ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Կիրակի, 26 յունիսին տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ Ընկերվար- ժողովրդավարական կուսակցութեան ընդհանուր ժողովը` Տորթմունտ քաղաքին մէջ:
Ժողովը` որուն նշանաբանն էր «Ժամանակն է յաւելեալ արդարութեան», մշակեց ընկերվար-ժողովրդավարներու ընտրական ծրագիրը` յառաջիկայ ընտրութիւններուն համար, որոնք տեղի պիտի ունենան 24 սեպտեմբերին:
Ծրագիրի հիմքերը կը կազմեն գերմանական ընկերվար-ժողովրդավարական մտքին արմատները հանդիսացող համամարդկային արժէքները` ընկերային արդարութիւնը, ժողովրդավարութիւնն ու խաղաղութիւնը:
Յայտնի է, որ ընտրական այս ծրագիրը ազդեցութիւն կրած է Եւրոպայի մէջ ընկերվար-ժողովրդավարութեան դէպի ձախ թեքումէն, ինչպէս որ տեղի ունեցաւ Բրիտանիոյ եւ Սպանիոյ մէջ:
Այսպիսով, Գերմանիոյ ընկերվար-ժողովրդավարներն ալ կը հեռանան կեդրոնամէտ երրորդ ուղիի տեսութենէն, զոր որդեգրած էին Կերhարտ Շրէօյտըրի վարչապետութեան ժամանակաշրջանին (1998-2005) եւ շարունակեցին որդեգրած մնալ Զիկմար Կապրիէլի ղեկավարութեան ժամանակ (2009-2017):
Իրենց նոր ծրագիրով գերմանացի ընկերվար-ժողովրդավարները կը ձգտին արդարօրէն բաժնել Գերմանիոյ ազգային եկամուտը: Շուլց խօսելով հարկային քաղաքականութեան մասին` նշեց. «Մենք կը ձգտինք ցած հարկեր պարտադրել փոքր եւ միջին դասակարգի պատկանող մարդոց վրայ»: Շարունակելով խօսիլ հարկային քաղաքականութեան մասին` Շուլց յայտնեց, թէ «անարդար է, որ հասարակ աշխատաւորները հարկեր վճարեն, իսկ դրամատնային մարզը` ոչ»` քննադատաբար աւելցնելով, որ «Մերքել (վարչապետը) եւ Շաուպշ (ելեւմուտքի նախարարը) շատ պնդած են ընկերային ծախսեր շատ չկատարելու եւ այս իմաստով խստամբերութեան վրայ: Սակայն մինչ այդ ոչինչ պնդած են ապահովութեան եւ օրէնքի գերակայութեան մասին»: Ծրագիրը բարձր հարկեր կը խոստանայ դրամատնային մարզին վրայ եւ կը նպատակադրէ հաւաքուած այդ հարկերուն գումարներով ներդրումներ կատարել ձրի ուսման համար` մանկապարտէզէն մինչեւ համալսարան, ինչպէս նաեւ` թուային շուկայի զարգացումին եւ հանրային ճամբաներու բարելաւման մէջ:
Ինչ կը վերաբերի պաշտպանողական եւ արտաքին քաղաքականութիւններուն4 Շուլց կը նախընտրէ միջազգային քաղաքական հարցերը լուծել խաղաղ միջոցներով եւ պաշտպանութեան մարզին փոխարէն` ներդրումներ կատարել մարդասիրական աշխատանքներուն մէջ:
Շուլց քննադատեց Էրտողանի հակաժողովրդավարական քաղաքականութիւնները` նշելով. «Եթէ կարելի է, իսկոյն ազատ արձակեցէ՛ք բանտարկուած լրագրողները: Ի դէպ, այն ազատութիւնը, որ Էրտողան իր երկրին մէջ հրաժարած է տալ իր քաղաքացիներուն, այստեղ կը պահանջէ»:
Ընտրական ծրագիրը նաեւ կ՛անդրադառնայ թոշակներու յաւելման, սեռային հաւասարութեան, բնապահպանութեան եւ ընտրական տարիքի նուազեցման (16 տարեկան):
Այս ծրագիրով Շուլց յառաջդիմական այլընտրանք մը կը դառնայ Մերքելի պահպանողական քաղաքականութիւններուն: Ան իր ուսերուն վրայ շալկած չ՛ըլլար միայն Գերմանիան, այլ նաեւ` Եւրոպական Միութիւնը, որ այսօր տնտեսական ու քաղաքական ճգնաժամի մէջ է նորազատական եւ ծայրայեղ աջակողմեան ուժերուն պատճառով: Գերմանական ընտրութիւններն են, որոնք պիտի որոշեն Եւրոպական Միութեան ապագան: Ապագայ մը, որ մոլորած պիտի մնայ նորազատական անարդար մրցակցային եւ աղքատութիւնը խորացնող քաղաքականութիւններո՞վ, թէ՞ ապագայ մը, որ հիմնուած է հասարակաց օգուտին վրայ: