Սուրիոյ Խորհրդարանի Երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան Սոչիի Միջօրթոտոքսեան Խորհրդարանական ՀամաԺողովին Սուրիան Ներկայացուց
22 Հոկտեմբերին Սոչիի մէջ տեղի ունեցաւ միջօրթոտոքսեան խորհրդարանական ընկերակցութեան Կեդրոնական Մարմնի եւ մասնագիտական յանձնախումբերու համաժողովին պաշտօնական բացումը։
Համաժողովի առաջին նիստը տեղի ունեցաւ այսօր՝ 23 Հոկտեմբերին։
Սոյն ժողովին Սուրիան կը ներկայացնէր Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան, որ արաբերէնով խօսք առնելով ներկայացուց Սուրիոյ իրավիճակը։
Արտասանուած խօսքերը տեղւոյն վրայ կը թարգմանուէին չորս լեզուներու։
Րէիսեան իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ Սուրիոյ տագնապի հրահրման ու երկրին քանդումին մէջ Թուրքիոյ ունեցած դերին վրայ՝ դիտել տալով, որ միջազգային ընտանիքը 100 տարի առաջ նոյն բարբարոսներուն կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած Հայոց Ցեղասպնութիւնը դատապարտելու համար գործի չանցաւ, նոյնիսկ խօսքը զլացաւ։ Ահա թէ ինչո՛ւ Թուրքիա, նախորդ տարիներուն, նոյնանման ոճիրներ գործելու յանդգնութիւնը ունեցաւ Սուրիոյ մէջ՝ անտեսելով միջազգային բոլոր օրէնքներն ու ՄԱԿ-ի որոշումները։ Ան աւելցնելով ըսաւ, որ եթէ կարկինը լայն բանանք, նոյն ոճիրներուն կրկնութիւնը, նոյն ոճով ու անմարդկայնութեամբ պիտի տեսնենք նաեւ Արցախի սահմաններուն վրայ, Սումկայիթի ու Խոջալուի մէջ, այս անգամ Ատրպէյճանի կողմէ ի գործ դրուած։
Վերադառնալով Սուրիոյ իրավիճակին, Րէիսեան յայտնեց, որ անհրաժեշտ է հաշիւ պահանջել Թուրքիայէն, որպէսզի նման սպանդներ այլ երկիրներու մէջ ալ չկրկնուին։
Այնուհետեւ Կիպրոսի ներկայացուցիչը երկրորդելով Րէիսեանի ըսածները դիտել տուաւ, որ Կիպրոսի հարցը եւս Թուրքիոյ ոտնձգութիւններուն հետեւանքով յառաջացաւ եւ ժողովին առաջարկեց կոչ ուղղել միջազգային ընտանիքին՝ դատապարտելու Թուրքիան․ առաջարկը կրկնեցին նաեւ Յունաստանի, Հայաստանի եւ Ալպանիոյ ներկայացուցիչները։
Հայաստանի ներկայացուցիչ Արտաշէս Գեղամեան յայտնեց, որ բաւական է միջազգային գրականութեան ակնառու ներկայացուցիչներէն Վիքթոր Հիւկոյի «Հոսկէ թուրքերը անցան» խօսքը վերյիշել ու տեսնել, թէ ինչպէ՛ս Թուրքիոյ վերաբերմունքը առ այսօր նոյնն է։ Ան նկատել տալով, որ Րէիսեան կրնար անդրադառնալ նաեւ հայկական եկեղեցիներուն նկատմամբ Թուրքիոյ ոտնձգութիւններուն։ Վերոյիշեալ երկիրներու ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ անհրաժեշտ է գործնական պատիժներ սահմանել Թուրքիոյ, որպէսզի կարելի ըլլայ զսպել պատմութենէն եկող ու մեր օրերուն շարունակուող անոր ոճրային վարքագիծը։
kantsasar.com