ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Երուանդ Ֆրանգեան (1878-1928), եզակի դէմք մը` 20-րդ դարու հայ մտաւորական կեանքին մէջ: Ան եղած է հայ փիլիսոփայական մտքի այն սակաւաթիւ մշակներէն, որուն փիլիսոփայական-տեսական ժառանգութիւնը մինչեւ օրս կենդանի է հայկական կեանքին մէջ: Անոր փիլիսոփայական աշխարհահայեացքները կը պատկանէին «դրապաշտութեան» (positivism) (փիլիսոփայական ուղղութիւն մը, որ իրական իմացութեան միակ աղբիւրը կը նկատէ փորձնապաշտ ուսումնասիրութիւնները) փիլիսոփայական ուղղութեան փորձառապաշտ (empiricism) ձեւին, որուն համաձայն, գիտելիքը կու գայ միայն կամ հիմնականօրէն զգայական փորձէն: Փորձառապաշտութեան շարք մը դիտարկումներէն մէկն է մարդկային գիտելիքի ուսումնասիրութիւնը` բանական մտածողութեան (rationalism) եւ սկեպտիկականութեան հետ միատեղ: Փորձառապաշտութիւնը առաջնահերթութիւն կը նկատէ փորձի եւ ապացոյցներու դերը, յատկապես զգայական փորձը` գաղափարներու ձեւով: Գիտութեան փիլիսոփայութեան մէջ փորձառապաշտութիւնը շեշտը կը դնէ ապացոյցին վրայ, յատկապէս` փորձի արդիւնքին մէջ ի յայտ եկած ապացոյցի: Գիտական մեթոտի հիմնական մաս կը նկատուի այն հանգամանքը, որ բոլոր վարկածները եւ տեսութիւնները պէտք է փորձարկուին բնական աշխարհի դիտարկումներուն վրայ եւ պարզապէս չհիմնուին առաջնային պատճառի, ինքնաճանաչութեան կամ բացայայտման վրայ: Փորձառապաշտութիւնը, որ յաճախ կը կիրարկուի բնական գիտութիւններու մասնագէտներուն կողմէ, կը պնդէ, որ գիտելիքը հիմնուած է փորձին վրայ, եւ որ գիտելիքը նախնական է եւ ենթակայ շարունակական վերանայման ու կեղծիքի:
Ֆրանգեան փիլիսոփայական մտածողութեան առումով իր ազդեցութիւնները կրած է աւստրիացի փիլիսոփայ Էռնեսթ Մախի եւ զուիցերիացի փիլիսոփայ Ռիխարտ Աւենարիուսի մախականութենէն, որ 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբի ենթակայական գաղափարապաշտ ուղղութիւն մըն է: Մախական բնագէտները կը փորձէին լուծել դասական բնագիտութեան ճգնաժամին առնչութեամբ ծագած իմացաբանական դժուարութիւններն ու մեթոտաբանական խնդիրները: Անոնք զգալի դեր խաղցան բնագիտական նոր պատկերացումներու ձեւաւորման գործին մէջ` նպաստելով փորձնական հիմնաւորում չունեցող մտակառոյց «բնազանցական» (metaphysical) էութիւններու բնագիտութենէն արտաքսման: Սակայն մախականութեան մէջ ատիկա հասաւ ամէն տեսակ վերացական հասկացողութիւններու, առհասարակ մտահասու էութիւններու ճանաչողական նշանակութեան ժխտման: Համապատասխանաբար, մախականութեան իմացաբանութիւնը ենթակայական փորձառապաշտ է` երեւութապաշտութիւն (phenomenalism). ճանաչողութեան հիմքին մէջ անիկա կը դնէ անմիջական զգայական փորձը, որուն վերջնական «տարրերը» կը նկատէ զգայութիւնները:Կը վերացուին հոգեկանի եւ բնագիտականի հակադրութիւնը, զգայութիւնները եւ անոնց բաղադրութիւնները` դիտուած ենթակայականի հետ ունեցած յարաբերութեան տեսակէտէն, կը կազմեն հոգեբանութեան առարկան, իսկ անոնց առարկայացումը, անոնց դիտարկումը իբրեւ առարկայի ու անոր յատկութիւններուն մասին զգայական տուեալներու` կը կազմէ բնագիտութեան առարկան: Ենթակայական եւ առարկայական հակադրութեան այսպիսի վերառումով մախականութիւնը իր փիլիսոփայութիւնը կը հռչակէ նիւթապաշտութենէն եւ գաղափարապաշտութենէն վեր կանգնած «երրորդ», «չէզոք» գիծ: Ֆրանգեանի փիլիսոփայական աշխատութիւններն են`«Մեր փիլիսոփայական աշխարհայեացքը. իրապաշտ փիլիսոփայութիւն` ՀՅ Դաշնակցութեան փիլիսոփայական աշխարհայեացքի հիմնաւորման փորձ», «Նիցչէ եւ իր փիլիսոփայութիւնը», «Շոփենհաուեր եւ իր փիլիսոփայութիւնը», «Միխայլովսկին իբրեւ ընկերաբան-փիլիսոփայ» եւ «Յունական փիլիսոփայութիւն» մենագրութիւնները:
Փիլիսոփայութիւնը, ըստ Ֆրանգեանին, չէ դադրած եւ երբեք պիտի չդադրի ըլլալ` «Մարդկային, տիեզերական: Պրպտող եւ խորապէս հետազօտող միտքը միշտ իրեն համար կը շինէ համաշխարհային առեղծուածներ ու հարցեր եւ կ՛աշխատի տալ անոնց գոհացուցիչ լուծում»: Ֆրանգեանը մեծ կարեւորութիւն կու տայ փիլիսոփայութեան`ըսելով. «Իսկ այսօր, քսաներորդ դարուն, մարդս գերազանցնապէս փիլիսոփայող է: Մեր դարը փիլիսոփայութեան դար է: Ե՛ւ անհատ,ե՛ւ հասարակական-քաղաքական կուսակցութիւն հեւիհեւ կ՛աշխատին հիմնաւորել իրենց փիլիսոփայական աշխարհահայեացքը: Հարցերուն տեսական լուսաբանութիւնը եւ հիմնաւորումը նոյնքան արժեքաւոր եւ կարեւոր է, որքան` գործնական կողմը: Տեսականը եւ գործնականը իրարմէ միանգամայն անբաժան են: Քաղաքական-հասարակական կառոյցի մը համար որքա՛ն քաղաքական տեսակէտի մշակումը եւ պարզութիւնը կարեւոր է, նոյնքան եւ` անոր ընդհանուր փիլիսոփայական աշխարհահայեցողութեան հիմնաւորումը»: Փիլիսոփայութիւնը անբաժանելիօրէն մաս կազմած է մարդկային-բնական կեանքին, այսինքն անիկա «մարդկային մտքի բնորոշ եւ էական յատկութիւնն է»:
Մարդ անհատը ի բնէ փիլիսոփայ է, եւ այդ յատկութիւնը միակն է, որ մարդը կը բաժնէ անասունէն: Ֆրանգեան այս առնչութեամբ կ՛ըսէ. «Անասունը չունի տեսական դիտողութիւն, ինչ որ կը կազմէ մարդուն իւրայատուկ կողմը: Մարդը ընդունակ է իրերու եւ երեւոյթներու այդ ցաքուցրիւութիւնը դնել ներդաշնակ կապակցութեան եւ համակարգի մը մէջ: Այս տեսակէտէն ահա իւրաքանչիւր մարդ անհատ փիլիսոփայող է»: Սակայն «իւրաքանչիւր մարդ անհատ փիլիսոփայող է»-ն չի նշանակեր, թէ համայն մարդկութիւնը մէկ տեսանկիւնէ կը կատարէ իր փիլիսոփայութիւնը, այլ կան տարբեր տեսանկիւններ նաեւ, որոնք հաշուի կ՛առնեն մարդուն բնակած վայրը (գիւղ թէ քաղաք), կրթական(ուսանած թէ ոչ) եւ ընկերային (դասակարգային պատկանելիութիւն) կարգավիճակները: Նշեալ կէտը աւելի յստակացնելու համար Ֆրանգեան կ՛ըսէ. «Իւրաքանչիւրը կը փիլիսոփայէ իր տեսակէտով եւ իր կարողութեան չափով: Կայ իրերու եւ երեւոյթներու ըմբռնումի խորութեան ու լայնութեան տարբերութիւն միայն: Գիւղացիին մտքի հորիզոնը աւելի նեղ է եւ սահմանափակ, քան` մտաւորականի մը: Գիւղացիին միտքը խեղճուկ է եւ գիտական բնոյթէ զուրկ, մինչդեռ զարգացած մարդու միտքը աւելի խորն է ու գիտական: Բայց այս տարբերութիւնը էական չէ, այլ միայն` աստիճանական, որովհետեւ երկուքն ալ, գիւղացին թէ մտաւորականը, կ՛ընդհանրացնեն, այսինքն կը փիլիսոփայեն»:
Պատմականօրէն անդրադառնալով փիլիսոփայութեան` Ֆրանգեան կը գրէ. «Նախապատմական մարդն ու ժողովուրդները եւս ունեցած են իրենց փիլիսոփայութիւնը, իրենց իմացաբանութիւնը եւ տրամաբանութիւնը, իրենց բնափիլիսոփայութիւնը եւ բարոյագիտութիւնը: Եզրակացութիւնը պարզ է, որովհետեւ մարդ արարածը կա՛յ, գոյութիւն կ՛ունենայ եւ կ՛ապրի նաեւ փիլիսոփայութիւնը»: Աւելի ուսումնասիրելով պատմութիւնը` Ֆրանգեան կը գրէ. «Որքան ալ մենք ետ նայինք, նոյնիսկ` քաղաքակրթութեան ամէնէն սկզբնական շրջաններ, դարձեալ կը հանդիպինք որոշ աշխարհահայեցողութեան: Մարդուն բնական մղումն է դիտել, համեմատել, վերլուծել, համադրել, ընդհանրացնել: Մարդը իր գիտակցական կեանքին առաջին իսկ օրէն անթիւ ու բազմազան հարցեր տուած է իր շրջապատին եւ պատասխան կը պահանջէ: Հարցումը ուղղակիօրէն նստած է մարդու արեան մէջ: Ի՞նչ է աշխարհը եւ կեանքը, ի՞նչ է երջանկութիւնը եւ ճշմարտութիւնը, ուրկէ՞ եկած է եւ ո՞ւր կ՛երթայ մարդը, ի՞նչ է հոգին եւ ի՞նչ է մահը… Եւ այսպէս` անվերջ հարցումներ»:
Եզրակացնելով հազարաւոր տարիներէ ի վեր ձեւաւորած մարդկային փիլիսոփայական հոլովոյթը` Ֆրանգեան կը գրէ. «Մարդկային փիլիսոփայական միտքը արդէն իսկ ունի հազարաւոր տարիներու պատմութիւն: Այդ պատմութիւնը իր զարգացման տարբեր փուլերով կը ներկայացնէ մշտական, շարունակական ու յամառ ձգտում մը` դէպի նորանոր մտաձեւեր, դէպի աւելի ճշմարտապատում դրութիւն մը: Այդ մտային ընթացքը ինքնին յառաջադիմական շարժում մըն է, բայց անիկա կ՛անցնի սխալներու մէջէն, որոնք անխուսափելի, նոյնիսկ անհրաժեշտ են: Այն, ինչ որ երէկ ճշմարիտ էր, այսօր կը դառնայ սխալ, անհրաժեշտ սխալ մը, որ նախապայման է նոր ճշմարտութեան»:
Ֆրանգեան իր «Մեր փիլիսոփայական աշխարհայեացքը» աշխատութեան մէջ կ՛անդրադառնայ նաեւ այլ փիլիսոփայական հոսանքներու: Ան կը սկսի գաղափարապաշտները նկարագրել իբրեւ «առարկայական եւ մասնակի իրերը» անարգող մարդիկ եւ կը շարունակէ. «Գաղափարները իսկական օրինակներն են, նախատիպերը, իսկ իրերն ու երեւոյթները` ասոնց ստուերները կամ պատճէնները: Իրերը ձեւ կը ստանան ըստ գաղափարներու: Գաղափարներն են, որոնք կը յայտնեն, իր եւ երեւոյթ կը դառնան»: Ֆրանգեան կը քննադատէ գաղափարապաշտներու փիլիսոփայական հոսանքին հականիւթապաշտ մոլութիւնը` իր քննադատութեան հիմքերը նշելով. «Բոլոր գաղափարապաշտներուն մոլորութիւնը կը կայանայ անոր մէջ, որ կը կարծեն, թէ մարմնական կամ նիւթական` միանգամայն ու ընդմիշտ ոչնչացած է, եւ հետեւաբար, մնացած է միայն հոգեկանը»: Հականիւթապաշտ ծայրայեղութեան դէմ Ֆրանգեան կ՛առաջարկէ իրապաշտ այլընտրանք մը. «Նիւթ եւ հոգի, ֆիզիքական եւ հոգեկան. ասոնք յարաբերական գաղափարներ են: Ասոնց գոյութիւնը կը պայմանաւորուի փոխադարձ յայաբերութեամբ եւ տարբերութեամբ: Նիւթական գոյակը չէր կրնար աւելի շուտ տրուած ըլլալ, քան հոգեկանը: Մէկը առանց միւսին` անմտածելի է եւ անհասկնալի»: Նաեւ, ան (Երուանդ Ֆրանգեան) գաղափարապաշտութիւնը կը տեսնէ անհամապատասխան իմացաբանութեան հետ` նշելով. «Փիլիսոփայական գաղափարապաշտութիւնը իր ծայրայեղ ձեւին մէջ, իբրեւ եսապաշտութիւն, որ միայն ես-ենթակային կը վերագրէ իսկական իրապաշտութիւնը, արդէն անկարելի կը դարձնէ իմացութեան հնարաւորութիւնը»: Ան կ՛եզրափակէ գաղափարապաշտութեան իր քննադատութիւնը` նշելով հետեւեալը. «Նիւթը` նիւթականը չի կրնար երբեք մինակը ոչնչանալ, այլ միայն` հոգեկանի հետ միասին: Նիւթականի ծնունդը, հետեւաբար նաեւ` ոչնչացումը, պայմանաւորուած է հոգեկանով եւ ընդհակառակը»:
Ինչ կը վերաբերի զգացական փիլիսոփայական հասկացողութեան, Ֆրանգեան կը քննադատէ չափազանցութեամբ անոր բացառիկ առաջնահերթութիւն տալը, երբ կը գրէ. «Որ զգացումային-ենթակայական տարրերը մեծ եւ նշանակալից դեր կը խաղան մարդ անհատի եւ ընկերային կեանքին մէջ, ատոր մէջ կասկած չկայ: Բայց անոր բացառիկ տեղ տալ մեր հոգիին, ընկերային-հոգեկան երեւոյթներու զարգացման մէջ, ահա այստեղ է, որ այդ հոգեբանական տեսութիւնը կ՛իյնայ միակողմանիութեան մէջ` կորսնցնելով իր գիտական նշանակութիւնը»:
Վերջաւորութեան Ֆրանգեան շեշտը կը դնէ իրապաշտ փիլիսոփայական հոսանքին վրայ եւ կը յայտնէ, որ թէ՛ հոգեկան եւ թէ՛ ֆիզիքական ազդակները արժէքաւոր են` նշելով. «Մեզի համար երկուքն ալ, հոգեկանը թէ ֆիզիքականը, հաւասարարժէք են եւ հաւասարապէս` տուեալ ու իրական, որ գլխաւորն է` որեւէ հիմքի կարիք չունին: Անոնք մէկ են եւ ամբողջութիւն կը կազմեն»: Ֆրանգեան մարդ արարածի կազմութիւնը կը նմանցնէ իրապաշտ փիլիսոփայութեան` ըսելով. «Մարդը, օրինակ, մէկ կողմէն մարմին է, հետեւաբար` տարածական եւ միւս կողմէն` միաժամանակ զգացող, պատկերացնող եւ կամեցող էութիւն: Ուրեմն հոգին եւ մարմինը միեւնոյն իրականի երկու կողմերն են, երկու տարբեր երեւութաձեւերը»:
Ահա տեսանք, թէ գաղափարապաշտական եւ զգացական փիլիսոփայական հոսանքները առանձինն ինչո՛ւ չեն կրնար ըլլալ մարդկային կեանքի առաջնորդող հոսանքները` իրենց անտրամաբանական մտածումներով: Պատմութիւնը վկայ է ֆաշականութեան` հարցերուն զգացական մօտեցումներով, եւ ֆաշականներուն քաղաքական-գաղափարապաշտական փիլիսոփայութեան կրած ձախողութիւններուն: Այդ բոլորին պատճառը յայտնի է` գործել առանց հաշուի առնելու միջավայրն ու ժամանակը: Այսինքն այդտեղ բանականութեան պակաս կայ: Այդ պակասը այսօր եւս կը կրեն ծայրայեղ աջակողմեան կուսակցութիւնները, եւ անոնք եւս ձախողութեան պիտի մատնուին անկասկած:
Բարեբախտաբար ՀՅ Դաշնակցութիւնը հեռու մնաց անտրամաբանական, ցնորական եւ կոյր գաղափարապաշտ եւ զգացական փիլիսոփայական աշխարհահայեացքէն ու ընտրեց քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական բնագաւառներու` գիտական-վերլուծման հիման վրայ ճշդուած ուղի մը, որ կը համապատասխանէ հայկական ազգային պահանջներուն, հաշուի կ՛առնէ ազգային ֆիզիքական եւ նիւթական կարիքները եւ անոր հիման վրայ մէջտեղ կը բերէ կեանքի կերտման գաղափարախօսութիւն մը, այլ ոչ թէ` հակառակը: Կ՛եզրակացնենք այս յօդուածը` յիշելով Երուանդ Ֆրանգեանի հետեւեալ տողը. «Չկայ պատկերացում` առանց զգացումի եւ կամքի: Չկայ զգացում` առանց պատկերացումի եւ կամքի: Չկայ կամք`առանց պատկերացումի եւ կամքի: Կայ միայն մէկ մեծութիւն, մէկ գործընթաց, որուն մէջ ձուլուած են ե՛ւ մէկը, ե՛ւ միւսը, ե՛ւ երրորդը»: Այլ խօսքով, Երուանդ Ֆրանգեան տեսականօրէն կը հիմնաւորէ ՀՅ Դաշնակցութեան պատմափիլիսոփայական աշխարհահայեացքը, որ մինչեւ հիմա իր հիմնական տեղը կը գրաւէ կուսակցութեան Ծրագիրին մէջ: Ըստ այդ աշխարհահայեացքին, մարդկային կեանքը կը զարգանայ զոյգ գործօններու` առարկայական եւ ենթակայական պայմաններու` ազդակներու փոխներգործութեամբ եւ փոխազդեցութեամբ: