Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13437

Ղանթարոզ Գիւղ Եւ Եկեղեաց Գաւառ

Image may be NSFW.
Clik here to view.
B_1-Svaz-Ghantaroz
Անկարելի է, որ մարդ չզարմանայ, երբ կը հանդիպի հայրենակցական միութիւններու նմանօրինակ անուններու:

«Ղաթարոզ» անունով անծանօթ գիւղ մը եւ «Եկեղեաց» անունով մոռցուած գաւառ մը…

Մտովին ետ երթանք մինչեւ 85-90 տարի: 1927, Մարսէլ: Գաղթական հայեր քանի մը տարի առաջ դեռ նոր ոտք դրեր էին Մարսէյլի քարափը ու տարապարհակ աշխատանքով հազիւ կը յաջողէին ապահովել իրենց հանապազօրեայ չոր հացը:

Հիմա երեւակայե՜լ այդ պանդուխտ հայորդիներէն խմբակ մը, գիշերը ժողովի նստած է ազգակիցի մը տան մէջ ու օրակարգի վրայ ունի հրատապ հարցեր: Ասիկա շաբաթական հերթական ժողովն է Սեբաստիոյ Թոնուզ գաւառի Ղանթարոզ գիւղի հայրենակցական մարմինին:

Քանի մը թաղ անդին, ուրիշ ազգակիցի մը տան մէջ, նոյն ժամերուն, կը գումարուի ուրի՛շ ժողով մը: Հոս ալ համախմբուած են Եկեղեաց գաւառի Վերաշինութեան միութեան վարչականները:

Ահա այսպէս էր հայ կեանքը Մարսէյի մէջ, 85 տարի առաջ:

Ղանթարոզ գիւղի մասին տեղեկութիւն քաղելու համար հանրագիտարան բացի: Մեծ եղեռնի նախօրէին 80 տուն բնակչութեամբ (շուրջ 600 հոգի) հայաբնակ գիւղ մըն է եղեր Սեբաստիոյ մերձ:

Հետաքրքրական է: Այդ 600 ղանթարոզցիներէն քանի՞ն կրցաւ վերապրիլ 1915-ի կոտորածներէն, քանի՞ն կրցաւ Մարսէյ հասնիլ, կազմուած հայրենակցական միութիւնը քանի՞ անդամ ունէր արդեօք…

Իսկ Եկեղեաց Վերաշինութեան միութի՞ւնը:

Եկեղեացը Բարձր Հայք նահանգի գաւառներէն մին էր, որ կը համապատասխանէ այժմու Երզնկայի (Էրզինճան) տարածքին: Մեր եկեղեցական հին պատմութեան մէջ յաճախ յիշատակուած գաւառ մըն էր այս, մասնաւորաբար կապուած` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի անունին: Լուսաւորչի տոհմը այստեղ տէր դարձած էր հողային ընդարձակ կալուածներու, որոնցմէ մին ԹԻԼ աւանն էր: Թիլի մէջ թաղուած են Արիստակէս կաթողիկոս (Գր. Լուսաւորչի կրտսեր որդին) եւ Մեծն Ներսէս Պարթեւ հայրապետը, Դ. դարուն:

Ամէն անգամ որ Երզնկայի անունը արտասանուի, ես կը յիշեմ հայրենի ժամանակակից արձակագիր Նորայր Ադալեանի«Կապոյտ Երզնկա» գիրքը (1985): Ասիկա գեղարուեստական գրականութիւն է: Ասոր կողքին, ունինք Երզնկայի նուիրուած պատմա-բանասիրական գործեր ալ, ինչպէս` Գալուստ Սիւրմէնեանի «Երզնկա» հատորը (Գահիրէ, 1947), Յարութիւն Քիւրտեանի «Երիզա եւ Եկեղեաց գաւառ» երկհատոր ուսումնասիրութիւնը (Վենետիկ,1953, Երուսաղէմ,1971), Հայաստանէն Գառնիկ Ստեփանեանի «Երզնկա հնագոյն դարերից մինչեւ մեր օրերը» (Երեւան, 2005) եւ այլն:

Հետաքրքրական պիտի ըլլար գիտնալ, թէ ինչո՞ւ «Վերաշինութեան միութիւն» մկրտուած է հայրենակցական այս մարմինը: Արդեօ՞ք Եկեղեաց գաւառէն վերապրողները կը յուսային կրկին հայրենի տուն վերադառնալ ու վերաշինել քանդուած օճախը…

Հալէպ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13437

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>