ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
11 սեպտեմբեր 1973-ը սեւ օր մըն է ընդհանրապէս միջազգային ընկերվարական շարժումին եւ յատկապէս Հարաւային Ամերիկայի ձախ հոսանքին համար` զօրավար Փինոշէի կողմէ Չիլիի ընկերվարական նախագահ Սալվատոր Ալենտէի կառավարութեան տապալումին պատճառով:
Չիլիցի բժիշկ եւ ընկերվարական քաղաքական գործիչ Սալվատոր Ալենտէ ծնած է 26 յուլիս 1908-ին, յառաջդիմական քաղաքական դիմագիծ ունեցող ընտանիքի մը մէջ: 1933-ին կ՛աւարտէ Չիլիի համալսարանը` բժշկութեան մասնագիտութեամբ:
1933 թուականը Ալենտէի համար կարեւոր կ՛ըլլայ նաեւ այն պատճառով, որ նշեալ թուականի 19 ապրիլին այլ մարքսական-ընկերվարական անհատներու հետ միասին կը հիմնէ Չիլիի Ընկերվարական կուսակցութիւնը, որուն հովանիին տակ կը միացուին Չիլիի մէջ գործող եւ ընկերվարական գաղափարախօսութիւնը դաւանող չորս փոքր կուսակցութիւններ (Ընկերվար-մարքսական կուսակցութիւն, Նոր հանրային աշխատանք, Ընկերվարական ուխտ եւ Յեղափոխական-ընկերվարական աշխատանք)` մէկ ամուր կազմակերպութեան մը մէջ:
1969-ին, ազդուելով Լատինական Ամերիկայի մէջ բարձրացող բողոքներէն, գործադուլներէն, Քուպայի յեղափոխութենէն եւ «Ազատագրութեան աստուածաբանութենէն», կը հիմնուի «Ժողովրդային միութիւն» դաշինքը` նպատակ ունենալով միացնել Չիլիի մէջ գործող բոլոր ձախակողմեան ուժերը` 1970-ին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններուն ներկայանալով մէկ թեկնածուով: Դաշինքին մաս կը կազմեն ընկերվարական, համայնավար, արմատական, ընկերվար-ժողովրդավար (վերջին երկու ուղղութիւնները հետագային կը միանան կազմելու համար ներկայ` Արմատական ընկերվար-ժողովրդավար կուսակցութիւնը) եւ այլ փոքր կուսակցութիւններ:
Ալենտէ իր քաղաքական փորձառութիւնը շահեցաւ իր ուսանողական կեանքին ընթացքին` անդամակցելով Չիլիի համալսարանի ուսանողական միութեան եւ աւելի ուշ` Ընկերվարական կուսակցութեան: Ան 1937-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ տարի մը ետք անոնց յաջորդած նախագահական ընտրութիւններուն կը դառնայ յառաջդիմական «Ժողովրդային միութիւն» դաշինքի գլխաւոր դէմքերէն մէկը: 1938-էն մինչեւ 1942 Ալենտէ կը դառնայ Չիլիի առողջապահութեան ու ընկերային բարեկեցութեան նախարարը, եւ այս հանգամանքին շնորհիւ` երկրին մէջ կը գործադրուին դրական բարեփոխումներ, ինչպէս` բանուորներու առողջապահութիւն, այրիներու թոշակ եւ ծննդաբերութենէն ետք` մայրերու խնամք:
Կառավարութեան մէջ իր բարեփոխումները կատարելէ ետք Ալենտէ կը շահի ժողովրդային համեստ խաւերուն աջակցութիւնը եւ կը մտնէ 1952, 1958 եւ 1964 թուականներու նախագահական ընտրապայքարներուն մէջ (վերջին երկու ընտրութիւններուն գրաւելով երկրորդ դիրքը):
4 սեպտեմբեր 1970-ը մեծ օր մը կ՛ըլլայ միջազգային ընկերվարական եւ աշխատաւորական շարժումին համար: Չիլին առաջին անգամ ըլլալով կ՛ընտրէ ձախակողմեան նախագահ, իսկ ամերիկեան ցամաքամասին մէջ առաջին անգամ ըլլալով մարքսական անհատ մը կը հասնի նախագահութեան` խաղաղ ու ժողովրդավարական միջոցներով:
Ուսումնասիրելով թէ՛ տեղական եւ թէ՛ միջազգային պայմանները` Ալենտէ տեսաւ, որ Չիլին կարիքը ունի իր սեփական ընկերվարութեան, որ պիտի յարմարի երկրին ընկերային եւ տնտեսական պայմաններուն: Այս գաղափարին հիման վրայ Ալենտէ որդեգրեց «Չիլիի ընկերվարական ուղի»-ն, որ կ՛ընդգրկէր արդիւնաբերական մեծ ընկերութիւններու, ինչպէս պղինձի եւ հանքային ընկերութիւններու պետականացում, ձրի առողջապահութեան ապահովում, աշխատավարձի յաւելում, աշխատանքի ապահովագրութեան ընդլայնում (ներառելով փոքր ձեռնարկութիւններն ու ինքնազբաղուածները), անգործութեան նուազեցնում (հանրային ձեռնարկութիւններու մէջ աշխատցնելով անգործները) եւ հողերու համայնացում:
«Չիլիի ընկերվարական ուղի»-ն պետականացուց Չիլիի մէջ գործող եւ անձնական սեփականատիրութիւն դարձած` ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող բոլոր մեծ ձեռնարկութիւնները եւ խիստ հսկողութեան ենթարկեց դրամագլուխի շարժումները: Իբրեւ «Չիլիի ընկերվարական ուղի»-ին հակազդեցութիւն` երկրին մէջ կազմուեցաւ ընդդիմութիւն մը, որ դէմ կեցաւ Ալենտէի որդեգրած ընկերային եւ տնտեսական քաղաքականութիւններուն:
Այդ ընդդիմութիւնը կը բաղկանար ձեռնարկութիւնները սեփականացուցած անձերէ, որոնք մերժեցին, որ իրենց ձեռնարկութիւնները հանրութեան օգտին ծառայեն, ինչպէս նաեւ մերժեցին իրենց բարձր եկամուտներուն համապատասխան հարկեր վճարել, նաեւ` հողատէրերէ, որոնք կորսնցուցին իրենց հողերը Ալենտէի առաջադրած հողերու համայնացման ծրագիրին պատճառով, որուն միջոցով այդ հողերը հաւասարապէս բաժնուեցան բոլոր գիւղացիներուն, եւ` աջակողմեան կուսակցութիւններէն, որոնք մէկ կողմէ դէմ կեցան տնտեսական կեանքին մէջ պետութեան միջամտութեան, իսկ միւս կողմէ ալ դէմ կեցան Ալենտէի յառաջդիմական քաղաքականութիւններուն, որոնք կ՛ընդգրկէին գիտութեան ծրագիրներու արդիականացում, աշխարհիկացում եւ կիներու իրաւունքներու պաշտպանութիւն:
Ներքին ընդդիմութենէն զատ` Միացեալ Նահանգներու հանրապետական պահպանողական վարչակազմը, նախագահ Նիքսընի ղեկավարութեամբ, մտահոգուեցաւ, որ Չիլիի թէ՛ ներքին ընկերային-տնտեսական քաղաքականութիւնները եւ թէ՛ արտաքին քաղաքականութիւնը (բարեկամական կապեր հաստատուած էին Քուպայի եւ Չիլիի միջեւ) պիտի դառնան վտանգ` ուղղուած Միացեալ Նահանգներու շահերուն: 11 սեպտեմբեր 1973-ին, օգտուելով թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին պահպանողական աջակցութենէն, բանակը տապալեց Ալենտէի կառավարութիւնը եւ հիմնեց «Զինուորական խորհուրդ»-ի (խունթա) իշխանութիւնը, որ տեւեց մինչեւ 1990:
Բանակը նոյն օրը կը ռմբակոծէ նախագահական պալատը, ուր կը գտնուէր Ալենտէն, որ գիտնալով, թէ պիտի սպաննուի, իր վերջին խօսքը կ՛ուղղէ Չիլիի ժողովուրդին` ըսելով. «Ո՛վ հայրենիքիս աշխատաւորներ, ես հաւատք ունիմ Չիլիին եւ անոր ճակատագիրին նկատմամբ: Այլ մարդիկ պիտի տապալեն այս մութ եւ դաժան պահը, երբ դաւաճանութիւնը գերակշռուի: Մի՛շտ ձեր միտքը պահեցէք, որ մօտ օրէն եւ ոչ թէ շատ ուշ կրկին պիտի բացուին մեծ ուղիները, որոնց վրայէն ընթանալով` ազատ մարդիկ կրկին պիտի ձգտին կերտել աւելի լաւ հասարակութիւն: Կեցցէ՛ Չիլին, կեցցէ՛ ժողովուրդը եւ կեցցէ՛ աշխատաւորութիւնը»: Այս տողերը արտասանելէ ետք ան կը դիմէ անձնասպանութեան:
Ինչպէս գիտենք, զինուորական յեղաշրջման պայմանները այսօր ալ առկայ են Հարաւային Ամերիկայի այլ երկիրներու մէջ, ինչպէս` Պրազիլ եւ Վենեզուելա: Հոն միշտ ալ մեծ ձեռնարկութիւններու սեփականատէրերը կը փորձեն կանխել պետութեան միջամտութիւնը տնտեսական կեանքին մէջ:Անոնք միայն կը հաւատան, թէ արիւնոտ ճամբով է, որ պիտի իրականանայ իրենց երազը` ազատ շուկայ մը` առանց պետութեան միջամտութեան:
Այսօր փայլող արեւի պէս յստակ են ազատ շուկայական տնտեսական համակարգին արձանագրած ձախողութիւնները` Հարաւային Ամերիկայէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, Եւրոպա եւ Ասիա: Անցնելով յիշեալ ցամաքամասէն, պիտի հանդիպիք աղքատութեան եւ անգործութեան` ճիշդ այդ երկիրներուն մէջ, ուր աւելի համարձակօրէն կը գործեն մեծ ձեռնարկութիւնները, ուր ընկերային եւ հանրային ծառայութիւնները դարձած են մենաշնորհ մեծահարուստներուն ձեռքին, եւ ուր կրթութիւնն ու առողջապահութիւնը դարձած են շուկաներու միջեւ մրցակցութեան խաղ մը: