ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Հայաստանի արեւելեան հարեւան Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւ, կ՛իմանանք, որ արթնցած է իր ձմեռնային թմբիրէն եւ հիմա խոր ներշնչանքի եւ ոգեւորութեան մէջ է: Վերջերս, Պաքուի մէջ, երբ «Ենի Ազրպէյճան» կուսակցութիւնը կ՛ունենար իր արտահերթ համագումարը, նախագահ Ալիեւ, որ կը պատրաստուի կանխահաս ընտրութիւններու եւ ներկայացուցած է իր թեկնածութիւնը նախագահական աթոռի համար, ժողովի ընթացքին թեւ թռիչք ստացած, բարձրաձայն սպառնացած է հայերուն` յայտարարելով, թէ «Երեւանն ու Զանգեզուրը մեր պատմական հողերն են, եւ թէ` կարելի չէ մոռնալ պատմական հողերը»:
Ապրի՛ս, Իլհա՛մ, ապրի՛ս… ձայնդ հասաւ մինչեւ Անգարա, մինչեւ մեծ եղբօրդ ականջը, բայց ան դժբախտաբար հիմա պարապ չէ քեզ լսելու… ան գերզբաղ է, մինչեւ կոկորդը մխրճուած է սուրիական տիղմին մէջ, եւ իր քաջ «մէհմէթճիք»-ը քանի մը շաբաթէ ի վեր կը փորձէ մտնել քրտական Աֆրին… բայց միշտ ալ զոհեր տալով` կը նահանջէ. ուստի, ան հիմա քաջալերուած չէ քու մեծամտութեամբ, պարո՛ն Ալիեւ..
Իր խօսքը ընդհանրապէս երիտասարդ ազերիներուն ուղղող, Ազրպէյճանի համարձակախօս, անվախ ու բարձրահասակ նախագահը, չենք գիտեր, այդ օր խմա՞ծ էր, թէ՞ գինով էր, կամ լաւ քնացա՞ծ էր, թէ՞ ոչ: Կը խորհինք, որ Ալիեւ այդ օր տակաւին իր տեսած երազին ազդեցութեան տակ էր:
Իր չնաշխարհիկ յորդորը լսելէ ետք մենք կը խորհինք, որ մէկ բան պէտք է յստակ լաւ իմանայ Իլհամ Ալիեւը… Այսօրուան Երեւանը երէկուան Պաքուի անզէն հայերու հայկական թաղամասը չէ, որ մտնես տաքգլուխ որոշումով… իսկ Զանգեզուրն ալ երէկուան քու կարծած ու գիտցած Սումկայիթի հայկական համեստ թաղը չէ: Բայց եթէ Ալիեւ կը յամառի իր տեսակէտին վրայ, թող փորձէ անգամ մը եւ գայ, ո՛ւր որ կ՛ուզէ, Երեւան թէ Զանգեզուր, իրեն հետ բերելով փափաքած բանակը, որպէսզի անոնք իրեն հետ միասին դառնան ծաղր ու ծանակ…
Ազերի եւ թուրք ղեկավարներուն համար տարօրինակօրէն հրապարակային շան քարոզները ընդհանրացած են, եւ անոնք կը գոռան կոկորդի ամբողջ ուժով` իրենց ձայնը լսելի դարձնելու համար իրենց տգէտ ու հասարակ ժողովրդային զանգուածներուն, առանց մտածելու, որ իրենց բարբաջանքէն Երեւանի կամ Արցախի մէջ ծառի տերեւ անգամ չի շարժիր:
Առանց խպնելու, առանց տրամաբանելու, թէ իր խօսքը` «Պատմական հողերու ազատագրման հարցը պէտք է դառնայ մեր ապագայ գործունէութեան ուղղութիւնը», պէտք է յստակօրէն թարգմանուի, որ այդ նոր փուչիկ է ալիեւեան, որպէսզի փաստէ իր սին հայրենասիրութիւնը եւ կրկին անգամ ընտրուի նախագահ` իր բռնատէրի կարգավիճակը պարտադրելու Ազրպէյճանի խեղճուկրակ ժողովուրդին վրայ, աւելցնելով բանտերու մէջ քաղաքական բանտարկեալներու թիւը եւ ճշմարտութիւն քարոզող լրագրողները:
Անշուշտ, Պաքուի մէջ որոշ զարգացած տարրեր ու նաեւ խելահաս ընդդիմադիրներ ծիծաղով դիմագրաւած են Ալիեւի երազային պոռոտախօսութիւնը եւ զարմացած` անոր ծով տգիտութեան, երբ անդին, գրեթէ երեք տասնամեակէ ի վեր Ալիեւներ չկարողացան ազատագրուած Արցախը վերստին իրենց տիրապետութեան տակ առնել եւ հիմա, օր ցերեկով ընտրական լոզունգներու ուժ տուած` կ՛ուզեն խաբել աջն ու ձախը, թէ պիտի ազատագրեն Երեւանն ու Զանգեզուրը` առանց խպնելու աւելցնելով, որ այս հարցը իրենց` «Քաղաքական ու ռազմավարական նպատակն է»:
Հոս, յստակ գիտենք, որ նախագահ Ալիեւի քաղաքական հասունութիւնը մինչեւ ուր կ՛երկարի, սակայն մեզ զարմացնողը ազերի անգէտ ու տհաս պատմաբաններն են, որոնք Ալիեւի «թութակներն են» եւ առանց իմանալու աշխարհագրութիւն կամ պատմութիւն` հրապարակը կ՛ողողեն սին, կեղծ ու անհիմն յիմարաբանութիւններով` պարզապէս իրենց արտայայտութիւններէն ետք լիզելու համար Ալիեւի կողմէ իրենց առաջարկուած կէս մը իւղոտ պնակները…
Սիրելի՛ ընթերցող, մենք շատ անգամ լսած ենք նման խռպոտ ձայներ եւ կարեւորութիւն չենք տուած, որովհետեւ հնարաւոր չէ կարաւանին ուղղութիւնը փոխել… ան պիտի քալէ… բայց կեանքին մէջ յաճախ կը պատահին անսպասելի անակնկալներ. իսկ մեր ժողովուրդը` իբրեւ փիւնիկէն հրաշքով վեր խոյացած ազգ, կը սիրէ պարտադրել անակնկալներ. ուստի Ալիեւներ միշտ պատրաստ պէտք է ըլլան ընդունելու պարտադրուած անակնկալը` որպէս կատարուած իրողութիւն:
Մինչ այդ, մօտակայ անտառին մէջ, ո՛վ որ կ՛ուզէ, թող կաղկանձէ ուզածին չափ: