Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 20 սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ, անտեսելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի` ռազմական հռետորաբանութենէ խուսափելու մասին շարունակական յորդորները, սպառնաց 2016-ի քառօրեայ պատերազմէն աւելի ցաւագին հարուած մը հասցնել հայկական կողմին, այդպիսով ՄԱԿ-ի ամպիոնէն, յաչս բոլորին, ցուցադրեց իր ռազմատենչութիւնը եւ խնդիրը խաղաղ ճամբով լուծելու, ուժի կիրարկումը կամ կիրարկման սպառնալիքը բացառելու միջազգային հիմնական սկզբունքներու մերժումը:
Ալիեւ իր շուրջ 15 վայրկեան տեւած խօսքին ընթացքին Հայաստանի հասցէին հնչեցուց բռնապետութենէն մինչեւ ֆաշականութիւն երկարող ամբաստանութիւններ եւ փոխարէնը պնդեց. «Մեր երկրին մէջ հիմնարար բոլոր իրաւունքները, ներառեալ` խօսքի եւ հաւաքներու ազատութիւնը, երաշխաւորուած են»: Զարմանալի է, թէ Ազրպէյճանի մէջ տիրող կացութեան (մասնաւորաբար վերջերս կատարուած զարգացումներուն եւ բացայայտումներուն լոյսին տակ) քաջածանօթ ներկաները ինչպէ՛ս կրցան զսպել իրենց խնդուքը: Անոնք թերեւս հայկական կողմին հասցէին հնչած անհիմն ու սրտխառնուք պատճառող կեցուածքներ լսելէ ետք իրենց գլուխը անտեղիօրէն չյոգնեցնելու համար պարզապէս դադրած էին մտիկ ընելէ: Ալիեւի խօսքը ձանձրոյթ պատճառեց եւ անտեսուեցաւ նոյնիսկ անոր դստեր` Լէյլա Ալիեւայի կողմէ, որ իր հօր ելոյթին ընթացքին սկսաւ զբաղիլ ինքնանկարներ առնելու աւելի իմաստալից եւ լուրջ աշխատանքով:
ՄԱԿ-ի ամպիոնէն Ալիեւի արտասանած անհեթեթ պնդումներուն կողքին, անոր կնոջ եւ դստեր ներկայութիւնը ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին միջազգային կազմակերպութեան անդամ 192 այլ պետութիւններու ներկայացուցիչներուն նկատմամբ Ազրպէյճանի բռնապետին անլուրջ ու անյարգալից վերաբերմունքը ընդգծող երեւոյթ մըն է: Ի վերջոյ Նիւ Եորքի մէջ ընտանեկան պտոյտի համար պատշաճ հազարումէկ վայրեր գոյութիւն ունին, սակայն ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը անոնցմէ մէկը չէ: