Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Հարիւր Պատմական Դէպք` Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

$
0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

11- 20 մայիսի 1918: Բաշ Ապարանի գիծին վրայ արդէն եղած է շուրջ 1500 աշխարհազօրային: Գաւառին մէջ իրավիճակը կայունացած է, Ապարան գիւղէն արեւելք գտնուող գիւղերու տեղահանութիւնը կանգնեցուած է:

12-22 մայիս 1918: Կէսօրին, պաշտպանութեան առաջին, ինչպէս նաեւ ուղղակի Ապարան գիւղի մօտ ձեւաւորուած երկրորդ գիծին վրայ աշխարհազօրայիններուն թիւը հասած է 3500-ի: Փաստօրէն, Ապարանի գրեթէ ամէն գիւղ մօտ հարիւր տղամարդ ուղարկած էր ճակատ: Ճիշդ է` բոլորը չէ, որ ժամանակակից զէնք ունէին, զինամթերքը սակաւ էր, գնդացիրները երկուք էին, իսկ թնդանօթներ չկային, բայց առկայ էին անկոտրում կամքը եւ սեփական հողը, տունը, հարազատներուն պաշտպանելու վճռակամութիւնը: Նոյն օրուան երեկոյեան թուրքերու առաջապահ ջոկատները, որոնք ոչ մէկ դիմադրութիւն կը սպասէին, գնդակոծութիւնէ շփոթած են եւ կորուստներ տալով` ետ քաշուած ու սպասած մայիս 23-ի լուսաբացին: Գիշերուան ընթացքին, փաստօրէն, ինչպէս եւ Արագած լերան արեւմտեան ստորոտին` Սարդարապատին, Արագած լերան արեւելեան ստորոտին եւս ձեւաւորուած է ռազմաճակատ: Երեւանի մէջ ճիշդ գնահատուած է ստեղծուած իրավիճակը, եւ նոյն գիշեր նոր ձեւաւորուած ռազմաճակատի հրամանատար նշանակուած է բազմափորձ Դրոն` Դրաստամատ Կանայեանը:

13-23 մայիս 1918: Հայաստանի մէջ պահեստային զինուած ուժեր չկային: Ամբողջ օրը Ապարանի ռազմաճակատին վրայ թշնամիին դիմագրաւած են ապարանցի աշխարհազօրայինները: Թուրքերը հրետանիի եւ գնդացրային կրակով ճնշած են մօտ 8 քիլոմեթրնոց ռազմաճակատի ամբողջ գիծը պահող աշխարհազօրայիններուն: Հակառակ յամառ դիմադրութեան` կորուստները զգալի էին, եւ մարտական գործողութիւնները ղեկավարող Արսէն Տէր Պօղոսեանը երեկոյեան հրամայած է նահանջել երկրորդ գիծ: Ապարանի եւ Աշտարակի գաւառակներու թիկունքային գիւղերէն Սեդրակ Ջալալեանը կարողացած է մարտադաշտ ուղարկել աշխարհազօրայիններու քանի մը նոր ջոկատ: Առաջինը մարտադաշտ հասած են 100 տովրեցիներ` քահանայ տէր Գէորգի գլխաւորութեամբ: Երեկոյեան կողմ միայն ապարանցի աշխարհազօրայիններու թիւը հասած է 4500-ի, աշտարակցիներուն հետ` 5000-ի: Դրոն ոտքի հանած է ու Ապարանի ճակատ ուղարկած է գրեթէ բոլոր զինուած խումբերը: Մինչեւ կէս գիշեր Ապարանի ռազմաճակատ հասած են գանձակեցի պորուչիկ Զեմլեակի (Յարութիւն Նանումեան), զանգեզուրցի Եապոնի, գառնեցի Մարտիրոսի, Քաչալ Ղազարի, սասունցի Մանուկի, մակուեցի Մեսրոպի (հին պայազետցիներու), պուլանղցի Մուրատի ջոկատները:

14-24 մայիս 1918: Զօր. Թովմաս Նազարբեկեան հրաման կու տայ հայկական զօրաբաժիններուն` ընդհանուր յարձակումի անցնիլ:

Հայկական հրամանատարութիւնը Սարդարապատի ճակատէն, Դրոյի գլխաւորութեամբ, շտապ ուժեր (6 հազար մարդ) տեղափոխած է Բաշ Ապարան: Մայիսի 24-ին Դրոյի զօրամիաւորումը մտած է Ալի Քուչակ (այժմ` Քուչակ)` դէպի Բաշ Ապարան արշաւող թուրքերուն դիմակայելու համար:

15-24 մայիս 1918: Արամ Մանուկեանի գիտութեամբ, Երեւանի զօրաբաժնի հրամանատարութիւնը կ՛որոշէ Սարդարապատէն Ապարանի ռազմաճակատ փոխադրել կանոնաւոր ռազմական միաւորումներ: Օրուան առաջին կէսին Արագածի ստորոտով` Արագած – Քուչակ գիւղերու վրայով ճակատ կը մտնէ, եւ ռազմաճակատի ձախ կողմը դիրքաւորուած է գնդապետ Տոլուխանեանի 6-րդ հրաձգային գունդը, որ համալրուած էր հիմնականին մէջ ապարանցի մարտիկներով: Նոյն օրուան ընթացքին Ապարանի ռազմաճակատ կը հասնին` փոխգնդապետ Քորելքովի հեծեալ գունդը, կապիտաններ Սակելեարիի եւ Կլիչի հրետանային մարտկոցները, որոնցմէ մէկը դիրքաւորուած է Ապարան գիւղի «Դեմեր» կոչուող հատուածին: Աշխարհազօրի, զինուած խումբերու, զօրամիաւորումներու մարտիկներու ընդհանուր թիւը 7000-էն աւելի եղած է:

16-25 մայիս 1918: Թրքական բանակի հրամանատար Վեհիպ փաշան Հայաստանի երեք ուղղութիւններուն` Սարդարապատի, Ապարանի, Վանաձորի ուղղութեամբ գործող զօրամիաւորումներուն վճռական յարձակման հրաման կու տայ, եւ այդ օրը Ապարանի ճակատը կը դառնայ Հայաստանի մէջ ծաւալած պատերազմի կեդրոն: Բաւական էր` թուրքերը այստեղ ճեղքէին պաշտպանութիւնը, եւ անմիջականօրէն հարուածի տակ կը մնար Սարդարապատը: Կէսօրին, անձրեւի տակ թուրքերը կը փորձեն Սարալանջ գիւղէն արեւելք ինկած հատուածին մէջ անցնիլ յորդած Քասախ գետը, դուրս գալ աշխարհազօրայիններու թիկունքը եւ կոտրել ապարանցիներու դիմադրութիւնը: Պահը դարձած է օրհասական, բայց տեղ հասած ջոկատները, գրաւելով Քասախի երկու ափերու բարձունքները, կրակի տակ կ՛առնեն թուրքերը ու կը ստիպեն անոնց անկանոն նահանջել: Օրուան երկրորդ կիսուն թուրքերը կատաղի գրոհ կը ձեռնարկեն Արագածի փէշին: Գերակշիռ ուժերով անոնք կը յաջողին ճեղքել հայերու պաշտպանութիւնը Ալուճայի ձորի մօտ եւ աւելի քան մէկ քիլոմեթր կը թափանցեն հայերու թիկունքը: Ճակատը, թէեւ մեծ դժուարութեամբ, բայց կը փակուի, եւ թուրքերը կը յայտնուին երկկողմ կրակի տակ: Եղվարդի կողմէն մարտադաշտ հասած գնդապետ Զալինեանի 300 զինուորները ու Արագածի փէշով յառաջացող փարպեցի աշխարհազօրայիններու հարիւրեակը (տէր Գէորգ քահանայի գլխաւորութեամբ) կը փակեն թուրքերու ճանապարհը, եւ վերջիններս յայտնուելով եռակողմ կրակի տակ` գլխովին  կ՛ոչնչացուին (միայն քիչերը կը յաջողին դէպի Արագածի գագաթը փախչելով` փրկուիլ): Կէսօրին Ապարանի ռազմաճակատին նոր վտանգի ուղղութիւններ ի յայտ կու գան: Թրքական հրամանատարութեան պահանջով Ապարանի գաւառի արեւելեան կողմէն, Ձորագլուխ գիւղի ուղղութեամբ, յարձակումի կ՛անցնին Հանքաւանի մէջ բնակող թուրքերը: Թշնամիի ճանապարհը այս ուղղութեամբ կը փակէ Ձորագլուխի, Թթուջուրի, Չքնաղի բնակիչներէն կազմուած միացեալ ջոկատը: Մարտը տեղի կ՛ունենայ Կարմիր վանք հնավայր-բնակավայրի մատոյցներուն: Թուրքերը չեն յաջողիր կոտրել ապարանցի աշխարհազօրայիններու դիմադրութիւնը եւ չորս ժամուան մարտէն ետք ետ կը քաշուին` մարտադաշտը ձգելով քսանէն աւելի դիակ: Զոհուած է նաեւ ձորագլուխեցի տիրացու Յարութիւնը: Գրեթէ նոյն ժամանակ Բուժական գիւղի կողմէն աւելի քան հինգ հարիւր թուրքեր նոր ճակատ կը բանան Նորաշէն-Երնջատափ գիւղերու ուղղութեամբ: Յարձակումին մասին տեղեկացուած հայկական հրամանատարութիւնը այս ուղղութեամբ եւս հասցուցած էր պաշտպանական խրամատներ փորել Նորաշէն գիւղէն շուրջ երկու քիլոմեթր արեւելք գտնուող աւերակ բերդէն մինչեւ Երնջատափ գիւղի քարհանքը: Պաշտպանական այս հատուածին մէջ կենդրոնացուած են Նորաշէն եւ Երնջատափ գիւղերու գրեթէ բոլոր տղամարդիկ. շուրջ երեք հարիւր տղամարդ: Մարտի լուրը ստանալուն պէս հայկական հրամանատարութիւնը այս ճակատ ուղարկած է Վարդենիս (գիւղ)  հաւաքագրուած հարիւրեակը: Այս ուղղութեամբ մարտը կը շարունակուի այդ օրը մինչեւ մութը իյնալը եւ մինչեւ յաջորդ օրուան վերջը: Այս ուղղութեամբ եւս թուրքերը չեն յաջողիր խուճապ յառաջացնել արդէն երեք կողմէն կռուող ապարանցիներուն դէմ եւ հնարաւորութիւն ստեղծել թրքական հիմնական ուժերու համար` ճեղքելու ռազմաճակատի կեդրոնական հատուածը: Թուրքերը այս ուղղութեամբ կու տան հարիւրէն աւելի զոհ: Հայկական կողմէն կը զոհուին 17 նորաշէնցի, 3 երնջատափցի, 1 վարդենիսցի: Թուրքերը այդ օրը մարտադաշտին վրայ կը ձգեն 1000-է աւելի դիակ, գնդացիրներ, զէնք, զինամթերք:

17-26 մայիս 1918: Ապարանի ճակատին վրայ դիրքային փոփոխութիւններ չեն եղած: Թուրքերը քանի մը ուղղութիւններով փորձած են առաջ շարժիլ, սակայն չեն յաջողած: Օրուան վերջը Սարդարապատէն Ապարան փոխադրուած են  յիսնապետ Խորէն Իգիթխանեանի հրետանային մարտկոցը եւ գնդապետ Յովսէփեանի 5-րդ հրաձգային գունդը:

Միւս կողմէ, վրացիներու առաջարկով, Սէյմը ինքզինք լուծուած կը հռչակէ, իսկ վրացիները կը յայտարարեն իրենց ազգային անկախութիւնը:

18-27 մայիս 1918: Ապարանի ռազմաճակատին հայ աշխարհազօրայիններու, զինուած խումբերու, զինուորներու թիւը անցած է 9000-ը: Թէեւ թուրքերը դարձեալ թուական գերազանցութիւն ունէին, բայց հոգեբանական առաւելութիւնը անվերապահօրէն անցած էր հայերու կողմը: Չկարողանալով դիմագրաւել հայերու գրոհներուն` թուրքերը կը ձգեն Նիգաւանը, Մելիք գիւղը եւ կը կեդրոնանան Ճահճուտի մօտակայ բարձունքներուն վրայ:

19-22-29 մայիս 1918: Սարդարապատի ճակատամարտը տեղի ունեցած է հայկական կանոնաւոր զօրամասերու, աշխարհազօրի եւ Արեւելեան Հայաստան ներխուժած թրքական զօրաբանակին միջեւ:

Սարդարապատէն մինչեւ Սեւան, Արագածի լանջերէն մինչեւ Արաքս գիշեր-ցերեկ անդադար ղօղանջած են բոլոր եկեղեցիներուն զանգերը: Ժողովուրդը զինուած եւ օգնութեան հասած է զօրամասերուն: Սարդարապատի պաշտպանութեան կազմակերպումը Թովմաս Նազարբեկեանը յանձնարարած է Երեւանի զօրախումբի հրամանատար զօրավար Մովսէս Սիլիկեանին: Պաշտպանական միջոցներ ձեռնարկուած են նաեւ Կողբի եւ Իգդիրի ուղղութեամբ. գնդապետ Տիգրան Բաղդասարեանի հետեւակային 3-րդ խումբը դիրքաւորուած է Նախիջեւան-Շարուր ուղղութեամբ: Սարդարապատի զօրախումբը դիրքեր գրաւած է յարձակող թրքական զօրամասին դիմակայելու համար, իսկ 6-րդ հեծեալ եւ 2-րդ  գունդերուն յանձնարարուած է  փակել Բաշ Ապարանէն Երեւան շարժւող թրքական 9-րդ գունդին ճանապարհը: Թիկունքի եւ Երեւանի պաշտպանութիւնը ղեկավարած է Արամ Մանուկեանը:

Թրքական բանակի յառաջապահ ուժերը մայիս 21-ին գրաւած են Սարդարապատ կայարանն ու նոյնանուն գիւղը (այժմ` Հոկտեմբեր) եւ Գեչռլուն (այժմ` գ. Մրգաշատ): Մայիսի 22-ին 5-րդ հրաձգային, Իգդիրի հետեւակային եւ Զէյթունի հեծեալ գունդերը Քէօրփալուից (այժմ` գ. Արշալոյս) եւ Ղուրդուղլուից (այժմ` գ. Արմաւիր) անցած են յարձակումի: Ղամշլու (այժմ` գ. Եղէգնուտ) գիւղի մօտ կոտրած են թուրքերու դիմադրութիւնը, վերագրաւած` Սարդարապատ կայարանն ու գիւղը եւ հարկադրած թշնամիին` նահանջել շուրջ 15-20 քմ: Սակայն, երբ հայկական ուժերը դադրեցուցած են հետապնդումը, թուրքերը վերադասաւորած են ուժերը եւ ամրացած` Արաքս կայարանի հիւսիսարեւմտեան Չիմնի եւ Թուլքի բարձունքներուն վրայ: Մայիսի 22-26-ի մարտերու ընթացքին ոչնչացուած է 3500 թուրք: Թշնամին որոշած է համալրել Եաղուպ Շեւքի փաշային զօրքը, սակայն հայերը ետ մղած են նաեւ օգնութեան եկող Միւրսել փաշային 5-րդ գունդը:

Հայկական հրամանատարութիւնը համալրուելէ ետք ստեղծած է հարուածային զօրախումբ` փոխգնդապետ Կարապետ Հասան-Փաշայեանի հրամանատարութեամբ եւ մշակած` թուրքերու շրջապատման ծրագիր: Խումբին մաս կը կազմէին` Երզնկայի հետեւակային գունդը, Մակուի առանձին գումարտակը, Խնուսի գունդի 1 վաշտը, 2 էսքատրոն (ընդամէնը 4 հրանօթով), որոնք Պանդուխտի (Միքայէլ Սէրեան) գլխաւորած մշեցիներու ջոկատին հետ շրջանցած են թուրքերը եւ հարուածած` թիկունքէն, միաժամանակ հայկական հիմնական ուժերը գրոհած են ճակատէն: Թրքական բանակի մնացորդները խուճապահար փախած են Ալեքսանդրապոլ: Ճակատամարտը աւարտած է թրքական գերակշիռ ուժերու դէմ լիակատար յաղթանակով:

Սարդարապատի ճակատամարտին հայերը միակամ ու խիզախ, մէկ մարդու պէս հարուած տուած են թշնամիին: Բոլորը` այր, կին, երեխայ, ծերունի, կրօնաւոր, գաղթական թէ զինուոր, ճգնաժամային կռիւ մղած են: Ճակատամարտին լաւագոյնս դրսեւորուած են հայկական ռազմարուեստի աւանդոյթները:

Սարդարապատի հերոսամարտը յաճախ կ՛անուանեն` «20-րդ դարու Աւարայր»:

20-24-28 մայիս 1918: Ղարաքիլիսայի ճակատամարտը տեղի ունեցած է հայկական եւ թրքական զօրքերու միջեւ, Ղարաքիլիսայի մօտ: Ռուսական զօրքերը երբ հեռացած են Արեւմտեան Հայաստանի տարածքէն, սպարապետ Թովմաս Նազարբեկովի (Նագարբեկեան) գլխաւորած հայկական զօրաբանակը մնացած էր թրքական գերազանց ուժերու դէմ: Թուրքերը, խախտելով Անդրկովկասեան յանձնաժողովի հետ Երզնկայի մէջ 1917 թուականի դեկտեմբեր 5-ին կնքած զինադադարը, 1918 թուականին, սկիզբը ներխուժեցին Արեւմտեան Հայաստան, վերանուաճեցին Երզնկան, Կարինը, Սարիղամիշը, Կարսը, մայիս 15-ին գրաւեցին Ալեքսանդրապոլը: Թրքական գերակշիռ ուժերու ճնշման տակ հայկական զօրաբանակը նահանջեց, անոր հետ արտագաղթեցին նաեւ տասնեակ հազարաւոր արեւմտահայեր, որոնց անվտանգութիւնը կ՛ապահովէր Անդրանիկի ջոկատը:

Ալեքսանդրապոլը գրաւելէ ետք Ղարաքիլիսայի ուղղութեամբ շարժւող թրքական զօրամասը մայիսի 20-ին գրաւած է Ջաջուռը, Աղբուլաղը (այժմ` Լուսաղբիւր), Ղալթաղչին (այժմ` Հարթագիւղ), մայիսի 21-ին` Վորոնցովկան (այժմ` ք. Տաշիր): Ջալալօղլիի (այժմ` ք. Ստեփանաւան) մօտ մայիսի 21-22-ի մարտերէն ետք Անդրանիկի ջոկատը կեդրոնացած է Դսեղ գիւղին մէջ, ապա շարժած` դէպի Դիլիջան: Հայկական զօրքը ունեցած է 6 հազար զինուոր, 10 հրանօթ եւ մօտ 20 գնդացիր, թրքական զօրքը` 10 հազար զինուոր, 70 հրանօթ եւ 40 գնդացիր: Հայերուն օգնութեան հասած են Ղարաքիլիսայի շրջակայ գիւղերուն բնակիչները: Հայկական ուժերը հիմնական հարուածները թուրքերու գերակշիռ ուժերուն հասցուցած են Ղշլաղ (այժմ` Դարպաս) գիւղի մօտ, Բզովդալի (այժմ` Բազում) մատոյցներուն եւ Մայմեխ լերան լանջերուն` թշնամիին պարտադրելով նահանջել դէպի Համամլու (այժմ` ք. Սպիտակ):

Հայկական ուժերը թուրքերուն հիմնական հարուածներ հասցուցին Ղշլաղ (այժմ` Դարպաս) գիւղին մօտ, Բզովդալի (այժմ` Բազում)  ծայրամասերուն եւ Մայմեխ (Ձիթհանից) լերան լանջերուն ու թրքական գերակշիռ ուժերուն պարտադրեցին նահանջել դէպի Համամլու (այժմ` ք. Սպիտակ): Մարտերու ընթացքին հայերը տուին մեծ կորուստներ (շուրջ 2500 մարդ սպաննուած, վիրաւոր եւ գերի): Մեծ կորուստներ տուին նաեւ թուրքերը, սակայն, համալրուելով, անոնք անցան հակայարձակումի, եւ հայկական ուժերը հարկադրուած նահանջեցին Դիլիջան: Ղարաքիլիսայի եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ թուրք ջարդարարները կոտորեցին հայ բնակչութիւնը  (շուրջ 5000 մարդ), աւերեցին բնակավայրերը եւ անցան Ղազախ: Կարեւոր է նշել, որ Ղարաքիլիսայի ճակատամարտին շնորհիւ` թրքական զաւթիչները հրաժարած են Թիֆլիս երթալու մտադրութենէն եւ չեն կրցած մտնել Սեւանի աւազան:

(Շար. 2)


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>