Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13540

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հայ Կնոջ Ձեռքերը

$
0
0

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ

Այդ ձեռքերը ինչպէ՞ս մոռնամ,
Յար նուիրեալ, սերտ բարեկամ:
Մեր տանը մէջ առաւօտեան
Շողերուն հետ ժիր կ՛արթննան,
Լուռ կը գործեն, կ՛աւլեն, կ՛եփեն
Այդ ձեռքերը համեստօրէն:
Այդ ձեռքերը ես կը պագնեմ
Քրտինքներու մէջ, բայց վսեմ,
Լուացքներու մէջ, բայց մաքուր,
Խոհանոցին մէջ, շատ համով:
Այդ ձեռքերը միշտ մեզ կ՛օրհնեն
Աղօթքի մէջ, գործի ատեն:
Այդ ձեռքերը խիզախ քաջ են,
Արիւնլուայ նահատակներ`
Ազգին համար բռունցքներ պաշտպան,
Պատմութեան մէջ հայոց ներկայ:
Այդ ձեռքերը հայ մօր, կնոջ,
Քրոջ, զոքանչին, մեծ մօր անխոնջ`
Ըլլան առողջ, յար կենսաշող`
Հայուն սիրտը սէր բաբախող:

ԼԻԲԱՆԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13540

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>