Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13584

Հալէպ Կը Թօթափէ Պատերազմի Փոշին

$
0
0

Հալէպի ազատագրման յաջորդող օրերուն, քաղաքի  ամբողջ տարածքին, կեանքը օրըստօրէ  իր բնականոն հունին մէջ սկսած է մտնել: Ծառայողական ոլորտի հաստատութիւնները` ճաշարաններ, սրճարաններ, պանդոկներ իրենց դռները բաց կը պահեն քաղաքացիներուն դիմաց մինչեւ ուշ գիշեր: Ուշադրութեան արժանի է Հալէպի բերդին շրջակայքը գտնուող ճաշարաններու եւ հանգստեան վայրերու, յատկապէս «Խան Հարիր» սրճարանի վերանորոգումը, եւ պետական մարմիններու յանձնառութիւնը` աստիճանաբար վերաշխուժացնելու զբօսաշրջութիւնը:

Հալէպի զբօսաշրջութեան գրասենեակի տնօրէն Պասեմ Խաթիպ ՍԱՆԱ-ին յայտնած է, որ գրասենեակը հին Հալէպի ճաշարաններն ու պանդոկները, ինչպէս նաեւ պատմական վայրերը վերանորոգելու ամբողջական ծրագիր մը գործի դրած է ու առ ի քաջալերանք` տուրքերէ եւ այլ պարտաւորութիւններէ զերծ պիտի պահէ սեփականատէրերը: Ներկայիս աշխատանքներ կը տարուին յատկապէս վերանորոգելու «Քարլթոն», «Ռիկա փալաս» պանդոկները, «Բերիա», «Արիքէ» եւ «Տար ալ Ուարտ» հանրածանօթ ճաշարանները:

Խաթիպ ըսած է,  որ երեք ամիս ետք Հալէպ պիտի վերագտնէ իր պատմական երբեմնի դիմագիծը եւ պատրաստ պիտի ըլլայ ընդունելու զբօսաշրջիկները:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13584

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>