Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13466

Թրքահայ Մտաւորականներուն Կոչը

$
0
0

Թրքահայ խումբ մը մտաւորականներ, որոնց շարքին են` համալսարանական դասախօսներ, արուեստագէտներ, գիտական աշխատողներ, երաժիշտներ ու գրողներ, ինչպէս` Հայկօ Ճեփքինը, Պարթեւը, Գէորգ Թիւրքերը, Գրիգոր Տինչքայըքճըն, Մանուէլ Չըթաքը, Մասիս Արամ Կէօզպեկը, «Ոմանք»-ի տղաքը, Լեռնա Էքմեքճիօղլուն, Նազան Մաքսուտեանը եւլն., հանրային կարծիքի նկատառման յանձնեցին Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան շուրջ վերջին շրջանին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները: Իրենց կողմէ ստորագրուած գրութեան մէջ կը նշուի, որ Մեսրոպ Բ. պատրիարքի անողոք հիւանդութեան պատճառով պատրիարքական աթոռը թափուր է վերջին տասը տարիներուն, ու անկարելի է զայն այլեւս ղեկավարել ընդհանուր փոխանորդով մը: Պատրիարքական արդար ու թափանցիկ ընտրութիւններու արդիւնքով գահը արժանաւոր աթոռակալով մը օժտելու իրենց կոչին անոնք կը կցեն Թուրքիոյ հայութեան բոլոր խաւերուն ու հաստատութիւններուն ուղղեալ խօսք մը` պահանջելով, որ անոնք բոլոր հարթակներուն վրայ բողոքեն կառավարութեան միջամտութեամբ վերստին ստեղծուած այս անընդունելի վիճակին դէմ:

«Հանրային խաղաղութիւնը պիտի հաստատուի այն ժամանակ միայն, երբ արդարօրէն իրականանայ արդարութեան եւ իրաւունքի հարկը` պատրիարքական ընտրութիւնը: Համակերպումէ, հնազանդութենէ բխած լռութիւնը ո՛չ թէ խաղաղութիւն է, այլ` հալածանք», կ՛եզրափակեն անոնք իրենց խօսքը:

Ստորեւ` թրքահայ մտաւորականներուն խօսքը.

Հանրային Կարծիքի Նկատառման,

Անցեալ շաբթուան զարգացումները պատճառ դարձան, որ բազմապատկուին մեր այն մտահոգութիւնները, որոնք սկսած էին զարգանալ ընտրեալ վերջին պատրիարք Մեսրոպ Բ.-ը անգործութեան դատապարտած դժբախտ հիւանդութեան տխուր ու անձկալի շրջանին: Պատրիարքի` դատաբժշկական մարմիններու կողմէ հաստատուած մտագարութեան արդիւնք, անգիտակից ու անգործունակ վիճակին միջանկեալ լուծում մը գտնելու յոյսով ու խառնակութիւններու առաջքն առնելու համար Արամ արք. Աթէշեանը 2010-ին պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ նշանակուեցաւ (հակառակ` Պոլսոյ պատրիարքական աթոռի նախընթացներուն):

Դժբախտաբար այս միջոցին որեւէ հրաշք չէ պատահած, ու պատրիարքին առողջական վիճակը աւելի քան ինը տարիէ ի վեր կայուն է: Ուր որ ալ ըլլայ, ո՛չ մէկ աթոռ կարելի է թափուր ձգել այսքան երկար ժամանակ: Ո՛չ մէկ տեղ կարելի է փոխանորդութեան նման երկարաձգում մը, երբ բուն աթոռակալը գործունակ չէ: Ըստ եկեղեցական նախընթացներու, աթոռը թափուր կը հռչակուի,  եթէ եօթը տարի չէ գործած:  Պատրիարքը թէեւ ի կեանս է, սակայն աւելի քան 9 տարիէ ի վեր անգիտակից` անկողնոյ կը ծառայէ:

Թափուր է պատրիարքական գահը` կեանքի անխուսափելի, անժխտելի ու անշրջադարձելի պարագաներու բերմամբ: Հակառակը պնդելը պիտի նշանակէր յայտարարել, թէ Երկիրը չի պտտիր իր առանցքին շուրջ:

Կ՛ակնկալենք ու կը պահանջենք, որ վերջ տրուի պատրիարքական աթոռի փոխանորդի մը կողմէ կառավարման, եւ թափուր գահը հանրային քուէարկութեան արդիւնքով օժտուի հեղինակաւոր ու արժանաւոր գահակալով մը` ըստ մեր աւանդութիւններուն եւ ըստ մեր քաղաքացիական իրաւունքի:

Կոչ կ՛ուղղենք Թուրքիոյ հայութեան բոլոր անդամներուն ու հաստատութիւններուն, որպէսզի բոլոր հարթակներուն վրայ, ամէն միջոց օգտագործելով, բողոքեն ու մերժեն այս իրողութիւնը:

Ի դէմս Կրօնական ժողովի` հոգեւորականներուն կը յիշեցնենք իրենց ունեցած պատասխանատուութիւնը հանրութեան առջեւ: Կը հրաւիրենք զիրենք յարգելու իրենց խոստումը:

Կոչ կ՛ուղղենք նաեւ համայնքային հաստատութիւններու վարիչներուն, որպէսզի թօթափեն իրենց ընտրեալ ներկայացուցիչներ ըլլալու հանգամանքին հակասող կրաւորականութիւնը եւ պատասխանատուութիւն ստանձնելով` ըլլան նախաձեռնող: Վստահ ենք, որ քաղաքացիական հակազդեցութիւններն ու պահանջները նկատի պիտի առնուին քաղաքացիներու հանդէպ զգայուն պետական պաշտօնեաներուն կողմէ:

Հանրային խաղաղութիւնը պիտի հաստատուի այն ժամանակ միայն, երբ արդարօրէն իրականանայ արդարութեան եւ իրաւունքի հարկը` պատրիարքական ընտրութիւնը: Համակերպումէ, հնազանդութենէ բխած լռութիւնը ո՛չ թէ խաղաղութիւն է, այլ` հալածանք:

Սեւան Աթաօղլու – լրագրող
Սարգիս Ատամ – յօդուածագիր
Րաֆֆի Հերմոն Արաքս – լրագրող
Սեզար Աւետիքեան – երաժիշտ
Նուրան Աքքայա – լուսանկարիչ
Աննա Գէորգեան-Ուղուրլեան – դաշնակահար
Գէորգ Գրիգորեան – արձակագիր
Պարոյր Գույումճեան – լրագրող
Թայիս Եըլտըզճը – երաժիշտ
Պօղոս Եղիազարեան – երաժիշտ
Բագրատ Էսդուգեան – արձակագիր
Արաս Էրկիւնեշ – իմաստասէր
Ճան Էրզրումլուօղլու – ուսուցիչ
Նարօտ Էրքոլ – դասախօս
Լեռնա Էքմեքճիօղլու – պատմաբան
Նորա Թաթարեան – արուեստաբան
Նազլը Թեմիր-Պէյլերեան – ընկերաբան
Էրլին Թոմաօղլու – երաժիշտ
Եդուարդ Թովմասեան – հրատարակիչ
Միհրան Թովմասեան – արուեստագէտ
Թագուհի Թովմասեան – արձակագիր
Գէորգ Թիւրքեր – դերասան
Արլեթ Ինճիտիւզեն – թարգմանչուհի
Պարթեւ Կարեան- երաժիշտ
Յակոբ Կիւլեչ – պարուսոյց
Մասիս Արամ Կէօզպեկ – երաժիշտ
Արի Հերկել – երաժիշտ
Հայկօ Ճեփքին – երաժիշտ
Նազան Մաքսուտեան – մարդաբան
Յակոբ Մամիկոնեան – երաժիշտ
Սեւան Մատաթեան – դերասան
Ռուբէն Մելքիսեթօղլու – երաժիշտ
Զաքարիա Միլտանօղլու – ճարտարապետ
Արարատ Մոր – դերասան
Արիս Նալճը – լրագրող
Լարա Նարին – երաժիշտ
Յովհաննէս Շաշքալ – երգիծանկարիչ
Արարատ Շեքերեան – գրականագէտ
Սարեմ Շեշեթեան – պարուհի
Սարօ Ուսթա – երաժիշտ
Սայաթ Ուշաքլըկիլ – գեղանկարիչ
Գայուշ Չալըքման – խեցեգործ
Պօղոս Չալկըճեան – դերասան
Մարալ Չափան-Աթաման – երաժիշտ
Ժաքլին Չելիք – արձակագիր
Մանուէլ Չըթաք – լուսանկարիչ
Հերա Պ. Թաշճեան – արուեստագէտ
Թալին Պ. Քիւրքճեան – պարուհի
Պարգեւ Պալըմեան – բժիշկ
Լեւոն Պաղըշ – յօդուածագիր
Լեռնա Պաղտասարօղլու – յօդուածագիր
Լուիզ Պաքար – թարգմանչուհի
Պուրաք Պետիկեան – երաժիշտ
Ժպիտ Պէրպէրեան – գեղանկարիչ
Պերճուհի Պէրպէրեան – դերասանուհի
Մելիսա Պիլալ – ազգագրագէտ
Գրիգոր Սահակօղլու – արուեստագէտ
Եաշար Սարաճօղլու – լուսանկարիչ
Լորա Սարը – խմբագիր
Անի Սեթեան – խեցեգործ
Թալին Սուճիեան – պատմաբան
Րաֆֆի Սիւզմէ – դասախօս
Նուրհան Տավութեան – դասախօս
Սեւան Տէյիրմենճեան – բանասէր
Գրիգոր Տինչքայըքճը – դերասան
Սօսի Տոլանօղլու – թարգմանչուհի
Սարգիս Փաչաճը – երգիծանկարիչ
Առէն Փերտեճի – բեմադրիչ
Արամիս Քալայ – լուսանկարիչ
Արամ Քերովբեան – երաժշտագէտ
Յովհաննէս Քըլըչտաղը – ընկերաբան
Արման Քէօսէ – լուսանկարիչ
Մինաս Օֆլազ – թատերական գործիչ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13466

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>