ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
2017… Արդէն 70-տարեկան եմ, եւ տարեդարձս է: Շատեր պիտի հարցնեն, թէ ո՞վ եմ ես: Բացատրեմ: Ես Հալէպի Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանն եմ: Գիտեմ, որ կը ճանչնաք զիս: Բայց կ՛ուզեմ քիչ մը աւելի մօտենալ ձեզի: Ըսեմ, որ աշխարհացրիւ սաներս ու համակիրներս, հայահոծ գաղութներու մէջ, այս տարի ծնունդս պիտի նշեն կամ արդէն սկսած են աւանդական այս գեղեցիկ սովորութեան:
Հպարտօրէն նաեւ կրնամ աւելցնել ու ըսել, որ իմ այս ծնունդս պատահականութեան արդիւնք չէր: Եթէ կ՛ուզէք, հայ ժողովուրդի մտաւոր ապագայով մտահոգ եւ տագնապող հայորդիներու տեսիլքն էր: Անոր համար կառչած մնացի հայութեանս ու մշակոյթիս ու դարձայ տեսակ մը փարոս` հայութեան եւ գիտութեան:
Զիս ծնողները մեծ դերակատարութիւն մը ինծի վստահած էին, անգնահատելի, որովհետեւ ծնունդ տուած էին ի սէր եւ ի խնդիր հայ նոր սերունդներուն ծառայութեան համար: Զիս աշխարհ բերած էին, որպէսզի նոր սերունդներու մտքերուն եւ հոգիներուն մէջ վարուցան ընեմ, եւ աւելի՛ն, արեւմտահայերէնի անաղարտ պահպանման ու զարգացման անհրաժեշտ միջոցները որոնեմ: Անկեղծօրէն եւ հպարտօրէն նաեւ ըսեմ, որ օրին ծնողներուս շնորհը խառնուած էր նոյն այդ սիրելի ծննդավայր Հալէպիս հասարակութեան կեանքին հետ: Որովհետեւ բոլորը կը հաւատային, որ ես անձնապէս պատմական անփոխարինելի առաքելութիւն մը ունէի փոխանցելիք` մեր մայրենիի ոգիէն եւ գաղափարական մեծութենէն:
Տարեդարձս է` ըսի: Նոյնքան ալ` տօնահանդէս:
Ուրախ եմ եւ երջանիկ, որովհետեւ հպարտօրէն ականատես եղած եմ անցնող 7 տասնամեակներու վրայ երկարող կեանքիս, գործելակերպիս, աշխատանքիս, ծրագրումներուս ու մանաւանդ ներկայութիւնս իմաստաւորող սաներուս ճիգերուն, յաջողութիւններուն, աշխատանքներուն եւ որոնումներուն:
Անոր համար են այս տողերս: Բի՛ւր շնորհակալութիւն:
Կեանքի կոչուելէս ի վեր ո՛չ ոք կը հաւատար, որ ես կրնայի ապրիլ, երթս շարունակել այսքան երկար եւ տակաւին` բարգաւաճիլ: Ո՛չ ոք:
Գիտեմ, որ ինծի եւ իմ նմաններուս համար պատկառելի է տարիքս` 70 տարեկան: Բայց, հակառակ այս տարիքիս, քալեցի կեանքիս ճակատագրական բոլոր ճամբաներէն: Շատ յաճախ որբացայ, բայց երբեք որբ չմնացի: Ճամբու ընթացքին շատեր կորսնցուցի: Հիները գացին, բայց միշտ համոզուած էի, որ նորերը զիս ջերմացնելու պիտի գային: Անոր համար է, որ այս օրերուն, եւ ինչպէս միշտ, հպարտ եմ ու երջանիկ: Սերունդներ հասցուցած եմ: Վկա՛յ ամբողջ աշխարհը:
Գիտեմ, որ իբրեւ խղճի պարտք` ամէն տեղ բոլոր սաներս հաւաքուած են նշելու, յիշատակելու, տօնախմբելու, ոգեկոչելու եւ միաժամանակ իրենց ուխտը նորոգելու: Եւ ա՛յս է ահա հաւաքական հրճուանքը: Որովհետեւ իմ փեթակիս մէջ հայ լեզուն, հայ գիրն ու գրականութիւնը եւ, վերջապէս, հայ մշակոյթն էր, որ լայն ծաւալով ծնունդի օրէս ի վեր, տեղ բռնած էր եւ տակաւին կը շարունակէ:
Հաւանաբար կարգ մը գաղութներու մէջ շատ մը բեմերու վրայ մինչեւ հիմա զիս յիշեցին: Երգեցին: Լաւ խօսքեր արտասանեցին: Ոգեւորուեցան: Ինծի հասցէագրուած կարճ ու երկար ճառեր խօսեցան եւ սիւնակներ գրեցին: Երբեմն ալ յուզումնախառն ու բարձրաձայն երգեցին: Թերեւս ալ արժանաւորները պարգեւատրեցին ու վերջապէս յիշատակեցին անյետաձգելի պարտականութիւններս ու առաքելութիւնս, ու ես կրկին անգամ ծաղկեցայ: Յիշեցին ծնողներս, խնամակալներս, դաստիարակներս, եւ` այն բոլոր մեծերն ու պզտիկները, որոնք հովանիիս տակ աչքի լոյս վատնեցին, սորվեցան եւ սորվեցուցին, զիս պահելու համար ժամերով ծրագրեցին ու զիս այս տասնամեակին հասցուցին:
Այս բոլորը, գիտակցումի արտայայտութիւն ըլլալով հանդերձ, ազգային աւանդական վարկագիծին մաս կը կազմեն: Դարձեալ` երախտագիտութիւն:
Այսօր հպարտօրէն կը կրկնեմ, որ ես 70 տարեկամ եմ:
Անցնող 7 տասնամեակներուն, յառաջացած վտանգները դիմակայելու համար, սաներուս, իմ կեանքովս ու գործովս ճիշդ ճամբան ցոյց տուած էի: Հաւատացէ՛ք, որքա՜ն կարիքը ունինք բոլորս ալ ճիշդ ճամբաներ առաջնորդողներու եւ առաջնորդուելու:
Տարիներու ընթացքին մեր գիրն ու գրականութիւնը եւ մշակութային հարստութիւնը պահելու եւ պահպանելու պարտականութեան ընթացքին շատ բաներ տեսայ` պատմական օրեր, տխուր օրեր եւ ժամեր:
Տեսայ, որ շատեր հեռացան, կամայ եւ ակամայ: Իսկ ուրիշներ ամրօրէն կառչած մնացին ու տեղի չտուին: Անոր համար անկեղծօրէն ըսեմ, որ հրաշքներու համազօր իրականութեան հանդիպեցայ: Միշտ փորձեցի ոտքի կանգնիլ: Չյուսահատիլ: Ու յաջողեցայ, ընձիւղուեցայ եւ երբեմն ալ դժբախտաբար ինձմէ անկախ եւ անհասկնալի պատճառներով հակառակը պատահեցաւ:
Սակայն միշտ յոյսերս արդարացան, ու ես այսպէս` ճակատաբացօրէն ծառայեցի նպատակիս: Շնորհիւ իմ յանձնառութեանս` գիտակից սաներս եւ իմ առաքելութեանս հաւատացող հայորդիներս զիս փորձեցին պահել բարձունքիս ու դիրքիս վրայ: Ապրեցայ ժողովուրդիս հետ, սաներուս կողքին: Չէ՞ որ ե՛ս հայ մտքի ու հոգիի, հայ մշակի եւ հայ մշակոյթի պահակի պաշտօնն ալ ունէի:
Իսկ հիմա:
Հիմա, որ երբ այլեւս տարեդարձիս տօնախմբութիւններն ու տօնակատարութիւնները կարգ մը տեղեր սկսած են եւ կամ նոյնիսկ` աւարտած, հիմա, երբ զաւակներս սկսած են որոշ արժեւորումն ու գնահատականը պատրաստել իրենց այս աշխատանքներուն, ես ինծի հարց կու տամ` «Ասկէ ետք ի՞նչ պիտի ընէք կամ ընեն»:
Պէտք է շարունակել «երթը»: Կը կրկնեմ քաջաբար եւ վստահաբար: Շարունակե՛լ աւանդը: Լիացնե՛լ արժէքը: Գիտեմ, թէ մինչեւ հիմա դուք ի՛նչ ըրիք եւ ինչե՛ր չըրիք: Հիմա ինծի համար կարեւորն ու էականը այս մէկն է:
Ինչ որ տեղի կ՛ունենայ այսօր, ինչ որ հրապարակային կերպով կը կատարէք, չեմ ցանկար, որ պարագայական երեւոյթ մը ունենայ: Ինծի համար իմաստ չունի ձրի հպարտութիւնը: Հաւատացէ՛ք: Կը կարծեմ, որ պէտք է զօրաշարժի ենթարկել ու ենթարկուիլ: Ձեւապաշտ վիճակէն դուրս գալ: Էականը այս բոլորին` իմ ձեր բոլորին կողմէ ընկալումն է: Ու իբրեւ առաջնահերթութիւն, նիւթական նոր խարիսխներ ստեղծելու կողքին, ինծի քաջալերանք եւ կանաչ ճանապարհ ապահովող ձեր խոստումներն են:
Ահա մեծագոյն նուէրս` այս տարեդարձիս:
Նոր շունչ տուէ՛ք: Քաջալերեցէ՛ք: Կը հաւատամ, որ այս ձեւով կարելի պիտի ըլլայ ապահովել գալիք ճանապարհս:
Արդ բարի տարեդարձի ձեր մաղթանքներուն կողքին, իմ կողմէ կրկին անգամ ընդունեցէ՛ք շնորհակալութիւնս եւ երախտագիտութիւնս: Ուստի` բարի՛ նոր երթ, թէ՛ ինծի եւ թէ՛ ձեզի: