Ջերմօրէն կ՛ողջունենք Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համաժողովը «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» խորագրին տակ դնելու ճիշդ որոշումը, եւ կը յուսանք, որ ներկայ համաժողովը կը դառնայ Հայաստան-սփիւռք իրապաշտ երկխօսութեան եւ համահայկական խնդիրներու ու մարտահրաւէրներու լուրջ քննարկման եզակի առիթ:
Կ՛ողջունենք յատկապէս համաժողովի խորագրին մէջ կարեւոր տեղ գրաւած «վստահութիւն» բառը: Արդարեւ, որեւէ ձեւի ու բնոյթի գործակցութիւն, ուր վստահութիւնը բացակայ է, կը դառնայ կեղծ ու վնասաբեր: Հայաստանի վերանկախացումէն յետոյ երկուստեք սխալներ եղան: Հայաստան եւ սփիւռք զիրար չէին ճանչնար, անվստահութեան մթնոլորտ մը կար, որ իր բացասական հետեւանքները ունեցաւ հայ կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ:
Արդ, աւելի քան 25 տարիներու մեր փորձառութեան լոյսին տակ, փոխադարձ վստահութիւնն ու պատասխանատուութիւնը, աւելի ճիշդ է ըսել` հաւաքակա՛ն պատասխանատուութիւնը, գեղեցիկ լոզունգէ անդին, կեանքի պէտք է վերածուի` Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի միջեւ դերերու յստակեցումով, առաջնահերթութիւններու ճշդումով ու գործակցութեան նոր որակ տալով: Ա՛յս է մեր ազգը իր հայրենիքով ու սփիւռքով դէպի պայծառ ապագայ առաջնորդող միակ ապահով ճամբան: Ա՛յս գիտակցութեամբ հարկ է համազգային մտածողութեան մշակոյթ ստեղծել, հաւաքաբար ծրագրել ու գործել: Ա՛յս տեսլականով հարկ է բացուիլ նոր հորիզոններու ու քաջօրէն դիմագրաւել մեզ շրջապատող մարտահրաւէրներն ու տագնապները:
Կը գտնուինք մեր պատմութեան մէկ վճռադրոշմ խաչմերուկին դիմաց: Եկէք` ըլլանք իրապաշտ ու անկեղծ: Հայաստանը կը պարպուի, իսկ սփիւռքը կը մաշի: Այս վտանգալից իրականութեան դիմաց պատահական նախաձեռնութիւններ չեն կրնար մեր տագնապները լուծել եւ վէրքերը դարմանել: Ժամանակի նշանները պէտք է ճիշդ կարդալ, ախտաճանաչումը պէտք է ճիշդ կատարել եւ համապատասխան կողմնորոշումներ ճշդել ու ազդու միջոցներու դիմել: Անհրաժեշտ է Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը դուրս բերել պատահական տնտեսական ներդրումներու ու թուրիստական այցելութիւններու շրջագծէն եւ զայն դարձնել մեր ազգային քաղաքականութեան կարեւոր հիմքերէն մէկը: Ամբողջական Հայաստանի տեսլականը ունենալով մեր ազգային գաղափարախօսութեան հենքն ու նպատակը` ՀԶՕՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ, ԱՄՈՒՐ ԱՐՑԱԽ ու ԿԱԶՄԱԿԵՐՊ ՍՓԻՒՌՔ պէտք է դառնան մեր ազգային քաղաքականութեան ռազմավարական ու մարտավարական ուղեցոյցը: Ազգային այս գաղափարախօսութեամբ ու տեսլականով ամրագրուած ազգային քաղաքականութիւնը անկասկած իր շուրջ պիտի համախմբէ մեր ազգին բոլոր զաւակները, մարդուժն ու ներուժը, միաժամանակ` մղիչ ուժը դառնալով համահայկական մտածողութեան կազմաւորման ու գործելակերպի զարգացման:
Շրջափակումի ենթարկուած Հայաստանը պատերազմի մնայուն վտանգին դիմաց է: Արդ, Հայաստանի անվտանգութիւնը համազգային առաջնահերթութիւն է, եւ սա առաջին հերթին կը պահանջէ հայրենի մեր ժողովուրդին ամուր կապուածութիւնը իր հողին: Հայրենիքը հող ու ժողովուրդ է` պետութիւն ու տնտեսութիւն ըլլալէ առաջ: Հաւատարմութիւն հայրենիքին նկատմամբ վեր է ամէն տեսակ նկատումներէ: Հետեւաբար անհրաժեշտ է եւ անյետաձգելի` արտագաղթը նուազեցնելու եւ Հայաստանի բնակչութեան թուային աճը ապահովելու ձգտող քոնքրեթ միջոցներու կիրարկումը: Հարկ է ըլլալ զգուշ: Եթէ Հայաստանի տնտեսութեան զարգացումը ընթանայ համրաքայլ եւ փտածութեան առաջքը առնելը դառնայ դժուար, եւ միւս կողմէ` եթէ ժողովուրդի կենսամակարդակը չդառնայ գոհացուցիչ, արտագաղթը նոյն թափով կրնայ շարունակուիլ եւ աղքատութիւնը դառնալ աղբիւր ամէն տեսակ ընկերային ու բարոյական չարիքներու:
Դիւրին է այս հարցերուն մասին խօսիլը, գիտե՛նք. հեշտ է նաեւ քննադատելը, դարձեա՛լ գիտենք. էականը մեր ցաւերուն դարման որոնելու իմաստութիւնը, կամքն ու յանձնառութիւնը ունենալն է: Արդ, սպասելի է, որ բարեփոխեալ սահմանադրութեամբ դէպի կառավարման աւելի թափանցիկ ու հաշուետու կառոյցներ ու գործընթացներ ընթացող Հայաստանը կարենայ, նաեւ` Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան ընձեռած կարելիութիւններու ճիշդ օգտագործումով, լուծումներ որոնել յիշեալ եւ այլ հիմնահարցերու:
Հայաստան եւ սփիւռք սոսկ գործընկերներ կամ գործակիցներ չեն սովորական առումով, այլ` նո՛յն ազգի ու հայրենիքի զաւակներ: Ա՛յս հայեցակէտով պէտք է ծրագրուի ու հունաւորուի Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը: 27 տարիներու ընթացքին մեր ժողովուրդի երկու հատուածներուն միջեւ զարգացած կապերը, իրենց դրական թէ բացասական երեսներով, մեզ պէտք է մղեն տարբեր որակ ու արեւելում տալու մեր գործակցութեան: Տեղքայլը նահանջ է, իսկ նահանջը արտօնելի չէ տագնապներով ու մարտահրաւէրներով շրջապատուած մեր ազգին ու հայրենիքին համար:
Սիրելի՛ հայորդիներ, Հայաստանը զբօսավայր չէ՛, պիզնեսի շուկայ չէ՛, անցագիր չէ՛. վա՜յ մեզի, երբ միայն այսպէ՛ս մօտենանք Հայաստանին: Հայաստանը աշխարհի վրայ ինքզինք հայ դաւանող հայուն տո՛ւնն է` անցեալի, ներկայի ու ապագայի տունը: Մեր հաւաքական տան նկատմամբ ընելիք ու ըսելիք ունինք եւ պէտք է ունենանք: Պիտի հզօրացնենք ու ծաղկեցնենք Հայաստանը մեր ողջ կարողականութեամբ: Սա իւրաքանչիւր հայու սրբազան ուխտը պէտք է դառնայ:
Արդ, մէկ կողմէ բարեսիրական գործերով եւ միւս կողմէ` «Եկէք` պիզնես արէք» ըսելով, որքան ալ գնահատելի ըլլան նման նախաձեռնութիւններ ու կոչեր, չենք կրնար հզօր Հայաստան կերտել: Սփիւռքը պատահական ներդրումներէն անդին` կոչուած է լայնածաւալ ու երկարաշունչ ծրագիրներով մասնակից դառնալու Հայաստանի տնտեսութեան աճման: Սփիւռքի տնտեսական ներուժի արդիւնաւէտ օգտագործումը եւ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան ծաւալումը կ՛ենթադրէ գործակցութեան տինամիք մեքանիզմներու ստեղծում` համաշխարհայնացած տնտեսութեան ընձեռած լայն միջոցներու օգտագործումով:
Սակայն Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը միայն տնտեսական շրջագծէն ներս պէտք չէ դիտել: Սփիւռքի դերը Հայաստանի նկատմամբ սոսկ պիզնես ընել չէ: Սփիւռքը մասնագիտութեամբ թրծուած հարուստ փորձառութիւն է, սփիւռքը պահանջատիրական ոգիով շաղախուած երիտասարդութիւն է, սփիւռքը բազմաթիւ ու բազմազան կարելիութիւններով օժտուած հարուստ շտեմարան է: Սփիւռքը անբաժան ու անբաժանելի մասն է հայութեան: Հետեւաբար տնտեսական, մշակութային, կրթական եւ այլ մարզերէն ներս ծրագրուած գործակցութեան կողքին, անհրաժեշտ է նաեւ լրջօրէն մտածել սփիւռքի փորձագէտները ու մասնագէտները Հայաստանի կառավարման կառոյցներուն գործնապէս մասնակից դարձնելու միջոցներուն մասին: Այս մօտեցումով միայն Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը իր լիարժէք իմաստը կը ստանայ:
Արցախը, բնականաբար նաեւ` Հայաստանը, կը գտնուին ոչ պատերազմ եւ ոչ խաղաղութիւն իրավիճակի մէջ: Այս անորոշ կացութեան երկարաձգումը լուրջ վտանգ մըն է Հայաստանի համար: Թերեւս այսպէ՛ս կ՛ուզեն թէ՛ մեր բարեկամները եւ թէ՛ ոչ բարեկամները` մեկնելով շրջանի իրենց աշխարհաքաղաքական շահերէն: Մեր դարաւոր պատմութիւնը կը վկայէ, որ ազգին ու հայրենիքին փրկութիւնը մեր հաւաքական ուժին մէջն է, եւ մեր հաւաքական ուժին ու վճռակամութեան հարազատ արտայայտիչը հայոց արի բանակն է: Իւրաքանչիւր հայ զինուոր մըն է հայոց բանակին. զինուոր` նիւթապէս նեցուկ դառնալով անոր զօրացման եւ ի պահանջել հարկին` իր արիւնը թափելով ի խնդիր հայրենիքի պաշտպանութեան:
Սփիւռքի վերակազմակերպումը Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան առաջնահերթութիւններէն մէկն է: Ըսած ենք ու կը կրկնենք. սփիւռքի հզօրացումը Հայաստանի հզօրացումն է, եւ` փոխադարձաբար: Հարկ է ըլլալ իրատես ու հեռատես: Եթէ բազմերանգ ու բազմաշերտ դարձած սփիւռքը իր ներուժի ներդաշնակման առաջնորդող հաւաքական ուղեգիծեր չճշդէ, հետզհետէ պիտի ընթանայ դէպի կազմալուծում ու մաշում:
Հայաստանը կարեւոր դեր ունի կատարելիք սփիւռքի հայօրէն վերակենսաւորման, յատկապէս` մշակութային ու կրթական մարզերէն ներս, ինչպէս նաեւ` ազգային միասնականութեան ամրապնդման գծով: Արդարեւ, սփիւռքի հայերուն քաղաքացիութիւն շնորհելը կարեւոր քայլ մըն էր:
Լուրջ տագնապի մէջ գտնուող գաղութի մը, օրինակ, Սուրիոյ հայութեան նկատմամբ Հայաստանի պետութեան ցուցաբերած քաղաքական եւ մարդասիրական աջակցութիւնը այլապէս կարեւոր քայլ մըն էր: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի հռչակագիրը պատմական նշանակութիւն ունէր: Անհրաժեշտ է մէկ ազգի ու հայրենիքի պատկանելիութիւնը ամրագրող քոնքրեթ նախաձեռնութիւնները շարունակել նո՛յն ոգիով ու յանձնառութեամբ: Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի համահայկական նշումը վստահաբար նոր շեշտ պիտի տայ մեր ազգային միասնականութեան: Եւ աւելի՛ն. փոխադարձ զիջումներով միացեալ ուղղագրութեան հաստատումը, արեւմտահայերէնի պահպանութեան գծով Հայաստանի պետութեան զօրակցութիւնը անկասկած պիտի դառնան մեր միասնականութեան ամրակուռ սիւները:
Սակայն չմոռնանք երբեք, որ ազգ մը միացնողը, ամրացնողը ու յաւերժացնողը իր հոգեւոր, բարոյական, մշակութային ու ազգային արժէքներն են: Հետեւաբար թոյլ չտանք, որ մեր ազգին արժէքները ապականին, մեր արժէքներու համակարգը խախտի: Արդարեւ, մեր ազգին մտահոգութիւններն ու կարելիութիւնները լուրջ քննարկումի ու համակարգումի ենթարկող եւ ազգային միասնականութեան տեսանելի արտայայտութիւն տուող Համազգային խորհուրդի մը ստեղծումը կը նկատենք անյետաձգելի հրամայական:
Այսօրը ծրագրել կը նշանակէ վաղը երաշխաւորել: Ազգին տան հիմքը ամրացնելը կ՛ենթադրէ ազգին բեկորները ի մի խմբող վստահութիւնը ամրապնդել ու ներուժը զօրաշարժի ենթարկել: Այլապէս սոսկ լոզունգներ հնչեցնելով` փակ օղակներու մէջ պիտի մնանք: Չվստահինք աշխարհաքաղաքական շահերով պայմանաւորուած ուրիշներու բարեկամութեան: Վստահինք մեր սեփական ուժին ու միասնականութեան, մեր հաւատքին ու վճռակամութեան: Յ. Շիրազի բառերով` «Բա՛ւ է հայեր ցրուած մնաք մատներիս պէս. բռունցքուելն է յաւերժութիւնը Հայաստանի»: Ա՛յս է դարերէն եկող ու դարերուն գացող պատգամը հայոց պատմութեան: