ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Հին ճարտարապետական կառուցուածք մըն է Ն. Փալանճեան Ճեմարանի մայր շէնքը, եւ իր մարմարէ հսկայ սիւներուն վրայ կը հանգչի ընդարձակ պատշգամ մը, որուն վրայ ամէն օր կը ճեմէին Ճեմարանի երկու «սիւները»` Գառնիկ Բանեան եւ Մ. Իշխան: Առաջինը` որպէս փոխ տնօրէն (Սիմոն Վրացեանի տնօրէնութեան տարիներուն), իսկ Մ. Իշխան` որպէս կրթական տեսուչ:
Ամէնօրեայ սովորութիւն մըն էր այդ մէկը:
Գառնիկ Բանեան եւ Մ. Իշխան: Դպրոցական միեւնոյն նստարաններու վրայ հասակ առած, նոյն տարուան շրջանաւարտ` երկար տարիներ պաշտօնավարած են նոյն հաստատութեան` Ճեմարանի մէջ, ուր հայ հոգիով թրծած են հազարաւոր հայորդիներ:
Պարզ հաստատութիւն մը չէ Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանը:
Հայկականութիւն բուրող կրթական օճախ մըն է:
Վերը յիշուած երկու «սիւները» եղած են Ճեմարանի առաջին հունձքը` դասընկեր ունենալով արեւմտահայ գրականութեան յայտնի դէմքերէն Անդրանիկ Ծառուկեանը:
Երեք դասընկերներ, երեքն ալ` նուիրուած հայ գիրի ու գրականութեան:
Բախտն ու պատիւը ունեցած եմ աշակերտելու առաջին երկուքին:
Երկու ուսուցիչներ, որոնց կը պարտիմ ո՛չ միայն հայոց լեզուի պաշարս, նաեւ սէրս` հանդէպ հայ գրականութեան:
* * *
Գառնիկ Բանեանի հետ առաջին հանդիպումս եղաւ, երբ հազիւ 7 կամ 8 տարեկան երեխայ մըն էի:
Հօրս հետ մտանք Ճեմարանի մայր շէնքի իր գրասենեակը` արձանագրուելու դպրոցական այդ տարեշրջանին, որպէս նոր աշակերտ:
Առաջին տպաւորութիւնս` անհաղորդ անձ մը, դէմքին ոչ մէկ ժպիտ:
Քանի մը կարճ ու կտրուկ հարցումներ` հօրս, ու ապա որոշեց նստելիք դասարանս: Նախապատրաստական 2-րդ դասարան:
Տարիներ ետքն էր, որ համարումս փոխեցի, երբ սկսաւ մեզի հայերէն եւ հայոց պատմութիւն դասաւանդել: Ժպտուն չէր. մռայլ ալ չէր, սակայն դէմքին վրայ նշմարելի էր անհուն բարութիւն մը: Հայրական բարութիւն:
Պարոն Բանեանին բարկանալը կամ ջղայնանալը երբե՛ք չեմ տեսած:
Բոլորին ներկայութեան ոեւէ մէկը չէր յանդիմաներ: Աշակերտին հետ առանձին կը տեսնուէր, կը մատնանշէր ըրած յանցանքը, կը խրատէր ու կը ճամբէր: Չէր պատժեր:
Նախքան միջնակարգ դասարաններու տարիները` մեզի կը դասաւանդէր նաեւ հայոց պատմութիւն, եւ այդ տարիներուն սորվածներս, ամենայն մանրամասնութեամբ, զարմանալիօրէն դրոշմուած են ուղեղիս մէջ:
Տարեվերջի հանդէսներուն մանրամասն եւ բծախնդրութեամբ պատրաստած կ՛ըլլար դպրոցին տեղեկագիրը եւ կը ներկայացնէր ծնողներուն ու ներկաներուն: Չէր մոռնար արձանագրելու ամենափոքր մանրամասնութիւնները, ստացուած կամ ծախսուած ամենաչնչին դահեկանը:
Ակնոց չէր գործածեր, սակայն տեսողութեան դժուարութիւն ունենալուն պատճառով կարդացած ժամանակ, գիրք կամ թուղթ, այնքա՜ն կը մօտեցնէր դէմքին:
Պարոն Բանեան պարտաճանաչ էր: Միայն մէկ անգամ ուշ մտաւ դասարան: Անակնկալ այցելու մը ունեցած էր իր գրասենեակին մէջ: Քաղաքավար էր եւ չէր կրցած ճամբու դնել «անկոչ հիւրը»:
Այցելուն օտար հայասէր մըն էր եւ փողոցէն անցած ժամանակ դպրոցի մուտքին կարդացած էր Collège Arménien Nishan Palandjian եւ հետաքրքրուած ու մտած էր ներս` հայերու մասին տեղեկութիւններ քաղելու: Նման այցելու մը անկարելի էր, որ պրն. Բանեանին նման ազգասէր անձ մը կարենար ճամբել:
Որբանոցներու մէջ հասակ առած էր, եւ այդ մէկը իմացայ տարիներ ետք, երբ կարդացի իր գրած «Յուշեր մանկութեան եւ որբութեան» հատորը, որ նաեւ իր մահէն ետք թարգմանուեցաւ անգլերէնի:
Բնաւ չէր խօսեր իր մանկութեան դժուար տարիներուն մասին, եւ կարդալէս ետք այդ սքանչելի պատմագրական հատորը, հետեւցուցի իր յաճախ մռայլ խառնուածքին պատճառը: Տանջուած մանկութիւն մը անցուցած էր, սակայն այդ տանջանքը ինքն իր մէջ պահած ու դարձած էր լռակեաց:
Առաւելաբար Իրանէն ժամանած գիշերօթիկ տղոց ծնողներուն ուղարկած նիւթական գումարը իր քով կը պահէր, եւ ամէն անգամ, որ աշակերտ մը ներկայանար այդ գումարէն մաս մը ստանալու, պրն. Բանեան, հօր մը նման կը հետաքրքրուէր, թէ ի՛նչ նպատակի պիտի ծառայէ այդ: Չէր ուզեր ղրկուած գումարին մսխումը:
Գիշերօթիկ աշակերտ մը, տակաւին շաբաթ մը առաջ ստացած գումարէն ետք, դարձեալ կը ներկայանայ պրն. Բանեանին մօտ` յաւելեալ գումար մը խնդրելու:
Երբ վերջինս կը հետաքրքրուի պատճառով, աշակերտը կը պատասխանէ.
– Նոր կօշիկ պիտի գնեմ, պարո՛ն:
– Ամիս մը առաջ գնած կօշիկդ արդէն իսկ հինցուցի՞ր,- եւ երբ դրական պատասխան կը ստանայ, պարոն Բանեան ոտքի կենալով` ցոյց կու տայ իր կօշիկները:
– Տղա՛յ, այս կօշիկները հինգ տարիէն աւելի է` կը գործածեմ եւ տակաւին չեն մաշած: Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ ամիս մը առաջ գնած կօշիկներդ արդէն իսկ մաշած են,- ու կը մերժէ յանձնել աշակերտին խնդրած գումարը` քաջ գիտնալով, որ տարբեր նպատակի պիտի գործածուէր:
Գ. Բանեան եղած է Ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան հիմնադիր:
Իր անձնական ճիգերով լոյս ընծայած է «Ակօս» ամսաթերթի առաջին թիւը:
Մաս կազմած է Ազգային իշխանութեան եւ ուսումնական մարմիններու եւ բազմիցս ընտրուած է ազգային երեսփոխան:
Վերջին հանդիպումս սիրելի ուսուցչիս հետ եղաւ Ճեմարանը ձգելէս երկա՜ր տարիներ ետք, Պուրճ Համուտի մէջ:
Դաշնակցութեան տօնակատարութեան մը ներկայ էինք երկուքս: Երբ քովէս անցաւ, կարծելով, որ կրնայ զիս մոռցած ըլլալ, գլխու թեթեւ բարեւ մը տուի ու շարունակեցի քալել: Մականունս լսեցի: Դարձայ ետ, բարեւեցի: Բաւական խօսեցանք, սակայն ամօթէս գետնին տակը անցայ:
Տարիներ առաջ այլ ուսուցիչ մը բարեւս անտեսած էր: Վստահաբար չէր յիշած իր նախկին աշակերտը: Կը կարծէի, որ նոյնը պիտի պատահէր պրն. Բանեանին հետ:
Սխալած էի:
* * *
Արդէն 5 տարի է կը յաճախեմ Նշան Փալանճեան Ճեմարան եւ Մ. Իշխանին մօտէն ծանօթանալու բախտին ու պատուին արժանացայ 6-րդ դասարանիս միայն, երբ այդ տարի սկսաւ մեզի հայերէն դասաւանդել:
Բնաւորութեամբ Գ. Բանեանէն բոլորովին տարբեր էր ան: Դասաւանդած ժամանակ, իր իւրայատուկ հիւմըրով կը գրաւէր աշակերտները, սակայն երբ ջղայնանար, լա՛ւ կը ջղայնանար: Ճաղատ գլուխը կը կարմրէր, ձայնը կը դողար, բայց շատ չանցած` կը հանդարտէր: Կը վերագտնէր իր բնական վիճակը եւ փոքրիկ հիւմըրով մը կը ծիծաղէր ու կը ծիծաղեցնէր մեզ:
Մեր փոքրիկ յանցանքները «չարաճճիութիւն» կ՛անուանէր:
Գրաւորներու ժամանակ, հարցարանը գրատախտակին վրայ գրած ժամանակ, լաւ գիտէր, թէ ի՛նչ կ՛անցնի-կը դառնայ ետին:
«Գիրքերը գոցեցէ՛ք, հիմա պիտի դառնամ», եւ այդ քանի մը վայրկեաններուն մեզի առիթ կու տար գիրքէն ընդօրինակելու ճիշդ պատասխանները:
Առաւօտները սովորութիւն ունէինք «Հայր Մեր»-ով կամ «Առաւօտ լուսոյ»-ով սկսիլ օրը:
Մ. Իշխան բաղաձայն էր եւ աշակերտներէն շատերը գիտէին այդ մէկը:
Առտու մը, բարձրագոյն դասարաններու տղոց կարգադրութեամբ, հազիւ սկսած էինք «երգել», բոլորս լռեցինք: Մէջտեղ մնաց Մ. Իշխանի անհաճոյ ձայնը (միայն երգելու պարագային):
Իր սովորութեան համաձայն, ճաղատը կարմրեցաւ, եւ կամացուկ մը ինքն ալ լռեց:
Շատ չանցած` շարունակեցինք աղօթքը … որուն այդ օր չմասնակցեցաւ Մ. Իշխան:
Վիպագիր, թատերագիր, բանաստեղծ եւ դաստիարակ էր Մ. Իշխան: Հրատարակած էր բազմաթիւ հատորներ, որոնց շարքին կարելի է յիշել` «Հացի եւ լոյսի համար», «Հացի եւ սիրոյ համար», «Իմ ուսուցիչներս», «Մնաս բարով մանկութիւն», «Սպասում», իսկ թատերախաղերէն` «Մեռնիլը որքա՜ն դժուար է», «Սառնարանէն ելած մարդը» եւ շատ ուրիշներ:
Փոքրիկ նմուշ մը` իր հիւմըրներէն:
Մ. Իշխան սրտի կաթուած մը կ՛անցընէ ու կը փոխադրուի հիւանդանոց:
Մեծ թիւով ազգայիններ եւ գրական մարդիկ կ՛այցելեն` բարի ապաքինում մաղթելու:
Ներկաներէն մէկը կը հարցնէ` «Ինչպէ՞ս պատահեցաւ, ի՞նչ զգացիր»:
Մ. Իշխան նոյնիսկ հիւանդանոցի սնարին մէջ չի մոռնար իր հիւմըրով պատասխանը:
«Տղոց հետ քիչ մը ֆութպոլ խաղալ փորձեցի, սակայն ուշագնաց ինկայ գետին»:
Ներկաները բոլորը կը խնդան` բացի մէկէն, որ միամտաբար կը հաւատայ.
– Պարո՛ն Մուշեղ, այս տարիքին ֆութպոլ խաղա՞լդ էր պակաս…
* * *
Գ. Բանեան եւ Մ. Իշխան եղած էին դասընկերներ, ապա` գործակից:
Վստահաբար մտերիմներ էին` հակառակ բնաւորութեան այնքա՜ն տարբերութեան:
Շարադրութիւններս երկուքն ալ կը գնահատէին, սակայն երբ փոքրիկ հիւմըրով նախադասութեան մը հանդիպէին, պրն. Բանեան կարմիր մելանով «կ՛ազդարարէր»:
«Լրջացի՛ր, տղա՛յ», մինչ Մ. Իշխան` նոյն տեսակի նախադասութեան մը.
«Լա՛ւ է», «Հաւնեցայ» կամ նման «ակնարկներով» կը քաջալերէր:
Առաւօտները Գ. Բանեան իր երկու դուստրերուն հետ մուտք կը գործէր Ճեմարանի մայր դռնէն ու անմիջապէս կ՛ուղղուէր իր գրասենեակը:
Մ. Իշխան կը բնակէր Ճեմարանի կռնակը, ՀՄԸՄ-ի ակումբի փողոցի վրայ շէնքի մը մէջ` դրացիներ ունենալով դպրոցի տնօրէն Սիմոն Վրացեանը եւ գիտութեան ուսուցիչ Հրաչ Տասնապետեանը (Վրացեանի մահէն ետք` տնօրէն):
Զբօսանքներու ժամանակ Մ. Իշխանին յաճախ կը հանդիպէինք դպրոցին բակը, կամ` Բանեանի հետ պատշգամին վրայ ճեմելով (վերջ ի վերջոյ, «Ճեմարան» է):
Դասընկերներէս Հրայր Մովսէսեանն ու ես օր մը ելանք պատշգամ եւ իրենց նման ձեռքերնիս մեր կռնակներուն կապած` սկսանք երթալ ու գալ:
Ընդհանուր հսկիչ պրն. Յովհաննէսին աչքէն բան չէր վրիպեր: Սուլիչի ձայնը լեցուց բակը: Երկու հոգի «յանցանքի» վրայ բռնած էր: Պատժուեցանք: Լման շաբաթ մը պատին տակ ոտքի պէտք էր անցընէինք մեր զբօսանքի ժամերը:
Եթէ Մ. Իշխանին եւ Բանեանին կողմէ նկատուած ըլլայինք, առաջինը վստահաբար պիտի ծիծաղէր, իսկ պարոն Բանեան շատ հաւանաբար պիտի ըսէր.
– Տղա՛ք, լրջացէ՛ք:
Մ. Իշխան միշտ առաջին անունով ճանչցուած էր, «Պարոն Մուշեղ», իսկ Բանեանին Գառնիկ անունը շատեր նոյնիսկ չէին գիտեր: Պարզապէս` պարոն Բանեան, ինչպէս նաեւ չէին գիտեր պրն. Մուշեղին Ճենտերեճեան մականունը. իսկ կարգ մը ուսուցիչներու նոյնիսկ անունները չէին յիշուեր:
«Սըր» տիտղոսը բաւարար էր մեր անգլերէնի ուսուցչին` Անթուան Քեհէեանին համար, իսկ ֆրանսերէն գրականութեան ուսուցչուհի Եոլանտ Աճէմեանին` պարզապէս «Մատամ»-ը:
* * *
Ներկայիս շատ բան փոխուած է: Մեր սիրելի Նշան Փալանճեան Ճեմարանը փոխադրուած է արեւելեան Պէյրութ եւ կը կոչուի «Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան»:
Ներկայի ուսուցչական կազմէն եւ ո՛չ մէկուն ծանօթ եմ: Հիներէն մաս մը գաղթած են, իսկ տնօրէններ` Սիմոն Վրացեան եւ Հրաչ Տասնապետեան, Գ. Բանեան, Մ. Իշխան, «Սըր»-ը, աննման ֆետայի եւ դաստիարակ Կարօ Սասունին, Գրիգոր Շահինեանը, «Մատամ»-ը եւ գոհարի նման տիկին Գոհարը, իր նշանաւոր զանգակով, կը վայելեն երկնքի արքայութիւնը:
Սիմոն Վրացեան եղած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վերջին վարչապետը:
Սփիւռքի մէջ հայ գրականութեան նուիրուած բազմահարիւր անձեր շնորհած Ն. Փալանճեան Ճեմարանի տնօրէնն էր, սակայն ինք համեստօրէն կ՛ըսէր:
«Նախկին վարչապետ` այժմ վարժապետ»:
Տարին քանի մը անգամ մեզի կը խօսէր «Վասպուրական» սրահին մէջ, Փետրուարեան ապստամբութեան եւ մայիս 28-ի տօներուն առիթով:
Երուանդ Փամպուքեան դադրած է դասաւանդելէ եւ մեծ նուիրումով կը շարունակէ Հրաչ Տասնապետեանին սկսած, սակայն կանխահաս մահով կէս մնացած գործը` «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար» հատորներուն շարքը:
Աւելի քան 3 տասնամեակներու բացակայութենէ ետք, երբ Լիբանան կը գտնուէի, այցելեցի «Մեր բոլորին ուխտավայր ճեմարան», որ դադրած էր «Ճեմարան» կոչուելէ:
Օտար աշակերտներ կ՛ուսանին Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի կիսանդրիներու «հսկողութեան» տակ:
Ամառ էր եւ` դպրոցական արձակուրդ, սակայն բարեբախտաբար կարողացայ մտնել դարպասէն ներս:
Պատշգամը, ուր կը ճեմէին Բանեանն ու Մ. Իշխանը, դիտեցի երկա՜ր: Շա՛տ երկար:
Վստահաբար օտար ուսուցիչներ այժմ կը ճեմեն այդ պատշգամին վրայ:
Լոյս իջնէ ձեր գերեզմաններուն, սիրելի՛ ուսուցիչներս:
Ձեր մտքին ծայրէն պիտի անցընէի՞ք, թէ օտար աշակերտներ պիտի ուսանին այդ սքանչելի վայրին մէջ, որ ձեր օրերուն կը կոչուէր «Նշան Փալանճեան Ճեմարան»:
Մեր բոլորին ՈՒԽՏԱՎԱՅՐ ՃԵՄԱՐԱՆ:
Լոս Անճելըս 2017