Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13451

Տեսակէտ. Գիտակցուած Սայթաքումը

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովի արտաքին քաղաքական օրակարգին վերաբերող քննարկման ընթացքին արտասանեց լաւապէս բանաձեւուած խօսք մը, սակայն հարցում-պատասխանի բաժինին մէջ արձանագրեց գիտակցուած սայթաքում մը, որ անմիջապէս լուսարձակի տակ առնուեցաւ միջազգային լրատուամիջոցներուն կողմէ: Ներկայացնելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի տարրերը` ան անդրադարձաւ տարածքներու «վերադարձի» հարցին եւ ըսաւ. «Դուք մի՛ կարծէք, որ մենք միամիտ ենք, դուք միամիտ չէք: Այսինքն` որ բանակցում ենք ինչ որ մի բան, միամտօրէն կարող ենք ինչ որ մէկին հաւատալ, ինչ որ բան յանձնել հէնց այնպէս: Ես ասացի տարածքների վերադարձի մասին, խօսքն այն տարածքների մասին է, որոնք անվտանգութեան իմաստով սպառնալիք չեն լինի թէ՛ Ղարաբաղին, թէ՛ ընդհանրապէս այս հանգուցալուծմանը»:

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան յայտարարած էր, թէ Ստեփանակերտի իշխանութիւնները կտրուկ կերպով կը մերժեն Ազրպէյճանին որեւէ տարածքի յանձնումը: Հայկական երկու պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու կեցուածքներուն միջեւ այս ակներեւ հակասութիւնը չվրիպեցաւ կարգ մը օտար լրատուամիջոցներու ուշադրութենէն, որոնք անմիջապէս լուսարձակի տակ առին զայն: Ցաւալի իրողութիւն մը, որմէ կարելի էր խուսափիլ:

Աւելի՛ն, «Եուրէյժանեթ» հաղորդեց, որ ազրպէյճանցի սիւնակագիր Էլմիրա Թարիվերտիեւա, անդրադառնալով Նալբանդեանի յայտարարութեան, գրած է. «Թերեւս Երեւան վերջապէս գիտակցած է, թէ պէտք է յառաջ ընթանալ դէպի խաղաղութիւն, եւ ասիկա միակ առիթն է խուսափելու պատերազմէ մը, զոր Հայաստան յստակօրէն կորսնցուցած է»: Հայաստանեան դիւանագիտութեան պետը պէտք էր աւելի զգուշ ըլլար եւ ամերիկացի քոնկրեսականներու Արցախ այցելութեան օրերուն ու 23 սեպտեմբերին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին հետ հանդիպումին նախօրեակին հրապարակային այսպիսի «ժողովրդային ձեռնարկ»-ի մը ընթացքին կեցուածքներու տարբերութիւնը յաչս օտար հանրութեան չընդգծէր:

Սփիւռքի կարեւոր աշխատանքներէն մէկը Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումն է, իսկ այդ պետութեան ներկայ սահմանները հարցականի տակ առնելը մեծապէս կը վնասէ արդէն իսկ դժուար եղող այդ գործին: Հողային տարածքներու զիջումի մերժման հարցին մէջ սփիւռքն ու Արցախը համակարծիք են: Այդ գայթակղալից յայտարարութիւնը, որ ի դէպ իր տեսակին մէջ առաջինը չէ, կու գայ ընդգծելու կարեւորութիւնը Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան ամրապնդման: Ասիկա  կարելի է միայն երեք թեւերուն միջեւ համակարգումի ճամբով. լուրջ աշխատանք մը, որ կարելի չէ իրագործել բազմամարդ եւ պատահական կերպով հրաւիրուած անձերու ներկայութեամբ խորհրդաժողովի մը կամ մարմինի մը միջոցով:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13451


<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>