Յարգելի՛ ընթերցողներ,
«Ազդակ»-ի 19 սեպտեմբեր 2017-ի թիւին մէջ տեղ տրուած էր Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ ամէն կիրակի պատրաստուած «Ճրագ» թերթիկի մասին գնահատականի մը` տեղադրուած թերթին 7-րդ լման էջին վրայ:
Տասը տարիներու վրայ երկարած այս սքանչելի եւ գնահատելի աշխատանքը, որ կը պատրաստուի Կրօնական ժողովի հոգեւոր հովիւին կողմէ, ժողովուրդին մէջ ունի դրական ազդեցութիւն: Ան իր զանազան բաժիններով` Աստուածաշունչի ընթերցում, սաղմոսներ եւ աղօթքներ, հոգեւոր հայրերու մէջբերումներ, եկեղեցւոյ աւանդութեանց կապուած բացատրութիւններ, օգտաշատ համարներ, աղանդաւորներու եւ հաւատադրժողներու պատասխաններ եւ այլ, կը հարստացնեն եկեղեցասէր ժողովուրդի գիտելիքները, կը մօտեցնեն եկեղեցւոյ խորհուրդները եւ կ՛առաջնորդեն դէպի ճշմարիտ աստուածապաշտութիւն: Առ այդ, եւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդի կողմէ իմ գնահատանքս եւ երախտագիտութիւնս կ՛ուզեմ յայտնել այս աշխատանքին համար` մաղթելով, որ շարունակուի եւ յարատեւէ: Ի դիմաց ամէն դժուարութեանց եւ քննադատութեանց` Աստուծոյ խօսքին ճշմարիտ լոյսը կը մնայ այն ճրագը, որ իսկապէս մեր քայլերը ճիշդ ուղիով կ՛առաջնորդէ:
Թող Տէրը օրհնէ կատարուած աշխատանքը եւ նոր գրիչներ պատրաստէ վկայելու համար արդար Աստուծոյ խօսքն ու գործը: Վարձքերնիդ կատար:
ՌՈՒԲԷՆ ՄԱՆԿԱՍԱՐԵԱՆ