ՄԱՆՐԱԴԻՏԱԿ
Վերջերս լրատուական հաղորդումները, ընկերային ցանցի տեղեկատու բաժինները իրենց ուշադրութեան կիզակէտը դարձուցած են գաղթականները, մասնաւորաբար` սուրիացի ապաստան որոնողները ու անոնց կրած անասելի դժուարութիւնները: Ուշագրաւ է յատկապէս տասնեակ լրատուամիջոցներու, հեռատեսիլի կայաններու կողմէ ցուցադրուած Արաբ Բունարի ծնունդ, պատերազմի զոհ, փոքրիկ Էյլան Քուրտիի լուսանկարը, որ ծովու ալիքներու քմայքին տրուած, աշխարհի նեխած մթնոլորտին անտարբեր, փոքրիկ տոտիկները կծկած` կը ննջէ հրեշտակային, յաւիտենական քունով…
Սուրիական տագնապի առաջին օրերէն գաղթի հոսքը սկսած էր դէպի զանազան ուղղութիւններ, ապօրինի ճամբով փախստականներու փոխադրութիւնը, ընդհանրապէս Թուրքիոյ մէջ գտնուող մարդորսներու նախաձեռնութեամբ, տեղի կ՛ունենար դէպի «եւրոպական դրախտ»… Միջերկրականի կապոյտ ալիքներուն հետ տատանող փոքրիկ մակոյկներ «կ՛ազատագրէին» իրենց հայրենիքի անել վիճակէն յուսահատ, դէպի աւելի փայլուն ու հանգիստ կեանք ապրելու, ի մասնաւորի արեւմտեան «մարդասիրական», «եւրոյական» բարիքները վայելելու ակնկալիքը ունեցող մարդիկը:
Ներկայիս արեւմտեան երկիրներու օրէնքի մարդասիրական յատկութիւնները հասանելի են ամենայետին մարդուն, ընտանիքի անդամը կողմնակի ճամբաներով, ցանկալի այդ երկիրներէն մէկուն վրայ ոտք դնելէ եւ կեցութեան իրաւունք ձեռք ձգելէ ետք, խնդրանք կը ներկայացնէ ետին թողած իր ընտանիքի անդամները միատեղելու: Ամիսներու համբերատար սպասումէն ետք լրիւ ընտանիքը արժանապատիւ կեանք ապրելու իրաւունք կ՛ունենայ ու վերջ` տառապեալ կեանքին…
Գաղթողներու բարեյաջող ապրելակերպի լուրերը կը հասնէին երկրի պատերազմական դժուար պայմաններու տակ ճնշուած բնակիչներուն, շատեր քաջալերուեցան, փախստականներ փոխադրողներու ցանցը ընդարձակեց իր աշխատանքները, պարարտացան քսակները… այս «պիզնես»-ին մութ ծալքերը ընդհանրապէս մնացին աննկատ, երբեմն ծանրաբեռնուած փոքրիկ մակոյկներ հասնելով ծովու բացերը` կ՛ընկղմէին, փրկուողները սակաւաթիւ կ՛ըլլային, խեղդուողներու մասին արտայայտուողներ Աստուծոյ կամքը կը տեսնէին նման պարագայի, թալանուողներու մասին խօսք չկար, հաւանաբար սատանայի մատն էր խառն գործին:
Սա արդէն չորս տարիներու վրայ երկարող սովորական երեւոյթ էր, որուն մասին եղան պարբերական, հպանցիկ անդրադարձներ, մինչ մարդիկ պատերազմի երկարաձգման, տան, ստացուածքի կորուստին պատճառով աւելի մեծ թիւերով, աւելի ապահով ու բարեկեցիկ կեանքի որոնման ճամբան պեղեցին: Ապաստան որոնողներէն շատեր նուաստացան, փշաթելերու ետին կանգնած` խնդրեցին, բանտարկուեցան, համբուրեցին նոյնիսկ իրենց գլխուն մտրակ բարձրացնողներուն ձեռքերը…
Ծովը ինկողը օձին կը փաթթուի:
Եւրոպական երկիրներու մէջ, ի տես փոքրիկն Էյլանի լուսանկարին, բորբոքեցան մարդասիրական կիրքերը, բարի մարդիկ ցոյցեր կազմակերպեցին (բայց ոչ մէկ խօսք` անցնող չորս ու կէս տարիներու ընթացքին հազարաւոր փախստական փոքրիկներու կամ երիտասարդներու մասին, որոնք արժանացած էին Էյլանի ճակատագրին)…
«Արաբական գարուն»-ը կազմակերպող «մեծ»-երը տագնապի առաջին օրերէն իրենց մարդասիրական մօտեցումով օժանդակութիւններ տրամադրեցին, ոսպով, սիսեռով, բրինձով ողողեցին աղէտեալները, իսկ տնտեսական ծանր լուծին տակ հեծող, անապահովութեան մթնոլորտով շրջափակուած բնակչութեան մէջ գաղթելու քանդիչ մանրէն աստիճանաբար ամրապնդուեցաւ:
Անկասկած ծերացած ցամաքամասը վերանորոգման, երիտասարդ ձեռքերու պէտք ունի, ու դժուար պայմանները ինքնակամ ներխուժման առիթ ստեղծեցին, սակայն կայ նաեւ այլ երես մը` անգործութեան լուծին տակ կքած երկիրները կրնա՞ն դիմանալ այս հոսքին:
Իրերայաջորդ հարցումներ…
Ինչո՞ւ գաղթող սուրիացին կ՛անցնի Թուրքիա` ժամանակաւոր կեցութիւն հաստատելով հոն ու կը նախընտրէ ապաստան փնտռել եւրոպական ցամաքամասի կարգ մը երկիրներու մէջ` անտեսելով սուրիացի ճնշուած ժողովուրդին հանդէպ հոգատար այս երկրի թափած ճիգերն ու զոհողութիւնները:
Ինչո՞ւ արաբական հարուստ երկիրները փակած են իրենց դռները, ո՞ւր մնացին սուրիացի ժողովուրդին հանդէպ անոնց տածած գուրգուրանքն ու զեղուն զգացումները:
Ինչո՞ւ բանիմաց եւրոպացի քաղաքացին, մարդասիրական լոզունգներով զարդարուած պաստառներ բարձրացնելու փոխարէն, բողոք չի ներկայացներ դադրեցնելու համար արիւնահեղութիւնը ու անոր հետեւանք հանդիսացող գաղթը:
ԻՆՉՈ՞Ւ-ներ… անլուծելի տագնապին մէջ անպատասխան մնացող: