Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13361

125 Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

$
0
0

Siamanto_111215

Մեր արդար մտածումը ձեր սիրոյն համար ըմբոստ է, եւ մեր սուրը ձեր սիրոյն համար պիտի ապրի՜: Մեր ճշմարիտ սուրը եւ մեր Դրօշը պիտի ապրի՜ն` որովհետեւ կամքերնիս կարմիր է եւ վրէժնիս անպարտելի: Մեր սուրը պիտի՜ ապրի, կեանքը ստեղծելու ու մահը անգամ մըն ալ մեռցնելու համար… Մեր սուրը պիտի՜ ապրի` փրկութեան եւ ազատութեան արեգակներուն ի խնդիր` Կեանքի՜ն համար, յոյսի՜ն համար, արգասաբեր հողին եւ մայրական Հայաստանին համար:

ՍԻԱՄԱՆԹՕ

 

TanielVaroujan_111215

Հայը պիտի ապրի՜ հակառակ դահիճներուն, եւ հակառակ իր առիւծի աչքին տակ բուսած կորեկին: Հայը պիտի ապրի ժողովուրդներու սիրազօդ մէկ ոսկի օղակն ըլլալու համար: Այս է մեր բոլորիս յոյսը, յոյս մը` զոր մուրճով կռեցինք, ինչպէս մեր պապերէն մէկուն նիզակը` որ նպատակին կը դիմէր օդին եւ արեւուն մէջ երգելով:

Դ. ՎԱՐՈՒԺԱՆ

 

R-Zartarian_111215

Հեռո՜ւ, հեռո՜ւ վհատութիւնն ու ամօթը մեզմէ եւ մեր եօթը սերունդէն. մենք ուխտաւորն ենք արիւնածին տօնին, մեր անուրներուն ձայնը գիշերային շեփորն է, կարմրածագ արշալոյսն աւետող. համբերութիւնը մերն է միայն, որովհետեւ մեր ուսերուն վրայ երկաթ շալկած ենք… Սորվեցանք այս դագաղէ պարիսպներուն եւ այս մահահոտ  զնտանին… կ՛օրհնենք զանոնք, որովհետեւ մեր հայրենիքին փառքը անոնց թեւերուն վրայ կը բարձրանայ:

Ռ. ԶԱՐԴԱՐԵԱՆ

 

L-Shant_111215

Ինչի՞ է նման ամէն արժանիքէ զուրկ ու ստորին ազգային գոյութիւն մը: Արդի ու անցեալ մեր ամբողջ հալածանքը, մեր ամբողջ տառապանքը, մեր մարդկային արժանապատուութեան այս ամբողջ լեղին եթէ մենք կը խմենք, կը խմենք միայն մէ՛կ նպատակով, որ դիմադրենք, մաքառինք, յանձն առնենք ամէն ինչ, մինչեւ որ հայութիւնը տիրանայ իր բոլոր իրաւունքներուն, իր ամբողջական եւ անկախ հայրենիքին:

Լ. ՇԱՆԹ

 

Aram-Ashod_111215

Թուրքիոյ ներկայ վարչութիւնը ընդհանրապէս տգէտներու, գողերու, բախտախնդիրներու, մարդասպաններու, ահռելի խաժամուժ մըն է, եւ եթէ ունեցաք բարեխիղճ նախարարներ, անոնց ալ հետքերը յայտնի չեն: Կ՛ուզէք աստուածային օրէնքներ ալ վար իջեցնենք երկնքից անօգուտ է: Պէտք է աւլել, վերէն վար լուալ հեղ մը այդ մունտառ ռեժիմը, ապանեխել զայն, պէտք է փչել Եըլտըզի վրայէն յեղափոխութեան խորունկ, վրէժխնդիր ու աւետար քամին, այդ աղբի դէզը ուրիշ կերպ չի մաքրուիր:

ԱՐԱՄ ԱՇՈՏ

ՀՅԴ 125-Ամեայ Ուղին`
125-Ամեայ Դրուագով

47

1909-ի սեպտեմբերին Վառնայի մէջ կը գումարուի ՀՅԴ 5-րդ Ընդհանուր ժողովը, որ կը քննէ հետեւեալ հարցերը,- Թուրքիան եւ Սահմանադրութիւնը, Դաշնակցութեան յարաբերութիւնները «Իթթիհատ»-ի եւ այլ կուսակցութիւններու հետ, խորհրդարանային գործունէութիւնը, Կիլիկիոյ դէպքերը (Ատանայի ջարդը), ինքնապաշտպանութեան կազմակերպումը, կուսակցական մամուլը եւ քարոզչութիւնը, Դաշնակցութեան գործունէութիւնը Պարսկաստանի (մասնակցութիւն ազատագրական շարժման) եւ Ռուսաստանի մէջ, ծրագրային եւ կազմակերպական խնդիրներ եւ այլն:

48

1910-ին Մ. Նահանգներու Պոսթըն քաղաքին մէջ, Ակնունիի ջանքերով հիմը կը դրուի ՀՅԴաշնակցութեան Հայ Օգնութեան Միութեան, որ արագօրէն կ՛ուռճանայ արտասահմանի մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանին կարճ ժամանակի համար Հայաստանի Կարմիր Խաչ վերանուանուելէ ետք` տարագիր մեր գործունէութեան ընթացքին վերստին անուանուեցաւ ՀՕՄ, արտաշխարհի տարածքին ունեցաւ իր միաւորները եւ, ժամանակի ընթացքին, դարձաւ հայ կեանքի մեծագոյն  կանացի կազմակերպութիւնը` իբրեւ դրօշակակիրը Դաշնակցութեան բարեսիրական գործունէութեան:

49

Դաշնակցութիւնը 1910 օգոստոսին մասնակցած է նաեւ Ընկերվար Միջազգայնականի Քոփենհակի Համագումարին, չորս ներկայացուցիչներով, որոնցմէ երկուքը իր «ռուսահայկական հատուած»-ին եւ երկուքը` առաջին անգամ ըլլալով` «թրքահայկական հատուած»-ին անունով: Այդ առիթով ու Դաշնակցութեան հրաւէրով, Դանիոյ մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած է նաեւ Ռուսաստանի ընկերվար  կազմակերպութիւններու միջ-կուսակցական խորհրդաժողով մը:

50

«Դաշնակցութեան դատավարութիւն»-ը տեղի ունեցաւ 1911-ի վերջերը, Փեթերզպուրկ, ծերակոյտի Յատուկ Ատեանին առջեւ: 1912-ի սկիզբը, 52 հոգի դատապարտուեցան բանտի եւ աքսորի, բայց 4 հոգի միայն` Սիպերիոյ մէջ տաժանակիր աշխատանքի: Յայտնապէս պատիժները սպասուած խստութիւնը չունեցան: Դատավարութեան ընթացքին իսկ հանրայայտ իրողութիւն դարձաւ Լըժինի կազմած փաստաթուղթերու խարդախուած եւ բազմաթիւ վկայութիւններու կեղծ ըլլալը: Իր կողմէ ամբաստանուածներէն ետք, Լըյժին իր կարգին դատի ենթարկուեցաւ:

51

1912-ին տեղի կ՛ունենայ Իթթիհատի հետ Դաշնակցութեան վերջնական խզումը, որ պաշտօնական դարձած է Դաշնակցութեան կողմէ 5 մայիս 1912-ին Իթթիհատին ներկայացուած նոր «պահանջագրով» մը: Ան հանրայայտ կը դառնայ Արեւմտեան Բիւրոյի անունով, «Օսմանեան քաղաքացիներուն» ուղղուած 18 յուլիս 1912-ի յայտարարագրով, զոր կու տայ «Դրօշակ» իր 1912 յունիսի համարով, խմբագրականի մը ընկերակցութեամբ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13361

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>