ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Պատրաստութեան
Վարժողական Ծրագիր
«Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը այս տարի կազմակերպեց կարեւոր նախաձեռնութիւն մը` լրագրութեան վարժողական ծրագիրը, որ ընթացք առաւ 24 օգոստոսին եւ տակաւին կը շարունակուի: Անոր կը մասնակցին հայկական վարժարաններու միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտներ Կալի Աւագեան, Ռուբէն Խաչատուրեան, Հուրի Հալէպլեան, Նանար Մինասեան, Նարեկ Քէշիշեան, Գոհար Եագուպեան, Սիլվի Սէրայտարեան, Ալիսիա Իշխանեան, Լոռի Գորէսեան, Արենի Խաչատուրեան, Նարօտ Սէրուժեան, Նանի Գալուստեան, Աւետիս Ապագլեան եւ Քրիստ Իսկենտերեան:
Անոնց հետ կայացած առաջին հանդիպումին «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան վարժողական այս ծրագիրը հեռանկարային նկատեց` մաղթելով, որ այս ծրագիրին անոնց մասնակցութիւնը կ՛ըլլայ հետեւողական: Ան շեշտեց, որ վարժողական ծրագիրը պիտի ընդգրկէ նաեւ հայկական իրականութեան մէջ պատասխանատու անձնաւորութիւններու հետ հանդիպումներու շարք մը, որպէսզի ծրագիրը բաւական համապարփակ ըլլայ:
«Լրագրութեան այս դպրոցը պիտի ծառայէ, որ մենք իրարու օգտակար ըլլանք եւ երիտասարդական այս կարեւոր խաւը ներգրաւուած պահենք մեր թերթին», ըսաւ ան:
Լրագրութեան վարժողական ծրագիրին գործադրութեան հսկող, «Ազդակ»-ի խմբագրակազմի անդամ Արշօ Պալեան առաջին հանդիպումին առիթով նշեց, որ վարժողական ծրագիրը պիտի ունենայ տեսական, դասախօսական եւ գործնական բաժիններ` աւելցնելով, որ մասնակցողները առիթ պիտի ունենան հետեւելու թղթակցութեան, հարցազրոյցի, յօդուածագրութեան եւ ուսումնասիրութեան պատրաստութեան ձեւերուն, արագ լրահոսի դրութեան, ինչպէս նաեւ մօտէն ծանօթանալու գրաշարութեան, էջադրումի աշխատանքներուն եւ ծրագիրի աւարտին ունենալու իրենց յատուկ հրատարակութիւնը:
– 31 օգոստոսին Արշօ Պալեան «Ապագայ լրագրողներ»-ուն ներկայացուց խմբագրատան մէջ կատարուող զանազան աշխատանքները: Ան անդրադարձաւ «Ազդակ»-ի տասը էջերուն դիմագիծին, բովանդակութեան եւ պատրաստութեան հոլովոյթին, ինչպէս նաեւ «Ազդակ»-ի պաշտօնական կայքին, բջիջայինի յատուկ «Էփ»-ին, արագ լուրերու «Փուշ նոթիֆիքէյշըն»-ի դրութեան եւ «Ազդակ»-ի արխիւները թուայնացնելու աշխատանքին:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ օրաթերթին կողքին ամսական դրութեամբ լոյս տեսնող «Պզտիկ – Մզտիկ» մանկապատանեկան յաւելուածին, Նոր տարուան եւ Ապրիլ 24-ին հրատարակուող երկու բացառիկ թիւերուն, ինչպէս նաեւ տարբեր առիթներով հրատարակուող յաւելուածներուն:
Աշակերտները այցելեցին «Ազդակ»-ի թուայնացումի եւ ուսումնասիրութեան «Ժիրայր Պուտագեան» կեդրոնը, թերթին արխիւը եւ «Ազդակ»-ի տպարանը, ուր ծանօթացան տպարանի աշխատանքներուն:
– 7 սեպտեմբերին ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի հաղորդակցութեան նախկին պատասխանատու Պետօ Տեմիրճեան «Ապագայ լրագրողներ»-ուն հետ հանդիպումին անդրադարձաւ Եւրոպական Միութեան, Եւրոպական խորհրդարանին, Եւրոպական յանձնաժողովին եւ Եւրոպական խորհուրդին կառուցուածքին ու աշխատանքի հոլովոյթին, հայութեան վերաբերող հարցերով անոնց գործունէութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հետ անոնց գործակցութեան:
Ան անդրադարձաւ նաեւ Հայ դատի յանձնախումբին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն` ազրպէյճանական եւ թրքական լոպիինկին դիմաց, նկատի ունենալով իրականութիւններ խեղաթիւրելու անոնց գործելաոճը: Պ. Տեմիրճեան անդրադարձաւ նաեւ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) կառոյցին ու գործունէութեան` յստակօրէն բացատրելով Եւրոպական Միութենէն տարբեր ըլլալու իրականութիւնը:
– 14 սեպտեմբերին «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժագ Յակոբեան հանդիպեցաւ «Ապագայ լրագրողներ»-ուն հետ` անոնց ներկայացնելով ամբողջական տեղեկութիւններ լուրերու տեսակներուն, լուրերու կարեւորութեան, օգտագործուած աղբիւրներուն, ապատեղեկատուութեան ծուղակներուն, էջադրումի դասական ձեւին եւ արտակարգ իրադարձութիւններ ընդգրկող օրերու ընթացքին խմբագրութեան որդեգրած քայլերուն մասին` էջադրումի իմաստով:
Այս մասին Ժ. Յակոբեան յաւելեալ բացատրութիւններ եւ «Ազդակ»-ի զանազան թիւերու ընդմէջէն շօշափելի օրինակներ ցոյց տուաւ վարժողական ծրագիրի հետեւող աշակերտներուն եւ ուսանողներուն:
– Ուրբաթ, 22 սեպտեմբեր 2017-ին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան ընդունեց «Ապագայ լրագրողներ»-ը, որոնց ներկայացուց դեսպանատան աշխատանքներն ու տարբեր բաժանմունքները: Ան անդրադարձաւ Լիբանան-Հայաստան դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումին, երկկողմանի յարաբերութիւններու ծաւալումին, ինչպէս նաեւ այդ յարաբերութիւնները ամրապնդելու նպատակով ներկայիս ի գործ դրուող ջանքերուն:
Լիբանանահայ գաղութին մասին խօսելով` դեսպան Մկրտչեան յայտնեց, որ անիկա բացառիկ լաւ կազմակերպուած եւ աշխուժ գաղութ է իր տարբեր միութիւններով` մշակութային, բարեսիրական, մարմնակրթական եւ այլ կառոյցներով:
Ս. Մկրտչեան լուսարձակի տակ առաւ նաեւ Հայաստանի քաղաքական համակարգն ու անոր գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ տնտեսական մարզին մէջ որդեգրուած նոր քայլերուն, որոնք կը քաջալերեն գործարարները իրենց գործը հաստատելու Հայաստանի մէջ եւ նպաստելու երկրին տնտեսութեան զարգացումին: Ան ակնարկեց նաեւ լիբանանեան տարբեր շրջաններու քաղաքապետներուն հետ իր ունեցած հանդիպումներուն` Հայաստանի հետ քոյր քաղաքներու յարաբերութիւններ հաստատելու նպատակով:
Նաեւ` դեսպան Մկրտչեանին հրաւէրով, «Ապագայ լրագրողներ»-ու խումբը 23 սեպտեմբեր 2017-ին մասնակցեցաւ «Քեմփինսքի Սամըրլենտ» պանդոկին մէջ Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 26-ամեակին առիթով կազմակերպուած ընդունելութեան` փոխանցելով իր շնորհաւորութիւնները:
– 6 հոկտեմբերի հանդիպումին Արշօ Պալեան ներկայացուց լուր գրելու թեքնիքները, լուրի կառոյցին մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ առարկայական ու ենթակայական մօտեցումներուն տարբերութիւնները:
– 13 հոկտեմբերին Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան «Ապագայ լրագրողներ»-ուն մատուցեց շահեկան դասախօսութիւն մը: Համաշխարհայնացման ու բոլորին, յատկապէս երիտասարդներուն եւ ուսանողներուն կեանքին մէջ անոր ազդեցութեան մասին լայն տեղեկութիւններ եւ ճշմարտութիւններ յայտնելէ ետք, վեր. դոկտ. Հայտոսթեան կեդրոնացաւ համաշխարհայնացման եւ հայկական կրթակարգի հիմնախնդիրներուն վրայ:
Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացած այս դասախօսութեան ընթացքին վեր. Հայտոսթեան պատմեց, թէ մամուլին հետ իր կապը ինչպէ՛ս սկսած է եւ ապագային ինչպէ՛ս զարգացած: Վեր. Հայտոսթեան նշեց, որ թէեւ համաշխարհայնացումը սահմանները փլուզած է եւ ստեղծած մեծ դիւրութիւններ, ճկունութիւն ու առատութիւն` տնտեսական մարզին պարագային, տեղեկութիւններու եւ հաղորդակցութեան իմաստով, բայց եւ այնպէս ան ընդգծեց, թէ տեղեկութիւններու առատութեան պարագային ապատեղեկատուութիւնը առաւել եւս կը շեշտուի եւ անոր լարած ծուղակներն ու գործած աւերները կը բազմանան:
Վեր. Հայտոսթեան խրախուսեց «Ապագայ լրագրողներ»-ը` յատուկ խնամքով մօտենալու լեզուի ճշգրտութեան եւ մտքի յստակութեան, պարզութեան ու պայծառութեան:
– 20 հոկտեմբերին ՀՅԴ Լիբանանի տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Վիգէն Աւագեան ներկայացուց լրագրութեան տարբեր ժանրերը եւ անոնց ընդմէջէն շեշտը դրաւ տիպար լրագրողի յատկանիշներուն վրայ: Ան շեշտեց, որ լրագրութեան մարզին մէջ գործելու համար պէտք է հետամուտ ըլլալ լուրերուն, ունենալ հետաքրքրութիւն եւ որոնել իրականութիւններ, տեղեկութիւններ ու տուեալներ:
Վիգէն Աւագեան «Ապագայ լրագրողներ»-ուն ներկայացուց լրատուութեան, հարցազրոյցի, թղթածրարի եւ յօդուածագրութեան տեսակները, ինչպէս նաեւ բացատրեց խմբագիրին պարտականութիւնները` ընդգծելով արխիւ պահելու անհրաժեշտութիւնը: Ան անդրադարձաւ նաեւ մամուլի, ձայնասփիւռի, պատկերասփիւռի եւ ընկերային ցանցերու լրագրութեան տարբերութիւններուն:
– 27 հոկտեմբերին «Ապագայ լրագրողներ»-ը կատարեցին լուրերու պատրաստութեան իրենց առաջին գործնական փորձը: Մէկ ժամուան տեւողութեամբ մասնակիցները տարբեր բնոյթի` ընկերային, քաղաքական, մարզական թէ մշակութային լուրեր պատրաստեցին` աղբիւր ունենալով հայկական լրատուական կայքերը:
– 3 նոյեմբերին «Ապագայ լրագրողներ»-ուն հետ հանդիպում ունեցաւ ուսուցիչ, հրապարակախօս եւ հրապարակագիր Կարօ Յովհաննէսեան, որ բացատրեց յօդուածագրութեան կանոնները` անդրադառնալէ ետք յօդուածներուն տարբեր տեսակներուն: Ան նշեց, որ յօդուածի մը ընդհանուր կառոյցը եւ յատկանիշները պէտք է ամբողջացնեն յօդուած մը:
Կ. Յովհաննէսեան բացատրեց, որ յօդուածը պէտք է անպայման նպատակ հետապնդէ, յստակ ուղղուածութիւն պարփակէ, ունենայ գրաւիչ խորագիր: Ան հաստատեց նաեւ կարճ ու յստակ նախադասութիւններով յօդուածներ գրելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի անիկա դիւրաւ կարդացուի մարդոց կողմէ եւ ըլլայ նպատակաուղղուած:
Այս առիթով Կ. Յովհաննէսեան «Ապագայ լրագրողներ»-ուն յանձնեց յօդուածներու օրինակներ:
– 10 նոյեմբերին «Ապագայ լրագրողներ»-ը հանդիպում ունեցան ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան անդամ Դաւիթ Իշխանեանի հետ: Ան ներկայացուց Արցախի վերջին իրադարձութիւնները` նշելով, որ արտաքին առումով Արցախ միշտ յաջողած է պահպանել միացեալ եւ համախոհական կեցուածք, թէ՛ Արցախի եւ արցախցիին անվտանգութեան, թէ՛ Արցախի միջազգային ճանաչումին նկատմամբ:
Ապա ան լայնօրէն անդրադարձաւ Արցախի պաշտպանութեան համակարգին եւ ընդհանուր արժեւորում մը կատարեց զինուորական ու ռազմավարական փոփոխութիւններուն, որդեգրուած մարտավարութիւններուն, Արցախի բանակը նոր զինատեսակներով օժտելու յառաջընթացին եւ այլն: Ան խօսեցաւ նաեւ արձանագրուած տնտեսական զարգացումներուն մասին, հիմնականին մէջ կեդրոնանալով գիւղատնտեսութեան վրայ` իբրեւ տնտեսութեան յենասիւնը, եւ անոր կողքին վերջին տասը տարիներուն ընթացքին ծաւալած ելեկտրականութեան արտադրութեան եւ հանքերու արդիւնաբերութեան վրայ:
Այս շրջագիծին մէջ Դաւիթ Իշխանեան անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի «Արցախ Ֆոնտ»-ի աշխատանքներուն` բարձր գնահատելով լիբանանահայութեան եւ «Արցախ Ֆոնտ»-ի դերակատարութիւնը վերաբնակեցման ծրագիրներուն առումով: Ապա տեղի ունեցաւ զրոյց, որուն շրջագիծին մէջ Դ. Իշխանեան պատասխանեց «Ապագայ լրագրող»-ներու հարցումներուն` շեշտելով, որ Արցախի եւ լիբանանահայութեան միջեւ կարելի է շատ աւելի մեծ ծրագիրներ մշակել ու գործադրել, յատկապէս պատանեկան եւ երիտասարդական մակարդակներու վրայ: Ան հաստատեց, որ ՀՅԴ-ն իսկական դերակատարութիւն ունի Արցախի մէջ եւ այդ դերակատարութեան շնորհիւ կրցած է վաստկիլ Արցախի իշխանութիւններուն վստահութիւնը:
– 17 նոյեմբերին «Ապագայ լրագրողներ»-ը հանդիպում ունեցան «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիր Նորա Բարսեղեանի հետ, որ ներկայացուց թղթակցութիւն մը պատրաստելու կանոնները: Ան նշեց, որ թղթակցութիւնը պէտք է ըլլայ տուեալ ձեռնարկի մը հայելին` աւելցնելով, որ պէտք է պահել հարազատ մթնոլորտը եւ ճշգրիտ տեղեկութիւններ ներկայացնել որեւէ ձեռնարկի կամ հանդիսութեան մասին:
Ն. Բարսեղեան անդրադարձաւ նաեւ թղթակիցի յատկանիշներուն, որոնց մէջ ան շեշտեց թղթակիցին ճշդապահ, հագուածքով պատշաճ, կազմակերպուած եւ պատրաստ երթալու կարեւորութիւնը: «Թղթակիցը կը ներկայացնէ ո՛չ միայն ինքզինք, այլ նաեւ այն թերթը, որուն անձնակազմին մաս կը կազմէ: Հետեւաբար ամէն իմաստով պէտք է բծախնդիր աշխատանք կատարել թղթակցութեան առաքելութեան ընթացքին», ըսաւ ան:
Նորա Բարսեղեան թղթակցութեան տարբեր օրինակներ ապահովելով փորձեց հարստացնել հանդիպումը «Ապագայ լրագրողներ»-ուն հետ, որոնք իրենց կարգին կարդացին թղթակցութեան տարբեր օրինակներ եւ շօշափելի կերպով ծանօթացան անոնց մանրամասնութիւններուն:
Հանդիպումը ունեցաւ նաեւ աշխատանքային բնոյթ` նկատի ունենալով, որ հանդիպումին աւարտին «Ապագայ լրագրողներ»-ը կատարեցին թղթակցութիւն գրելու փորձ մը:
– 20 նոյեմբեր 2017-ին «Ապագայ լրագրողներ»-ուն հետ հանդիպման հիւրն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:
Ներկայացման առաջին բաժինով Կիրօ Մանոյեան ծրագիրին հետեւող «Ապագայ լրագրողներ»-ուն բացատրեց լրագրութեան ձեւերը` անդրադառնալով լրագրութեան, թղթակցութեան եւ խմբագրութեան տարբերութիւններուն, ընդգծելով յատկապէս հայկական իրականութեան մէջ` սփիւռքի հայերէնով արտայայտուող թերթերու դժուարութիւնները եւ մարդուժ պատրաստելու անհրաժեշտութիւնը: Ներկայացման երկրորդ բաժինով ան անդրադարձաւ Հայ դատի յանձնախումբերու կառոյցին, «Ապագայ լրագրողներ»-ուն ներկայացուց աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ գործող Հայ դատի յանձնախումբերու, գրասենեակներու գործելաձեւը, ներկայի մարտահրաւէրները եւ աշխատանքային ոճը: Ան Հայ դատի աշխատանքներու ազդեցութեան կարեւորութիւնը շեշտելով պատմական ներկայացում մը կատարեց գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու հիմնադրութեան օրերուն մասին` Միացեալ Նահանգներէն (1940-ական թուականներ) մինչեւ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակ, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակ եւ այլ երկիրներու մէջ գործունէութիւն: Ան Հայ դատի գրասենեակներու աշխատանքային օրինակներ ներկայացուց «Ապագայ լրագրողներ»-ուն:
– Լրագրութեան վարժողական ծրագիրին հետեւող «Ապագայ լրագրողներ»-ը 1 դեկտեմբերին «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ շարունակեցին թղթակցութիւն գրելու իրենց փորձերը: «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիր Նորա Բարսեղեան դարձեալ հանդիպեցաւ «Ապագայ լրագրողներ»-ուն եւ լսեց նախորդ հանդիպումին ընթացքին անոնց ստանձնած թղթակցութիւնները: Ն. Բարսեղեան կատարեց որոշ սրբագրութիւններ` ընդհանուր առմամբ դրական գնահատելով անոնց ողջունելի աշխատանքը:
«Ապագայ լրագրողներ»-ուն հետ այս հանդիպումի աւարտին իսկական թղթակցութեան մը երթալու փափաք յայտնուեցաւ, եւ պատասխանատու խմբագիրը խոստացաւ շուտով ընդառաջել այդ փափաքին:
«Պզտիկ-Մզտիկ»-ի աշխատանքներ
«Պզտիկ-Մզտիկ»-ի «Փոքրիկ
Լրագրողներ» Աշխատանոց
«Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրական կազմին նախաձեռնութեամբ, «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի 15-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ «Փոքրիկ լրագրողներու աշխատանոց»-ը կիրակի, 30 ապրիլ 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00, «Փիւնիկ» սրահին մէջ:
Հայկական 17 վարժարաններէ` Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարան, Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց վարժարան, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Սրբուհի Ագնէս վարժարան, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան, Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարան, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական քոլեճ, Վահան Թէքէեան վարժարան, Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարան, Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարան, Ազգային Աբգարեան վարժարան, Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, Ազգային Սուրէն Խանամիրեան վարժարան, ՀԲԸՄ-ի Պ. Կարմիրեան վարժարան եւ Համազգային Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան, հաւաքուած էին 100 աշակերտներ, որոնք բաժնուեցան 16 խումբերու. իւրաքանչիւր խումբ ունէր 4-րդ, 5-րդ եւ 6-րդ դասարանէն աշակերտներ:
Նախ փոքրիկներուն բացատրուեցաւ աշխատանոցին առիթն ու նպատակը: Սրբուկ Ճենանեան մասնակիցներուն ըսաւ, թէ աշխատանոցին նպատակն է լրագրական աշխատանքները ծանօթացնել մանկահասակ սերունդին, եւ թէ ի՛նչ փուլերէ անցնելով է, որ թերթ մը լոյս կը տեսնէ. ապա մանրամասնութիւններ ներկայացուց իրենց կատարելիք աշխատանքներուն մասին` նշելով, թէ իւրաքանչիւր խումբ իր տրամադրութեան տակ ունի նիւթ մը, որ պիտի կարդայ ու վերարտադրէ խումբին հասկցած ու մեկնաբանած ձեւով: Թելադրուած նիւթերը կ՛ընդգրկէին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան, Շուշիի ազատագրման 25-ամեակին առիթով Արցախի ու արցախցի նշանաւոր դէմքերու մասին տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ հայ նշանաւոր անձերու մասին գրութիւններ, առաւել առողջապահութեան, արհեստագիտութեան ու գիտական նորութիւններու մասին նիւթեր:
Մայիսին լոյս տեսաւ «Պզտիկ-մզտիկ»-ի յատուկ թիւ մը, որուն մէջ տեղ գտան այս աշխատանոցային քննարկումները եւ անոնցմէ բխած յօդուածները, գծագրական պատմութիւնները, դէպքերու եւ դէմքերու մասին գրի առնուած գրութիւնները: Թիւը ամբողջութեամբ նախագծուած եւ իրականացած էր փոքրիկ լրագրողներուն կողմէ:
Այս ծիրին մէջ 16 յունիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Փոքրիկ լրագրողներ» աշխատանոցի մասնակիցներուն ի պատիւ գնահատանքի երեկոյ:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Սրբուկ Ճենանեան, որ անդրադարձաւ «Փոքրիկ լրագրողներ» աշխատանոցին, որուն նպատակն էր փոքրիկները ծանօթացնել մամուլի հրատարակութեան եւ խմբագրական աշխատանքներուն: Սրբուկ Ճենանեան դիտել տուաւ, որ այս առաջին փորձառութեան արձանագրած յաջողութիւնը անակնկալ էր բոլորին համար, մանաւանդ որ փոքրիկները ստեղծագործած էին երեւակայելով եւ իրենց երեւակայութիւնը գիր ու գիծով մարմնաւորելով` շեշտելով, որ միօրեայ հաւաքական աշխատանքին հպարտալից արդիւնքն էր «Պզտիկ-մզտիկ»-ի մայիսի բացառիկ թիւը:
Ապա խօսք առաւ «Պզտիկ-մզտիկ»-ի մայիսի թիւի հովանաւոր` ԱՖՀԻԼ հաստատութեան տնօրէն Յակոբ Լատոյեան, որ ըսաւ, թէ նման նախաձեռնութիւն մը կարեւոր եւ գնահատելի է. ան համահաւասար շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն, ինչպէս նաեւ կազմակերպիչներուն, որոնք նման աշխատանքով իրենց ծառայութիւնը մատուցած կ’ըլլան գաղութին մէջ մարդուժի պատրաստութեան գործին` պատրաստելով լրագրողներ, խմբագիրներ, ինչպէս նաեւ նոր սերունդին մէջ հայ գիրին եւ ընթերցանութեան նկատմամբ սէր սերմանելով:
Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, որ անդրադարձաւ այն իրողութեան, թէ «Պզտիկ-մզտիկ» իր ընթացիկ աշխատանքներուն զուգահեռ կը կազմակերպէ տարբեր տեսակի նախաձեռնութիւններ, իսկ ներկայիս` «Փոքրիկ լրագրողներ»-ու աշխատանոց, որուն ընթացքին աշակերտները առիթ ունեցան թափ տալու իրենց երեւակայութեան, ամբողջ օրուան մը տեւողութեան լրագրողի ու խմբագիրի աշխատանք կատարելու, մասնակիցները թերթին խոհանոցային առօրեային ծանօթացնելու:
Շահան Գանտահարեան հաստատեց, որ այս աշխատանոցը ո՛չ միայն «Պզտիկ-մզտիկ»-ի արձանագրած յաջողութիւնն է, այլ նաեւ «Ազդակ»-ի իրագործումներէն մէկը կը նկատուի, ինչ որ նաեւ պարտաւորեցնող է` զայն աւանդութեան վերածելու առումով, որովհետեւ այս նախաձեռնութեան շուրջ համախմբուած են վաղուան լրագրողները:
Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց դպրոցներու տնօրէններուն` անոնց ընդառաջումին համար, ուսուցիչներուն` գործակցութեան, ծնողներուն` հոգատարութեան, փոքրիկներուն` խանդավառութեան, իսկ հովանաւորին` հաւատքին ու նեցուկին համար:
Ապա վկայագիրներ յանձնուեցան 92 փոքրիկ լրագրողներուն:
Բոլոր Հայկական Վարժարաններուն Մասնակցութեամբ
«Անսխալ Գրենք» Մրցում
26 նոյեմբեր 2017-ին «Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրական կազմին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ աւանդական դարձած «Անսխալ գրենք» մրցումը:
Նախակրթարանի վերջին երեք կարգերու աշակերտները, թիւով աւելի քան 250 հոգի, եկած հայկական բոլոր վարժարաններէն` Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Ս. Խաչ-Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Սրբուհի Ագնէս վարժարան, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան, Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարան, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական քոլեճ, Վահան Թէքէեան վարժարան, Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, Ազգային միացեալ վարժարան, ՀԲԸՄ-ի Պ. Կարմիրեան վարժարան եւ Համազգային Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան, մասնակցեցան մրցումին:
90-Ամեակ
«Ազդակ»-ի 90-ամեակի յոբելենական
յանձնախումբ
«Ազդակ»-ի 90-ամեակին առիթով ստեղծուեցաւ յոբելենական յանձնախումբ, որ կը բաղկանայ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչէն, «Ազդակ»-ի նախկին եւ ներկայ տնօրէններէն, գլխաւոր խմբագիրի պաշտօնը վարած խմբագիրներէն եւ ՀՅԴ Բիւրոյի Մամլոյ դիւանի պատասխանատուէն:
«Ազդակ»-ի 90-ամեակի յոբելենական յանձնախումբի անդամներն են Երուանդ Փամպուքեան (պատուոյ նախագահ), Յակոբ Բագրատունի (նախագահ), Վարանդ Փափազեան, Սարգիս Մահսէրէճեան, Նազարէթ Պէրպէրեան, Սիւզան Խարտալեան, Արտաշէս Շահբազեան եւ Շահան Գանտահարեան:
Յառաջացաւ նաեւ խմբագրական խորհուրդ մը, որուն մաս կազմեցին Շահան Գանտահարեան, Ժաք Յակոբեան, Նորա Բարսեղեան, Արշօ Պալեան եւ Տօնիկ Տօնապետեան:
«Ազդակ»-ի անդրանիկ թիւի
վերահրատարակութիւն
«Ազդակ»-ի 90-ամեակի հրատարակութիւններու ծիրին մէջ 5 մարտ 2017-ին հրատարակուեցաւ եւ օրաթերթին հետ մեր ընթերցողներուն բաժնուեցաւ թերթին առաջին թիւին` 5 մարտ 1927-ի օրինակը:
«Ազդակ»-ի 90-ամեակի Բացառիկ
«Ազդակ»-ի 90-ամեակին առիթով լոյս տեսաւ աւելի քան 400 էջ հաշուող յոբելենական բացառիկ մը, որ կը պարունակէ ուղերձներ, յուշագրութիւններ, վերլուծումներ, արխիւային լուսանկարներ, «Ազդակ»-ի դպրոցէն անցած խմբագիրներու եւ աշխատակիցներու անուանացանկեր: Ողջոյնի խօսքերով բովանդակութիւնը հարստացուցած են Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը, Արցախի Հանրապետութեան նախագահը, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարը, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Գրիգոր Պետրոս Ի. հոգեւոր պետը, վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան, ՀՅԴ Բիւրոն, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբերը, Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախի Հանրապետութենէն ու սփիւռքէն մտաւորականներ եւ ամէնէն կարեւոր թերթերու խմբագիրները: Յուշագրութիւններով, հարցազրոյցներով թէ յատուկ այս թիւին համար գրուած յօդուածներով «Ազդակ»-ի պատմութեան գրի առնուելուն համար կարեւոր ներդրում ունեցած են նախկին տնօրէններ, գլխաւոր խմբագիրներ, «Ազդակ»-ի աշխատակիցներ եւ մամլոյ գործիչներ:
Հայաստանի Ազգային Գրադարան-«Ազդակ»
Համագործակցութիւնը` 90-ամեակի Ծիրին Մէջ
«Ազդակ»-ի 90-ամեակի ծրագիրներու ընդհանուր ծիրին մէջ Հայաստանի Ազգային գրադարանի եւ «Ազդակ»-ի համագործակցութիւնը կը շարունակուի` հայ մամուլի թուայնացման ծաւալային աշխատանքներ իրականացնելու ուղղութեամբ:
10 փետրուարին «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան տեսակցութիւն ունեցաւ Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեանի հետ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Աղասի Ազիզեան, որ իր նպաստը կը բերէ յատկապէս դաշնակցական մամուլի նկարահանուած թիւերը «Ազդակ»-ին հասցնելու աշխատանքին, ինչպէս նաեւ` Ազգային գրադարանի փոխտնօրէն Հայկանուշ Ղազարեան:
Այս համագործակցութիւնը հետզհետէ կը զարգանայ այն առումով, որ մամուլի եւ ընդհանրապէս հնատիպ հրատարակութիւններու հսկայական շտեմարան ունեցող Հայաստանի Ազգային գրադարանի նկարահանման եւ թուայնացման բաժանմունքը լիաժամ եւ արհեստավարժ աշխատանք կը կատարէ տպագիր ծաւալուն արխիւները թուայնացնելու եւ «Ազդակ»-ի հետ համագործակութեամբ այդ բոլորը նաեւ որակաւոր որոնման համակարգով օժտելու իմաստով:
Այս հանդիպումին ընթացքին Շահան Գանտահարեան Տիգրան Զարգարեանին յանձնեց «Ազդակ»-ի յարկին տակ թուայնացուած «Գոյամարտ»-ի «տի. վի. տի.»-ներուն օրինակները:
«Ազդակ»-ի 90-ամեակին առիթով հանդիպում`
Երեւանի Պետական համալսարանի ուսանողներուն հետ

«Ազդակ» օրաթերթի համարները համալսարանականների սեղանին են, ամպիոնի մօտ` նախկին ու ներկայիս խմբագիրները:
«Ազդակ»-ի 90-ամեակին նախօրեակին` փետրուարին, պատմաբան, հայագէտ, օրաթերթի նախկին տնօրէն Երուանդ Փամպուքեանն ու թերթի այժմու տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանը Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքի ուսանողներուն ներկայացուցին թերթին առնչուած կատարուած եւ կատարուելիք աշխատանքները:
Երուանդ Փամպուքեան յիշեց Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին վրայ հայոց պատմութիւն ուսանած տարիները: «Կեանքի բերումով այնպէս եղաւ, որ ուսուցիչէն դարձայ խմբագիր, ինչպէս մեր Սիմոն Վրացեանը` վարչապետէն դարձաւ վարժապետ»:
«Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, խօսելով օրաթերթի ծագումին, անցած ուղիին եւ այն մարտահրաւէրներուն մասին, որոնք ցայսօր ծառացած են տպագիր մամուլին առջեւ, նշեց, որ նման պայմաններու մէջ իսկ «Ազդակ» շարունակած է, կը շարունակէ եւ պիտի շարունակէ հայապահպան իր գործունէութիւնը: Գանտահարեան հաստատեց, որ օրաթերթը հայապահպան լուրջ առաքելութիւն ունի:
Այնուհետեւ անդրադարձ կատարուեցաւ Երիտասարդ լրագրողներու վերապատրաստման ծրագիրին, որուն ծիրին մէջ տեղի կ’ունենայ սփիւռքի լրագրողներու, մանկավարժներու վերապատրաստում` Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքին եւ Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկին ջանքերով: Այս քայլը «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիրը ողջունելի նկատեց եւ աւելցուց, որ ատիկա կ’օգնէ նաեւ Հայաստանէն Լիբանան եկող լրագրողներուն, մասնագէտներուն մասնակցութեամբ արդէն Լիբանանի մէջ կազմակերպելու փորձի փոխանակման նմանատիպ ծրագիր-դասընթացք:
«Ազդակ»-ի 90-ամեակի Նշում Եւ Քննարկում` Մասնակցութեամբ
Արցախի Տեղեկատուական Հարցերու Պատասխանատուներուն Հետ
«Ազդակ»-ի 90-ամեակին առիթով 9 յունիս 2017-ին «Ապառաժ»-ի նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Արցախի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է հանդիպում «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանի հետ: Հանդիպումին կը մասնակցէին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, Արցախի Հանրապետութեան պետական օղակներու տեղեկատուութեան եւ մամուլի պատասխանատուներ, Արցախի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ, փորձառու լրագրողներ:
Շահան Գանտահարեան ներկայացուցած է օրաթերթի 90-ամեակին առիթով կատարուած աշխատանքները` յատկապէս կարեւոր նկատելով արխիւի թուայնացումը:
Արցախի լրատուական դաշտի ներկայացուցիչները` շնորհաւորելով «Ազդակ»-ի յոբելեանը, քննարկեցին Արցախի լրատուամիջոցներուն հետ համագործակցութիւնը խորացնելու, փորձի փոխանակման, փոխադարձ այցելութիւններու կարելիութիւնները եւ այլ հարցեր:
Հանդիպումին կը մասնակցէին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան, Արցախի վարչապետի մամլոյ քարտուղար Արտակ Բեգլարեան, Լրագրողներու միութեան նախագահ Կիմ Գաբրիէլեան, «Ազատ Արցախ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Լէոնիտ Մարտիրոսեան, «Արցախփրես» լրատուական գործակալութեան տնօրէն Վահրամ Պօղոսեան եւ լրագրող Միքայէլ Հաջեան:
Ափոլլոյին (Սարգիս Տուտագլեան) Արձանը
Կանգնեցաւ Պուրճ Համուտի Մէջ
«Ազդակ»-ի 90-ամեակին առիթով Պուրճ Համուտի «Արին» կեդրոնի վարչութիւնը գեղեցիկ գաղափարը յղացաւ կեդրոնէն դէպի մայր պողոտայ նայող անկիւնին վրայ կանգնեցնել «Ազդակ»-ի ցրուիչներէն Սարգիս Տուտագլեանի (ճանչցուած` Ափոլլօ) արձանը: Ափոլլոն բառացիօրէն մինչեւ իր մահը, յառաջացած տարիքին, շարունակեց ցրուել «Ազդակ»-ը` Մար Մըխայէլի իր հաւատարիմ բաժանորդներուն:
Մամուլի այս գործիչներու, աշխատակիցներու խաւը, լուսարձակներէ հեռու, առաւօտեան կանուխ ժամերէն, ամէ՛ն օր, տարուան բոլոր եղանակներուն թերթը հասցուցած են հայ ընտանիքին, նոյնիսկ քաղաքացիական պատերազմի ամէնէն վտանգաւոր օրերուն:
Ափոլլոյի կերպարի անմահացման ճամբով ըստ էութեան մամուլի անխոնջ գործիչներու այդ խաւն է, որ կ՛արժեւորուի:
Արձանի տեղադրման շինարարական աշխատանքները ստանձնած է Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը: Քանդակագործն է գաղութին մէջ կերպարուեստի մարզին մէջ անուն վաստկած Վարդան Աւէսեան, որուն նախագիծը հարազատագոյն ձեւով կը ներկայացնէ Ափոլլոյի կերպարը:
Այս առիթով մեր յօդուածագիրներէն Յակոբ Լատոյեանի ստորագրած գրութեան մէջ կը կարդանք. «Այս քայլը կրկնակի իմաստ ունի: Դաշնակցական համեստ գործիչը անմահացնելու եւ անոր ընդմէջէն դաշնակցական եւ Դաշնակցութեան համակիր հազարաւոր հայորդիներու գործը գնահատելու եւ վեր պահելու փորձ է:
«Մեզի համար իւրաքանչիւր համեստ եւ ազնիւ հայու ներդրումը, աշխատանքը եւ զոհողութիւնը գնահատելի է, եւ մենք երախտագէտ ենք կատարուած եւ կատարուելիք աշխատանքներուն համար:
«Երկրորդ, «Ազդակ»-ի 90-ամեակը գաղութին մէջ անմահացնելն է արձանով մը, որովհետեւ «Ազդակ»-ը դաշնակցական գաղափարախօսութեան եւ մարդուժ պատրաստող դպրոց եղած է ու է տակաւին: Փաստօրէն ամէնէն կարեւոր մարմիններէն մինչեւ ամէնէն համեստ յանձնախումբերուն մէջ սփիւռքի եւ Հայաստանի տարածքին տղաք կան, որոնք պատասխանատու պաշտօններու վրայ են, եւ բոլորն ալ «Ազդակ»-ի խմբագրատունէն անցած են: Բոլորն ալ «Ազդակ»-ի մութ ու լոյս տարիներուն իրենց կեանքը վտանգած են, սորված եւ սորվեցուցած են:
«Այսօր այս արձանը այս իմաստով կրկնակի իմաստ ունի»:
Ցեղասպանութեան 50-ամեակի
Կրծքանշանը` «Ազդակ»-ին
«Ազդակ»-ի 90-ամեակին առիթով, բժիշկ Յարութիւն Նագուլեան «Ազդակ»-ին նուիրեց Հայոց ցեղասպանութեան 50-ամեակին առիթով Երեւանի մէջ պատրաստուած լոկօ-կրծքանշանը, զոր կը կրէին ժողովրդային ցոյցերուն կազմակերպիչները: Թանգարանային իրի նշանակութիւն ունեցող այս խորհրդանիշը գործն է հայրենի գեղանկարիչ Ռուբէն Յովնաթանեանի:
Այլ Աշխատանքներ
Արցախի նախագահի մամլոյ բանբեր
Դաւիթ Բաբայեանի հանդիպումը լիբանանահայ կուսակցական եւ
միութենական պաշտօնաթերթերու գլխաւոր խմբագիրներու հետ
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան 13 ապրիլին «Ազդակ»-ի «Չաղլասեան» սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ լիբանանահայ կուսակցական եւ միութենական պաշտօնաթերթերու գլխաւոր խմբագիրներու հետ:
Հանդիպումին նպատակին անդրադարձաւ «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, որ դիտել տուաւ, թէ Արցախի նախագահական բանբերին ներկայութիւնը կարեւոր առիթ է արցախեան իրադարձութիւններուն եւ լրատուամիջոցներուն դերակատարութեան քննարկումը կատարելու եւ անդրադառնալու այն ուղղութիւններուն, զորս անհրաժեշտ է որդեգրել:
Դաւիթ Բաբայեանի հետ զրոյցին ընդմէջէն լուսարձակի տակ առնուեցան Արցախը յուզող տարբեր հարցեր, արտաքին ու ներքին ճակատի վրայ տեղի ունեցած եւ ունեցող իրադարձութիւններ, անոնց դրական ու ժխտական անդրադարձը արցախեան տագնապին վրայ, ինչպէս նաեւ յատուկ կերպով շեշտը դրուեցաւ լրատուամիջոցներուն դերակատարութեան վրայ, որ շատ կարեւոր է եւ որ կրնայ ըլլալ շատ օգտաշատ կամ բոլորովին վնասակար:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբերը հաստատեց, որ սփիւռքի հայութիւնը եւս շատ կարեւոր է Արցախի համար, իսկ լրատուամիջոցները ունին առանցքային դերակատարութիւն: Անոր համաձայն, յատկապէս ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին եւ անոր յաջորդող փուլին շատ զգալի էր սփիւռքահայութեան եւ մամուլին ներկայութիւնը Արցախի կողքին:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ արցախեան տագնապի լուծման վերաբերող բանակցութիւններուն պարզած պատկերին, ապագայի հեռանկարներուն, ներկայիս սահմանին վրայ տիրող կացութեան եւ միջազգային մակարդակի վրայ պահուող լռութեան, որ կրնայ յուշել, թէ մօտիկ ապագային յատկանշական զարգացումներ ակնկալելի չեն:
Նախարար Հրանուշ Յակոբեան Անփոխարինելի Կը Նկատէ
Լիբանանահայ Լրատուամիջոցներուն Դերակատարութիւնը
14 յուլիս 2017-ին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հանդիպումը Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի հետ:
«Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր, Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի նախագահ Շահան Գանտահարեան ողջունեց ներկաներն ու նախարարը:
Ապա նախարար Յակոբեան անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ նախորդող օրերուն Պիքֆայայի մէջ տեղի ունեցած «Սփիւռքը նոր հորիզոններու դիմաց. Սփիւռքի հայուն ինքնահասկացողութիւնը» խորագիրով համախմբումին: Ան դիտել տուաւ, որ յատուկ կերպով պէտք է ուշադրութիւն դարձնել երիտասարդներուն, ելեկտրոնային տարբեր միջոցներով միշտ փորձել անոնց հետ կապ պահել միշտ ներկայացնելով հայկական իրականութեան մէջ պայծառ ու հպարտութիւն առթող դէմքերն ու դէպքերը, մղել զանոնք, որ հպարտ զգան իրենց հայկական ինքնութեամբ: Նախարարը կարեւոր նկատեց նաեւ Արցախի նիւթը մնայուն լուսարձակի տակ պահելը, ազատագրուած հողի պահպանման համար պայքարին վրայ շեշտը դնելը, ինչպէս նաեւ անդրադառնալը Հայաստանի մէջ կատարուող բարեփոխումներուն, յատկապէս տնտեսական նոր քաղաքականութեան, որուն ճամբով առեւտրականներն ու գործարարները աւելի ընդարձակ կարելիութիւններ պիտի ունենան: Հրանուշ Յակոբեան շեշտեց, որ լրատուամիջոցները պէտք է գործեն այնպէս, որ հայաստանեան քիչ մը բարդ թուացող օրէնքները աւելի պարզ ու մատչելի ոճով ներկայացուին գործարարներուն, որպէսզի անոնք գիտակցին, թէ հայրենիքի մէջ աշխատանքի նախաձեռնելու ի՛նչ կարելիութիւններ կան:
Շնորհակալութիւն յայտնելով լրատուամիջոցներուն` սփիւռքի նախարարութեան բազմաբնոյթ ու բազմաճիւղ աշխատանքներուն մասին հանրային կարծիքը տեղեակ պահելնուն համար` ան կարեւոր նկատեց ասիկա, որովհետեւ, ըստ նախարարին, լրատուամիջոցները նախարարութեան նեցուկը, զէնքը, դեսպաններն ու ներկայացուցիչներն են, որոնց ճամբով նախարարութիւնը իրազեկ կ’ըլլայ սփիւռքի պահանջներուն ու ակնկալութիւններուն, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայութիւնը կը ծանօթանայ նախարարութեան գործունէութեան:
Իր խօսքի վերջին բաժինով, սփիւռքի նախարարը խօսեցաւ Համահայկական 6-րդ համաժողովին մասին, որուն շուրջ նախատեսուած է համախմբել 1500-1600 հայեր, ինչ որ ցոյց կու տայ հայութեան հզօրութիւնը, միասնականութիւնը, նման նախաձեռնութիւն նաեւ ուժի ցուցադրութեան առիթ է` յաչս թշնամիին, ինչպէս նաեւ առիթ է տարբեր կողմերու միջեւ կապերու հաստատման, համագործակցութեան նոր հորիզոններու ստեղծման: Նախարարը խօսեցաւ համաժողովին ընթացքին տեղի ունենալիք ժողովներուն, կլոր սեղաններուն, մշակութային նախաձեռնութիւններուն եւ տրուելիք այցելութիւններուն մասին` մաղթելով, որ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները մասնակցին նման կարեւոր համաժողովի:
Գրիգոր Ակոբեանի Նուէրը
«Ազդակ»-ին
«Ազդակ»-ի գեղանկարներու հաւաքածոն հարստացաւ լիբանանահայ քանատաբնակ անուանի գեղանկարիչ Գրիգոր Ակոբեանի մէկ տպաւորիչ գործով: Ակոբեանի բարձրորակ արուեստին տարբեր առիթներով անդրադարձած է «Ազդակ»:
«Ազդակ»-ի սեփականութիւնը դարձած գեղանկարը կը կրէ «Աստուածներու պտուղներ» (ֆրիւ տէ տիէօ) խորագիրը:
«Ազդակ» արդէն 90-ամեակը թեւակոխեց, սակայն 9 տասնեակ տարիները չեն ծերացուցած եւ չեն ալ կրնար ծերացնել թերթը, որ ամէնօրեայ թարմացման ուղիով կ’ընթանայ, եռացող հեւքով կը զօրանայ, 90 տարուան փորձառութեամբ եւ պատմութեամբ կը հզօրանայ` առանց ունենալու այն յաւակնութիւնը, որ արդէն գոհ է իր կարգավիճակէն կամ իրեն համար յաւելեալ զարգացման, բարելաւման ու բարգաւաճման գագաթներ չկան ալ: 90 տարուան անխափան գործունէութիւնը այսօր յաւելեալ պարտք կը դնէ «Ազդակ»-ի ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամի ուսերուն` կարելի եղածին չափ կատարելագոյնս ամբողջացնելու իրեն վստահուած գործը, անտեսելով ամէն դժուարութիւն ու քննադատութիւն մնալու դրական ու գործօն, որպէսզի բոլորս միասին, նաեւ` մեր հաւատարիմ ընթերցողներուն հետ, կարենանք շարունակել երթը եւ յառաջիկայ սերունդներուն յանձնել այս աւանդը` միշտ փորձելով արժանի յաջորդը ըլլալ «Ազդակ»-ի տան մէջ ապրած ու գործած իւրաքանչիւր նուիրեալի:
(Շար. 2 եւ վերջ)