ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
Մերձաւոր Արեւելքի ժողովուրդներուն մեծ թիւ կը կազմեն քիւրտերը: Սակայն քաջ գիտենք, որ անոնք չունին անկախ հողատարածք կամ պետականութիւն` ընդունուած միջազգային ընտանիքին կողմէ: Անոնք, ընդհանրապէս կեդրոնացած են Իրաքի եւ Իրանի հիւսիսը, Սուրիոյ արեւելքը, իսկ Թուրքիոյ` հարաւ-արեւելքը:
Իրաքի մէջ քիւրտերը յատկապէս` Սատտամ Հուսէյնի տապալումէն ետք, անկիւնադարձային մեծ շրջադարձ մը ապրեցան:
Նախ անհրաժեշտ է անդրադարձ կատարել այն իրողութեան, որ Իրաքի քրտական շրջանը ձեւաւորուած է 1970 թուականի ինքնավարութեան համաձայնագիրով` Էրպիլի, Սուլէյմանիէի եւ Տոհուկի նահանգներու տարածքներուն, որոնք գերազանցապէս քրտաբնակ են:
Իսկ 1992 թուականին ձեւաւորուած է Իրաքի քրտական ինքնավար շրջանի կառավարող մարմինը` տարածքին կառավարութիւնը: Այս շրջանը պաշտօնապէս ինքնավար շրջանի կարգավիճակ ստացած է 2005 թուականին, ընդունուած` Իրաքի սահմանադրութեամբ, որուն համաձայն, շրջանը օժտուած է ինքնավարութեան լայն հնարաւորութիւններով: Մարզին խորհրդարանը կը բաղկանայ 111 պատգամաւորներէ:
Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի նախագահն է Մասուտ Պարզանի, իսկ վարչապետը` Նեչիրվան Պարզանի:
Չնայած այն հանգամանքին, որ Իրաքի քրտական ինքնավարութիւնը պաշտօնապէս միասնական մէկ մասնիկ է իրականութեան մէջ, բայց եւ այնպէս ան ունի ներքին բաժանումներ եւ յաճախ աւելի խորն են, քան` Պաղտատի հետ ունեցած բաժանումը:
Ժողովրդավարական ազատ ընտրութիւններու շնորհիւ` բոլոր կուսակցութիւնները եւ քաղաքական գլխաւոր շարժումները ներկայացուած են խորհրդարանին եւ կառավարութեան մէջ, որպէսզի կայուն ու խաղաղ երկիր մը կայանայ:
Այստեղ տեղին է նշել շրջանին մէջ գտնուող հայերու ներկայութիւնը, անոնց դերակատարութիւնը` զանազան բնագաւառներու մէջ: Հայ քաղաքական գործիչներ մեծ ներդրում ունին քրտական մարզին մէջ: Անոնցմէ շատեր մաս կը կազմեն շրջանի քաղաքական կուսակցութիւններուն, այդ ճամբով հասած են նախարարութեան, փոխ-վարչապետի եւ պետական այլ պաշտօններու:
Հայերու կողքին, շրջանին մէջ ներկայութիւն են ասորիները, սուրիանիները, քաղդէացիները, եզիտիները, եւ տարբեր կրօնքներ ինչպէս` շապաքը, եարսանին եւ այլն:
Քրտաբնակ շրջաններուն մէջ ազդեցիկ են երկու կուսակցութիւններ: Քիւրտիստանի դեմոկրատական կուսակցութիւնը` նախագահ Մասուտ Պարզանի եւ Քիւրտիստանի հայրենասէրներու միութիւն կուսակցութիւնը, որ ստեղծուած է 1975 թուականին` Քիւրտիստանի դեմոկրատական կուսակցութիւնէն հեռացած քանի մը անդամներու կողմէ: Կուսակցութեան ղեկավարն է Իրաքի նախկին նախագահ Ճալալ Թալապանին:
Իրաքի քրտական ինքնավարութիւնը կիսուած է հիմնականին մէջ այս երկու կուսակցութիւններուն միջեւ: Եթէ Տոհուկի եւ Էրպիլի մարզերը կը գտնուին Պարզանիի կուսակցութեան ազդեցութեան տակ, ապա Սուլէյմանին եւ յարակից բնակավայրերը կը գտնուին Թալապանիի կուսակցութեան ազդեցութեան տակ: Քերքուքի մէջ այս երկուքն ալ ունին ազդեցութիւն:
Այս կուսակցութիւններուն միջեւ բաժնուած են նաեւ ինքնավարութեան զինուած ուժերը: Քրտական զինուած ուժերու 80-րդ զօրախումբը իր 60 հազար մարտիկներով կը գտնուի Քիւրտիստանի դեմոկրատական կուսակցութեան ազդեցութեան տակ, իսկ 70-րդ զօրախումբը իր նոյնաթիւ մարտիկներով` Քիւրտիստանի հայրենասիրական միութեան ազդեցութեան տակ:
Թալապանիի եւ Պարզանիի կուսակցութիւններուն միջեւ այնքան խոր հակասութիւններ եղած են, որ անոնք 1994-1998 թուականներուն վերածուած են միջկուսակցական պատերազմի: Ի վերջոյ այդ պատերազմը կանգնեցուցին Միացեալ Նահանգները, սակայն հակասութիւնները այդ ուժերուն միջեւ չվերացան:
Կուսակցութիւններուն միջեւ հակասութիւնը կրկին խորացաւ այն ժամանակ, երբ Պարզանիի իշխանութիւնը աջակցեցաւ Թալապանիի կուսակցութիւնէն անջատուած խումբ մը գործիչներու ստեղծած քաղաքական Կորրան շարժումին: Անմիջապէս յայտնենք, որ 2009 թուականին Նավշիրվան Մուսթաֆայի (Nawshirwan Mustafa) կողմէ հիմնուեցաւ Շարժում յանուն փոփոխութեան կուսակցութիւնը կամ կարճ անուանումով` Կորրան (Gorran):
Կորրան շարժումը այնքան հզօրացաւ, որ 2013 թուականին խորհրդարանական ընտրութիւններուն հաւաքեց շատ աւելի ձայն, քան` Թալապանիի կուսակցութիւնը: Հակառակ այս հանգամանքին` Կորրան շարժումը չկարողացաւ շատ մեծ ազդեցութիւն ունենալ ինքնավար մարզին մէջ, քանի որ չունէր ռազմական թեւ, որ կը կարողանար ամրապնդել անոր դիրքերը:
Ամէն պարագայի Կորրան թէեւ չունի ռազմական թեւ, բայց 2011 թուականին փորձը ցոյց տուաւ, որ այս կուսակցութիւնը իր առաջնորդ Նավշիրվան Մուսթաֆայի շնորհիւ կարողացաւ ամիսներ շարունակ փողոց հանել տասնեակ հազարաւոր մարդիկ ապակայունացնելով երկրամասը:
Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին մէջ այսօր երեք ազդեցիկ կուսակցութիւններ կան, ինչպէս նաեւ իսլամիստական կուսակցութիւններ կան, անոնք են.
1) Քիւրտիստանի դեմոկրատական կուսակցութիւնը (KDP),
2) Քիւրտիստանի հայրենասիրական միութիւնը (PUK),
3) Շարժում յանուն փոփոխութեան (Կորրան) կուսակցութիւնը,
4) Քիւրտիստանի իսլամական միութիւնը (Yekgirtu) եւ
5) Քիւրտիստանի իսլամական խմբաւորումը (Komal Islami)
Վերջին երկուքը բնականաբար իսլամիստական կուսակցութիւններ են, սակայն չունին այնքան մեծ ազդեցութիւն, որքան` առաջին երեքը:
Միեւնոյն ժամանակ հարկ է նշել, որ վերը յիշուած առաջին երեք կուսակցութիւնները, ունենալով չափազանց տարբեր գափափարախօսութիւններ եւ ծրագիրներ, դժուար է, որ կարենան միասին գործակցիլ:
Այսօր ակնյայտ իրողութիւն է, որ ինքնավար մարզին բնակչութիւնը երբ կը պատրաստուի անկախութեան հանրաքուէի, կը տեսնենք, որ հոն ծագած են արդէն հակասութիւններ` անկախութեան հանրաքուէի հետ կապուած: Այսօր ալ Թալապանիի կուսակցութիւնը եւ Կորրան շարժումը լիարժէքօրէն չեն աջակցիր Պարզանիի առաջարկած օրակարգին:
Ի հարկէ հիմա այդ հակասութիւնները չունին սուր բնոյթ, սակայն շատ կարճ ժամանակին մէջ կրնան այդպիսի պատկեր ստանալ, յատկապէս այն պարագային, երբ քրտական ինքնավարութեան դրացի երկրները, որոնք չեն ցանկար տեսնել անկախ քրտական պետութիւն, մեծ ազդեցութիւն ունին նշուած քրտական կուսակցութիւններուն վրայ:
Շատ հնարաւոր է, որ այդ քաղաքական քաոսը պատճառ դառնայ ինքնավար մարզի քայքայման եւ ինքնավարութեան մէջ ստեղծուի ինքնավարութիւն: Քաղաքական ուժերը, բացի կառավարման խնդիրներ ունենալէ, խնդիրներ ունին նաեւ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ քիւրտերուն հետ եւ անոնց աջակցելու հարցով:
Միւս կողմէ, սակայն, կարեւորութեամբ կ’ուզենք նշել, որ հիմնական հարցերու շուրջ քիւրտերը հանդէս կու գան նախանձելի միասնակամութեամբ: Աւելի՛ն. Քերքուքի քարիւղով հարուստ շրջաններու պատկանելութեան հետ կապուած` քրտական քաղաքական ուժերը, իշխող, թէ ընդդիմութիւն, նոյն տեսակէտին են, անոնք կը համարեն, որ այդ տարածքները Պաղտատը պէտք է յանձնէ Քերքուքի վերահսկողութեան:
Քրտական քաղաքական բոլոր կուսակցութիւններն ալ իրենց տարածաշրջանը կ՛ուզեն տեսնել աշխարհաքաղաքական բարենպաստ պայմաններու մէջ:
Վերջաւորութեան պէտք է ըսել, որ թէկուզ աշխարհի քաղաքական քարտէսի վրայ Քիւրտիստան պետութիւն առ այժմ գոյութիւն չունի, սակայն Իրաքի մէջ քրտական պետութիւն ստեղծելու ծրագիրը լուրջ սպառնալիք կը հանդիսանայ Թուրքիոյ համար: Իսկ միւս կողմէ, Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին մէջ տեղի ունեցած զարգացումները կը շարունակեն լուրջ տեղ զբաղեցնել համաշխարհային մամուլի մէջ: