«Նոր Յառաջ»
Վերջին շրջանին ֆրանսական հանրախանութներու մէջ «նորաձեւութիւն» դարձած է խաչին վանումը: Այն ապրանքները, որոնք իրենց ծրարին վրայ խաչով պիտակ կը կրէին, հիմա կը «ձերբազատին» անկէ, քանի նորերու վրայէն կը ջնջուի «այդ անբաղձալի տարր»-ը եւ տուեալ արտադրութիւնը առանց անոր կը ներկայացուի սպառողին: Ասիկա պարագան է, օրինակ, «Քարֆուր» հանրախանութներու ցանցին, որուն մակնիշով, վաճառուող յունական մածուններուն վրայ նախապէս կար յունական եկեղեցիներու նկար մը, բնականաբար` իրենց խաչակիր գմբէթներով: Իսկ հիմա այդ նոյն մածունի տուփերուն վրայ կայ (գրեթէ) նո՛յն պիտակը, կան նո՛յն գմբէթները, բայց… առանց խաչի. պիտակը «վայելած» է «Ֆոթոշոփ»-ի բարիքները:
Այս երեւոյթին առաջին անդրադարձողներէն եղած է Պուշ-տիւ-Ռոն նահանգի երեսփոխան, հայոց ծանօթ անձնաւորութիւն Վալերի Պուայէ, որ Դիմատետրի իր էջին գրած է հետեւեալը.
«Քարֆուր» նախընտրած է քրիստոնէական խաչերը ջնջել իր ծրարներէն, բայց մահմետական մահիկը կը շարունակէ տեղ գտնել անոր հալալ արտադրութիւններուն վրայ:
Մեր ազգը հիմնուած է մշակութային հողի մը վրայ, որ ունի իր ուրոյն աւանդութիւններն ու ազդեցութիւնները: Չմոռնանք, որ այդ ազդեցութիւններէն քրիստոնէութիւնը խորապէս դրոշմած է եւրոպական մերօրեայ հասարակութիւնները եւ անոնց սահմանադրութիւնները, յունական փիլիսոփայութեան, հռոմէական օրէնքին, Վերածնունդի կամ Լուսաւորութեան դարաշրջանի կողքին:
Քրիստոնէութիւնը մեզի թոյլ տուաւ Մարդը ընկալել որպէս լրիւ անհատ: Մարդկային արժանապատուութեան պաշտպանութիւնը կը յենի քրիստոնէական արժէքներու:
Ֆրանսա աշխարհիկ երկիր մըն է` քրիստոնէական ազդեցութեամբ եւ արժէքներով: Մեր պատմութիւնը կերտուած է արքաներու եւ եկեղեցիներու շուրջ:
Մինչեւ ո՞ւր պիտի երթայ մեր արմատներէն ու մեր պատմութենէն հրաժարումը, անոնց ուրացումը»:
***
Նոյն նիւթին մասին այլ հրապարակումի մէջ ալ գրուած է. «Լիտըլ», «Քարֆուր», «Նեսթլէ» եւ «Տանոն», ի յարգանս բազմազանութեան` ջնջեցին ուղղափառ եկեղեցիներու վրայի խաչերը այն նկարներէն, որոնք տեղ կը գտնէին սննդեղէնի զանազան արտադրութիւններու վրայ: Բայց այս ընտրութիւնը համայն Եւրոպայի մէջ պատճառ դարձաւ սպառողներու զայրոյթին»: Այս տողերը ենթադրել կու տան, որ երեւոյթը միայն Ֆրանսայի յատուկ չէ, այլ տարածուած է ամբողջ Եւրոպայի մէջ: