Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Աննման Ուսուցչուհին Եւ Անմոռանալի Դաստիարակը` Օլիվիա Վ. Պալեան

$
0
0

ՍՕՍԻ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ-ՊԱԼԵԱՆ

Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած ազգային գործիչ Վահան Պալեանի (եղբայրը` Հայկ Պալեանի` «Ազդակ» թերթի հիմնադիր եւ խմբագիր) եւ Սալմա Ղոսն Սաուայայի զաւակն էր Օլիվիան, ծնած 22 սեպտեմբեր 1927-ին, Պէյրութ, մահացաւ 15 սեպտեմբեր 2017-ին, շաբաթ մը առաջ իր 90-րդ տարեդարձէն: Օլիվիան իր հեզահամբոյր, յարգալիր, ազգասէր եւ աշխատասէր նկարագիրով իր յատուկ տեղը ունեցած է Պալեան գերդաստանին մէջ եւ վայելած` բոլորին սէրն ու յարգանքը:

Իսկ Օլիվիային մօրաքրոջ աղջիկը` Նուհատը, անոր ամուսինը` Ֆուատ Քութայլի եւ իրենց երեք զաւակները` Նուր, Միրնա եւ Լինա, զինք սիրած են իբրեւ հարազատ մօրաքոյր եւ վայելած` իր բոլոր բարիքները, սէր` արուեստի, նուագի եւ բնութեան հանդէպ, աշխատասիրութիւն, պարտաճանաչութիւն եւ, ինչպէս Միրնան կը վկայէ, ան երկրորդ մայր եղած է իրենց համար:

Ան իր նախնական ուսումը ստացած է Էշրեֆիէի Սուրբ Յակոբ դպրոցին մէջ, իսկ երկրորդականի վկայականը` Աղջկանց ամերիկեան դպրոցէն, Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ դիմաց, պետական երաժշտանոցին կից (այժմ փակուած): Ապա 1946-ին ստացած է իր Ասոշիյէթ տիկրին` մասնագիտանալով անգլերէն լեզուի դասաւանդութեան մէջ, Ճիւնիյոր քոլեճէն (վերջը կոչուած` Պէյրութ քոլեճ ֆոր վումըն, իսկ ներկայիս Էլ. Էյ. Եու):

Շրջանաւարտ ըլլալէն անմիջապէս ետք կը սկսի իր ուսուցչական ասպարէզը Սուրբ Նշան վարժարանին մէջ եւ տարի մը ետք` 1947-ի հոկտեմբերին, հօրը (Ս. Յակոբ դպրոցին հոգաբարձութեան ատենապետ) պնդումին վրայ` թէ Սուրբ Յակոբ դպրոցը իր ուսուցչական ձիրքերուն պէտք ունի, ան ստիպուած կը միանայ իր մայր դպրոցի ուսուցչական կազմին եւ գոհունակ սրտով եւ մեծ նուիրումով կը ծառայէ մինչեւ 1964: Նոյն տարին ան կը կորսնցնէ իր հայրը, եւ օրուան առաջնորդը` Տաճատ սրբազանը կը մօտենայ Օլիվիային եւ կ՛ըսէ. «Աղջի՛կս, քու բարձրորակ պատրաստութեամբդ դուն պէտք է երկրորդականի մէջ դասաւանդես, եւ մենք կ՛առաջարկենք, որ դուն ձգես Չաթալպաշեանը (նախկին Ս. Յ. դպրոց) եւ միանաս նորաստեղծ Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան երկրորդական վարժարանին` իբրեւ անգլերէնի ուսուցչուհի, օգտակար դառնալու Պուրճ Համուտի նորահաս սերունդին:

Օլիվիան չէր կրնար մերժել այս տեսակ առաջարկ մը, եւ ան շուտով գործի կ՛անցնի նորանշանակ տնօրէն Կարօ Պետրոսեանին հետ, եւ ձեռք ձեռքի տուած` կը սկսին դպրոցին կահաւորումին, որպէսզի պատրաստ ըլլայ վերամուտին:

Օլիվիան, անգլերէն լեզուի դասաւանդութեան կողքին, նաեւ կը սկսի նկարչութեան դաս տալ: Ան յատուկ տաղանդ ունէր արուեստի, մանաւանդ ձեռագործ, ասեղնագործ եւ կաւի ամաններու վրայ գծագրութեան մէջ: Ան նաեւ իր նկարչութեան տաղանդը զարգացուցած է` շնորհիւ իր ազգականներէն մէկուն, որ Ամերիկայէն գալով` կ՛այցելէ իրենց, իրեն նուէր կը բերէ տրցակ մը «Painting by Numbers», նկարչութիւն` թիւերով: Ուրեմն, երբ կը սկսի աշակերտներուն սորվեցնել, ամէն մէկ աշակերտ առիթ կ՛ունենայ երկուքէն չորս կտորներով մասնակցիլ 1965-ին Լ. եւ Ս. Յակոբեան վարժարանի առաջին աշակերտական ցուցահանդէսին, որ շատ մեծ արձագանգ կը գտնէ գաղութին մէջ: Օլիվիա Պալեան առաջարկներ կը ստանայ կարգ մը վարժարաններէ, որ իրենց դպրոցներուն մէջ ալ դասաւանդէ, բայց ան կը մերժէ. միայն յատուկ արտօնութեամբ կը շարունակէ նկարչութիւն դասաւանդել Շուէյֆաթի դպրոցին մէջ, քանի որ տարիներ առաջ արդէն ան պայմանաւորուած էր անոնց հետ:

Դժբախտաբար իր բոլոր գործերը կը փճանան Լիբանանի պատերազմին, երբ իրենց տունը կ՛այրի, եւ անկէ ետք ան չի կրնար Ամերիկայէն բերել պէտք եղած կտորները, ուստի կը դադրի նկարչութեան դաս տալէ: Երեք տարի վերջ դպրոցը կ՛ունենայ հանրածանօթ նկարիչ Փոլ Կիրակոսեանը` իբրեւ նկարչութեան ուսուցիչ:

Օլիվիան նաեւ գործօն ներդրում ունեցած է Լիբանանահայ օգնութեան խաչին մէջ` անդամակցելով Էշրեֆիէի մասնաճիւղին եւ ըլլալով Շրջանային վարչութեան ալ աննկուն ծառայող:

Ընկերային գետնի վրայ Օլիվիան գոհունակ սրտով կը վկայէր, որ ուսուցչութեան օրերուն Լ. եւ Ս. Յակոբեանին մէջ աշակերտները պարտաճանաչ էին, ուսուցչութեան կազմին մէջ լաւ գործակցութիւն կը տիրէր եւ նուիրում կար գործին նկատմամբ: Ուսուցիչ աշակերտ քոյր-եղբայր էին, եւ ուսուցիչները ընկերային հաւաքներ կը կազմակերպէին իրենց տուներուն մէջ` աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն համար:

Ան նաեւ կը վկայէ, որ պաշտօնակիցներ մինչեւ վերջերս կ՛այցելէին իրեն, իսկ արտասահման եղողներն ալ կը թղթակցին իրեն հետ:

Օլիվիան ամուսնանալով ընտանիք չկազմեց, բայց իր մայրական սէրն ու գուրգուրանքը տածեց իր մօրաքրոջ աղջկան զաւակներուն եւ բազմաթիւ չքաւոր աշակերտներուն նկատմամբ: Ան մօր մը նման կը հետեւէր անոնց պէտքերուն եւ անպայման լուծում կը գտնէր անոնց հարցերուն` իր համեստ եկամուտով եւ կամ կը դիմէր իր սիրելի եւ վիճակով լաւ բարեկամներուն կամ ազգականներուն, որոնք միշտ պատրաստ էին օգնութեան հասնելու այս չքաւոր աշակերտներուն. ոմանք` գոգնոցի պէտք ունէին, ուրիշներ գիրքի, ոմանք գրենական պիտոյքներու:

Հոս պարտ կը սեպեմ ձեզի հետ բաժնեկցիլ  Յարութիւն Սասունեանի վկայութիւնը, զոր ան ղրկեց հազիւ Օլիվիային մահուան գուժը իմացաւ. «Ես Լիբանանը ձգեցի մօտաւորապէս 50 տարիներ առաջ, բայց դեռ լաւ կը յիշեմ, կարծես երէկ ըլլար իր նուիրումը եւ յանձնառութիւնը` մեզի անգլերէն սորվեցնելու, ինչ որ օգնեց ինծի Միացեալ Նահանգներու մէջ ամբողջ կեանքիս ընթացքին, եւ վերջաւորութեան ես դարձայ խմբագիր եւ հրատարակիչը անգլերէն լեզուով լրագիրի մը` «Քալիֆորնիա Քուրիըր»-ի: Աւելի՛ն. չեմ կրնար երբեք մոռնալ իր առատաձեռնութիւնը` վճարելով իմ տարեթոշակս Լ. եւ Ս. Յակոբեան երկրորդական վարժարանի իր համեստ ամսականովը, երբ ես վտարուած էի դպրոցէն, քանի որ ծնողներս կարող չէին վճարել իմ տարեթոշակս:

Ես յաւիտենապէս երախտապարտ եմ իրեն, որ զիս փրկեց երկրորդական վարժարանէն դուրս դրուած անձ մը ըլլալէ:

Իմ խորին ցաւակցութիւններս` իր ընտանիքին եւ ձեզի»:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
(Սասունեանի խօսքը կարդացուեցաւ յուղարկաւորութեան ատեն)

6 մարտ 2014-ը Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի հիմնադրութեան 50-ամեակին տօնակատարութեամբ յատուկ օր մը եղաւ մասնաւորաբար Օլիվիային համար, երբ շրջանաւարտները պատուեցին երկարամեայ (10-37 տարիներ) ծառայութիւն ունեցող իրենց ուսուցիչները: Այն պահուն, երբ պատուըւող ուսուցիչները մէկ առ մէկ սրահ կը մտնէին, անոնց վերջինը Օլիվիան էր, որ դպրոցին առաջին ուսուցչուհին եղած էր եւ ծառայած` 21 տարի, այդ պահուն սրահը թնդաց շրջանաւարտներու, ծնողներու եւ ուսուցիչներու ծափահարութիւններով: Այս եղաւ իր վերջին կապը իր շատ սիրելի դպրոցին հետ: Հոս կը ցաւիմ ըսելու, որ յետմահու ան չունեցաւ նոյն յարգանքը, իր յուղարկաւորութեան միայն 14 անձեր` բարեկամ, տնօրէն, քանի մը աշակերտներ եւ ազգականներ ներկայ էին, իսկ ցաւակցութեան եկաւ միայն մէկ աշակերտուհի` իր ամուսնոյն հետ, ինչ որ մեծ ցաւ պատճառեց իր մօրը կողմէ ազգականներուն, որոնք խուռներամ ներկայ եղան յուղարկաւորութեան եւ ցաւակցութեան օրը, բայց Յարութ Սասունեանին ցաւակցական գիրը մեծ սփոփանք պատճառեց անոնց:

Սիրելի՛ Օլիվիա, մենք ազգականական կապ չունինք, պարզ զուգադիպութիւն մըն է, որ երկուքս ալ նոյն մականունը կը կրենք (թէեւ տեղացի ազգականներդ ընդունած են զիս իբրեւ ազգական եւ աւելին), ոչ ալ աշակերտած եմ քեզի, մեր մտերմութիւնը կու գայ մեր ծնողներուն անցեալի բարեկամութենէն եւ գործակցութենէն: Պատանի հասակէս քեզ ճանչցած էի իբրեւ անուշիկ, ուսեալ անգլերէնի ուսուցչուհի եւ տիպար հայուհի մը: Ինչո՞ւ մեղքս պահեմ, նախանձած էի երկրորդական դասընկերուհիներուս` Վարդուհիին եւ Սեդային, որոնք վայլած էին քեզի պէս պատկառելի ուսուցչուհիի մը հոգատարութիւնը` Սուրբ Յակոբ դպրոցին մէջ: Բայց ես ալ բախտը ունեցայ վերջին քսան տարիներուն վայելելու քու մտերմութիւնդ` մեր յաճախակի այցելութիւններուն ընդմէջէն:

Քեզի համար տօնական օր կ՛ըլլար, երբ անցեալի պաշտօնակիցներէդ կամ աշակերտներէդ մէկը բերէի հետս: Իսկ երբ այդ հիւրը Յարութ Սասունեանն էր, ձեր ողջագուրումը, ջերմ խօսակցութիւնը, կողք-կողքի նստած մտերմութիւնը այնպիսին էր, որ կարծես մայր մը կարօտով միացած ըլլար իր պանդուխտ որդւոյն:

Յիշատակնե՜ր…

Օլիվիա Պալեանին առողջութիւնը վատթարացաւ իր կեանքին վերջին ամիսներուն, երբ ան մահաքունի մէջ էր, Ֆուատը եւ անոր կինը` Նուհատը զինք տարին լաւագոյն հիւանդանոցներէն մէկը եւ վստահեցան կարող բժիշկներու խնամքին, հրաշքը չուշացաւ եւ երկու ամիս վերջ ան մահաքունէն արթնցաւ եւ լրիւ իր գիտակցութիւնը վերագտաւ: Քանի մը օր ետք ան այլեւս հիւանդանոցային խնամքի պէտք չունէր, եւ փոխադրեցինք զինք Պուրճ Համուտի հայկական տարեցներու տունը (ՔԱՀԼ)` իր ազգականներուն փափաքով: Հոս ան իր հանգիստը գտաւ եւ պէտք եղած խնամքը, յարգանքը եւ սէրը վայելեց պաշտօնէութեան կողմէ:

Այցելութեանս ատեն ան կը մոռնար իր ցաւերը եւ կ՛երթար անցեալի յուշերուն, երախտապարտ ոգիով կը խօսէր ազգականներուն ամէնօրեայ այցելութիւններուն մասին եւ անոնց զաւակներուն հեռաւոր Ամերիկայէն օրը քանի մը անգամ հեռախօսելուն: Կը յիշէր բարեկամները, պաշտօնակիցները եւ անցեալի աշակերտները: Բայց երբ ըսաւ. «Վարդուհին ո՞ւր է, ինչո՞ւ չի գար»,  պահեցի իրողութիւնը եւ ակամայ ըսի. «Վարդուհին ճամբորդեր է»: Թող ներէ ինծի, որովհետեւ  ճշմարտութիւնը այն էր, որ Վարդուհի Անթօյեանը մահացած էր վեց ամիս առաջ:

Սիրելի՛ Օլիվիա, շա՛տ կը ներես, որ քեզմէ պահեցի իրողութիւնը` խնայելու համար քեզի այն վիշտը, որ պիտի ապրէիր շատ սիրելի աշակերտուհիիդ (Սուրբ Յակոբ դպրոցէն կորուստին պատճառով): Երբ կը բաժնուէի քեզմէ, ինծի ըսիր. «Վարդուհիին ըսէ, որ թող քովս գայ»: Ի՛նչ առեղծուած, ամիս մը վերջ դուն իր քովը գացիր:

Սիրելի՛ Օլիվիա, ընդառաջելով քու փափաքիդ, ազգականներդ յուղարկաւորութեան արարողութիւնդ ըրին քու շատ սիրելի եկեղեցիիդ` Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցիին մէջ: Հոս նաեւ պարզ զուգադիպութիւն չէր, որ քահանան իր պատգամին մէջ շատ գեղեցիկ վերլուծում մը ըրաւ քու անունիդ եւ քու ապրած կեանքիդ: Ան ըսաւ, որ քու անունդ կու գայ ձիթենիի ծառէն, որ մշտադալար է, երկարակեաց եւ առատապէս պտղաբեր: Դուն ալ ճիշդ անունիդ տէրն ես, 39 երկար տարիներ զոհաբերուեցար ազգին մատղաշ սերունդները դաստիարակելու համար:

Վերջապէս, քու մարդասիրութիւնդ, ազգային ոգիդ, մաքրամաքուր հայերէնի գործածութիւնդ (հակառակ մօրդ տեղացի ըլլալուն եւ կատարեալ արաբերէն խօսելուդ), ընթերցասիրութիւնդ (շատ տանջուեցար վերջին տարիներուն, երբ «Ազդակ» օրաթերթը քեզի հասանելի չէր, եւ մենք կը հաւաքէինք ու քանի մը ամիս անգամ մը կը բերէինք քեզի), իմաստութիւնդ, համեստութիւնդ, լայնախոհութիւնդ, սէրդ եւ գուրգուրանքդ մարդ էակին հանդէպ եւ ծառայութեան ոգիդ քեզ դարձուցին տիպար հայուհի մը, որ իր շրջապատէն միայն սիրուեցաւ, յարգուեցաւ եւ դարձաւ օրինակելի անձնաւորութիւն մը:

Սիրելի՛ Օլիվիա, 39 տարիներու անխոնջ ծառայութեամբդ` հայ ազգի մատղաշ սերունդին դաստիարակութեան մէջ, քու անշահախնդիր եւ իմաստուն նուիրումովդ` ուսուցչական ասպարէզին, դուն եղար տիպար օրինակ` քու գործակիցներուդ եւ ներշնչման աղբիւր, աշակերտներուդ, փաստ` շրջապատիդ, պաշտօնակիցիներուդ եւ անթիւ աշակերտներուդ վկայութիւնները:

Շա՛տ սիրելի Օլիվիա,

Յարգա՛նք քու անխոնջ վաստակիդ ու քու անմար յիշատակիդ:

 

 

 

25 – 10 – 2017


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>