Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13529

100-Ամեակ Դիմաւորել – 7. Տողեր Եւ Խօսքեր, Որոնք Կը Լուսաւորեն Մեր Ճամբան

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Դէպի տուն

Խօսքերը պէտք է լսել, գրուածը պէտք է կարդալ եւ հասկնալ: Եթէ այս չընենք, կը տարուինք ասդին-անդին ըսուած-կրկնուած անհիմն կարծիքներով, անհետեւանք մնալու կոչուած կարգախօսներով: Ի հարկէ խաբկանքով պէտք չէ առաջնորդուիլ, բայց նաեւ համեստութիւն պէտք է ունենալ մեր կարծիքներուն եւ տեսակէտներուն հիմնաւորում տալու համար, երբեմն փորձել տեղեկանալ, նաեւ ընդունիլ, որ ճշմարտութեան մենաշնորհը չունինք:

Մեր ժողովուրդի վերջին հարիւր տարուան պատմութեան եւ ներկայի կացութեան մասին կան այնքան բազմապիսի կարծիքներ, որոնք կը դառնան քարացած տեսակէտ, որ երկխօսութիւնը եւ լուսաբանութիւնը կ՛աւազախրին: Ամէնէն յատկանշականը ներկայ Հայաստանի նկատմամբ մեր բացասականութիւնն է, յոռետեսութիւնը, որ անպայման իրատեսութիւն չէ, այլ յաճախ անհանգիստ չըլլալու միտող ինքնարդարացման փորձ, այսինքն` ընթանալ հայրենալքման ճամբով, կամ խորհիլ` որ սփիւռք-ազգ կրնայ գոյութիւն ունենալ եւ տեւել:

Բոլոր անոնք, որոնք քանի մը տասնամեակէ ի վեր Հայաստան կ՛երթան եւ կու գան, ժողովներու կը մասնակցին, հեռատեսիլէն, ձայնասփիւռէն կը խօսին կամ յօդուածներ կը գրեն, գէթ այս տարի, անդրանիկ անկախ Հանրապետութեան հարիւրամեակի առիթով, օգտակար պիտի ըլլար, որ ծանօթանային այդ օրերու կացութեան, իրավիճակին, տուեալներուն` ներկային հանդէպ լաւատեսութեամբ վերաբերում ճշդելու համար:

Անդրանիկ անկախ Հանրապետութեան վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեան ծաւալուն հատոր մը ունի` «Հայաստանի Հանրապետութիւն»: Շտեմարան գիտելեաց մը, ժամանակակից հայուն համար, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), հոն ներկայացուած իրողութիւններ, մարդիկ եւ կացութիւն: Եթէ այդ օրերու դժուարութիւնները եւ անյոյս վիճակը այսօր ըլլային, Հայաստան կը դատարկուէր եւ հայրենասիրական զգացումներով տոգորուած զբօսաշրջիկներն ալ ո՛չ Հայաստան,  ոչ Արցախ կ՛երթային:

Հարիւրամեակը ժամանակակիցներուս պիտի յիշեցնէ, որ այդ բուռ մը հողին վրայ, հայ ժողովուրդը, ինչ որ մնացած էր հողին վրայ, որուն վրայ գումարուած էին Ցեղասպանութենէն ճողոպրածները, խուճապի չմատնուեցան, չլքեցին հայրենիքը, մնացին, մայրաքաղաքէն եօթը քիլոմեթր հեռու գտնուող թիւրքական թնդանօթները հայերը չքշեցին դէպի Աւստրալիա, Քանատա, Լոս եւ այլուր: Հայրենատէր էին: Ղեկավարութիւնը տուաւ օրինակը, վարչապետի որդին զոհուեցաւ եւ ինք անմիջապէս վերադարձաւ իր պաշտօնատունը:

Հայաստանի վարչապետ Սիմոն Վրացեանի այդ հատորին մէջ կը կարդանք հետեւեալը. «Նրա (հանրապետութեան, Յ. Պ.) հողի տարածութիւնը, մօտաւորապէս, 12.000 քառակուսի կիլոմետր էր, բնակչութեան թիւը, գաղթականներով միասին` մօտ մէկ միլիոն: Եւ… մայրաքաղաքից եօթը կիլոմետր հեռու` երեւում էին թիւրքական թնդանօթները»: (Սիմոն Վրացեան, «Հայաստանի Հանրապետութիւն» Բ.  տպագրութիւն, 1982, Թեհրան, էջ 156):

Այս հարիւր տարի առաջ էր:
Առանձնացնենք երեք կէտեր.
– Տարածութիւն` 12.000 քառ. քմ:
– Բնակչութիւն` մէկ միլիոն` գաղթականներով:
– Երեւանէն եօթը քիլոմեթր հեռու` թիւրքական թնդանօթները:

Այդ ահաւոր կացութեան մէջ, մարդիկ իրենց ճամպրուկները շալկած չհեռացան հայրենիքէն: Ղեկավարութիւնը մնաց եւ պահեց ժողովուրդը: Նուիրեալ անձինք: Այդ անունով գիրք ունի Սիմոն Վրացեան:

Պատմութիւնը ծանօթ է: Համայնավարական յեղափոխութիւնը վերջ տուաւ ցարական կայսրութեան: Անդրկովկասի երեք ժողովուրդներով, Հայաստան, Վրաստան եւ Ազրպէյճան, կազմուեցաւ Համադաշնակցութիւն մը, որ ինքզինք օժտեց ընտրուած խորհրդարանով, յառաջացուց կառավարութիւն, վրացի, հայ եւ ազրպէյճանցի նախարարներով: Ցարական բանակի  քայքայման բացը լրացնելու համար կազմուեցաւ նաեւ բանակ, որ պիտի պաշտպանէր նորաստեղծ քաղաքական միաւորի սահմանները, ընդդէմ թրքական ուժերուն:

Պատմական այդ խառնակ վիճակի ուսումնասիրութիւնը այսօր ալ օգտակար է: Համադաշնակցութեան անդամ Ազրպէյճանի համար թրքական բանակներու սահմանին վրայ ներկայութիւնը ոչ մէկ վտանգ կը ներկայացնէր, ընդհակառակն, նեցուկ էր: Վրաստանը, ինչպէս այսօր, կը գծէր իր ուրոյն ճանապարհը, կը ձգտէր ունենալ Գերմանիոյ աջակցութիւնը, ինչպէս այդ փորձեց Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, Միացեալ Նահանգներու նեցուկին համար:

Այդ դժուար օրերուն ազգովին չյաջողեցանք վտանգներուն դէմ միանալու: Հեռուն նստած իմաստուններ կրնան վերլուծումներ ընել, ըրին, որոնցմէ ամէնէն յատկանշականը այն էր, որ անկախութեան պատրաստ չէինք: Բայց երբ Վրաստան եւ Ազրպէյճան անկախութիւն հռչակեցին, Հայաստանը, օրուան պատասխանատուները միթէ՞ այլընտրանք ունէին: Պատմութիւնը ժողովուրդի մը դուռը չի բախեր ըստ նախապէս որոշուած ժամադրութեան: Մեզի անմիջականօրէն ծանօթ պատմութիւնը այդ մասին կը վկայէ: Ո՞վ անկախութեան պատրաստ էր 1980-ին, 1990-ին… Աշխարհ հաշտուած էր հզօր Խորհրդային Միութեան ներկայութեան…

12.000 քառակուսի քիլոմեթր Հայաստանը դիմացաւ, աճեցաւ: Մանաւանդ, պէտք է արձանագրել, որ այդ Հայաստանը բանակցեցաւ եւ մեր պատմութեան եւ երկրի կազմութեան համար կարեւորագոյն դաշնագիրը ձեռք բերաւ, Սեւրի դաշնագիրը: Հայոց հայրենիքի սահմաններու լրացման եւ ճանաչման համար ցարդ մեր ունեցած միջազգային ամէնէն կարեւոր փաստաթութը, որ միշտ պէտք է գտնուի հայ քաղաքական գործիչներու թղթապանակին մէջ, որուն մասին պէտք է խօսին լրատուամիջոցները, որ մաս պէտք է կազմէ կրթական ծրագիրներու:

Այդ դաշնագիրը յանձնառութիւնն էր այդ օրերու մեծ տէրութիւններուն, ինչպէս կ՛ըսուէր, որոնք այսօր ալ կը գտնուին աշխարհի ճակատագիրը որոշողներու դիրքերուն վրայ: Անոնց դռները բախեցինք եւ կը բախենք ցեղասպանութեան ճանաչման համար, բայց ոչ հայրենահանման սրբագրութեան եւ ոչ ալ իրենց յանձնառութիւնները յարգելու պահանջով:

Այդ դաշնագիրը, անդրանիկ անկախ հանրապետութեան կարեւորագոյն աւանդն է, այսօրուան եւ գալիքի համար: Կարեւոր է նաեւ սփիւռքեան նախաձեռնութիւններուն համար: Ան յամառօրէն հետապնդած Ցեղասպանութեան ճանաչումներու արշաւներուն մէջ առաջնահերթութիւն պէտք է ունենայ եւ չունի: Ճանաչումներով մեզ օրօրող երկիրները` Ամերիկան, Ֆրանսան, Անգլիան եւ միւսները, պիտի գիտնան, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը փլասեպօ (placebo) է, անվնաս դեղահատ, որ ոչ մէկ հարց կը լուծէ, մանաւանդ` իրաւունք չի վերականգներ:

Սեւրի դաշնագրի նուիրուած գրքոյկներու վրայ յաճախ տեսած ենք անգլերէն բացատրութիւն մը, Վուտրօ Ուիլսընի նկարին հետ. These lands belong to Armenia, «Այս հողերը կը պատկանին Հայաստանին»: Այդպէս վճռած  էր Խաղաղութեան վեհաժողովը, Թուրքիան ալ ստորագրած էր:

Անդրանիկ Հանրապետութեան հարիւրամեակը մեր շրջանակէն դուրս գալով, քաղաքական պահանջի եւ կարգախօսի պիտի վերածէ՞  These lands belong to Armenia-ն:

Եթէ չյիշենք եւ չյիշեցնենք, արդէն հանրային կարծիք եւ շահախնդրուած պետութիւններ, եթէ չեն մոռցած անգամ, կը մոռնան: Մեզի ալ մոռցնելով:

Տուեալները եւ կացութիւնը ի՞նչ կը կարծէք, որ պէտք է թելադրեն հայերուն, անոնք գտնուին Հայաստան թէ սփիւռքներ:

Հեռուէն դիտելով եւ հայրենալքումով ազգ եւ երկիր կը պահուի՞ն:

Պատմութեան շահ վնասի տոմարը փակա՞ծ ենք:

Հարիւրամեակի տօնախմբութիւն եւ հոգեպարար ճառ, գերանցելով սպառողական ընկերութեան բարիքները եւ անոնց առթած քաղքենիական ընդարմացումը, ազգակերտ նախաձեռնութիւններու մեկնակէտ կ՛ըլլա՞ն:

Գերանցելով նաեւ մեր, հին, հինցած եւ բանավէճային անօգուտ կողմնապաշտութիւնները կերակրող շատախօսութիւնները:

 8 յունուար 2018, Նուազի-լը-Կրան


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13529

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>