ՅԱԿՈԲ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ
Հուրիկը ճանչցայ 1963-1966 տարիներուն, երբ միջնակարգէս ետք յաճախեցի Ճեմարան:
Նորեկ աշակերտ` առաջին մէկ երկու շաբաթը համարձակութիւնը չունէի նոր ընկերներուս, մանաւանդ դասընկերուհիներուն հետ մօտիկ յարաբերութիւն մշակելու: Սակայն զբօսանքներուն երեք զոյգ պասքեթպոլ խաղալնիս առիթ եղաւ այդ կապը հաստատելու, մանաւանդ` Հուրիկին հետ, որ մարդամօտ, խօսուն եւ համակրելի աղջիկ մըն էր:
Հուրիկը շատ լաւ մարզիկ էր եւ ոչ միայն Ճեմարանի առաջին խումբէն պասքեթպոլ կը խաղար, այլ նաեւ` ՀՄԸՄ-ի աղջիկներու ներկայացուցչական խումբէն, որ գլխաւորաբար կազմուած էր Ճեմարանի աշակերտուհիներէն:
Դասարանին մէջ Հուրիկը լուրջ եւ յառաջադէմ աշակերտուհի էր, բարձր արդիւնքներով` գիտական, գրական, լեզուական թէ պատմական նիւթերու մէջ: Այս մէկը արդիւնք էր իր բնածին ուշիմութեան, որով դասերը սորվելու համար շատ ժամանակ չէր տրամադրեր, յաճախ կը գոհանար դասարանին մէջ տրուած բացատրութիւններով: Իր այս ուշիմութեան համար ան կը վայելէր ուսուցիչներուն յատուկ ուշադրութիւնը: Հուրիկը Ճեմարանը աւարտեց բարձր յիշատակութեամբ:
Դասերուն ու պասքեթպոլին կողքին, ան կը կարեւորէր նաեւ ընկերային կեանքը: Արտադպրոցական ձեռնարկներուն կամ մեր դասարանային հանդիպումներուն փնտռուած ընկերուհին էր, որ ժպտերես, սրամիտ պատմութիւն մը կամ կատակ մը ունէր պատմելիք:
Վայելուչ հագուածքով ու լուրջ արդուզարդով` Հուրիկը միշտ համակրելի ներկայութիւն էր ընկերային հանդիպումներուն: Հեզաճկուն ու գեղեցիկ կերպով կը պարէր եւրոպական ամէն տեսակի պար, միշտ փնտռուած զոյգ էր: Բացի եւրոպական պարերէն` Հուրիկը կը գերազանցէր նաեւ հայկական պարերու մէջ: Մաս կը կազմէր Վանեցիներու հայրենակցական միութեան պարախումբին, որ տարեկան քանի մը հրապարակային ելոյթներով կը ճոխացնէր լիբանանահայ մշակութային կեանքը:
Ճեմարանը աւարտելուն` 1966-ի ամրան, Հուրիկը ընտանեօք գաղթեց Տիթրոյիթ` Միացեալ Նահանգներու հիւսիսարեւելեան շրջան: Իր մեկնումով մեր միջեւ եղած կապը կտրուեցաւ: Հուրիկին մասին պարբերաբար կը տեղեկանայի այն դասընկերուհիներէն, որոնց հետ կը նամակցէր:
Տիթրոյիթի մէջ Հուրիկը համալսարանական ուսումը շարունակած էր Ուէյն սթէյթ համալսարանին մէջ` մասնագիտանալով օտար լեզուներու դասաւանդման ճիւղին մէջ, ստանալով մագիստրոսի տիտղոս` անգլիախօսներուն ֆրանսերէն եւ սպաներէն դասաւանդելու մէջ: Նաեւ տեղեկացած էի, որ 1967-ին ամուսնացած էր Ռապըրթ Ճէյքըպսին հետ եւ ունեցած` չորս զաւակ:
Տարիներու թաւալումով, ինչպէս նաեւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի բերումով այդ պարբերական տեղեկութիւններն ալ դադրեցան, մինչեւ որ 2000-ին Համազգայինի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով, իբրեւ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ, կազմակերպական առաքելութեամբ, շրջան այցելեցի:
Այս առթիւ Տիթրոյիթ կեցութեանս երկու օրերուն պատեհութիւնը ունեցայ գիշեր մը ճեմարականներու հետ ըլլալ, որոնց կարգին` Հուրիկը:
Այդ գիշեր Հուրիկին հետ վերյիշեցինք Ճեմարանի մեր աշակերտական հին ու անհոգ օրերը, դասարանային մեր հաւաքոյթները, դասընկերները, որոնցմէ քանի մը հատը արդէն կանուխ բաժնուած էին այս աշխարհէն:
Հուրիկը պատմեց իր ասպարէզին ու ընտանեկան կեանքին մասին: Համալսարան եղած տարիներուն իսկ սկսած էր հայերէն դասաւանդել ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանին մէջ: Իր մասնագիտութիւնն ու հայերէնի տիրապետելը նպաստած էին, որ շուտով դառնայ հայերէնագիտական նիւթերու պատասխանատու: Ուրախ էր, որ կը գործէր հայկական միջավայրի մէջ, ինչ որ հոգեկան մեծ բաւարարութիւն կու տար իրեն:
Զաւակները հայկական դպրոց յաճախած էին, սահուն կերպով հայերէն կը խօսէին, կը կարդային ու կը գրէին: Մաս կը կազմէին ՀՄԸՄ-ի մարզական խումբերուն: Միջնեկ աղջիկը` Քեթին ՀՄԸՄ-ի Տիթրոյթի խումբին հետ այդ ամառ գացած էր Պէյրութ` իբրեւ երկար վազքերու ախոյեան մասնակցելու միջմասնաճիւղային խաղերուն: Պէյրութի եւ Ճեմարանի մեր յուշերով յագեցած` բաժնուեցանք:
Հուրիկին ու միւս դասընկերներուն հետ կապս վերահաստատուեցաւ 2011-ին, Պօղոս Շահմելիքեանի միջոցով, երբ համացանցի վրայ խումբ մը ընկերներ սկսանք նամակցիլ: Հուրիկը, ըստ սովորութեան, մեր խմբակի ամէնէն պարտաճանաչ գրողն էր` ժամանակին պատասխանելով մեր բոլոր նամակներուն:
Այս նամակագրութիւններու ընդմէջէն տեղեկացայ, որ 2010-ին զաւակներուն հետ այցելած էր Արեւմտահայաստան` ծնողներուն ծննդավայրը Վան եւ Խարբերդ ու վերադարձին իր այցելութեան մասին դասախօսութիւններ տուած` Տիթրոյիթի հայութեան:
Մեկնելով իր ուսուցչական փորձառութենէն, պատրաստած ու հրատարակած էր անգլիախօս աշակերտներուն հայերէն սորվեցնելու յատուկ դասագիրք մը: Իսկ վերջին տարիներուն ուսուցչական ասպարէզին կողքին` Տիրպորնի Միչիկըն համալսարանի Հայագիտական նիւթերու ուսումնասիրական կեդրոնի գրադարանի եւ արխիւներու պատասխանատուի պաշտօնը կը վարէր` իբրեւ փրոֆ. Արա Սանճեանի օգնական, միեւնոյն ատեն օժանդակելով ոչ հայախօս ուսանողներուն` իրենց արխիւային պրպտումերուն եւ ուսումնասիրութիւններուն մէջ:
Երեք տարիէ ի վեր Հուրիկը կը տառապէր քաղցկեղէ եւ փոխանակ դասական դարմանումի ենթարկուելու` հաւատքով կառչած էր բոյսերու միջոցով դարմանուելու գործընթացին:
Հուրիկին մահով մենք կորսնցուցինք հաւատաւոր ճեմարանական մը, իսկ Տիթրոյիթի հայ գաղութը` հայերէնի նուիրեալ ուսուցչուհի մը:
Յիշատակը մնայ անթառամ: