ՍԵԼԼԱ
Շնորհիւ աշխարհացրիւ ճեմարանական ընկերներու ե-նամակագրութեան` վերջերս վերագտած էի ո՛չ միայն ճեմարանական, այլ նաեւ ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի խումբի ընկերուհիներէս Հուրիկ Թուխանեանը:
Մեր պասքեթպոլի խումբին մէջ Հուրիկը խելացի, ապագայ խոստացող խաղացող մըն էր, իսկ ան բաց մը թողելով` 1966-ին մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ:
Տարիներ ետք աշխարհացրիւ բուռ մը ճեմարանականներու յարաբերութիւնը թափ առաւ եւ կը շարունակուի մինչեւ այսօր, ու մենք կը գրենք իրարու` սարէն ու ձորէն… շատեր լատինատառ, ոմանք անգլերէն կամ ֆրանսերէն, իսկ քանի մը անձեր` յամառօրէն հայերէն:
Նիւթերը բազմազան ու այլազան են… կատակներ, ազգային լուրջ նիւթեր, արեւմտահայերէնի ապագայ, քերականական օրէնքներ ու մասամբ նորին` կ՛արծարծուին մեր այդ ելեկտրոնային նամակագրութեան ընդմէջէն եւ, ըստ ճեմարանական անհատի յատուկ նկարագիրին, յանկարծ մէկ նիւթի շուրջ թեր ու դէմ կարծիքները դուռ կը բանան լուրջ անհամաձայնութիւններու:
Հուրի՜կը, մեր սիրելի՛ խելացի Հուրիկն էր, որ դատաւորի ցուպը ձեռին, անաչառ տրամաբանութեամբ, կատարեալ հայերէնով «հատ մը պայտին, հատ մըն ալ գամին» զարնելով` կը խաղաղեցնէր տաք գլուխները:
Զինք ո՛ւշ վերագտանք, բայց շո՛ւտ կորսնցուցինք: Լռած էր վերջերս հիւանդութեան պատճառով, բայց մե՜ծ եղաւ բոլորիս ցաւն ու զարմանքը, երբ յանկարծ լսեցինք իր վաղաժամ մահը:
Ան մեկնեցաւ տխո՜ւր փոս մը բանալով մեր հասցէագրութեան ցանկին մէջ. գնաց` իրեն հետ տանելով գիտութեան պաշարը եւ ազգի, հայերէնի սէրն ու նուիրումը:
Մուշեղներու շունչին տակ հասակ նետող շրջանաւարտ սերունդի ճիշդ տիպարն էր ան, որովհետեւ իր պարտականութիւնը լի ու լի կատարեց` դասաւանդելով հայերէն, կրօն, մինչեւ իսկ համալսարանական ասուլիսներու ընթացքին թուրքերու հետ երկխօսութիւն մշակելով` յարգանք ու հայու դրօշը պարտադրեց իր թուրք ունկնդիրներուն:
Ազնուական ու վեհանձն հոգի` գործեց լուռ ու մունջ եւ այնպէս ալ մեկնեցաւ այս աշխարհէն:
Սիրելի՛ Ճեմարան եւ ճեմարանականներ, տերեւաթափ տեղի կ’ունենայ օտարութեան մէջ: Նոր հուրիկներ պատրաստելու ծանր պարտականութիւնը ձեր վզին է, իսկ մեզի կ՛իյնայ ըսել.
– Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ Հուրիկ: