Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13370

Անակնկալ Հանդիպումս Շաւարշ Նարդունիի «Հայ Բոյժ»-ին Հետ

$
0
0

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

«Հայ Բոյժ» բժշկական առողջապահական ամսաթերթ-պարբերաթերթը պատկանած է Շաւարշ Նարդունիին: Ան հրատարակուած է Փարիզի մէջ եւ լոյս տեսած է առաջին անգամ 1934-ին:

Շաւարշ Նարդունի ծնած է Արմաշ, 1898-ին: Աւազանի անունը եղած է Այվազեան Ասքանազ: Ծնողքը զինք առաջին անգամ կանչած են` Շաւարշ, իսկ ինք իր գրչանունը դրած է Նարդունի, ներշնչուած` ծաղիկի մը անունէն: Ան 1918-ին կը զինուորագրուի օսմանեան բանակին, ապա կը յաճախէ Պոլսոյ բժշկական համալսարանը, սակայն կը վտարուի քաղաքական պատճառներով: 1922-ին կը մեկնի Փարիզ եւ կը շարունակէ բժշկական ուսումը Փարիզի բժշկական համալասարանին մէջ ու կը վկայուի 1927-ին:

Բժշկութենէն աւելի եւ առաջ` կը նուիրուի հայ գրականութեան: Գրած է արձակ բանաստեղծութիւններ, հեքիաթներ, ուսումնասիրական, բանասիրական եւ  լեզուաբանական գործեր: Սերտօրէն աշխատակցած է «Յառաջ»-ին (Փարիզ) երկար ատեն մասնակցելով նաեւ անոր խմբագրութեան` Շաւարշ Միսաքեանի կողքին` եւ անոր մահէն ետք:Հրատարակած է «Աքսորի օրագիր» եւ «Անձրեւին ձորը» (1917) «Հեքիաթներու ալպոմ» (1927), «Մեղեդինե՜ր, մեղեդինե՜ր» (1933, պատմուածքներ եւ հեքիաթներ), «Երուսաղէ՜մ, Երուսաղէ՜մ» (1938, վիպերգութիւն), «Բանե՜ր, բանե՜ր, ի՜նչ բաներ», «Ծաղկամատեան», «Կանաչ բաժակով» (1945), «Վարդամատեան» (1952) եւ  «Նարդեան բաժակ» հատընտիրներու հաւաքածոն (1968):

Շաւարշ Նարդունի

Նարդունի իր անձնական միջոցներով եւ նախաձեռնութեամբ հրատարակած է  «Հայ Բոյժ»-ը 1934 հոկտեմբերին` որպէս բժշկական ամսագիր: «Հայ Բոյժ»-ը պատնէշի վրայ պահած է շուրջ 30 տարի` որոշ ընդհատումներով: «Հայ բոյժ»-ը եղած է ամսաթերթ, պարբերաթերթ, տարեգիրք եւ նոյնիսկ դադրած է հրատարակուելէ քանի մը տարի: Վերջին թիւը հրատարակուած է1968-ին, Նարդունիի մահուան տարին: «Հայ բոյժ»-ը եղած է ժողովրդական սիրուած հանդէս մը: Ան փնտռուած է սփիւռքի բոլոր հայ կեդրոններէն եւ ամբողջ հայութեան կողմէ:

Շաւարշ Նարդունի «Հայ Բոյժ»-ի հրատարակութեան առաջին օրերէն իր շուրջ  համախմբած է արտասահման ապրող խումբ մը հանրածանօթ հայ բժիշկներ, որոնք իրենց օգտաշատ գրութիւններով մասնակցած են «Հայ Բոյժ»-ին:  Տոքթ. Լ. Գրիգորեան, տոքթ. Վահրամ Թորգոմեան, տոքթ. Գ. Օ. Գալուստեան, տոքթ. Միհրան Քէշիշեան, տոքթ. Երուանդ Խաթանասեան եւ ուրիշներ պարբերաբար եւ երկար տարիներ գրած են հոն: Ան գրած է հմտութեամբ, հաղորդականութեամբ, զուարթաբանութեամբ, կատակներով, մաքուր ու   գեղեցիկ  հայերէնով եւ հայերէն բժշկական ճոխ բառամթերքով: Ան ճոխացուցած է «Հայ Բոյժ»-ը նաեւ առողջապահական նիւթերու ֆրանսերէնէ-հայերէն թարգմանութիւններով: Ան գրած է «Հայ բոյժ»-ի ամէն թիւի մէջ` խիստ հետաքրքրական նիւթերու մասին: Ահաւասիկ օրինակներ իր գրութիւններուն խորագիրներէն`«Խրատներ կաթ տուող մայրերուն», «Տղաբերքը հին եգիպտացիներու մօտ», «Քիթը բժշկութեան մէջ», «Մերկութիւն եւ ամօթ», «Քունի պակաս», «Հոտը եւ սեռային կեանքը», «Արբունք», «Նարինջ կերէք»…

Շաւարշ Նարդունի մահացած է Փարիզ, 1968-ին:

Պատահաբար ձեռքս անցաւ «Հայ Բոյժ»-ի 1937-1939 տարիներու հաւաքածոն` գիրքի ձեւով կազմուած: Կարծէք` գանձ մը գտած էի եւ կամ մեծ գումար մը շահած ըլլայի քանատական վիճակահանութենէն: Մեծ ուրախութեամբ եւ հետաքրքրութեամբ սկսայ հապճեպ թղթատել «Հայ Բոյժ»-ի այս գանձ-գիրքը: Հազիւ բացի գիրքը, նշմարեցի առաջին էջին վրայ հետեւեալ գրութիւնը` «ՀԱՅ ԲՈՅԺ, Ժողովրդական Ամսաթերթ Բժշկութեան եւ Առողջապահութեան կամ` Տունին Բժիշկը»:

Գիրքը կազմուած է երկու հատորներէ: Առաջին հատորը ունի «Հայ Բոյժ»-ի 37-48 թիւերը, իսկ երկրորդ հատորը`  49-59 թիւերը: Թիւ 37-ը հրատարակուած է հոկտեմբեր 1937-ին, իսկ թիւ59-ը` օգոստոս 1939-ին: Երկու հատորները կը բովանդակեն բժշկական եւ առողջապահական յօդուածներ եւ ֆրանսերէնէ հայերէնի թարգմանուած որոշ գրութիւններ: Յօդուածագիրներն են` տոքթորներ Շաւարշ Նարդունի-Շահան  Նարդունի կամ Այվազեան, Կ. Գարունի, Փարիզէն, Լեւոն Գրիգորեան, Յ. Սեվրիսարեան` Մարսէյէն, Գ. Օ. Գալուստեան` Աթէնքէն, Ա. Աշճեան, Փայլակ Սանասար, Գ. Սերոբեան` Ամերիկայէն, Բ. Նազարեան, Զենոբ Պէօրեքճեան` Փարիզէն, Կ.Յ. Բասմաճեան, Պ. Միսաքեան` Գահիրէէն, Պ. Քօճօլեան, Ե. Արզումանեան` Միլանոյէն, Եդ. Շահպազ, Նաւասարդ Տէյիրմենճեան` Մետիլլիէն, Յ. Տ. Ստեփանեան` Թեհրանէն, Պ. Պեննէ, Պ. Միքայէլեան` Ատիս Ապեպայէն, Կ. Կէովճեան, Ն. Թաշճեան, Գ. Ալթունեան, Յ. Գաբրիէլեան, Գեղամ Այվազեան` Սինսինաթիէն, Վահրամ Չիլինկիրեան, փրոֆեսէօր Ա. Պէրպէրեան` Փարիզէն եւ Արամ Հայկազ:

Բժշկական եւ առողջապահական յօդուածները խիստ հետաքրքրական են: Բոլորը գրուած են շատ մաքուր հայերէնով: Հեղինակները գործածած են բժշկական հայերէն հարուստ բառամթերք: Ոչ մէկը գործածած է բժշկական օտար բառեր: Գրութիւները դիւրահասկնալի են եւ սահուն: Շատերը գրած են Նարդունիին նման` զուարթախօսութեամբ եւ կատակախօսութեամբ:

Իւրաքանչիւր թիւի վերջաւորութեան նշուած են` «Հայ Բոյժի նուիրողներու ցանկ»-ը, «Հարցարան-պատասխան»-ը եւ «Յայտարարութիւն-զրոյց մեր բաժանորդներուն հետ»-ը: Հատորներու վերջաւորութեան տեղադրուած է իւրաքանչիւր թիւի յօդուածներուն եւ գրութիւններուն ցանկը:

Կարդացի ամբողջ հատորը մեծ հաճոյքով եւ վայելեցի 80 տարիներ առաջ տաղանդաւոր հայ բժիշկներու դաստիարակչական եւ առողջապահական գրութիւնները, որոնցմէ շատերը կարծէք գրուած են այսօր` ներկայ բժշկական գիտելիքներով:

Ուշադրութիւնս գրաւեց քանի մը թիւերու վերջաւորութեան գրուած Նարդունիի սրտէն բխած հետեւեալ խօսքը` «Հայ Բոյժի վճարել բաժնեգին մը աւելի` կը նշանակէ բժիշկին վճարել այցեգին մը պակաս»:

Կարդալէ ետք 80 տարիներ առաջ հրատարակուած «Հայ բոյժ»-ի այս հաւաքածոն եւ վայելելէ ետք անոր պարունակութիւնը, ուզեցի հայ ընթերցողը մասնակից դարձնել իմ վայելքիս: Ահաւասիկ` այդ գրութիւններէն համով հոտով օրինակ մը, որուն հեղինակն է Շաւարշ Նարդունին:

Հարբուխ

Հէփշի՜ւ….

«Սատանային ականջը խուլ»: Հասկցուեցաւ արդէն, թէ ո՛վ կու գայ: Ի՞նչ հարկ նկարագրութեան, կը բաւէ յիշել միջազգային այդ ձայնարկութիւնը, որուն կ’ընկերանայ ջղային ցնցում մը` թօթուելով գլուխդ, մարմինդ, ձեռքերդ ու ոտքերդ: Եթէ ոտքի վրայ ես, կը փլէ քեզ, եթէ նստած ես, կը փշրէ կողերդ եւ կը ցաւցնէ միսերդ: Վա՜յ գլխուդ, եթէ հէփշիւն կրկնեցիր եօթն անգամ իրարու ետեւէ. կ՛ապուշնաս:

«Գետինն անցնի սա ձմեռուան հազն ու հարբուխը եւ ամէն բան, որ խեղճ մարմնոյս եկան փական, զիս դարձուցին ապուշ անբան»:  Այսպէս կ՛երգէր հայ կատակերգակ մը` Գ. Ռշտունի:

Քիչ վերջ կը սկսի քիթդ վազել աղբիւրի պէս, ինչպէս կ՛ըսէ ժողովուրդը: Շարունակ խնջելով` քիթդ կը կարմրի, փռնգտալով` աչքերդ կ’արցունքոտին:

«Քիթս ու բերանս ալ ուռեցաւ, փռնգտալէն բանս բուսաւ, միշտ կը հազամ, միշտ կը խնջեմ, ետին չեկաւ, խերն անիծեմ»:

Քիթիդ ներքնաթաղանթը կ’ուռի, ծակերը կը գոցուին, եւ կը ստիպուիս խնջել բերանդ բաց: Բերանդ կը ժանգոտի:

«Քաղցրիկ ձայնիկս ալ մարեցաւ, զռնչական բան մը եղաւ, երգ երգելու կ՛ամչնամ կոր, կ՛ըսեն` էշը կը զռայ կոր: Շատ աղջիկներ առաջ ինծի, կանչել տային շարքի, մանի, հիմա երբոր բերանս բանամ, երկու բառին կը փռնգտամ»:

Ամէնուն կարծիքն այն է, թէ հարբուխը տարափոխիկ է, կը փոխանցուի ուրիշին, կը պլշկէ շուրջինները:

«Սիրուհուս ալ աչքէն ելայ, երբ քովն երթամ, կ՛ըսէ` գնա՛, զիս ալ հետդ կը պլշկես, զիս պագնելդ յայտնի կ՛ըլլայ»:

Եւ վերջապէս ժողովուրդը, ինչպէս բժիշկն ալ` «Մէյ մը տաքէն, մէյ մը պաղէն կու գայ այս գէշ ախտը, կ՛ըսեն»:

Գ. Ռշտունի չի հաւատար այդ պատճառաբանութեան եւ կ՛աւելցնէ. «Բայց ես կ՛ըսեմ, որ այս ցաւին բուն պատճառն է գոգոզութիւն»:

Կը սխալին Ռշտունին ալ, ժողովուրդն ալ եւ… բժիշկներն ալ: Արդարեւ, հարբուխը առեղծուածային հիւանդութիւն մըն է, որ իր գաղտնիքը պահեց ու կը պահէ դարերէ ի վեր: Հասարակ հիւանդութիւն մը, որուն մասին շատ բան չեն գիտեր բժիշկներն ալ: Յաճախ պարզ եւ աննշան կարծուած բաներն են, որ չափազանց բարդ են եւ անբուժելի: Բժշկական ուսանողութեանս ընթացքին դիտեցի, որ փրոֆ. Հարթման սովորութիւն ըրած էր հարցնել հասարակ բաներ, մինչ մենք բարձր ու դժուար նիւթերուն տուած էինք մեր ուժը: Եւ ան կը հեգնէր մեզ, որ դիւրին բաներն ալ չենք գիտեր: Ահա` հասարակ հիւանդութիւն մը, որուն մասին կարելի չէ վերջնական բան մը ըսել:

Ախտաբանական բոլոր գիրքերը, համադրելով հին պատմական, ժողովրդական կարծիքները, այժմ հարբուխը կը սահմանեն իբրեւ չափազանց փոխանցիկ եւ մանրէածին հիւանդութիւն մը: Այդ հեղինակութիւնները հարբուխը կը վերագրեն ցուրտին, արեւի ճառագայթներուն, շոգիի եւ մառախուղի մէջ շնչառութեան, դեղերու (մանիշ-iodine), մանրէածին հիւանդութիւններու (կեղծմաշկ, կարմրախտ), գրգռիչ փոշիներու, մանրէներու, օճառոտ ջուրին, ծաղիկներու բեղմնափոշիին (գարնան եղանակին):

Այժմ նոր վիճաբանութիւնները վերագնահատութեան կ’ենթարկեն հարբուխին տրուած այս դասական պատճառաբանութիւնը: «Ամէն հարբուխ փոխանցիկ չէ», կ՛ըսէ տոքթ. Զենոբ եւ իրաւունք ունի:

Ըստ կատարուած վիճակագրութիւններու, կարելի է հարբուխը բաժնել քանի մը տեսակներու.

Մանրէական հարբուխ.- Այս հարբուխին պատճառն է մանրէներու գոյութիւնը քիթին մէջ: Այսպէս, կարմրախտ կամ կեղծմաշկ հիւանդութիւնները մանրէով կը վարակեն նաեւ քիթը: Պիտի չխօսինք այս հարբուխին մասին, որ դուրս կ՛իյնայ մեր նիւթէն:

Գարնանային հարբուխ.- Սովորութիւն է այսպէս անուանել հարբուխի ծանր տեսակ մը, որ կը պատահի գարնան, ծաղիկներու բացումին: Բեղմնափոշին, զոր հովը կը թափէ, օդին հետ կը մտնէ ռունգերէն ներս եւ կը գրգռէ խլնաթաղանթը: Աւելի լաւ կ՛ըլլար անուանել` «ծաղիկներու հարբուխ», որովհետեւ գարնանային ամէն հարբուխ ծաղիկներու հարբուխ չէ:

Դեղային հարբուխ.- Անոնք, որոնք մանիշի (iodine) բաղադրութեամբ դեղեր կը գործածեն, հարբուխ կ՛ունենան: Դեղը դադրեցուցէք, հարբուխն ալ կ՛անցնի:

Իսկական հարբուխ.- Այս բացատրութիւնը քմածին է, ասով կ՛ակնարկենք այն հարբուխներուն, որոնք կը պատահին անկախ արտաքին որեւէ պատճառէ, անկախ ուրիշ որեւէ հիւանդութենէ: Այսինքն` այն հարբուխները, որոնք կը տեսնուին ամառ, ձմեռ, «առանց պատճառի», ինչպէս կ՛ըսէ ժողովուրդը:

Արդարեւ, կայ տեսակ մը հարբուխ, որ կու գայ յանկարծակի: Կատարելապէս առողջ ես, քիթդ հանգիստ ու մաքուր, օդ կու տայ, օդ կ՛առնէ, գեղեցիկ հոտերը կը քաշէ ու կը վայելէ, վերջապէս ռունգեր` դաշտերու պէս առողջ, մէկ խօսքով` օրհնած քիթ մը: Յանկարծ կը փռնգտաս, հեղ մըն ալ` ետեւէն, եւ ներքին զգացում մը քեզի կ՛ըսէ, որ հարբուխն եկաւ: Այո՛, եկաւ, պատճառ-մատճառ չկայ: Եւ օրհնած քիթդ կը դառնայ սատանայի սրինգ: Կը չարչարէ քեզ, կը փռնգտացնէ, շարունակ կը կաթէ, ռունգերդ կը կսկծան, քիթիդ ծակերը կը գոցուին, «քիթէդ կը խօսիս», ականջներդ կը գոռան, ին՞չ ընես եւ ի՞նչ չընես: Կը յուսահատիս, քիթդ փրցնել-նետել կ՛ուզես: Գ. Ռշտունի շատ լաւ կը բացատրէ այդ յուսահատութիւնը` «Ա՛լ աղէկ է, որ չփռնգտամ, մինչեւ մեռնիմ, այսպէս մնամ, երբ պարտատէրս ստակ ուզէ, երեսն ի վեր թքնեմ փռնգտամ»:

Եւ հարբուխը քիթիդ մէջ` կը նստիս անկիւն մը: Հիւանդ չես, տաքութիւն չունիս, գլուխդ չի ցաւիր, սակայն քիթը կը վազէ աղբիւրի պէս` մերթ ընդ մերթ փռնգտացնելով, երկրաշարժի պէս ցնցելով ամբողջ մարմինդ: Այստեղ արդէն բժիշկները տարակարծութեան մէջ են:

Բժշկութեան մէջ գեղձաբանութիւնը (endocrinology) յեղաշրջեց նաեւ հարբուխի մասին ծանօթ տեսակէտները: Երիտասարդ բժիշկները, որոնք շատ կը հետաքրքրուին գեղձաբանութեամբ, կը պնդեն, որ ինչպէս կ՛ըսէինք, հարբուխը տարափոխիկ չէ, ոչ ալ մանրէական է: Արդարեւ, հարբուխը հազիւ սկսած` քիթէն հոսած առաջին կաթիլը առէք եւ մանրադիտակով քննեցէք. ոչ մէկ մանրէ: Նոյնիսկ քիթին այդ «ջուրը», որ ինքնապաշտպանութեան միջոց մըն է, կը սպաննէ մանրէները. եւ յետոյ, եթէ քիթին մանրէներն են պատճառը, մի՞թէ կը պակսին մանրէները որեւէ ատեն, եւ ինչո՞ւ ամէն մարդ չի վարակուիր հարբուխով: Յաճախ մէկը կ՛ամբաստանէ միւսը, թէ հարբուխ տուաւ իրեն եւ վարակեց  զինք: Ուրեմն հարբուխը մասնաւոր վարակիչ մանրէ՞ ունի, ինչպէս` հիւծախտը:

Ըստ նորագոյն տեսակէտներու, հարբուխը վարակիչ է ոչ թէ մանրէներու պատճառով, այլ միայն` ինքնաթելադրութեամբ: Իրապէս հարբուխին վարակումը կը կատարուի յանկարծական: Արդ, չկայ մանրէական հիւանդութիւն մը, որուն վարակումը կատարուի այդքան արագ: Բայց մենք գիտենք ջղային հիւանդութիւններ, որոնց վարակումը իսկապէս վայրկենական է (hysteria): Հարբուխը եւս կը փոխանցուի ինքնաթելադրութեամբ, չափազանց արագ: Եւ սակայն անհրաժեշտ են ուրիշ պատճառներ ալ: Ցուրտը գլխաւորն է: Մասնաւորաբար ոտքին պաղիլը` պաղ քրտինքի մը մէջ: Այստեղ է, որ գեղձաբանութիւնը կը խառնուի վէճին: Մեր ներքին ջերմութեան հաւասարակշռութիւնը կը պահպանեն երկու ներծոր գեղձեր` վահանագեղձը եւ երիկամները: Ամառը այս գեղձերը քիչ կը գործեն, եւ կը նուազի մեր ներքին ջերմութիւնը. ընդհակառակն, ձմեռը շատ կը գործեն եւ չենք մսիր: Մեր ապրած շրջապատին տաքութեան համաձայն ալ անոնք կը կանոնաւորեն մեր ջերմութեան աստիճանը: Բայց ջերմութեան (մթնոլորտային) անբնական փոփոխութիւններուն ընթացքին գեղձերը չեն կրնար պահել ներքին ջերմական հաւասարակշռութիւնը: Իրենց հիւթը, խուժելու ձեւով, կը ղրկեն հոն, ուր ցուրտը շատ զգալի է (քիթը): Եւ ներքնաթաղանթը կը բորբոքի առանց մանրէի միջամտութեան: Եթէ մանրէները ի վերջոյ չմիջամտեն, հարբուխը կ՛անցնի շուտով: Հարբուխին այս պատճառի ճշդութեան կը վկայէ գեղձափոշիով յաջող դարմանումը:

Հարկ կը տեսնեմ, որ սեռային գեղձերուն որոշ գործունէութիւնը եւս կը նպաստէ հարբուխին, (սեռային եւ հոտառական գործարաններու բնախօսական խնամութիւնը գիտական փաստ մըն է): Այսպէս, ուրեմն, հարբուխը կը պատահի, երբ կը խանգարուի ներծոր գեղձերու ջերմական հաւասարակշռութիւնը, եւ կը փոխանցուի… ինքնաթելադրութեամբ:

Կը նշանակէ, որ ջղային եւ հոգեկան գաղտնիք մը ունի հարբուխը: Արդէն  ախտաբանական բազմաթիւ գիրքերու մէջ կը յիշատակուին «հողին յարմարութիւնը, յօդային եւ աւշային տկարութիւնը» եւ այլն` իբրեւ պատճառ հարբուխի: Միւս կողմէ, «ծաղիկներու հարբուխը» եւս, որ կը վերագրուի բեղմնափոշիին (այդ պատճառով Ամերիկայի մէջ պատրաստած են շիճուկներ, որոնց շատ յարգ չեն տար Եւրոպայի մէջ), այժմ կը վերագրուի ոչ թէ բուն իսկ բեղմնափոշիին, այլ պարզապէս` մարմնոյն գերզգայնացումին:

Արդարեւ, եթէ ժանտատենդը կ՛ախտազերծէ  ենթական (immunity), այսինքն եթէ բռնուողը երկրորդ անգամ չի վարակուիր, ընդհակառակն, «ծաղիկներու հարբուխը» (եւ գրեթէ բոլոր հարբուխները) մէկ անգամ վարակելէ ետք աւելի ընդունակ կը դարձնեն նոր վարակումներու: Փաստ մը եւս, որ հարբուխը ներքին պատճառագիտութիւն մը ունի:

Ինչպէ՞ս դարմանել: Ժողովուրդը բազմաթիւ միջոցներ գիտէ, ինչպէս կը յիշէ Ռշտունի. «Դեղ մը ըսէք, երթամ ընեմ, խաթո՛ւն տիկնայք, շա՛տ կ՛աղաչեմ, քթախոտը կամ շաքարը, քէհրիպարն ու նէօպէթ շէքէրն, օխլամուրը եւ տաք ջուրը օգուտ չունին, լա՛ւ գիտեմ»: Իսկ բժիշկները կը յաձնարարեն` քիթը հականեխել  (huile gomenolee, ռունգերուն մէջ` 1-2 կաթիլ), մաքուր օդ շնչել, նոյն ջերմութեան մէջ կենալ, աչքերը խուփ` հանգիստ ընել, չկարդալ, ինքնապաշտպանութեան միջոցները աւելցնել, ոտքերը տաք պահել: Եւ երբ դեռ վարակուած չես, չվախնաս ու չմտածես, իսկ թէ հարբուխ պիտի առնես:

Մոնրէալ, 10 յուլիս 2017

———————————-

Աղբիւրներ`

1.- Շառոյեան Լեւոն, «Ու՞ր է սփիւռքահայ բժշկական գրականութիւնը», «Ազդակ», 4 դեկտեմբեր 2014, Պէյրութ
2.- «Ուիքիփետիա», «Ազատ հանրագիտարան», Շաւարշ Նարդունի
3.- Պէրպէրեան Նազարէթ, «Շաւարշ Նարդունի», «Եռագոյն դիմատետր», 13 փետրուար 2013
4.- Նարդունի Շաւարշ, «Հայ Բոյժ», թիւ 37-58, Փարիզ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13370

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>