ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ
Ծաղկեփունջը այս գեղեցիկ`
Ես նուիրել կ՛ուզեմ քեզի,
Բայց երանի զարդարէի
Համբոյրներով զայն ցանկալի,
Երազներով գիշերային,
Սրտերու հետ լուսնի լոյսին,
ուր կը սանտրեմ ես վարսերդ
Մատներովս, որ կը շոյեն
Գլուխդ հանգչող ձեռքերուս մէջ`
Աստղերու տակ ականատես:
Ծաղկեփունջը այս գոյնզգոյն
Երբ տամ քեզի ձեռքերովս,
Կը նախանձի՞ն արդեօք երգեր,
Որ քերթեցի ես անհամբեր`
Նուիրելով բոսոր վարդեր
Կոյս սրտերուն` տխուր,անտէր:
Ծաղկեփունջս երազային,
Երբ տամ քեզի, զգուշ եղիր,
Համբոյրներս, երազներս,
Վարդերս թող ապրին յաւերժ:
Լիբանան