Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13478

Արար Թիւ…

$
0
0

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Սուրիացի գաղթականներու Եւրոպայի դռները ծեծելը արդեօք «Արաբական գարուն» կոչուած խայտառակ ներկայացման քանի՞երորդ արարն է: Սուրիական պատերազմի հինգերորդ տարուան մէջ ենք, արարները զիրար կը յաջորդեն անակնկալներով յագեցած, եւ տակաւին յայտնի չէ, թէ ներկայացումը քանի՛ արար է եւ վերջին արարը ե՞րբ է:

Ու ակամայ հարցեր կը ծագին. այս մարդիկը, որոնք տարիներէ ի վեր թուրքին «հիւրասիրութիւնը» կը վայելէին, ինչո՞ւ յանկարծ անբաղձալի դարձան ու ծով թափուեցան. բեմադրիչը այդպէ՞ս նախագծած է. ինչո՞ւ Եւրոպա` «անհաւատ քրիստոնեաներու» երկիր եւ ոչ արաբական հաւատացեալ եւ հարուստ երկիրներ, չէ՞ որ արաբ եղբայրներ են:

Այս հարցադրումները կ՛ընեմ, ապա կը զղջամ ու կ՛անդրադառնամ, որ անտեղի են անոնք, քանի որ այս դարուս եւ մասնաւորաբար այս աննախընթաց պատերազմի պարագային մեզի ծանօթ տրամաբանութիւնը այլեւս ժամանակավրէպ եղած է, եւ մարդիկ նոր տեսակի տրամաբանութեամբ կը գործեն, եթէ ատիկա կարելի է տրամաբանութիւն անուանել:

Ուրեմն, ինչպէ՞ս բացատրել տեղի ունեցածները, ինչպէ՞ս մեկնաբանել, հասկնալ, իւրացնել եւ սեփական կարծիք կազմել: Հնարաւոր չէ: Կը փորձես հեռատեսիլի կայաններուն դիմել, կամ լրատուական զանազան միջոցներու եւ մասնագէտ վերլուծաբաններու եւ մեկնաբաններու կարծիքները լսել ու հասնիլ իրականութեան. այդտեղ ալ խառնաշփոթ ու զիրար խաչաձեւող, իրերամերժ կարծիքներու բախումի յորձանուտին մէջ կ՛իյնաս ու աւելի կը շուարիս:

Ո՞ւր դիմես, որո՞ւ դիմես, որ բան մը հասկնաս անցած-դարձածէն. չէ՞ որ այս աշխարհին մէջ կ՛ապրիս եւ չես կրնար մեկուսանալ ու ինքզինքդ ովկիանոսի խորերը կղզիի մը վրայ նետել ու հեռու մնալ այս բոլորէն:

Հակառակ այս բոլորին, այսինքն` հակառակ անտրամաբանութեան մասին տրամաբանելուս, կամ տրամաբանութեան մասին անտրամաբանելուս… քուն պիտի չկարենամ մտնել, մինչեւ չհասկնամ, թէ ինչո՛ւ այս մարդիկը զիրենք պաշտպանող, իրենց վրայ ծախսող ու գուրգուրացող Ծոցի արաբական երկիրներ չեն ապաստանիր եւ լաստերով, լողալով, սողալով, մեռնելով ու խայտառակուելով` Եւրոպայի փէշերը կը համբուրեն:

Դեռ երէկ Դիմատետրին մէջ երիտասարդի մը երկու նկարները դրած էին, մին` ժպիտով, որ արդէն հասած է Գերմանիա, իսկ միւսը` մօրուքաւոր, զէնքը ձեռքին, ՏԱՀԵՇ-ի բանակին մէջ…

Եթէ Եւրոպան այս բոլորը գիտնալով` ներս կ՛առնէ զանոնք, վա՛յ է եկեր իր գլխուն:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13478

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>