ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ
Ըստ Հալֆորտ Մաքինտըրի (1904), աշխարհագրութիւնը միջազգային յարաբերութիւններու հիմնական սիւնն է: Մաքինտըրի նման` այլ աշխարհաքաղաքագէտներ եւս կը հաւատան, որ միջազգային յարաբերութիւնները հիմնուած են ծովային եւ ցամաքային ուժերու միջեւ պայքարի վրայ: Այս գաղափարը պաշտպանող ակադեմականներ կը հաւատան, որ Մեծն Բրիտանիոյ եւ ցարական Ռուսիոյ միջեւ 19-րդ դարուն ծաւալած պայքարը հիմնուած է այս եզրակացութեան վրայ: Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք Անգլիոյ քաղաքական ու ծովային ուժը անհետացած էր եւ փոխարինուած` Միացեալ Նահանգներու ուժով, իսկ Խորհրդային Ռուսիան դարձած էր ցամաքային ուժ` ամբողջ Եւրասիոյ մէջ: Մաքինտըրի համաձայն, այն կայսրութիւնը, որ կը տիրէ Եւրասիոյ ցամաքամասին, կը տիրէ աշխարհին, հապա ինչո՞ւ Նափոլէոն եւ Հիթլեր փորձեցին գրաւել Եւրասիան:
Պաղ պատերազմի ժամանակ Արեւմուտքը շատ կարեւորութիւն չտուաւ այս շրջանին, իսկ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք անիկա ՕԹԱՆ-ի միջոցով տարածուեցաւ արեւելեան երկիրներ եւ ընդարձակուեցաւ դէպի ներկայ Ռուսիոյ սահմանները: Ռուսիա հակադարձեց արեւմտեան տարածման` 2008-ին Վրաստանի մէջ տիրանալով Հարաւային Օսեթիոյ եւ Աբխազիոյ, նոյն իրավիճակը կրկնուեցաւ 2014-ին, Ուքրանիոյ մէջ, ուր Ռուսիա իր սահմաններուն միացուց Խրիմը, իսկ իր դաշնակիցները իրենց հակակշիռին ենթարկեցին արեւելեան Ուքրանիան:
Պատմութիւնը մեզի սորվեցուցած է, որ աշխարհագրական սահմանները միայն ուժով է, որ կարելի է ընդարձակել, կամ գոնէ` քաղաքական ազդեցութիւնը տարածել կրօնի, մշակոյթի կամ պատերազմի միջոցով: Ռուսիոյ պարագային, այս երեք միջոցները մինչեւ օրս կը գործածուին:
2000-ին, Վլատիմիր Փութինի նախագահ ընտրութեամբ, ռուս աշխարհաքաղաքագէտները, մտաւորականները եւ հետազօտական կեդրոնները սկսան հետաքրքրուիլ իրենց աշխարհագրական դիրքին կարեւորութեամբ: Անոնցմէ ամէնէն նշանաւորն է Ալեքսանտր Տուկինը, որ աջակողմեան ծայրայեղական հրապարակախօս ու մտաւորական մըն է եւ Քրեմլինի պաշտօնեաներուն վրայ ազդեցութիւն ունի: Գաղտնիք մը չէ, որ նախագահ Փութին ազդուած է Տուկինի գաղափարներով եւ Եւրասիական տնտեսական միութիւնը անոր առաջարկներէն մէկն է, որուն նպատակն է տնտեսութեամբ իրարու միացնել նախկին խորհրդային երկիրները` Ռուսիոյ վերահսկողութեան տակ: Ոչ միայն տնտեսական, այլեւ` քաղաքական առումներով, եւ այսպիսով այս միութեան անդամ երկիրները կախեալ դարձան Ռուսիոյ տնտեսական եւ քաղաքական ուժէն:
Տուկին իր «Աշխարհաքաղաքականութեան հիմքերը եւ Ռուսիոյ աշխարհաքաղաքականութինը» (1997) խորագրեալ գիրքին մէջ կոչ կ՛ուղղէ ռուսական իշխանութիւններուն, որ վերահաստատեն իրենց եւրասիական կայսրութիւնը` դէմ դնելու համար ատլանտեան կայսրութեան (Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպան): Ասոր իրականացման համար Ռուսիա պէտք է իր հակակշիռին տակ առնէ նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրները եւ դաշինքներ կնքէ այլ հակաատլանտեան երկիրներու հետ, ինչպէս` Թուրքիոյ, Իրանի, Չինաստանի եւ Հնդկաստանի, ուժերու հաւասարակշռութիւն մը ստեղծելու համար համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ:
Սակայն այս բոլորով հանդերձ, շատեր կը նկատեն, որ Ռուսիա շրջանային ուժ մըն է եւ ոչ թէ` միջազգային, եւ Ռուսիոյ տնտեսութիւնը գրեթէ հիմնուած է քարիւղի գիներուն վրայ: Պաղ պատերազմէն ետք միակ շրջանը, ուր Ռուսիա միջամտեց խորհրդային սահմաններէն դուրս, Սուրիան էր, եւ մինչեւ օրս, հակառակ բոլոր պնդումներուն, դժուարութիւններու առջեւ կը գտնուի: Այո՛, Ռուսիա այսօր կ՛իշխէ եւրասիական ցամաքամասին, սակայն արեւմտեան սահմանէն արդէն իսկ կորսնցուցած է երկիրներ, որոնք 2004-էն սկսեալ անդամակցեցան ՕԹԱՆ-ին, եւ ասիկա պատճառ դարձաւ, որ ռուսական աշխարհաքաղաքական սահմանը նահանջէ եւ հասնի Ուքրանիոյ սահմանները:
Շատ հաւանական է, որ 2018 թուականը ըլլայ այն տարին, որուն ընթացքին շօշափելի արդիւնքներ ըլլան լուծելու համար Ուքրանիոյ տագնապը, երկիրը բաժնուած է երկու մասերու, արեւելեան շրջանը ամբողջութեամբ ռուսական ազդեցութեան տակ է, իսկ արեւմտեան շրջանը` Արեւմուտքի ազդեցութեան տակ: Եթէ Փութին կ՛երազէ վերականգնել Եւրասիական կայսրութիւնը, ինչպէս որ էր Ռոմանովներու օրերուն, ապա ատիկա կը սկսի Ուքրանիայէն: