Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13468

Լրագրող Ըլլալու Պատիւին…

$
0
0

ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

Պայուսակս թեւիս սեղմած` հապճեպով ինքնաշարժէն իջայ… Այս խճողում ըսուածն ալ անտանելի բան է, եղբա՛յր. ժամանակիդ կէսը ինքնաշարժին մէջ պիտի անցընես եղեր, քառորդը` հեռաձայնին պիտի պատասխանես, միւս քառորդը…  ինչ որ է… հիմա կարեւորը ճիշդ ժամուն  հասայ սահմանուած վայրը: Պտտցուցի աչքերս, զարմանալի՜, մարդ մարդասանք չտեսայ: Պահ մը ետք եկեղեցւոյ զանգերը հրաւիրեցին պատարագի: Իսկոյն հասկցայ, որ մէկ ժամ կանուխ եկեր եմ… մէ՜կ ժամ.ըլլալի՞ք բան է, ես վայրկեաններս գողնամ հոսկէ- հոնկէ… հիմա ալ մէկ ժամ սպասե՞մ: Ընդվզումս սաստկացաւ, կռիւը անձիս հետ փրթելու վրայ էր, երբ հոգեւորականներուն թափօրը մտաւ եկեղեցի. «Մեղա՛յ Աստուծոյ, մեղա՛յ Աստուծոյ, մեղք չսեպուի կիրակի առտու», սատանան հեռացուցի, ծունկ մը աղօթք ընելու որոշումով`օրօրալով, շոլորալով ճամբաս բռնեցի դէպի եկեղեցւոյ դուռը… է՜հ, գեղեցիկ ու հոգեպարար են մեր շարականները. միթէ միայն շարականնե՞րը` մեր ամէն ինչը գեղեցիկ է` երգը, պարը, լեզուն, աղօթքը, պատմութիւնը… Այդ չէ, բայց պատմութիւն ըսի ալ` յիշեցի. ի՜նչ լաւ պիտի ըլլար, եթէ ժամանակը ինծի ետ տանէր մինչեւ Վահագնի ու Աստղիկի պաշտամունքի օրերը, որ տեսնէի, թէ ինչպէ՛ս հայ աշխարհին մէջ տեղի կ՛ունենային պաշտամունքները, այո՜, ուժի եւ գեղեցկութեան պաշտամունք… այն օրերուն պէտք էր  ծնէի:

Եկեղեցին գրեթէ պարապ էր: Արագ դուրս ելլելու նպատակով ետեւը կէս պարապ նստարանի մը անկիւնը տեղաւորուեցայ:

Քիչ ետք հաստակազմ կին մը քովս կանգնեցաւ: «Ահա Շահան Շահնուրի  «Եպրաքսէ հանըմ»-ը», մտածեցի ու ժպտեցայ, ճի՛շդ ինքը… շուտով ոտքերս հաւաքեցի եւ սպասեցի, որ ներս անցնի, ուշացաւ. աչքերս իրեն վերցուցի եւ ի՜նչ տեսնեմ… մեծապատիւ կինը դէմքը թթուեցուցած, յօնքերը պռստած` սկսաւ որոտալ,  եւ վերջապէս տեղացին տեղատարափ անձրեւները վրաս, այն ալ` թափած ակռաներով բերանէն:  Չէ՜, այս կինը Եպրաքսէ հանըմը չէ. ան բարի սիրտ ունէր, իսկ այս կինը… հազա՛ր փառք, որ ակռայ չունէր, այլապէս  լաւ մը խածոտուեր էի, այն ալ` կիրակի օրով:

«Կ՛երեւի այս եկեղեցին պապայի՞դ եկեղեցին է, հա՞, չըլլա՞յ անունդ գրուեր է նստարանին վրայ: Պապա՞դ գներ է այս տեղը: Անկի՛րթ աղջիկ,  դուն չես, բայց քեզ դաստիարակողն է յանցաւորը, որ յարգել չէ սորվեցուցած», ու դեռ պիտի շարունակուէր… բայց վերջապէս կրցայ ըմբռնել թափած մաղձին պատճառը… Որքա՜ն ապիկար եմ ես, որ շուտով չհասկցայ նորօրեայ Եպրաքսէին ուզածը: Ի՛նչ ընելս չգիտցայ, ամէն կողմէ մեղադրական նայուածքներ ինծի ուղղուեցան… կաս-կարմիր դարձայ: Անմիջապէս տեղս տուի ու գլուխս կախեցի:Ամչնալէս ուզեցի դուրս գալ, բայց նստարանին միւս կողմը լեցուն էր, ստիպուած մնացի տեղս ու փորձեցի հետեւիլ աղօթքին: Փա՜ռք Աստուծոյ, հանդարտեցաւ կացութիւնը: Քիչ անց հաստակազմ կինը իր պայուսակէն անձեռոցիկը այնպիսի ջղային շարժումով մը հանեց, որ կիսով մը բաց պայուսակս ձեռքին անցնելով գետին ինկաւ: Ծռեցայ, որ հաւաքեմ դուրս սահած տետրակս ու գրիչս, ինք պայուսակս վերցնելուն պէս վրաս նետեց: Մեղա՜յ իմ Աստուած:

Ինծի կը մնար կա՛մ դուրս գալ, կա՛մ քաղաքավարօրէն ժպտիլ ու լռել: Վերջինս ըրի, ու շարունակեցինք պատարագը: Հանեցի տետրակս սոսկ արձանագրութիւն մը պահելու նպատակով, մէյ մըն ալ նորէն որոտաց.  «Ինչո՞ւ, դուն ո՞վ ես, որ կը գրես»: Այս անգամ վախէս սկսայ դողալ… չգիտցայ պատասխանե՞մ, թէ՞ ոչ:

Վերջապէս կարճ ու կտրուկ ըսի. «Լրագրող եմ»,- եւ սկսայ գրել ձեւացնել: Պատարագի աւարտին հետ կարծես փոթորիկն ալ հանդարտեցաւ, ու ծիածանը բարձրացաւ իմ «Եպրաքսէ հանըմ»-իս երկնակամարին վրայ: Հազիւ պատրաստուեցայ դուրս ելլելու, շուտով ելաւ տեղէն ու ըսաւ. «Աղջի՛կս, ներողութիւն»: Ժպտեցայ, բայց ոչ թէ «Ներողութիւնը» լսելուս, այլ ողջ-առողջ դուրս գալուս համար: Ինծի համար մինչեւ այսօր անորոշ մնաց, թէ ողջ-առողջ դուրս գալս` լրագրող ըլլալու պատիւի՞ն եղաւ, թէ՞ պատարագէն ետք հոգիներուն իջած անդորրութեան շնորհիւ…

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13468

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>