Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13565

16 Մասնակցութիւն

$
0
0

Բնականաբար պատահական չէր «Ազդակ»-ի կողմէ ընտրուած հրապարակային քննարկման թեման: Հարցը այժմէական էր, քաղաքականօրէն հրատապ եւ ինչու չէ Հայ դատի հետագայ մարտավարութիւնը հունաւորող երեւոյթ, որ պէտք է քննարկուէր, քննարկուի՛ տակաւին: Պատահածը ոմանց համար` մեծ ձախողութիւն էր, ուրիշներու համար` Հայաստանի կառավարութեան պահանջի բոլոր կէտերը բաւարարող վճիռ, ոմանց համար` ժխտողականութեան քրէականացումը ոչ առաջնային առաջադրանք, այլոց համար` Հայ դատի բազմաճակատ աշխատանքներուն համահաւասար խրամատ:

Պէտք է ըսել, որ յօդուածները, արձագանգումներն ու մեկնաբանութիւնները պահեցին մամուլի հրապարակումներէն ակնկալուած մակարդակը: Կարելի է ըսել, որ բազմակարծութիւնը գործեց լիարժէքօրէն, եւ մանաւանդ տեսակէտներ չբաժնելու մօտեցումները պահեցին կառուցողականութիւնը` հեռու մնալով անուանարկումէ կամ անտեղի վերագրումներէ:

Պէտք է ըսել, որ ա՛յս մէկը կը պակսէր մամուլին, գոնէ «Ազդակ»-ին: Թեմայի մը շուրջ հրապարակային քննարկում կազմակերպելու այս տեսակին մէջ առաջին փորձի հանրագումարը 16 էր, ինչ որ ներկայ պայմաններուն մէջ գէթ անմխիթար պատկեր չէ: Ճիշդ է, որ 16-էն 9-ը մեր դիմումի ընդառաջումներ էին եւ 7-ը` ինքնաբուխ մասնակցութիւն, այսուհանդերձ ընդհանուր թիւը մեզ կը մղէ նման թեմաներու շուրջ այլ փորձեր եւս կազմակերպելու:

Սփիւռքահայ մամուլին մէջ հրապարակագրութիւնը նահանջած է: Նահանջը թէ՛ որակով է եւ թէ՛ քանակով: Լաւագոյն պարագային քննարկումները տեղափոխուած են ընկերային ցանցերու վրայ, ուր այլակարծութիւնը կ՛երեւի, սակայն յաճախ ի սպառ կը բացակայի որակը, գրագէտ մօտեցումը:

Հրապարակային քննարկումի յօդուածաշարքին մէջ երեւցան ոչ միայն հիմնաւորեալ տեսակէտներ, այլ նաեւ քաղաքական մտածողութեան գիտականութիւն ապահովող փաստեր:

Հաւանաբար ուսանելին այն է, որ երբ կայ հրատապութիւն համազգային իմաստով, կան նաեւ տեսակէտ յայտնելու, հունաւորման ճիշդ ուղղութիւն ցոյց տալու ինքնամղումներ, մտաւորական մակարդակի վրայ: Կը մնայ կազմակերպելու բաժինը, որուն մէջ պէտք չէ թերանայ մամուլը եւ անոր շարքին «Ազդակ»-ը:

«Ա.»

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13565

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>