Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ժողովրդավարութեան նմուշ նկատուող Թուրքիան այսօր կը գտնուի մենատիրական իշխանութեան վերադառնալու սեմին: 2016 յուլիսի զինուորական յեղաշրջման ձախող փորձը յանգեցաւ ընդդիմադիրներու զանգուածային ձերբակալութեան… եւ մասնաւորաբար` Էրտողանի միահեծան իշխանութեան ամրապնդումին:
Իր կողմնակիցներուն համար, որոնք մեծ թիւ կը ներկայացնեն, Էրտողան հայրական ոգիով գործող տիպար ղեկավարն է, որուն կարելի է վստահիլ երկիրը: Բայց իր հակառակորդներուն համար ան կը գտնուի ամբողջովին բռնատէր դառնալու ճամբուն վրայ: Տեղի՞ն է արդեօք այս մտահոգութիւնը: Ժողովրդավարութիւնը վստահօրէն վտանգուած է Թուրքիոյ մէջ, բայց կարելի՞ է արդեօք նոր վարչաձեւը բռնատիրական նկատել:
Նախապէս քաղաքական միտքը յստակ սահմանումներ ունէր ժողովրդավարութիւնը եւ բռնատիրութիւնը զատորոշելու ժամանակ: Մինչ ժողովրդավարութիւնը կը ցոլացնէր ազատ եւ արդար ընտրութիւններ, քաղաքացիական ազատութիւններ ու դատական անկախութիւն եւ օրէնքի գերակայութիւն, միւս կողմէ` բռնատիրութիւնը կը բնորոշուէր ընտրութիւններու բացակայութեամբ, ազատութիւններու կաշկանդումով եւ փտածութեամբ: Իբրեւ պարզ նմուշ կարելի է տալ հարաւային եւ հիւսիսային Քորէաներու օրինակները, բայց կան բազմաթիւ վարչաձեւեր, որոնք կը գտնուին ժողովրդավարութեան եւ բռնատիրութեան միջեւ տեղ մը, եւ զորս կարելի է նկատել խառնածին (hybrid) վարչաձեւեր:
Խառնածիններուն մէջ տեղի կ՛ունենան ընտրութիւններ, ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն կ՛արտօնուի առաջադրել թեկնածուներ, եւ նոյնիսկ կը տրուին քաղաքացիական որոշ ազատութիւններ` ժողովրդավարական ընդունուած հաստատութիւններու ծիրին մէջ, բայց անոնք գրեթէ չեն գործեր եւ ոչ մէկ ձեւով կը սպառնան իշխող խաւին:
Այսօր, աշխարհի տարածքին, ժողովրդավար նկատուող վարչաձեւերուն մեծամասնութիւնը խորքին մէջ խառնածին բնոյթ ունի: Մինչ բազմաթիւ բռնատիրական երկիրներ կը կազմակերպեն եւ կ՛օգտագործեն կասկածելի ընտրութիւններ` ժողովրդավար երեւնալու համար (օրինակ` Անկոլա), անդին` ժողովրդավար նկատուած երկիրներ ետդարձ կ՛ընեն եւ կ՛ուղղուին դէպի բռնատիրութիւն:
Սեղմումներ
Այսօր ժողովրդավարութեան նահանջի ամէնէն տարածուած ձեւերէն մէկը գործադիր իշխանութեան ինքնամեծարումն է, երբ այդ իշխանութեան վրայ գտնուող ղեկավարը կը թուլացնէ հաշուետուութեան եւ հաշուառութեան համակարգը` միաժամանակ տկարացնելով օրէնսդիր ու դատական իշխանութիւնները եւ ընդդիմութիւնը ընդհանրապէս՛ յենելով ժողովրդային հանրաքուէներու վրայ` «ժողովրդային մանտա» ստանալու միտումով: Այս առումով, Էրտողանի իշխանութեան տակ, Թուրքիոյ պարագան կրնայ ծառայել իբրեւ դասագրքայն օրինակ:
Էրտողան իշխանութեան հասաւ 2002-ին, երբ իր Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը շահեցաւ երեսփոխանական աթոռներուն մեծամասնութիւնը: Էրտողան անմիջապէս սկսաւ իր կնիքը դնել երկրին վրայ` պաշտօնավարութեան առաջին երկու տարուան ընթացքին մշակելով եւ որդեգրելով 500 օրէնք: 2010-ին, իր մանտան դրսեւորելու միտումով, Էրտողան հանրաքուէի միջոցով առաջադրեց սահմանադրական երկու տասնեակ փոփոխութիւններ, մինչ Եւրոպական միութեան անդամակցութեան չափանիշներուն հասնելու նպատակով բարելաւուած քաղաքացիական ազատութիւններուն մէկ մասը կը չքանար: Կը սահմանափակուէին մամուլի ազատութիւնները, բազմաթիւ կայքէջեր կը փակուէին, եւ պատկերասփիւռին գործելու շարժումը կը սահմանափակուէր:
2013-ին, Պոլսոյ Կեզի զբօսայգիի բողոքի ցոյցերէն ետք, աւելի քան 80 լրագրողներ գործէ արձակուեցան: Լրագրողներ ընդհանրապէս կրնան դատական հետապնդումի ենթարկուիլ` կառավարութիւնը քննադատող որեւէ գրութեան պարագային:
Էրտողան ճիգ չխնայեց նաեւ տկարացնելու դատական իշխանութիւնը: Ան իրաւունք ստացաւ նշանակելու Սահմանադրական դատարանի 17 անդամներէն 14-ը: 2014-ին, 3000 դատաւորներ հեռացուեցան: Դատարաններուն փոխարէն, իբրեւ օրէսդիր մարմին, խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն վայելող Էրտողանի կուսակցութիւնը այժմ կը վերահսկէ, թէ ո՛ր կուսակցութիւնները կրնան մասնակցիլ ընտրութիւններուն: Տակաւին, 2015-ին, Ազգային հետախուզական կազմակերպութեան (գլխաւորուած նախագահին կողմէ նշանակուած պաշտօնատարի մը կողմէ) կը տրուի Թուրքիոյ մէջ ոեւէ անձ հետապնդելու իրաւունք` առանց դատական իշխանութիւններէն արտօնութիւն առնելու:
Միւս կողմէ` զինուորականները երբեք չյաջողեցան «ձեւի բերելու» Էրտողանը: Ի տարբերութիւն իր նախորդներէն ոմանց, երբ բանակը կը սպառնար անուղղակի վերահսկողութիւն հաստատել քաղաքական կեանքին վրայ, Էրտողան կը մերժէր ենթարկուիլ սպառնալիքներուն, օրինակ` 2007-ին, երբ ան առաջադրեց եւ պարտադրեց արտաքին գործոց նախարար Ապտիւլլա Կիւլի նախագահ ընտրութիւնը` հակառակ զինեալ ուժերու ընդդիմութեան: Եւ 2016-ի յեղաշրջման փորձէն ասդին, որ, ըստ երեւոյթին, ծրագրուած էր անկարգապահ զինուորական զօրամասերու կողմէ, Էրտողան յստակ դարձուցած է, որ ինք ուղղակիօրեն պիտի վերահսկէ զինեալ ուժերը: Քանի մը օրուան մէջ ան 100 զօրավար եւ աւելի քան 1500 սպայ վտարեց բանակէն:
Ընդհանուր առմամբ, յեղաշրջման ձախող փորձին հակազդեցութեան տարողութիւնը երբեք չէր նախատեսուած: Աւելի քան 16 հազար հոգի ձերբակալուեցաւ, եւ առնուազն 60.000 պաշտօնեաներ գործէ արձակուեցան: Սակայն պէտք էր սպասուէր նման քայլ Էրտողանէն, որուն իշխանատենչութիւնը, ըստ շատերուն, սահման չունի եւ կրնայ հասնիլ մինչեւ «կայսերական նախագահութիւն» հաստատելու աստիճանին:
Կը մնայ սպասել, որ արդեօք Էրտողան պիտի յաջողի՞ ամբողջական մենատիրութիւն հաստատելու Թուրքիոյ մէջ, թէ՞ Թուրքիա պիտի դառնայ խառնածին պետութիւն մը, ինչ որ աւելի հաւանական կը թուի ըլլալ: Ցարդ յստակ է միայն, որ Էրտողանի իշխանատենչութիւնը բաւական վնաս պատճառած է Թուրքիոյ:
Նաթաշա Էզրով
Էսեքս համալսարանի աւագ դասախօս
Պատմական Ակնարկ` Յեղաշրջումներուն Մասին
Թրքական բանակը շատոնց ինքզինք նշանակած է իբրեւ «թրքական ժողովրդավարութեան խնամակալ» կամ պահապանը Քեմալ Աթաթուրքի ստեղծած արդիական եւ աշխարհիկ պետութեան: Իբրեւ այդպիսին` անիկա երեք անգամ ուղղակիօրէն միջամտած է թրքական քաղաքականութեան մէջ, իսկ 1997-ին կատարած է «յետարդիական (postmodern) յեղաշրջում» մը:
1960
Առաջին յեղաշրջումը տեղի ունեցած է 1960-ին` կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ լարուածութեան սրումին պատրուակով:
Իշխանութեան վրայ գտնուող Ժողովրդավար կուսակցութիւնը, գլխաւորութեամբ վարչապետ Ատնան Մենտերեսի եւ նախագահ Ճելալ Պայարի, կը սկսի թուլցնել կրօնի հետ կապուած եւ Աթաթուրքի ժամանակաշրջանին որդեգրուած շարք մը օրէնքներ: Հազարաւոր մզկիթներ կը վերաբացուին, թրքերէնի փոխարէն` արաբերէնով աղօթքը կ՛օրինականացուի, կրօնական նոր դպրոցներ կը բացուին եւ զինուորական պարտադիր ծառայութեան ժամանակը կը կրճատուի: Միաժամանակ կը սահմանափակուին մամուլի օրէնքները, եւ ընդդինադիր թերթերու տպագրութիւնը յաճախակիօրէն կ՛արգիլուի:
Կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ լարուածութիւնը այնքան կը սրի, որ 1960-ի սկզբը Մենտերես ստիպողական վիճակ կը յայտարարէ: Մայիսի 27-ին բանակը կը միջամտէ եւ կը տապալէ կառավարութիւնը: Նախագահը, վարչապետը եւ կառավարութեան քանի մը անդամներ կը ձերբակալուին եւ կը դատուին դաւաճանութեան յանցանքով: Մենտերես կախաղան կը բարձրացուի:
Զօրավար Ճեմալ Կիւրսել կը ստանձնէ իշխանութիւնը` իբրեւ նախագահ եւ վարչապետ: Զինուորական իշխանութեան այս շրջանը կը տեւէ մինչեւ 1965:
1971
Թուրքիոյ տնտեսութիւնը 1960-ականներու վերջերը կը հասի անկումի հանգրուանին` պատճառ դառնալով համատարած խռովութիւններու: Աշխատաւորական կազմակերպութիւններ կը կազմակերպեն բողոքի ցոյցեր, երբեմն` վայրագ, որուն կը հակադարձէ ծայրայեղ աջը: Դրամը կ՛արժեզրկուի, եւ սղաճը կը հասնի 80 առ հարիւրի: Անիշխանական մթնոլորտ կը տիրէ Թուրքիոյ մէջ:
1971 մարտին զինուորականները անգամ մը եւս կը միջամտեն` կարգ ու կանոն հաստատելու պատրուակին տակ: Սպայակոյտի պետ Մամտուհ Թակմաք յուշագիր կը յղէ վարչապետ Սիւլէյման Տեմիրելի` կազմելու նոր կառավարութիւն` մեկնելով Աթաթուրքի սկզբունքներէն: Տեմիրել կը հրաժարի:
Այդ շրջանին բանակը ուղղակի իշխանութիւն չի հաստատեր: Առաջին հերթին, ան աջակողմեան Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութեան անդամ Նիհաթ Էրիմը կը նշանակէ վարչապետ, որուն կառավարութիւնը իշխանութեան վրայ կը մնայ մինչեւ 1973, երբ խորհրդարանը նախագահ կ՛ընտրէ հանգստեան կոչուած ծովուժի սպաներէն Ֆահրի Քորոթուրքը:
1980
Անկայունութիւնը Թուրքիոյ մէջ կը շարունակուի նոյնիսկ 1971-ի յեղաշրջումէն ետք: 1970-ական թուականներուն Թուրքիա վարչապետ կը փոխէ 11 անգամ, տնտեսութիւնը կը շարունակէ մնալ լճացած, իսկ ձախակողմեան եւ աջակողմեան խմբակներ կը շարունակեն բախումներ ունենալ փողոցներուն մէջ: Հազարաւոր մարդիկ կը սպաննուին:
Բանակը 1979-ին կը սկսի քննարկել յեղաշրջումի հաւանականութիւնը, եւ 1980 մարտին խումբ մը զօրավարներ առաջ անցնելու տրամադրութիւն կը յայտնեն: Քանի մը անգամ յետաձգուելէ ետք, վերջապէս սեպտեմբերին սպաները ստիպողական վիճակ կը յայտարարեն եւ կը ստանձնեն իշխանութիւնը:
Քենան Էվրեն կը դառնայ նախագահ, իսկ ծովուժի սպայ Պիւլենթ Ուլուսու կը ստանձնէ վարչապետի պաշտօնը:
Զինուորականները կը ձերբակալեն հարիւր հազարաւոր մարդիկ: Շատեր մահապատիժի կ՛ենթարկուին, իսկ ուրիշներ պարզապէս կ՛անհետանան:
1982-ին հանրաքուէի կը դրուի նոր սահմանադրութիւնը, որ կ՛որդեգրուի լայն մեծամասնութեամբ:
Զինուորական իշխանութեան այս շրջանը որոշ կայունութիւն յառաջ կը բերէ Թուրքիոյ մէջ: 1983-ին, Ուլուսուի կը յաջորդէ Թուրկութ Օզալը, որուն կը տրուի Թուրքիոյի տնտեսութիւնը կայունացնելու պատիւը` պետական հաստատութիւններու սեփականաշնորհման միջոցով: Դրամի արժեզրկումը կը նահանջէ, մինչ աշխատուժը աճ կ՛արձանագրէ:
1997
1995-ի ընտրութիւնները կը շահի իսլամական Բարօրութիւն կուսակցութիւնը Էրպաքանի գլխաւորութեամբ, որ կը կազմէ համաձայնական կառավարութիւն մը:
Դժգոհ` իսլամականներու յաջողութենէն, 1997-ին զինուորականները շարք մը «յանձնարարականներ» կու տան կառավարութեան, որ այլընտրանք չունէր` բացի ընդունելէ զանոնք: Հետագային բանակը կը ստիպէ Էրպաքանի հրաժարական ներկայացնելու:
Էրպաքանին` կուսակցութիւնը լուծարքի կ՛ենթարկուի 1998-ին, որուն կ՛արգիլուի նաեւ քաղաքականութեամբ զբաղիլ հինգ տարի: Կուսակցութեան նախկին անդամներ, որոնց շարքին` Ռէեճեփ Թայիփ Էրտողան, կը հիմնեն Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը:
Աղբիւրներ
Newsweek, The Economist, AlJazeera
http://www.newsweek.com/erdogan-dictator-autocratic-continues-endanger-turkey-democracy-490729
http://www.aljazeera.com/news/europe/2012/04/20124472814687973.html