Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Յետմահու Զրոյց` Օլիվիա Պալեանին Հետ (Մահուան Քառասունքին Առիթով)

$
0
0

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ

Այս տողերը կրնային երբեք չգրուիլ, եւ այս զրոյցը կրնար երբեք տեղի չունենալ, եթէ երբեք մեր վերջին ժամադրութիւնը յարգուէր, եւ մենք դարձեալ տեսնուէինք իրարու հետ: Ե՞ս ուշացայ, թէ՞ դուն աճապարեցիր մեկնելու` կարեւոր չէ: Կարեւորը ըսուելիք այն խօսքերն են, որոնք կենդանութեանդ կրնային ըսուիլ, բայց պարագաներու բերումով, այսօր, բացակայութեանդ կը փոխանցուին քեզի` յետմահու զրոյցի ճամբով:

Կը ներես, որ ուշ ճանչցանք քեզ, օրիո՛րդ Օլիվիա: Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի ուսումնառութեան մեր տարիներուն դուն անգլերէնի կատարեալ ուսուցչուհի մըն էիր մեզի համար: Համեստ, ազնիւ ու վեհանձն նկարագիրով դաստիարակ մը` լաւապէս տիրապետած օտար լեզուի գաղտնիքներուն: Այդ օրերուն, աւելի քան երեսունհինգ տարի առաջ, ոչ ոքի մտքէն կ՛անցնէր, որ դուն անգլերէնին չափ, ու թերեւս ա՛լ աւելի, կը տիրապետէիր հայերէնին, որովհետեւ դուն կու գայիր հայաշունչ պատուական ընտանիքէ մը, որուն գլուխը կանգնած էր Էշրեֆիէ թաղամասի հիմնադիրներէն, երկար տարիներու թաղապետ, պատասխանատու դաշնակցական Վահան Պալեանը:

Սխալեցանք մենք, օրիո՛րդ Օլիվիա, երբ օտարաշունչ անունէդ դատելով եւ օտար լեզուի դասաւանդութենէդ տարուելով` օրին ենթադրեցինք, որ ազգին ու ազգայինին հետ կապեր չունիս: Տարիներ պէտք եղան գիտնալու համար, որ դուն ազգին ու ազգայիններուն որքա՜ն ծառայած ես` իբրեւ հաւատաւոր ԼՕԽ-ական: Եղած ես ԼՕԽ-ի Էշրեֆիէի մասնաճիւղի անդամ ու ապա, չորս տարի, 1959-1963, ԼՕԽ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան քարտուղար:

Վախցանք խստապահանջ ուսուցիչի հռչակէդ եւ կարծեցինք, որ խստութիւնը մօտդ նկարագրային գիծ է, բնաւորութիւն է ու վարժութիւն: Բայց որքա՜ն զարմացանք, երբ տարիներ ետք յայտնաբերեցինք, որ այդ բոլորը սխալ տպաւորութիւններ էին: Աշակերտներուդ յաջողութեան հանդէպ նախանձախնդրութիւնդ էր, որ դպրոցին մէջ քեզ պահանջկոտ կը դարձնէր, մինչդեռ դուն դպրոցէն դուրս մայրական գորովալի հոգածութիւն մը կը ցուցաբերէիր անոնց հանդէպ: Վկայուելէ տարիներ ետք դուն աշակերտներդ իրենց ընտանիքներով կ՛ընդունէիր հիւրասէր յարկիդ տակ եւ անձամբ կը պատուէիր զանոնք` քու պատրաստած համեղ ճաշերովդ:

Ուշ գիտցանք, որ տէօրթեոլցի ընտանիքի մը շառաւիղներէն էիր: Պաշտօնավարած էիր Ազգային Ս. Նշան եւ Ղազար Չարըք (հետագային` Չաթալպաշեան) վարժարաններուն մէջ, իսկ 1964-էն մինչեւ 1985 անձնուիրաբար գործած էիր Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին մէջ, ուր գործակիցներ ունեցած էիր տնօրէններ` Կարօ Պետրոսեանը, Լեւոն Նահապետեանը եւ բազմատասնեակ ուսուցիչներ, որոնցմէ յատկապէս կը յիշէիր Նազարէթ Սեֆերեանը, Պետրոս Գալուստեանը, Հայկազուն Թրթռեանը, Ժոզեֆ Գալուստեանը եւ Փոլ Կիրակոսեանը` իրեն կապուած այնքա՜ն հաճելի յուշերով:

Թերացանք, երբ 30 տարի չփնտռեցինք քեզ, օրիո՛րդ Օլիվիա: Կարծեցինք ճամբորդած ես կամ` անվերադարձ մեկնած: Ու երբ, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի յիսնամեակին առիթով վերագտանք քեզ, նոր միայն իմացանք, որ դուն ո՛չ միայն քոլեճի առաջին ուսուցչական կազմին մաս կազմած ես, այլեւ անձամբ մասնակցած ես քոլեճին բացման ու կահաւորման աշխատանքներուն: Շրջած ես վաճառատունէ վաճառատուն` նորաբաց վարժարանին յարմարագոյն վարագոյրները, աթոռ-սեղանները ապահովելու համար: Իսկ այդ բոլորը կատարած ես նախանձելի աշխատասիրութեամբ եւ ժրաջան նուիրումով:

Ճիշդ է` տարիներ մոռցանք քեզ: Բայց երբ վերագտանք քեզ, փորձեցինք մեր պարտքը արժանաւորապէս հատուցել քեզի: Մարտ 2014-ին, այլ վաստակաւորներու կարգին, քեզի ալ պատուեցինք Ազգային առաջնորդարանին մէջ կազմակերպուած հանդիսութեամբ մը, ձեռամբ օրուան առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի: Այդ օր աննկարագրելի էր գոհունակութիւնդ` ի տես երկար տարիներու աշակերտ-աշակերտուհիներուդ, որոնք շուրջդ բոլորուած` տարիներու իրենց կարօտը կ՛առնէին քեզմէ: Այդ օր հանդիսութեան գլխաւոր դէմքն էիր, ամէնէն երէցն ու վաստակաւորը, որուն հանդէպ միայն յարգանք եւ ակնածանք կարելի էր տածել:

Այնուհետեւ, յաճախակի եղան մեր հանդիպումները, օրիո՛րդ Օլիվիա: Դուն փնտռեցիր մեզ, իսկ մենք` քեզ, մանաւանդ որ հանդիպելու այլ պատճառ մըն ալ ունէինք` տեւական պահանջած «Ազդակ»-ներդ: «Թերթը մերն էր», խոստովանեցար առիթով մը: Շա՛տ ճիշդ, «Ազդակ»-ի հիմնադիրն ու տէրը, երկար տարիներ, հօրեղբայրդ` Հայկ Պալեանն էր, որուն օրինակէն ազդուած կը թուէիր ըլլալ: Յատուկ կապուածութիւն մը ունէիր թերթին հանդէպ: Անոր համար ալ իւրաքանչիւր այցելուէ կը խնդրէիր ունենալ «Ազդակ»-ի վերջին թիւերը` գաղութի լուրերուն իրազեկ դառնալու եւ ընթերցանութեան ծարաւդ յագեցնելու համար:

Մեր վերջին հանդիպումներուն առողջութիւնդ քայքայման լուրջ նշաններ ցոյց կու տար, բայց դուն քեզմով մտահոգուելու փոխարէն` մեզմով կը մտահոգուէիր, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի ապագայով կը հետաքրքրուէիր: Կ՛ուզէիր գիտնալ Ազգային Միացեալ վարժարանի աշխատանքներուն ընթացքը եւ անոր բացումէն ետք` սիրելի քոլեճիդ ապագան, իր աշակերտութեամբ եւ կառոյցով:

Մեկնեցար` առանց փնտռած հարցումներուդ պատասխանները ունենալու: Մեկնեցար անձայն եւ անշուք, այնպէս` ինչպէս ապրած էիր ամբողջ կեանքիդ ընթացքին, առանց ծափի ու գնահատանքի, առանց շռայլ գովասանքի ու շքանշանի: Լա՛ւ որ կեանքիդ վերջալոյսին քոլէճդ յիշեց քեզ, այլապէս պատմութիւնը ապերախտ պիտի գտնուէր կրթական մշակի մը հանդէպ, որ իր կեանքին լաւագոյն տարիները սպառեց սերունդներու դաստիարակութեան վեհ գործին:

Ճակատագիրը այնպէս մը տնօրինեց, որ քեզմով սկսած քոլեճը քեզմով ալ վերջ գտաւ, օրիո՛րդ Օլիվիա: Մահուանդ գուժը փոխանցող մահազդը եղաւ սիրելի քոլեճիդ վերջին յայտարարութիւնը: Դուն մեկնեցար անդարձ` անջնջելի յուշեր եւ յիշատակներ ձգած երեսուն տարուան պաշտօնակիցներուդ եւ աշակերտներուդ հոգիներուն մէջ:

Ափսո՜ս, որ վերջին հրաժեշտիդ ներկայ եղան միայն երկու պաշտօնակից եւ հինգ նախկին աշակերտ:

Ժամանակները փոխուա՜ծ են, կ՛ըսեն, օրիորդ Օլիվիա: Չեմ գիտեր` փոխուողը ժամանակնե՞րն են, թէ՞ մարդիկը, որոնք սկսած են օրէ օր քիչ մը աւելի պարպուիլ բարոյական թէ ազգային ամէն արժէքէ, սկսած են մէկդի դնել յարգանքի եւ երախտագիտութեան ամէն զգացում` մոռնալով, որ հաւաքական մեր կեանքին առողջութիւնն ու ամրութիւնը պայմանաւորուած են քու եւ նմաններուդ կրթական, դաստիարակչական եւ ազգային աշխատանքով միայն:

Կը ներես, եթէ մարդիկ չճանչցան քեզ, օրիո՛րդ Օլիվիա:

Իսկապէ՛ս կը ներես:

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>