ԿԻՐԱԿՈՍ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
Առիթը ունեցայ հանդիպելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին, Անթիլիասի մէջ: Ամէն անգամ հիացումս կ՛աւելնար իր գաղափարներուն եւ անհատականութեան հանդէպ. ի դէպ,
իր մէջ կը տեսնէի մարդկային յատկանիշներ եւ համեստութիւն` հակառակ իր մեծութեան: Չուզեցի միջամտել իր խօսքին եւ աւելի արժէքաւոր եւ արդիւնաւէտ նկատեցի մտիկ ընել զինք:
2017 տարուան սկիզբը վեհափառը տարին կոչեց «Վերանորոգման տարի»` ըստ տարեկան սովորութեան, ինչպէս որ 2016-ը կոչած էր «Ծառայութեան տարի»: Այսպէս, տարիներէ ի վեր վեհափառը լուսարձակի տակ կ՛առնէ գաղափար մը կամ նպատակ մը, որ օգտակար կը դառնայ ժողովուրդներու կեանքին մէջ: Ան հրապարակեց մանրամասն յայտարարութիւն մը, որ լի է մարդկութեան համար իմաստալից եւ օգտաշատ գաղափարներով, արժանի` անդրադարձի: Ան իր յայտարարութեան մէջ անդրադարձաւ նաեւ համամարդկային հարցերու, որոնք կ՛անդրադառնան ժողովուրդներու եւ անհատներու կեանքին, ու ես արժանի նկատեցի կարգ մը կէտեր ներկայացնել արաբ ընթերցողին:
Յայտարարութիւնը շեշտեց վերանորոգումի անհրաժեշտութիւնը կեանքի բոլոր նիւթական, բարոյական եւ հոգեկան մարզերուն մէջ` հաստատելով, որ այդ Աստուծոյ կամքն է: Ան է, որ ստեղծեց տիեզերքը, ստեղծեց մարդը` իբրեւ անոր պահապան եւ հովիւ:
Կեանքը իր բոլոր մանրամասնութիւններով պէտք ունի շարունակական վերանորոգումի. հակառակ պարագային, իւրաքանչիւր էակ պիտի կորսնցնէ իր կենսունակութիւնը, գոյութեան իմաստը եւ նպատակը: Այս է, որ կը հաստատեն բոլոր կրօնները եւ փիլիսոփայական վարկածները: Վերանորոգումը շարժիչը ու մնայուն մղիչ ուժն է զարգացումի: Այս պատճառներէն ու պահանջներէն մղուած էր 2017 տարուան ընտրութիւնը` որպէս «Վերանորոգումի տարի»: Յայտարարութիւնը ընդգրկեց շատ մը գաղափարներ, որոնցմէ մէկն էր «կղզիացումը` յետադիմական գաղափարներու ետին»: Ան կը պահանջէր պահել կրօնական, ազգային արժանիքները եւ առաքինութիւնները: Ան կոչ ըրաւ մարդուն ինքն իր մէջ սկսելու վերանորոգումը, որովհետեւ ան ծանրաբեռնուած է հոգերով եւ դարու սահմանափակումներով: Այս պատճառներով ան բացակայ է իր անձէն եւ կը կորսնցնէ առիթը` առանձնանալու եւ ինքն իր մասին մտածելու, որ կը պատճառէ Աստուծոյ պատկերին իր նմանութեան օրինակի կործանումը:
Ան մէջբերում կատարեց ֆրանսացի մեծ մտաւորական,
«Այս անորոշ մարդը» գիրքի հեղինակ դոկտ. Ալեքսիս Քարելիէն, ուր ան կը յայտնէ, որ մարդը առանց զԱստուած ճանչնալու` կ՛անգիտանայ իր անձին գոյութեան իմաստը: Վերանորոգումը կը սկսի իր անձը ճանչնալով եւ Աստուծոյ հրաւէրին ընդառաջելով:
Վեհափառը անդրադարձաւ նաեւ աշխարհիկ հարցերու, ինչպէս` բնապահպանութեան հարցին: Ան կոչ ըրաւ պահպանելու բնութիւնը, որովհետեւ այդ աստուածային պատուէր մըն է: Ան կ՛աւելցնէ նաեւ, որ վերանորոգումը կորսնցուցածը ամբողջացնել կամ սխալը սրբագրել չէ, այլ ճիգ մըն է անցնելու լաւէն աւելի լաւին: Մեր անձնական կեանքի ներկայի պայմանները, մեր գործերը եւ անհրաժեշտութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու, մեր օգտագործած միջոցները անցնելու համար հինէն նորին եւ իրապաշտօրէն նայելու անցեալէն ներկայ ու ճիշդ ձեւով ուղղուելու ներկայէն ապագայ` բարենորոգիչ համոզումով եւ ակնարկով: Պահելով ինքզինք սրբագրելու, քննութեան ենթարկելու եւ հաշուետուութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը, այս ձեւը օգտագործելով որպէս կենսակերպ:
Իր յայտարարութեան վերջին մասին մէջ վեհափառը իր խօսքը ուղղեց հայ ժողովուրդին, որ աշխարհին մաս կը կազմէ, կոչ ուղղելով անոր պահելու իր մարդկային ու կրօնական առաքինութիւնները` առաջնորդուելով մեր ազգային առաջնահերթութիւններէն:
«Քապաս» օրաթերթ
Արաբերէնէ թարգմ. Վ. Թոսունեան