Պրիւսէլը՝ Եւրոպական Միութեան մայրաքաղաքը, դարձած է մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու հանդիպումի եւ բախումի կեդրոնավայր։ Քաղաքական ղեկավարներ, տնտեսագէտներ, մշակոյթի ու գիտութեան զանազան ասպարէզներու մարդիկ, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, երիտասարդներ կը հասնին այնտեղ իրենց ազգային դատը, հաւաքական շահը պաշտպանելու եւ կամ անձնական նպատակով՝ գործ, ուսում, զբօսաշրջութիւն։
Այս եռուն միջավայրին մէջ Յանուն արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան Եւրոպայի Հայերու դաշնակցութիւնը (իմա՝ EAFJD եւ կամ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը) իր 4-րդ համագումարը կազմակերպեց Հոկտեմբեր 18-19-ին՝ երկու օրուան երկայնքին, ուր նոյնպէս աշխարհի չորս ծագերէն Հայութեան տարբեր ներկայացուցիչներ՝ պետական, կրօնական, կուսակցական, մշակութային, երիտասարդական, կրթական, եւ Հայ դատի մասնագէտներ, եկած էին միասնաբար խորհրդածելու ապագայի ռազմավարական ծրագրերու շուրջ, հաշուետւութիւն կատարելու մօտիկ անցեալին իրագործուած աշխատանքներուն մասին։
Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի կազմակերպած համագումարը Պրիւսէլի նման բազմազգ կեդրոնի մէջ՝ համահունչ էր տիրող միջավայրին գոյութիւն ունեցող աշխարհաքաղաքական միջազգայնացած պայքարներուն։ Ան ունէր ճիշդ հնչողութիւն իր բովանդակութեամբ եւ հրաւիրեալ զեկուցաբերներու ընտրութեամբ, արծարծուած նիւթերու կարեւորութեամբ։ Նպատակայարմար որոշում էր նաեւ համագումարին լման մէկ օրուան (Հոկտեմբեր 19) նիստերուն ծրագրումը Եւրոպական խորհրդարանին մէջ, ուր Հայ դատի հետապնդումին, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն մերձեցման, Արցախի անկախութեան նեցուկ հանդիսանալու կարեւոր խնդիրներու քննարկման մասնակցեցան եւրոպացի խորհրդարանականներ, մասնագէտներ, դէտեր։
Որքան ալ Հայերը Եւրոպայի մէջ բնակչութեան քանակով՝ չնչին միաւոր մը ներկայացնեն, այսուհանդերձ, Հայ դատի հետապնդումը պէտք ունի չափուելու, բախելու եւրոպական արժէքներուն, պահանջներուն եւ չափանիշերուն, ծանօթացուելու Եւրոպայի մայրաքաղաքին մէջ։ Այս առումով Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի կազմակերպած 4-րդ համագումարը էական գործողութիւն մըն էր։
Իսկ այս առթիւ Ֆլամանական ու Վալոնական խորհրդարաններուն մէջ Արցախի Հանրապետութեան հետ բարեկամութեան խումբերու ստեղծումը, նախագահ՝ Բակօ Սահակեանի ներկայութեամբ, քաղաքական շատ կարեւոր նուաճում մըն էր։
Երեւանի մէջ կազմակերպուած Հայաստան-Սփիւռք համագումարները որքան ալ կարեւոր հանդիպումներ ըլլան Հայութեան գլխաւոր երկու հատուածներէն անձեր քով-քովի բերելու տեսանկիւնէն, որքան ալ հոն արծարծուող նիւթերը էական ըլլան Հայութեան առջեւ ծառացած խնդիրները քննարկելու առումով՝ անոնք կը մնան ապարդիւն, ոչ-գոհացուցիչ, իրենց զուտ ներհայկական բնոյթին, ներպետական քարոզչական մեքենային խիստ ենթակայութեան պատճառով։
Բարեբախտաբար, Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի կազմակերպած համագումարը կրցաւ պահպանել հաւասարակշռութիւնը հայկական պետական եւ կրօնական ներկայացուցչութեան եւ այլ մասնագիական ներկայացուցիչներու, զեկուցաբերներու միջեւ։
Այս՝ 4-րդ համագումարին կարեւոր երեւոյթներէն էր Ցեղասպանութեան ճանաչումէն անդին՝ հատուցման գործընթացին իրաւական գետնի վրայ հետապնդումը, հոգ չէ թէ՝ դար մը ուշացումով։ Այս առընչութեամբ՝ Արամ Ա. վեհափառի ներկայութիւնը եւ Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերստացման ուղղուած անոր դատական նախաձեռնութիւնը կարեւոր մեկնակէտ կը հանդիսանան Հայ դատի գրասենեակին կողմէ Armenian Legal Center-ի հիմնադրման, որուն պատասխանատւութիւնը ստանձնած է Քեն Խաչիկեան։
Բարեբախտաբար, Համագումարի աւարտին չհրատարակուեցաւ ազգը փրկելու կոչուած հռչակագիր։ Տարուած տքնաջան աշխատանքը շատ համեստ է բաղդատած Եւրոպական Միութեան մայրաքաղաքին մէջ գործի լծուած աշխարհաքաղաքական մտայնութիւններուն եւ շահերուն, անոնց ետին գտնուող ռազմավարական կեդրոններու տարած աշխատանքին եւ ի գործ դրած դրամագլուխին։ Յամրաքայլ նուաճումները կը մնան իսկական կայուն յառաջխաղացք։ Յանուն արդարութեան՝ պայքարը շարունակելու շարժիչ։
Ժ.Չ.