Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13499

Ընկ. Ժիրոյի Քաղցր Յիշատակին (Մահուան Քառասունքին Առիթով)

$
0
0

18 օգոստոսի  առաւօտեան ժամը 5:00-ին սեւ ամպեր կուտակուեցան Հայաստանի Զովունի գիւղաքաղաքին վրայ: Բօթաբեր ամպեր: Երկինքը կը սգար, գիւղացիք կ’ողբային: Ժիրայր Շոքոյեանի անշնչացած մարմինէն դուրս կու գայ իր մաքուր հոգին ու կը սաւառնի դէպի երկինք` այդ գորշ ամպերուն ընդմէջէն:

Ընկե՛ր Ժիրօ, քու վաղահաս մահդ ոչ միայն անակնկալ էր, այլեւ անհաւատալի` մեր բոլորին համար:

Դուն քու ամբողջ կեանքիդ ընթացքին դաշնակցականի ոգիով քաջաբար անարգեցիր բոլոր տեսակի վտանգները, նոյնիսկ քու գլխուդ ու սրտիդ ուղղուած գնդակները շեղեցան ու յաջողեցան քեզ վիրաւորել միայն ոտքերէդ: Իսկ դուն, վիրաւոր վիճակիդ մէջ, քու հարուածովդ դիտապաստ գետին փռեցիր հակառակորդը: Ճակատագիրը չուզեց, որ հայրենիքիդ համար նահատակի փառքի պսակին արժանանաս: Անժամանակ մահացար անկողինիդ մէջ:

Միշտ եղար քու անունիդ տէրը` ժիր, այր ու առնական, միշտ աշխուժ ու մանաւանդ` միշտ համեստ: Քու համեստութիւնդ շուքի մէջ ձգեց քու խիզախութիւնդ եւ կորովդ: Միշտ կառչեցար կուսակցական` դաշնակցական սկզբունքներուն եւ չէիր ընդուներ «միջանկեալ» կամ «կողմնակի» լուծումները. մինչեւ ծայր կը պայքարէիր, որպէսզի արդար ու հիմնական լուծում գտնուէր որեւէ հարցի: Այս պատճառով ալ երբեմն կարճամիտ անձեր քեզ անբաղձալի կը նկատէին:

ՀՅ Դաշնակցութեան 1988-ի Ընդհանուր ժողովին կողմէ որդեգրուած «Դէպի Երկիր» կարգախօսը խորապէս համոզիչ էր քեզի համար: Եւ այդ թուականէն ի վեր միտքդ դրած էիր գործադրել այդ կարգախօսը քու անձնական օրինակով: Երկար տարիներ չարաչար աշխատելով ու ամէն դժուարութիւն քաջութեամբ տանելով, ի վերջոյ հասար նպատակիդ` հաստատուելով մայր հայրենիք` Հայաստան: Բայց ափսո՜ս, չկրցար երկար վայելել: Գէթ ազնիւ կինդ` Մարալը եւ զաւակդ կրնան վայելել քրտինքովդ կառուցուած տունդ, հայրենի հողին վրայ:

Ընկե՛ր Ժիրօ, քու կեանքիդ ընթացքին շատ դժուար օրեր անցուցիր, վերիվայրումներով լի, սակայն միշտ ալ դաշնակցականի վայել խիզախութեամբ բարձր պահեցիր ճակատդ ու արժանապատուութիւնդ: Քու անսակարկ նուիրումովդ կրցար շահիլ բոլոր ընկերներուդ սէրն ու յարգանքը:

Սիրելի՛ ընկեր, ներէ ինծի, եթէ այս երկտողով դաշնակցականի համեստութիւնդ կը վիրաւորեմ: Ասոնք քու մասիդ գովաբանական տողեր չեն, այլ` քու մասիդ ճշմարտութեան մէկ մասնիկը միայն:

Թող հողը թեթեւ գայ քու անշնչացած մարմինիդ վրայ, եւ թող հոգիդ արժանի մնայ Աստուծոյ բարիքներուն եւ յաւիտենական կեանքին:

Երթաս բարով, սիրելի՛ ընկեր: Քու եւ մեր բոլոր զինակից ընկերներուն ալ բարեւէ:

Քու գաղափարակից ընկերդ`

Գ. Փ.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13499

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>