Յ. ԱԴԱՄԵԱՆ
Նախքան այս տարի Լիբանանի կառավարութեան առաջարկած եւ խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած ընտրական օրէնքին մասին խօսիլը` անհրաժեշտ է լիբանանահայ երիտասարդին ծանօթացնել տարբեր ընտրական օրէնքներու, որոնք յաճախ առաջարկուած են լիբանանեան կեանքին մէջ: Լիբանանահայ երիտասարդին համար կարեւոր պէտք է ըլլայ հասկնալ բոլոր ընտրական օրէնքները եւ ծանօթանալ անոնց, որպէսզի ան իր քննական եւ վերլուծական միտքին շնորհիւ` կարենայ գիտնալ, թէ ո՛ր օրէնքը կը ծառայէ հայութեան շահերուն եւ ո՛ր օրէնքը կը համապատասխանէ իր գաղափարական համոզումներուն: Ճիշդ չէ հետեւիլ մեծամասնութեան հոսանքին եւ համակերպիլ կարծիքներու, որոնք անպայմանօրէն չեն համապատասխաներ անհատին համոզումներուն: Իսկ համակերպումի առաջին պատճառը կ՛ըլլայ ըմբռնումի պակասն ու երեւոյթը հասկնալու դժուարութիւնը: Այսօր բոլոր ճառախօսներն ու հռետորները բեմերու վրայ կը խօսին քաղաքականացած երիտասարդութեան պատրաստութեան մասին, սակայն երբ երիտասարդը առիթ չունենայ քաղաքական հարցերու ծանօթանալու` տարբեր քաղաքական, համայնքային եւ գաղափարական դիտանկիւններէ, մենք պատրաստած կ՛ըլլանք միայն մեքենայացած երիտասարդութիւն:
Սկսելու համար պէտք է խօսիլ օրէնքի գլխաւոր երեք տարբերակներու մասին:
Ա) 1960-ի օրէնքը
1960-ի օրէնքը, ինչպէս անունէն յստակ է, որդեգրուած է 1960 թուականին, եւ այդ թուականէն մինչեւ օրս լիբանանեան բոլոր խորհրդարանական ընտրութիւնները կատարուած են այդ օրէնքին հիման վրայ: Օրէնքը տարիներու ընթացքին ենթարկուած է որոշ փոփոխութիւններու: Այս օրէնքին հիման վրայ կատարուած են 1960-ի, 1964-ի, 1968-ի եւ 1972-ի խորհրդարանական ընտրութունները: 1972-ի ընտրութիւնները կ՛ըլլան վերջին ընտրութիւնները, որոնք կատարուած են լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմէն առաջ: Այդ ընտրութիւններուն արդիւնքներէն բխած խորհրդարանի պաշտօնավարութեան ժամկէտը երկարաձգուած է մինչեւ 1992 թուական: 1960-ի օրէնքը մշակուած է մեծամասնական դրութեան հիման վրայ: Օրէնքին համաձայն, Պէյրութը բաժնուած էր 3 ընտրատարածքներու, առաջին ընտրաշրջանը կը բաղկանար հետեւեալ շրջաններէն` Էշրեֆիէ, Ռըմէյլ, Մտաուար, Սայֆի, նաւահանգիստ եւ Մինա Հոսըն, երկրորդը` Պաշուրա, Զոքաք Պլաթ եւ Տար Մրէյսէ,իսկ երրորդը` Ռաս Պէյրութ, Մազրաա եւ Մուսայթպէ:Լեռնալիբանանը բաժնուած էր 6 ընտրատարածքներու` Ժիպէյլ, Քեսրուան,Մեթըն, Պաապտա, Ալէյ եւ Շուֆ, հարաւային Լիբանանը բաժնուած էր 7 ընտրատարածքներու` Սայտա, Զահրանի, Ժեզզին, Սուր, Մերժայուն եւ Հասպայա, Նապաթիէ, եւ Պընթ Ժիպէյլ, Հիւսիսային Լիբանանը բաժնուած էր 7 ընտրատարածքներու` Թրիփոլի, Մինա եւ Տննիյէ,, Քուրա, Զղարթա, Պաթրուն, Պշարրէ եւ Աքքար, Իսկ Պեքաայի նահանգը բաժնուած էր երեք ընտրատարածքներու` Պաալպեք-Հերմել, Զահլէ ու հարաւային Պեքաա եւ Ռաշայա:
Բ) Համամասնական Օրէնքը
Այս օրէնքը կը նպատակադրէ իւրաքանչիւր կուսակցութիւն կամ քաղաքական ուժ ներկայացնել աթոռներու որոշակի քանակով, որուն համեմատութիւնը կը համապատասխանէ անոնց ընտրական ուժին: Օրինակ, եթէ քաղաքական ուժ մը կարենայ հաւաքել ընդհանուր ձայներուն 40 առ հարիւրը, այդ պարագային իրաւունք կ՛ունենայ 40 առ հարիւր ներկայացուցչութիւն ունենալու խորհրդարանին մէջ: Այս օրէնքը առաջին անգամ ծնունդ առաւ Եւրոպայի մէջ` նպատակ ունենալով պաշտպանել փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները: Առաջին անգամ այս օրէնքը որդեգրեցին այնպիսի երկիրներ, որոնց մէջ յստակ է տարբեր ցեղային, կրօնական եւ լեզուական արմատներէ եկած ժողովուրդներու ներկայութիւնը, օրինակ` Դանիա, Ֆինլանտա, Զուիցերիա եւ Պելճիքա: Այս ձեւի ընտրութիւններու մասին նաեւ խօսած են Արիստոտէլն ու Նիքոլա տը Քոնտորսէն: Անոր մասին ընդհանրապէս խօսուած է ազատական հոսանքին պատկանող գրեթէ ամբողջ մտաւորականութեան կողմէ, որ հաւատացած եղած է, թէ ընտրուած մարմինի պատկերը պէտք է համապատասխանէ երկրին իսկական ժողովրդագրական պատկերին: Սակայն նախքան համամասնական օրէնքի մը որդեգրման պահանջը` համաշխարհային գետնի վրայ սկսան պահանջուիլ փոքրամասնութիւններու իրաւունքները, որպէսզի անոնք ալ կարենան ներկայացուցիչներ ունենալ պատկան մարմիններուն մէջ, եւ ատկէ ետք է, որ 19-րդ դարու առաջին կիսուն սկսաւ խօսուիլ համամասնական օրէնքին մասին:
Գ) Ուղղափառ հանդիպումի օրէնքը
Ուղղափառ հանդիպումի օրէնքը կը հաստատէ, որ Լիբանանը պէտք է վերածուի մէկ ընտրատարածքի, ուր իւրաքանչիւր համայնքի անդամ կ՛ընտրէ այն ցանկը, որ կը բովանդակէ տուեալ համայնքը ներկայացնող թեկնածուն ամբողջ Լիբանանի տարածքին: Այսինքն` ընտրութիւններու ժամանակաշրջանին, այս օրէնքին համաձայն, կը կազմուին ընտրական ցանկեր, որոնք կ՛ունենան համայնքային բնոյթ եւ կ՛ընդգրկեն ամբողջ Լիբանանի տարածքին նոյն համայնքը ներկայացնող թեկնածուներու անուններ: Օրինակ` եթէ ուղղափառ համայնքը իրաւունք ունի 14 աթոռ ունենալու խորհրդարանին մէջ, ուրեմն ուղղափառ համայնքին պատկանող անհատ մը, որ պիտի քուէարկէ, պիտի ընտրէ այն ընտրական ցանկէն, որ կը բաղկանայ ուղղափառ համայնքին պատկանող 14 թեկնածուներու անուններէ: Այս օրէնքին համաձայն, համայնքներուն միջեւ աթոռներու բաժանումը պիտի ըլլայ հետեւեալ ձեւով, ինչ որ իր կարգին կը համապատասխանէ Թաէֆի որոշումներուն.
– Մարոնի համայնք – 34 աթոռ
– Սիւննի համայնք – 27 աթոռ
– Շիի համայնք – 27 աթոռ
– Ուղղափառ համայնք – 14 աթոռ
– Յոյն կաթողիկէ համայնք – 8 աթոռ
– Տիւրզի համայնք – 8 աթոռ
– Հայ առաքելական համայնք – 5 աթոռ
– Ալեւի համայնք – 2 աթոռ
– Հայ կաթողիկէ – 1 աթոռ
– Փոքրամասութիւններ – 1 աթոռ
– Աւետարանական համայնք – 1 աթոռ
Հասկնալէ ետք այն օրէնքները, որոնց մասին խօսուեցաւ կառավարական եւ խորհրդարանական տարբեր նիստերու ընթացքին, այժմ պէտք է խօսիլ այն օրէնքին մասին, որ յունիս 2017-ին վաւերացուեցաւ լիբանանեան խորհրդարանի կողմէ: Հայ երիտասարդը պէտք է լաւապէս իմանայ իր իրաւունքները եւ պարտականութիւնները: Ան պէտք է լաւապէս տեղեակ ըլլայ ընտրական օրէնքին մասին, որպէսզի առիթը ունենայ ընտրելու այն թեկնածուն, որ կը ներկայացնէ իր անձը, իր համոզումներն ու սկզբունքները իր երկրին` Լիբանանի խորհրդարանին մէջ: Նոր ընտրական օրէնքը, ուրեմն, վաւերացուեցաւ յունիս 2017-ին: Որդեգրուած օրէնքը պիտի կիրարկուի համամասնական դրութեան հիման վրայ. անոր համաձայն, Լիբանանը պիտի բաժնուի 15 ընտրատարածքներու: Օրէնքը կը հաստատէ, որ Պէյրութի շրջանը պիտի բաժնուի երկու ընտրատարածքներու, հիւսիսային եւ հարաւային Լիբանանը, ինչպէս նաեւ Պեքաայի շրջանը` 3 ընտրատարածքներու, իսկ Լեռնալիբանանը` 4 ընտրատարածքներու: Այս օրէնքին համաձայն, պիտի կիրարկուի վարկանշային քուէի դրութիւն իւրաքանչիւր ընտրական գաւառի եւ ոչ թէ ընտրատարածքի մակարդակով: Այս տարի նաեւ խօսուեցաւ ընտրելու տարիքը նուազեցնելու մասին, սակայն վաւերացուած օրէնքին համաձայն, տակաւին իրաւունք ունին ընտրելու միայն անոնք, որոնք բոլորած են 21 տարիքը: Ընտրելու տարիքը փոխելու մասին քննարկումը յետաձգուեցաւ յաջորդ տարիներուն: Ինչ կը վերաբերի արտերկրի լիբանանցիներուն ընտրելու իրաւունք ընծայելու խնդիրին, ատիկա պիտի իրականանայ յաջորդ ընտրութիւններուն:
Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս օրէնքով նոյնպէս լիբանանահայութիւնը իրաւունք ունի խորհրդարանին մէջ ունենալու 5 հայ առաքելական եւ մէկ հայ կաթողիկէ ներկայացուցչական աթոռ: Այս աթոռները բաժնուած են հետեւեալ ձեւով` Պէյրութի առաջին ընտրատարածքին մէջ, որ կ՛ընդգրկէ Էշրեֆիէ, Ռըմէյլ, Մտաուար, Սայֆի շրջանները, 3 հայ առաքելական աթոռ եւ 1 հայ կաթողիկէ աթոռ: Պեքաայի առաջին ընտրատարածքին մէջ, որ կը բաղկանայ միայն Զահլէ շրջանէն, մէկ հայ առաքելական աթոռ: իսկ Լեռնալիբանանի երկրորդ ընտրատարածքին մէջ, որ կը բաղկանայ Մեթըն շրջանէն, մէկ հայ առաքելական աթոռ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու 26-րդ նախագահ Թէոտոր Ռուզվելթ կ՛ըսէ, որ քուէն կը նմանի գնդացիրի մը, որուն օգտակարութիւնը կախեալ է գործածող անձին նկարագիրէն եւ կարողութենէն, ուրեմն, իբրեւ լիբանանահայութիւն, պէտք է քաջ գիտնանք այն ուժը, որ կը վայելենք իբրեւ ժողովրդավար երկրի մը քաղաքացիներ: Պէտք է տէր կանգնինք այդ իրաւունքին եւ չկորսնցնենք լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ ներկայութիւն ունենալու առիթը: Իւրաքանչիւր հայ պատասխանատու է լիբանանահայութեան քաղաքական կեանքին նկատմամբ, ժողովուրդն է, որ կ՛որոշէ, թէ իր քաղաքական ուժը մակընթացութի՞ւն, թէ՞ տեղատուութիւն պիտի արձանագրէ: Ինչպէս ամերիկացի քննադատ Ճորճ Նաթան ըսած է, վատ ղեկավարներ կ՛ընտրուին լաւ քաղաքացիներու կողմէ, որոնք չեն քուէարկեր. առ այդ, իւրաքանչիւր քաղաքացի իրաւունք ունի եւ պէտք է տեղեակ ըլլայ երկրի ընտրական օրէնքին մասին, գիտնայ իր իրաւասութիւններն ու պարտականութիւնները, եւ ամէնէն կարեւորը` լսէ իր խիղճին ձայնը, որպէսզի սատարէ երկրին բարգաւաճման եւ զարգացման աշխատանքներուն: Իւրաքանչիւր անհատի քուէն կը ներկայացնէ իր սկզբունքներն ու համոզումները, իւրաքանչիւր անհատի քուէն կը ներկայացնէ իր գաղափարական համոզումներով թրծուած միտքը: Քուէն իւրաքանչիւր քաղաքացիի դեսպանն է` քաղաքական կեանքին մէջ: