Ր. ԱՇԳԱՐԵԱՆ
Գաղափարի եւ հայրենիքի համար նահատակուած հերոսները եղած են միշտ խորհրդաւոր էակներ, քանի իրենց ծնունդէն իսկ անոնք չեն ապրած մարդոց կողմէ հասկնալի դառնալու համար, այլ ապրած եւ անմահացած են իրենց հրաշագործ կարողութեամբ ազգի պատմութիւնը կերտելու նպատակով եւ մութ երկինքի վրայ` որպէս փայլող աստղեր, անոնց գոյութեան իմաստը եղած է լուսաւորել ազգերու հաւաքական երթը:
Հայ իրականութեան մէջ յուլիսի 27-ը առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ երիտասարդութեան յիշողութեան մէջ: 27 յուլիսին հետ անբացատրելի զգացում մը կը պատէ ազգային պահանջատիրական ուղիներու վրայ գտնուող ամէն հայ երիտասարդի հոգին, իսկ դաշնակցական երիտասարդական շրջանակներուն մէջ նոյն այս թուականին կը զգացուի կազմակերպական կեանքի արտասովոր աշխուժութիւն, եւ այս ապրումներով Լիբանանի մէջ ԼԵՄ-ականներ բնածին մղումով մը հրապարակ կ՛իջնեն արժանավայել շունչով իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու Լիզպոնի 5 անձնուրացներու յիշատակին…
Տրուած ըլլալով, որ պահը կը պարտաւորեցնէ մեզ ըլլալ գերազանցապէս անկեղծ, պէտք է յայտնել, որ ամէն տարի կ՛ապրինք այն մտավախութիւնը, թէ առիթը արդեօք սկսած է ըլլալ զո՞հը սովորամոլութեան, երբ կու գան պահեր եւ մեր յեղափոխական պատմութեան մատեանէն ամէնէն աւելին մեր երիտասարդութեան սրտին խօսող Լիզպոնի դէպքին տակաւին երէկ մեր սրտերը թնդացնող պայթումի արձագանգները կը զգանք, որոնք կը դառնան հազիւ լսելի, ու անհաղորդ աչքերով կամ խուլ ականջներով հաղորդակից կը փորձենք դառնալ յիշատակի նման երեկոներու, արդեօք` անպայման ոգեկոչելու պարտաւորութենէ՞ն մղուած, մանաւանդ, որ մեր օրացոյցի էջերը այնքան խճողող ազգային-յեղափոխական ոգեկոչումներու եւ առիթներու անհատնում շարքը երբեմն մեր վրայ կը ձգէ այն տպաւորութիւնը, որ սկսած ենք միայն մեր անցեալի իրագործումներով ու փառքով սնանող հաւաքականութեան մը վերածուիլ:
Բայց երբ խմբուած ենք մարդկային էութեան ամէնէն հարազատ եւ անեղծ ճշմարտութիւնը թարգմանող այս վայրին մէջ, գէթ հոս, ուր տիրականը այն անհերքելի իրականութիւնն է, որ կը կոչուի «մահ», վայր մը, ուր նաեւ ամփոփուած են լիբանանահայ կեանքին հետ անքակտելիօրէն կապուած բազմաթիւ նահատակներու լուսեղէն աճիւնները, որոնց դիմաց խոնարհելով` պարտաւոր ենք ըլլալու անկեղծ իրարու հետ եւ մէկդի դնելով ներքին ամէն տարակարծութիւն, «ես»-ի պաշտամունք կամ ամէն «նեղ» հաշիւ` կիսելու ենք անկաշկանդ մէկս մէկու հետ մեր մտածումները եւ յուզումները, անկախ այն ցաւալի իրողութենէն, որ զիրար խայթելու կամ բամբասելու մշակոյթը դարձած է մեր շրջապատին մէջ ամէնօրեայ տիրական սովորութիւն եւ հիւանդագին «հաճոյք», քանի տակաւին երէկ մէկ պատնէշի ետին կանգնող եւ հաւաքական մէկ բռունցք կազմող ընկերներ կը թուին ըլլալ այսօր տարբեր խրամներու մէջ ծուարած եւ իրարու հակադրուած կոտորակուած «ես»-եր կամ փառքի երկրպագուներ: Նաեւ, վաղ թէ ուշ, մեզ բոլորս միացնող «մահ» կոչուող իրականութեան գիրկը հոս ննջող` մեզմէ առյաւէտ հեռացած սիրելի ընկերներու յիշատակը յարգելով` ըլլանք անկեղծ: Եւ այս անկեղծութեան պայմանով միայն իրաւունք ստանանք խոնարհելու անոնց շիրիմներուն առաջ:
Այս համոզումով, Լիզպոնի 5-ի յուշ-երեկոն դաշնակցական երիտասարդութեան համար ինքնաքննարկումի եւ ապա յեղափոխական ուխտի վերանորոգման առիթ մը կոչուած է ըլլալու եւ պիտի մնայ այդպիսին միշտ, առիթ` մեզ այս վայրին մէջ խմբող անմահացածներուն անսակարկ նուիրումի շունչով հաղորդուելու, առիթ` մեր առօրեայ կեանքէն դուրս գալով` ստեղծելու մտածումի եւ ինքնաճանաչման պահ, որուն ընդմէջէն խորհրդածելու ենք անկեղծօրէն նախ մենք մեր անձերուն հետ, ապա միայն խօսելու մեր անձերէն դուրս` ճիշդին ու սխալին մասին:
34 տարիներ անցեր են արդէն Լիզպոնի հինգ նուիրեալներուն` իրենց ոճով եւ զոհաբերութեան ոգիով գերմարդկային արարքէն, 34 երկար տարիներ իրենց արձանագրած վերելքներով եւ անկումներով եկած են գումարուելու մեր ազգի հաւաքական երթի ժամանակագրութեան մէջ, եւ մեր միտքերով երբ կը թերթատենք մեր յիշողութեան էջերը, հոն մեր դիմաց կը տողանցեն մերթ յոյս ու խանդավառութիւն ներշնչող դէպքեր, սխրագործութիւններ, բայց երբեմն ալ` ցաւալի անկումներ ու կորուստներ… ու այսպէս ժամանակի թաւալումին հետ երբեմն խանդավառ, բայց երբեմն ալ երերուն քայլերով կը յառաջանայ մեր հաւաքական երթը իր ճանապարհը եզերող յոյսերով եւ յուսախաբութիւններով: Այսպէս ընթացած է միշտ եւ պիտի շարունակէ ընթանալ դաշնակցական կեանքը, կեանքը այն կազմակերպութեան, որ ազգի բովէն ծնաւ ու ազգին կարիքներուն համար գործել որոշեց, այն կուսակցութեան, որ եղած է միշտ հարազատ հայելին ու թարգմանը հայ ժողովուրդի իղձերուն, յոյսերուն եւ յոյզերուն…
Այս շունչով է, որ անցեալ դարու վերջին տասնամեակներուն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան նպատակներու կիզակէտը հանդիսացած էր նոր թափով եւ ոճով հետապնդել Հայ դատի պահանջատիրական նուիրական գործը, նոյն ներշնչումով հայկական յեղափոխական հնոցը յաջողած էր վերստին կեանքի կոչել երբեմնի անսխալ հարուածող իր սուրը` բարձրարժէք նուաճումներով պսակելով զինեալ պայքարի օրին հայութեան գոյատեւման ի խնդիր այնքան ճակատագրական փուլը, որուն շնորհիւ մինչեւ այդ հայկական պահանջատիրական խուլ ձայնը պիտի սկսէր լսելի դառնալ համաշխարհային հրապարակներէ, իրաւազրկուած հայ մարդու եւ հաւաքականութեան իր արդար Դատը հետապնդելու իրաւունքի պահանջը բարձրաղաղակ լսելի էր արդէն ամէնուրեք, փշրուած էր գաղթական ու ինքն իր կենցաղային խնդիրներով միայն մինչեւ այդ զբաղած հայու կերպարը, եւ ձեւ կը ստանար հայու նոր դիմագիծ, որ մինչեւ այդ անծանօթ էր աշխարհին: Իր Դատին իրաւատէր հայը խրոխտ հասակով ճամբայ ելած էր դէպի իր իրաւունքներու ձեռքբերման պայքարի դաշտ, ճամբայ ելած` սփիւռքի զանազան տարածքներէն տարիներու կենդանի զոհաբերութեամբ ամրացած կամքով, հասնելու համար մինչեւ 80-ականներու աւարտին փուլ եկող Խորհրդային Միութեան սահմաններն ու, աւելի՛ն, մուտք գործելով իր տասնամեակներու թմբիրէն զարթնող մայր հայրենիքէն ներս, եւ վճռական քայլերով յառաջացող նոյն հայը` աներկիւղ կամքով պիտի խոյանար արցախեան հերոսապատումի տարերքին մէջ, ուր եւս պիտի յաջողէր պատուաբեր նուաճումներ արձանագրել:
Իսկ այսօր միշտ նոյն հայը, պահանջատիրութեան պատմական տարիներու բովէն անցնելէ ետք, իր անզիջող կամքով կը դիմագրաւէ ձեռք բերուած յաջողութիւնները ամրագրելու, հայրենակերտումի ու պետականաշինութեան այնքան կենսական փուլի մարտահրաւէրները: Բոլորիս համար անվիճելի իրականութիւն է, որ կարելի չէ փառքը հիւսել վերջին տասնամեակներու յաջողութիւններուն` առանց մտաբերելու նոյն ժամանակահատուածի իրագործումները կերտած անզուգական հերոսները եւ մեր ազգի փառքի համայնապատկերի ժայռերուն քանդակուած անոնց լուսեղէն դէմքերը, ըլլան անոնք հսկաներ թէ խոնարհ հերոսներ, ծանօթ դէմքեր թէ լուռ ու անաղմուկ գործած ու կեանքէն մեկնած նուիրեալներ, որոնց բոլորին կամքով եւ զոհողութիւններով մեր հաւաքական կեանքի անիւը կը շարունակէ մինչեւ օրս յամառօրէն յառաջանալ քարքարոտ ճանապարհներով` խուլ ու անաղմուկ իր կշռոյթով ապահովելով ազգի յառաջընթացը դէպի ապագայ, քանի այդ ուղեւորութիւնը տակաւին հասած չէ իր նպատակներու աւարտին: Ահաւասիկ մեր ազգի Դատի պահանջատիրական երթի արագ նկարագրականը, խիզախութեան եւ անձնուրացութեան իրարու յաջորդող էջեր, որոնց շարքին Լիզպոնի ողջակիզումի նուիրական արարքը ունի իր եզակի տեղն ու արժէքը` նկատի առած այն իրողութիւնը, որ այդ արարքի վառօդով ու բոցով մկրտուեցաւ հայ պահանջատէր մարդու այն դիւցազնական տիպարը, որուն նպատակային սլացքը անկարելի պիտի ըլլար կասեցնել` շնորհիւ Լիզպոնով ծնած զոհաբերութեան շնչող այն առասպելական ոգիին, անձնազոհութեան արտակարգ եւ ուսուցանելի այն օրինակին, որուն ինքնուրոյն դրոշմը պիտի մնար տիրական` պայքարի դաշտ նետուող տարբեր սերունդներու մէջ: Միթէ Լիզպոնի հերոսներու օրինակով եւ անոնց կամքի ներշնչումով չէ՞ր, որ դէպի գիտակից մահ պիտի քալէին արցախեան ազատագրական պայքարի նուիրեալներու այն հարուստ փաղանգը, Լիզպոնի ոգեղէն նշխարով հաղորդուած անձնուրաց բոլոր ազատամարտիկները, որոնք իրենց խիզախ շարքերով յանձն պիտի առնէին անմահանալ` կարենալ ձեռք ձգելու համար ազատ ապրելու իրաւունք եւ կերտելու Արցախ հայրենիք: Մի՞թէ նոյն Լիզպոնի նուիրումի ոգին չէ, որ կը սաւառնի այսօր ալ մեր հայրենիքի բոլոր սահմաններուն վրայ, ուր սահմանապահ մեր հերոս զինուորները կը հսկեն արթուն` թշնամիի ամէն քայլափոխի, եւ տակաւին երէկ հերոսական խոյանքով կը նետուէին առաջ` անձնազոհաբար հայրենիքի պաշտպանութեան սրբազան պարտականութեան բարձր գիտակցութեամբ: Ու այսպէս, արդարօրէն պէտք է ընդունիլ, որ Լիզպոնը մեր ազգային պահանջատիրական ու ազատագրական պատմութեան հոլովոյթին երկար շղթայի մէկ սովորական օղակը չէ, այլ` շատ աւելի՛ն, ան կը հանդիսանայ ոգեղէն այն կամուրջը, որ յաջողեցաւ ապահովել հայու մարտնչող ու աներկիւղ ոգիի անցումը 19-րդ դարու յեղափոխական օրերէն դէպի նոր ժամանակներ, մինչեւ արցախեան հերոսապատում եւ մինչեւ այս պահը եւ նոյնիսկ մինչեւ վաղուան օրը… Լիզպոնը հայու հերոսական պայքարի ջահի փոխանցող բազուկն է` գէորգ չաւուշներէն, սերոբ աղբիւրներէն եւ թեհլիրեաններէն դէպի Թաթուլ Կրպէեան, Շահէն Մեղրեան, Վիգէն Զաքարեան եւ Մհեր Ջուլհաճեան կամ` մերօրեայ հայկական բանակի բոլոր անձնուրաց զինուորները:
Լիզպոնի օրինակը հանդիսացաւ դաստիարակիչ արարք` հայ նոր սերունդներուն համար, պարտուողականութեան մահաքունէն զարթնումի ցնցող ղօղանջ. օրին նուիրաբերումի այդ արտակարգ պատգամը կը միտէր քանդել լռութեան պատը, որ կը փորձէր խեղդել մեր արդար Դատի կանչը, եւ անժխտելիօրէն յաջողած էր իր առաքելութեան մէջ, քանդելով ոչ միայն մեր Դատի շուրջ քաշուած պարիսպները, այլ աւելի՛ն, հայ երիտասարդի հոգիի մէջ ծանրօրէն տեղաւորուած ու անոր խոյանքը արգելակող համակերպումի կապանքները. ան փոխանցած էր վահագնաշունչ ոգի հայ երիտասարդին` աներկիւղ սլանալու դէպի հաւաքական նպատակներ… Ճիշդ հոս կը կայանայ իրական արժէքը Լիզպոնի հերոսական գործողութեան, այլապէս դաւադրօրէն մսխած կ՛ըլլանք անոր հրաշագործ լուման, եթէ արժէքներ կամ գնահատականներ պրպտենք միայն մարտական-ռազմավարական տրամաբանութեան հետեւելով:
Այս իրողութենէն մեկնելով` առիթի արդար գնահատականը տալու համար տեղին է նշել հայդուկապետին այն պատգամը, որ կ՛ըսէ` «Ապագան վտանգուած ժողովուրդներու վերջին խաղաթուղթը վերադաստիարակութիւնն է»:
Հետեւաբար եւ մանաւանդ նկատի առած մեր հաւաքական կեանք թափանցած ախտավարակ կարգ մը երեւոյթներ` օգտակար է երեւի նշել Լիզպոնի հերոսներուն մեզի թելադրած դաստիարակիչ պատգամներէն կարգ մը գլխագիր օրինակներ:
***
Անցեալ դարու վերջին քառորդին համաշխարհային տիրող մթնոլորտ էր երիտասարդութիւնը իր ազգային առօրեայէն անջատող օրակարգերու կամ փորձութիւններու մթնոլորտը, երիտասարդներ տարուած էին կա՛մ համաշխարհային անդիմագիծ եւ ապազգային քաղաքական հոսանքներու հրապոյրով եւ կա՛մ ալ բոլորովին ապաքաղաքականացած` յանձնուած էին երիտասարդութիւնը «երազային աշխարհներ» փոխադրող շարժումներու կախարդանքին: Այս կացութեան դէմ յանդիման` հայկական իրականութեան մէջ պիտի ծնէր պահանջատէր այնպիսի երիտասարդութիւն մը, որ ոչ միայն գիտէր որդեգրել ազգային օրակարգեր, այլ նոյնիսկ պիտի ստեղծէր այդ օրակարգերը եւ զանոնք տեղադրէր հաւաքական աշխատանքի առաջնահերթութեան բարձր հարթակին վրայ: Արան, Սագոն, Վաչէն, Սեդրակն ու Սիմոնը այդ սերունդի ընտրանին կը կազմէին, անոնք ոչ միայն պիտի արհամարհէին օրին երիտասարդութեան մէջ տիրող անտարբերութեան հոգեվիճակները, աւելի՛ն, անոնք պիտի յաջողէին ստեղծել երիտասարդութեան մէջ ազգանուէր գործի նկատմամբ եռանդ ու համոզումի կամ նուիրումի նոր հորիզոններ… Իսկ այսօր նոյն կացութիւնը չէ՞, որ տիրական է մեր շուրջ, եւ չե՞նք նկատեր մեր երիտասարդութիւնը իր գործի իրական դաշտէն դուրս բերող այնքան այլասերող օրակարգեր եւ իրական օրինակներ:
Լիզպոնի 5-ին մօտ, եւ հակառակ այն իրողութեան որ իրենք տեսած չէին հայրենիքը, անսակարկ հայրենապաշտութիւնը դարձած էր անշեղ դաւանանք. մինչ այսօր մեր երիտասարդութեան որոշ խաւերու մէջ կը նկատենք գործնապաշտ առողջ մղումէ հեռու, շատախօսութեան սահմանները չանցնող ու «եթէ»-ներով շղթայուած հայրենասիրութեան ոչ այնքան հայրենիքի շահերուն ծառայող տրամաբանութիւն:
Անցեալին Արան, Սագոն, Վաչէն, Սեդրակն ու Սիմոնը կարգապահութիւնը որդեգրած էին որպէս կազմակերպական կեանքի սրբութիւն` իրենց կենդանի օրինակով անսակարկ առաջնահերթութիւն սեպելով ենթարկուիլ գործի պարտադրած կարգին ու տրամաբանութեան, գերազանցապէս գաղտնապահ ու համբերատար շունչով… իսկ անդին եւ նոյն այդ օրերուն այլ երիտասարդներ գիտէին միայն անիմաստ վէճերու աղմուկով լեցնել մեր առօրեան: Այսօր որքա՞ն տոկուն եւ անխոցելի կարելի է սեպել այս համոզումները` մեր բոլորին անկեղծ դատողութեամբ: Ունի՞նք արդեօք համոզումը կամ ապահովութիւնը հաստատելու, որ տակաւին կը մնանք կառչած այս անժամանցելի սկզբունքներուն, որոնք եթէ երէկ կը հանդիսանային մեր կազմակերպական ամուր շէնքի հիմնասիւները ու մեր թշնամին սարսափեցնող զէնքը, այսօր ու վաղն ալ մաս պէտք է որ կազմեն անժխտելիօրէն մեր ապագայի ազգանուէր գործի ենթակառոյցին:
Անցեալին Արան, Սագոն, Վաչէն, Սեդրակն ու Սիմոնը ընկերասիրութիւնը վերածած էին զրահի կամ անխորտակելի պատնէշի` հասնելով մինչեւ միասնաբար նահատակուելու սրբազան ուխտի գործնականացման: Իսկ այսօր մեր հաւաքական կեանքին մէջ ի՞նչ նուաճումներ կ՛արձանագրենք ընկերասիրութեան դաշտէն ներս, արդեօք չե՞նք նկատեր իրարու հանդէպ հանդուրժողականութեան ցաւալի ու դաւադիր կամաւոր նահանջը կամ` իբր թէ կացութիւնները բարեփոխելու ոչ միշտ արդարացուած տրամադրութիւներով, տեղ-տեղ ուրախ կը թուինք ըլլալ հայկական լայն թէ նեղ իրականութիւններու մէջ ներքին խրամներու բաժանումներու մէջ ճառելու երեւոյթով, եւ այդ գործը վերածած ենք ընկերութեան կամ ընկերասիրութեան նեղ ու մեզ իրարմէ աւելիով հեռացնող առօրեայ սպառողական նիւթի եւ իրարմէ հեռու շրջանակներու, որոնցմէ մէկուն կամ միւսին մէջ ընդունելի տարր ըլլալու համար պէտք է ունենալ շատ «բծախնդիր» սահմանումներ յարգող յատկութիւններ…
Ներողամտութեան տրամաբանութիւնը վերստին հաստատելով եւ խոնարհելով մեր աննման հերոսներու լուսեղէն յիշատակի այս երեկոյի խորհուրդին դիմաց` տեղին է կրկնելու գնով հաստատել, որ մեր նահատակներու յարգանգի յուշ-հաւաքները աւելի նուիրական դարձնելու յարմարագոյն ոճը մեզմէ ամէն մէկը իր անձի հետ հաշուեյարդարի նստելով է. վերջին հաշուով, միթէ կա՞յ աւելի անշահախնդիր մօտեցում մարդ անհատին մօտ, քան` իր խղճի հետ զրուցելու եւ հաշուի նստելու մօտեցումը: Մեզմէ ամէն մէկը ինքն իր մէջ փնտռելու է Լիզպոնի մեր աննման ընկերներէն մեզի հասնող պատգամի գործնական թարգմանութիւն տուող ձայնը, մենք մեր մէջ փնտռենք այդ պատգամը ծաղկեցնող եւ անոր սնունդ ապահովող պարարտ հողը, ժամանակն է, որ հրաժարինք այլեւս մեր անձերէն դուրս գործի կաղացումներու կամ ձախողութիւններու պատասխանատու յանցաւորներ փնտռելու սովորութենէն, քանի մեր պայքարի պատմութեան ամբողջ տեւողութեան ոչ մէկ ժամանակ եղած են բարենպաստ արտաքին պայմաններ, բայց մեր շարքերէն ծնած նուիրեալներու կարողութեամբ յաջողած ենք, ստեղծելով կարգ, այդ պայմանները ենթարկել մեր կամքին ու գտնել հայանպաստ գործի ուղղութիւններ: Այս ճիգին մէջ կը խտանայ մեր յաջողութեան գաղտնիքը: Լիզպոնի անմահներուն նուիրուած այս յուշ երեկոյին ամէնէն նուիրական կոթողը, ուրեմն, նախ կանգնեցնելու ենք մենք մեր խիղճերուն մէջ` զայն բարձրացնելով մեր կազմակերպութեան տոկուն ենթահողը կազմող հայրենապաշտութեան, կարգապահութեան եւ ընկերասիրութեան սկզբունքներուն վրայ: Այսպէս կրնանք միայն յաւերժացնել մեր սիրելի ընկերներուն յիշատակը: Մեր կազմակերպութեան շարքերը չեն դադրած ամէնէն վատ ու անբարենպաստ օրերուն իսկ նուիրեալներ գործի դաշտ ուղղելու, կը բաւէ, որ մնանք հեռու անիմաստ աղմուկներու մթնոլորտէն, կամ ներքին թշնամիներ փնտռելու անիմաստ խաղէն` կարենալ լուրջ տրամադրութիւններով հետեւելու համար մեր հաւաքական կեանքը շրջապատող դէպքերու ընթացքին: Ազգը այս է, որ կ՛ակնկալէ իր քայլերը առաջնորդող ուժերէն եւ հաւաքականութիւններէն, եւ ի զուր չէ այն հաստատումը, որ` «Ժողովուրդը կարող է չտեսնէ, բայց ան մշտապէս կը զգայ», ժողովուրդը կրնայ ճիշդ չգնահատել տիրող դժուարութիւնները, բայց ան միշտ պիտի պահանջէ անսակարկ եւ անշահախնդիր նուիրում, մեր ժողովուրդը կրնայ ճիշդ չդատել այսօրուան ստեղծուած պայմանները, սակայն գիտէ արժեւորել թափուած ճիգը եւ տեսնել անոր հարազատ արդիւնքները: Հետեւաբար մեզմէ պահանջուածը` գործելու պատրաստակամութեամբ ըլլալ լսողը ժողովուրդի ձայնին եւ ոչ թէ աղմուկով եւ կասկածներ յառաջացնող խօսքերով միայն անոր միտքը պղտորել եւ թուլութիւն սերմանել:
Վերջին հաշուով, բոլորս կամովին որդեգրած ենք այն ուխտը, որ` «Չկայ աշխարհի վրայ կեանքն ազգին եւ հայրենիքին պատարագելու չափ մեծ երջանկութիւն»: Մի՞թէ նոյն այդ համոզումով չէր, որ Արան, Սագոն, Վաչէ, Սեդրակն ու Սիմոնը յանձն առին զոհուիլ` իրենց դէմքերու վրայ դրոշմած գոհունակութեան այն յաւիտենական ժպիտը, անմեղ ու ճառագայթող այն ժպիտը, որուն անկեղծութեան ի տես` մենք այսօր իրաւունքը չունինք մեր անձնական թէ հաւաքական կեանքի ստեղծած ցաւերու բեռան տակ զիրար քարկոծել, ու ապա` տնքալ ու լալ…
Արա՛, Սագօ՛, Վաչէ՛, Սեդրա՛կ եւ Սիմո՛ն, ձեր դէմքերը արդի ժամանակներու անորոշութեան երկնակամարին վրայ մէյմէկ լուսաւոր աստղեր կը հանդիսանան միշտ, որոնք դժուարագոյն պահերուն իսկ կը շարունակեն յոյս ու լոյս սփռել մեր պայքարի ճանապարհին` առաջնորդելու համար մանաւանդ երիտասարդութեան նուիրումի երթը դէպի այն բարձունքները, որոնք դուք որոշած էիք նուաճել, իսկ այդ ճանապարհին վրայ ամէն թուլացում մահացու յանցանք է նախ ձեր սրբազան նուիրումի հաշուոյն եւ թունաւոր դաշոյն` խրած մեզ բոլորս իր դրօշի տակ զինուորագրած կազմակերպութեան կողին…
Ննջեցէք հանգիստ, դուք յեղափոխական գործի անմահ նուիրեալներ,
Ննջեցէք հանգիստ, դուք հայու արդար Դատի պաշտպան վահաններ,
Ննջեցէք հանգիստ, դուք մեր վաղուան կերտելիք փառքի արշալոյսներ,
Ննջեցէք հանգիստ, քանի երիտասարդութեան սրտերուն մէջ բոցավառ կը մնայ պայքարը անշեղ կամքով շարունակելու յեղափոխաշունչ կրակը, որուն բոցերուն մէջէն միայն որպէս փիւնիկ յարութիւն պիտի առնեն ձեր ազնիւ, մաքուր ու անմահ հոգիները…
Յուլիս 2017