Թարգմանչաց տօնը ազգային տօն, մշակոյթի ու լեզուի տօն ըլլալէ անդին` աստուածային իմաստութիւնը ընկալելու եւ հանճարեղին լոյսին հասնելու հրաւէր մըն է:
Հայ եկեղեցին, քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն ընդունելով մէկտեղ, մինչեւ 5-րդ դար տակաւին չէր հայացած, որովհետեւ չունէր հայ գիր ու գրականութիւն: Աստուածաշունչը կը կարդացուէր օտար լեզուով, չկար հայուն միտքն ու հոգին սնուցանող գրականութիւն: Խաւարի մէջ կ՛ապրէր մեր ժողովուրդը:
Հայ գիրերու գիւտին շնորհիւ` Ս. Մեսրոպ Մաշտոցը, Ս. Սահակ Պարթեւն ու անոնց աշակերտները նախ թարգմանեցին Աստուածաշունչը, հայացուցին զայն, որպէսզի աստուածային իմաստութիւնը իջնէր հայ հոգիներուն մէջ, հայ դպրութեան հիմը դրուէր, ու մեր ժողովուրդը Ոսկեդար ապրէր` ունենալով մշակոյթ, դպրոց, զարկ տալով թարգմանական գրականութեան եւ, վերջապէս, աշխարհին բացուելով` ձերբազատուէր մեկուսացումէ:
Թարգմանութիւնը միայն գրականութիւնը լեզուէ մը այլ լեզուի փոխադրել չէ` բառին պարզ իմաստով: Թարգմանուած գրականութեան շնորհիւ` կարելի է հասկնալ ժողովուրդներու, ազգերու պատմութիւնը, քաղաքակրթութիւնը, մշակոյթն ու իմաստութիւնը:
Թարգմանչաց վարդապետները հայ գիրն ու գրականութիւնը ստեղծելով չբաւարարուեցան, անոնք մէկական հանճարներ էին ու լաւ գիտէին թարգմանական աշխատանքին կարեւորութիւնը` աշխարհը ըմբռնելու, հասկնալու ու հասկցուելու համար:
Թարգմանչաց վարդապետներուն շնորհիւ` մեր ժողովուրդը տարիներու ընթացքին ձեռք բերաւ հոգեւոր հարուստ ժառանգութիւն: Այս ժառանգութիւնը ե՛ւ ինքնապաշտպանութեան, ե՛ւ յառաջդիմութեան ազդակ հանդիսացաւ հայութեան համար:
Ինքնապաշտպանութիւնը միայն զէնքով ու պատերազմով չէր, մեր ինքնութեան պահպանումով էր նաեւ. իսկ յառաջդիմութիւնը միայն տնտեսական աճով ու ճարտարագիտական զարգացումով չէր, մշակութային մեր հարստութեամբ ու քաղաքակրթութեամբ ժողովուրդներու հետ հաղորդակցելով ու աշխարհին բացուելով էր նաեւ:
Պահ մը աչք նետենք մեզ շրջապատող ազգերուն ու ցեղերուն վրայ եւ պիտի տեսնենք, որ քաղաքակիրթ ու յառաջադէմ են այն ազգերը, որոնք ունեցած են գիր, գրականութիւն եւ մշակոյթ, հարստացած ու հարստացուցած են աշխարհն ու իրենց ներդրումը բերած ժողովուրդներու բարգաւաճումին ու մերձեցումին` ըմբոշխնելով ազգերու իմաստութիւնը, փորձառութիւնը, տարածելով նաեւ իրենց մշակոյթն ու քաղաքակրթութիւնը:
Իսկ որո՞նք կը սպառնան քաղաքակիրթ հաւաքականութիւններուն, մարդկային յարաբերութիւններուն, խաղաղութեան ու համերաշխութեան® որո՞նք են այլամերժները, լարուածութիւն հրահրողներն ու մշակութային կոթողներ քանդողները® Անոնք, որոնք փակուած են իրենք իրենց մէջ, չեն ունեցած ինքնուրոյն մշակոյթ, չեն յաջողած հաղորդուիլ այլ ազգերու մշակոյթով ու քաղաքակրթութեամբ, որպէսզի ըստ այնմ զարգանան, կարենան ընդունիլ այլոց գոյութիւնը եւ ըմբռնել համակեցութիւնը:
Թարգմանչաց խորհուրդը, ուրեմն, կը թելադրէ մեր հոգեւոր ժառանգութեան վարագոյրը բաց պահել նոր սերունդին առջեւ, որովհետեւ այդ ժառանգութիւնն է մեր գոյութեան ու յառաջընթացին միակ երաշխիքը, որ յաւիտենական է, հետեւաբար սերունդէ սերունդ պէտք է փոխանցուի եւ յաւերժօրէն ապրի: