«Ակօս» օրաթերթը կը տեղեկացնէ, որ Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Պոլսոյ հայկական դպրոցներուն վերաբերեալ առաջարկ ներկայացուց:
Խօսելով Պոլսոյ 16 հայկական վարժարաններուն մէջ գոյութիւն ունեցող բազմաթիւ հարցերուն մասին` Փայլան առաջարկեց, որ անոնք ղեկավարուին մէկ ընդհանուր մարմինի մը, այլ ոչ թէ առանձին հիմնարկներու կողմէ:
Փայլան նկատել տուաւ, որ վարժարաններուն մէջ գոյութիւն ունեցող հարցերը կու գան նաեւ կառավարման ոչ ճիշդ համակարգէն:
«Այս հարցերուն մեծ մասը կը յառաջանայ այն պատճառով, որ հայկական դպրոցներու ծրագիրներուն, ֆինանսաւորման եւ միւս հարցերը չեն համակարգուիր մէկ ընդհանուր մարմինի մը կողմէ: 2011-էն ի վեր գործող Հայկական վարժարաններու հարցերով զբաղող յատուկ յանձնաժողովի տնօրէնը հրաժարական տուաւ այս հարցերուն պատճառով, այս հանգամանքը պէտք է սթափեցնէ մեզ», ըսաւ հայ պատգամաւորը:
Ներկայիս Պոլսոյ մէջ կը գործեն 16 հայկական վարժարաններ, որոնցմէ 13-ը անձնական են:
Հայկական վարժարաններուն մէջ կրնան ուսանիլ միայն հայ քրիստոնեայ ընտանիքներու զաւակները: Վարժարան ընդունուելու համար անհրաժեշտ է ներկայացնել երեխային մկրտութեան փաստաթուղթը:
Հայկական վարժարաններուն մէջ գոյութիւն ունին բազմաթիւ հարցեր` թէ՛ նիւթական եւ թէ՛ կառավարման եւ աշակերտներու ներգրաւուածութեան հետ կապուած:
Շատ մը վարժարաններու մէջ այս տարի առաջին դասարաններ պիտի չբացուին աշակերտներ չունենալու պատճառով:
Վարժարանները կը գոյատեւեն բարերարներու յատկացուցած օժանդակութիւններուն եւ վարձավճարներուն շնորհիւ: