Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13618

Փայիթահթ Ապտիւլ Համիտը Եւ Ժամանակակից Թուրքիոյ Քաղաքական Խմորումները

$
0
0

ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ

Տարածաշրջանային քաղաքական զարգացումներու մէջ Թուրքիոյ Հանրապետութեան զինուորական, մշակութային եւ տնտեսական դերը միշտ կարեւոր եղած է եւ տակաւին կը շարունակէ ազդեցիկ գործօն մնալ Միջին Արեւելքի սրընթաց փոփոխութիւններուն մէջ: Տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ գերակշռութիւնը շատ յաճախ պայմանաւորուած է հանրապետութեան զինուորական հզօր կարողականութեամբ, որ քսաներորդ դարու վերջին տասնամեակներէն ի վեր հիմնականօրէն կը հարուածէ քրտական շարժումը, իսկ այժմ իր տեսադաշտին մէջ ունի նաեւ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ընթացող պատերազմները: Ասոր կողքին,  նկատի պէտք է ունենալ Թուրքիոյ պետութեան ստեղծած մշակութային տիպարը կամ մոտելը, որ 2011-ին ծայր առած «Արաբական գարուն»-ի առաջին օրերէն սկսեալ կը յատկանշուէր իսլամական ազատականութեամբ, եւ որ կը գտնէր իր սպառման ներքին եւ արտաքին ճակատները: Հակառակ անոր որ 2018-ի շեմին այս մոտելը ամբողջութեամբ քայքայուած է (այս մասին կարդալ Cihan Tugal-ի «The Fall of the Turkish Model», 2016), բայց եւ այնպէս, Թուրքիոյ վերջին զարգացումները ցոյց կու տան պետական շրջանակներու կողմէ ձեռնարկուած այլ նախաձեռնութիւն մը, որ այս անգամ կ՛արտացոլայ գեղարուեստական աշխարհին ընդմէջէն եւ կը կոչուի «Փայիթահթ Ապտիւլ Համիտ»: Այս վերջինը կիսավաւերագրական ֆիլմաշար մըն է տասնիններորդ դարու վերջին տասնամեակներու սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի (1876-1909) եւ այդ ժամանակաշրջանը յատկանշող աշխարհաքաղաքական եւ օսմանեան պատմութեան մասին:

Վերջին շրջանին Թուրքիոյ եւ երբեմն նոյնիսկ համաշխարհային պատմագրութեան մէջ սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի կերպարը վերագնահատելու եւ վերարժեւորելու տարբեր փորձեր կը կատարուին: Սոյն յօդուածին նպատակն է ներկայացնել այս զարգացումները` վերոյիշեալ գեղարուեստական հաղորդաշարին լոյսին տակ, որուն արաբերէն տարբերակը, արդէն իսկ արաբ հասարակութեան հասանելի է, առնուազն` Եութիւպի միջոցով: Վերլուծելով Ապտիւլ Համիտի կերպարին շուրջ Օսմանեան կայսրութեան նախկին հպատակ ժողովուրդներուն եւ արեւմտեան շրջանակներու տարբեր մօտեցումները` այս յօդուածը  նաեւ քննական անդրադարձ մըն է արդի Թուրքիոյ Հանրապետութեան եւ յատկապէս նախագահ Էրտողանի վարած ընթացիկ արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան: Խորքային  հարցերէն, որոնք առանցքը կը կազմեն սոյն յօդուածին, կարելի է յիշել հետեւեալները` «Որո՞նք են Փայիթահթի հիմնական թիրախները եւ ի՞նչ նպատակներ կը հետապնդեն», «Ի՞նչ է իսլամութեան դերը էրտողանեան վարչակարգի կայունութեան մէջ, եւ այս հանգամանքը ինչպէ՞ս կ՛արտացոլայ գեղարուեստական հարթակներու ընդմէջէն» եւ «Օսմանեան պատմութեան նենգափոխման միջոցով ի՞նչ զուգահեռներ կարելի է տեսնել ֆիլմաշարին եւ ժամանակակից Թուրքիոյ միջեւ»:

Ընդհանուր Կէտեր Եւ Ակնարկ

Նախքան «Փայիթահթ» ֆիլմաշարի քննական վերլուծումը` Թուրքիոյ ներքին խմորումներուն լոյսին տակ, հարկ է ընդհանուր ակնարկ մը նետել հասկնալու համար այս նախաձեռնութեան բնոյթը եւ միջավայրը, որուն մէջ նման գեղարուեստական ծրագիրներ կը դառնան քաղաքական լծակներ: Բազմաթիւ են այն ժապաւէններն ու ֆիլմաշարերը, որոնք կը նկարագրեն Թուրքիոյ օսմանեան ժառանգութիւնն ու վաղ արդի (early modern) պատմութիւնը. ասոնց կարգին կարելի է դասել քանի մը տարի առաջ հրապարակուած եւ աշխարհին հրամցուած «Միւհթեշեմ Եուզիըլ»-ը, որ պատրաստուած էր թրքական սեփական ընկերութեան մը կողմէ: Դժուար չէր կռահել, որ սուլթան Սիւլէյմանի կեանքը վերարտադրող այս հաղորդաշարը մեծ ժողովրդականութիւն գտնէր յատկապէս արաբական աշխարհի մէջ, ուր ան թարգմանուեցաւ իբրեւ «Հարիմ էլ սուլթան»:

Երեւոյթը պէտք է վերլուծել եւ տեղադրել այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ տարածաշրջանի երկիրներու յարաբերութեանց եւ յատկապէս Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան եզրաբանութեան մէջ «նոր-օսմանականութիւն»-ը կը նկատուէր իբրեւ գաղափարական հիմնաքար եւ հիմնական ռազմավարութիւն: Չխորանալով աւելի նոր-օսմանականութեան հիմնական սկզբունքներուն կամ թէկուզ անոր սահմանումին հետ առնչուող հարցերուն մէջ, պէտք է յամենայն դէպս ընդգծել որոշ հանգամանքներ, որոնք էական դեր կը խաղան Թուրքիոյ ներքին եւ արտաքին քաղաքական զարգացումներու ուրուագծման մէջ: Առաջին` նման հաղորդաշարերու արտադրութիւնը կու գար այնպիսի պարունակի մը մէջ, ուր կային յստակ թրքական ճիգեր` արաբական տարբեր երկիրներու հետ ամրապնդելու տնտեսական եւ մշակութային կապերն ու յարաբերութիւնները: Երկրորդ` ներքին ճակատի վրայ պէտք է նաեւ ի մտի ունենալ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան (ԱԲԿ) աճող ժողովրդականութիւնը (2000-ի վերջերը) եւ կուսակցութեան տարածած գաղափարախօսութիւնը, որ կը բնորոշուէր իբրեւ իսլամական ազատականացում եւ իսլամական խորհրդանիշներու ազատ վերադարձը դէպի քաղաքական բեմ: Ահա այս պարունակին մէջ է, որ պէտք է փնտռել «Փայիթահթ Ապտիւլ Համիտ» ֆիլմաշարի արտադրութեան հիմնական դրդապատճառներն ու նպատակները: Արագ ակնարկով մը կարելի է ըսել, որ ի տարբերութիւն «Միւհթեշեմ Եուզիըլ»-ը «Փայիթահթ»-ը կը վայելէ պետական ֆինանսական լայն աջակցութիւն, որուն վկան կը հանդիսանայ թրքական պետական մայր կայանի` «Թէ. Ար. Թէ.»-ի օգտագործումը` իբրեւ պատկերասփռման միջոց: Արագ համեմատութեամբ մը կարելի է տեսնել, որ «Փայիթահթ»-ի իւրաքանչիւր դրուագի  տեւողութիւնը նուազագոյնը երկուքուկէս ժամ է, մինչդեռ «Միւհթեշեմ»-ինը` մէկուկէս: Սոյն բաղդատութիւնը կու գայ կրկին ամրագրելու թրքական պետութեան շահագրգռուածութիւնը այս ֆիլմաշարի յաջողութեան հարցին մէջ, որուն հիմնական թեմաներուն պիտի անդրադառնանք աւելի ուշ: Այս կէտէն մեկնելով է, որ պէտք է հասկնալ Թուրքիոյ վարչապետի օգնական Նուրման Քուրթուլմուշի ներկայութիւնը եւ ելոյթը «Փայիթահթ»-ի պատկերասփռման համար կազմակերպուած շնորհահանդէսին ընթացքին:

«Փայիթահթ»-ի գեղարուեստական յաջողութիւնը որոշ չափով շաղկապուած է նաեւ Ապտիւլ Համիտի պատմագրութեան շուկայնացման,  այսինքն` սուլթանին մասին տարբեր որակի գիրքերու շուկայնացման (commercialize) հոսքին հետ: Դժուար է հաւատալ, որ զուգադիպութիւն է սուլթան Համիտ Բ.-ի մասին տասնեակ գիրքերու վերահրատարակութիւնները կամ նորերու պատրաստութիւնը այն պահուն, երբ «Փայիթահթ»-ը կը մնայ Թուրքիոյ ամէնէն դիտուած եւ սիրուած հաղորդաշարներէն մէկը: Պոլսոյ եւ ընդհանրապէս Թուրքիոյ ամբողջ տարածքին գրախանութներու մէջ վաճառուող գիրքերու համապատկերը կու գայ կրկին հաստատելու ժողովրդականութեան աճը պետութեան կողմէ տարբեր տեսակի աջակցութիւն ստացող եւ էրտողանամէտ պատմաբաններու, որոնց կարգին կարելի է յիշել Մուսթաֆա Արմաղանը (իշխանամէտ եւ իսլամական «Տերին Թարիհ» հանդէսի գլխաւոր խմբագիր): Արագ ակնարկով մը կարելի պիտի ըլլայ տեսնել, որ բազմապատկուած են սուլթան Համիտի մասին այն աշխատութիւնները, զորս կարելի է բնութագրել որպէս «popular history»: Ստորեւ տեղադրուած նկարները միայն քանի մը օրինակներ են այս զարգացող երեւոյթին: Սուլթան Համիտ Բ.-ի կերպարը եւ անոր գաղափարական հիմքերու ժողովրդականացման պետական ջանքերու ծիրին մէջ է, որ պէտք է տեղադրել նաեւ Օսմանեան կայսրութեան զինանշանի (ուրուագծուած` 1882-ին, Համիտի ժամանակ) եւ սուլթանական ստորագրութեան (դուղրա) ամէնուրեք ներկայութիւնը:

Պատմական Եւ Պատմագրական Ընդհանուր Նշումներ

«Փայիթահթ»-ի գեղարուեստական աշխարհի անուան տակ թաքցուած քաղաքական թեմաներու քննարկումէն առաջ հարկ է արագ ակնարկ մը նետել ֆիլմաշարին պատմական եւ պատմագրական կազմութեան: Առաջին դրուագը կը սկսի 30 օգոստոս 1896-ին, այսինքն` սուլթան Համիտի գահակալութեան քսաներորդ տարեդարձին օրը, ուր պատկերացուած են կայսրութեան հպատակ տարբեր ազգութիւններու եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչ պատուիրակութիւնները, որոնք մէկ առ մէկ կը մօտենան սուլթանին ու կը շնորհաւորեն անոր գահակալութեան քսանամեակը: Այս տեսարանն ու թուականի ընտրութիւնը կարեւոր եւ հետաքրքրական են հիմնական երկու առումով. առաջին` ընտրելով 1896-ի ամառը` իբրեւ ֆիլմաշարի ժամանակագրական սկիզբ, հաւանական է, որ բեմադրակազմը միտումնաւոր կերպով խուսափած է 1894-1896 կայսրութիւնը եւ եւրոպական ուժերը ցնցած համիտեան ջարդերու ժամանակաշրջանը բեմադրելէ եւ հանրութեան ներկայացնելէ` կրկին անգամ փակ պահելով այս խնդրայարոյց հարցին հանրային քննարկման ճանապարհները:

vketsemanian@gmail.com

(Շար. 1)


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13618

Latest Images

Trending Articles



Latest Images

<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>