինքնիրեն բացուեցաւ, եւ կատարուեցաւ Եզեկիէլ մարգարէին խօսքը. «Այս դուռը փակ պիտի մնայ, պիտի չբացուի, անկէ մարդ պիտի չմտնէ, որովհետեւ անկէ Իսրայէլի Տէր Աստուածը մտաւ, անոր համար գոց պիտի մնայ: Անիկա իշխանին համար պիտի ըլլայ, հոն միայն իշխանը պիտի նստի` Տիրոջ առջեւ հաց ուտելու համար: Անիկա սրահին դրան ճամբայէն պիտի մտնէ ու նոյն ճամբայէն պիտի ելլէ» (Եզեկ. 44.1-3): Այսինքն, ըստ մարգարէութեան, տաճարի արեւելեան դուռը պիտի բացուի միայն Իսրայէլի Աստուծոյ առջեւ, եւ այդպէս ալ եղաւ:
Երբ տաճարին արեւելեան դուռը ինքնիրեն բացուեցաւ, քաղաքը դղրդաց, ու մարդիկ ընդառաջ եկան տաճար վառած լոյսերով, քանի որ երեկոյի մթնշաղ էր: Եւ քանի որ յայտնի էր արեւելեան դրան մասին Եզեկիէլի մարգարէութիւնը, ըսին` «Տէր էանց ընդ այս դուռնս, Տէր ընդ այս» (Տէրն անցաւ այս դուռով, Տէրն այստեղով [անցաւ]): Այս խօսքերուն գրաբարեան տարբերակի ձեւափոխումով առաջացած է ժողովուրդի կողմէ յաճախ գործածուող «տրնդեզ» բառը:
Այդ տարիներուն Երուսաղէմի հրէական կրօնական շրջանակներուն մէջ կ՛ապրէր ծանօթ դէմք մը` Սիմէոն անունով, որ արդար ծերունի մըն էր: Ան իր աղօթքներուն մէջ միշտ խնդրած էր Աստուծմէ, որ իր կեանքը երկարէ, մինչեւ որ իր աչքերը տեսնեն մարդկութեան Փրկիչը: Աստուած ընդունած էր բարի ծերունիին բաղձանքը: Ու մինչ Մարիամ ընտանիքով տաճարին մէջ էր, Սիմէոն ծերունին նախախնամական զուգադիպութեամբ մը ինք եւս եկաւ տաճար, ուր տեսնելով Մարիամն ու մանուկ Յիսուսը` հրաշալիօրէն զգաց Աստուծոյ ներկայութիւնը եւ բարձրաձայն յայտարարեց հետեւեալը. «Այժմ, ո՛վ Տէր, համաձայն Քու խոստումիդ, ձգէ, որ ծառադ խաղաղութեամբ մեռնի. որովհետեւ աչքերովս տեսայ Փրկիչը, որ ղրկեցիր բոլոր ժողովուրդներուն որպէս լոյս` հեթանոսները լուսաւորելու եւ քու ժողովուրդիդ Իսրայէլի փառքը հիւսելու»: (Ղուկաս 2:29-32)
Տեառնընդառաջի Նախատօնակի Արարողութիւնը Եւ Մանուկներու Ընծայումը
Տեառնընդառաջի տօնի նախօրեակին, 13 փետրուարին, կը կատարուի երեկոյեան ժամերգութիւն եւ նախատօնակ, որ կ՛աւետէ տէրունի տօնին սկիզբը: Արարողութեան աւարտին կը կատարուի անդաստանի արարողութիւն, որուն ընթացքին կ՛օրհնուին աշխարհի չորս կողմերը: Այնուհետեւ մայրեր առիթը կ՛ունենան իրենց նորածին մանուկներն ու փոքր երեխաները ս. խորանին մօտեցնելու, որպէսզի քահանայ հայրերու կողմէ, մանուկ Յիսուսի օրինակով, ընծայուին ս. խորանին, Քրիստոսի «Լոյսը» ստանալու եւ երկնային շնորհներու արժանանալու:
Եկեղեցական արարողութենէն ետք, եկեղեցիներու շրջափակերուն մէջ, ս. խորանէն բերուած Լոյս-Քրիստոսը խորհրդանշող մոմով կը բոցավառի աւանդական խարոյկը, եւ ժողովրդային ու հայրենասիրական երգերով տեղի կ՛ունենայ Տեառնընդառաջի ժողովրդային հանդէս: Իսկ վառած մոմը` որպէս Յիսուս Քրիստոսի կենդանի լոյսի խորհրդանիշ, կը տանին տուն եւ մինչեւ լոյս կը վառեն տան մէջ, որպէսզի լոյսն ու իմաստութիւնը տիրական դառնան տան մէջ, եւ փարատին խաւարն ու խռովութիւնները:
Ինչո՞ւ Տեառնընդառաջին Կրակ Կը Վառենք
Եկեղեցական մեր հայրերը Քրիստոսը նկատելով որպէս «ճշմարիտ լոյս» եւ «կենդանի հուր»` խոտոր չեն համարեր հայկական հեթանոսական սովորութիւն մը, ինչպէս` խարոյկ վառելու եւ անոր վրայէն ցատկելու աւանդութիւնը, որ նուիրագործուած է եկեղեցւոյ կողմէ: Տօնը պահած է իր արտաքին ձեւը, սակայն ստացած է նոր խորհուրդ ու իմաստ եւ կապուած է քառասնօրեայ Յիսուսի տաճարին ընծայուելու տօնին հետ: Հոգեւորն ու աշխարհիկը, քրիստոնէականն ու հեթանոսականը միաշաղախուած են իրարու եւ դարձած` խորախորհուրդ աւանդութիւն մը: Եթէ հեթանոսները Աստուծոյ պատիւը կրակին կը մատուցէին, ապա քրիստոնեաները կրակը կը ծառայեցնեն Աստուծոյ: Ս. Գրիգոր Տաթեւացին (14-րդ դար) Տեառնընդառաջի տօնին առիթով գրած է. «Ինչպէս Տիրոջը տաճարին ընծայելու ժամանակ ժողովուրդը ջահերով եւ կանթեղներով ելաւ Անոր ընդառաջ, մենք ալ նոյն օրինակով կրակ ու ջահ կը վառենք եւ Տիրոջ գալստեան նախատօնակը կը կատարենք»:
Տեառնընդառաջի Ժողովրդական Տօնախմբութիւնը
Տերնտեսի խարոյկին վերագրուած են տարբեր յատկութիւններ: Հաւատալիք մը կայ, ըստ որուն, ամուլ կինը այրելով իր քղանցքը Տրնդեզի կրակով, անպայման կը յղանայ եւ արու զաւակ կ՛ունենայ: Տղամարդիկ կրակի վրայէն ցատկելով` կը մաքրագործուին, իսկ երեխաները չարէն կ՛ազատին:
Հին ժամանակ խարոյկի ծուխի ուղղութեամբ կատարուած են գուշակութիւններ. հետեւելով ծուխի ուղղութեան` որոշած են տարուան բերքառատութիւնը (եթէ ծուխը դէպի հարաւ կամ արեւելեան ուղղութեամբ ըլլայ, կ՛ակնկալեն առատ բերք, իսկ եթէ հիւսիս կամ արեւմտեան ուղղութեամբ` կը հետեւցնեն, որ երաշտ պիտի ըլլայ): Ծուխին ուղղութեամբ փորձած են գուշակել նաեւ, թէ ո՛ր կողմէն պիտի գայ հարսնցուն կամ փեսացուն: Տրնդեզի մոմերով կամ ջահերով յատուկ պար կայ նորապսակներու համար: Տրնդեզի մոխիրը սրբազան նկատուած է: Հարսերու բարեյաջող ծննդաբերութեան համար Տրնդեզի կրակի մոխիրը կիներ լեցուցած են ջուրի մէջ եւ խմցուցած` յղի հարսին: Տրնդեզի մոխիրը խորհրդանշած է առատութիւնը, եւ յաճախ պահած են կճուճներու մէջ, որպէսզի առատութիւն ըլլայ: Հայերը նաեւ Տրնդեզի կրակի մոխիրով սրբագործած են շրջապատը:
Հետաքրքրական սովորութիւն կայ Մուսա Լերան շրջանի հայութեան մէջ, երբ տանտիկինը կը բանայ դուռն ու լուսամուտը, կը քշէ ձմեռ-շվոտը (շվոտ- փետրուար ամսուան արաբերէն բառի` շուպաթի աղաւաղուած ձեւն է) եւ ներս կը հրաւիրէ գարուն-մարտը:
Հին ժամանակ տօնը կ՛ուրախացնէր յատկապէս փեսացուները: Անոնք խարոյկի վրայէն ցատկելէ ետք իրաւունք կ՛ունենային այցելել իրենց հարսնցուներուն: